30 Դեկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԵՂԱՒ ՀԱՅ ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւն տուաւ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ: Հաստատութեան մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը եղաւ Ազգ. Ծերանոցի ծերունիներուն հետ, մասնակից դառնալով անոնց Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներու ուրախութեան: Նորին Սրբութիւնը ծերունիներուն ուղղած Նոր Տարուան իր պատգամին եւ բարեմաղթութիւններուն կողքին, հաստատեց թէ՝ Ծերանոցը ազգին առօրեայ մտահոգութեան առարկան է, ազգը կը գնահատէ ու նեցուկ կը կանգնի իրենց, հետեւաբար, որեւէ մտահոգութիւն պէտք չէ ունենան: Գնահատելով պատասխանատուներուն տարած աշխատանքը, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ իրենք քրիստոսաւանդ ծառայութիւնն է որ կը շարունակեն, իւրաքանչիւրը իրեն վստահուած պաշտօնին եւ ունեցած մասնագիտութեան ճամբով:

Միաբան հայրերը նուէրներով ուրախացուցին ծերունիները եւ Ս. Ծննդեան շարականներու երգեցողութեամբ հոգեւոր մթնոլորտ ստեղծեցին: Ծերունիները իրենց կարգին հոգեւոր ու ազգային երգեր երգեցին, ասմունքեցին եւ Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններ ներկայացուցին իրենց հովուապետին:

More News