29 December, 2014

ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Կուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Նոր Տարուան գիշերը՝ Չորեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2014-ի կէս գիշերին, յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի։ Իսկ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի յաջորդ օր՝ Հինգշաբթի, Յունուար 1-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին։

      

Պատարագէն անմիջապէս ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Նոր Տարուան շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի, եւ այս առիթով իր հայրական պատգամը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին:

      

Նոր Տարուան առիթով, Չորեքշաբթի 31 Դեկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը պատգամ մը պիտի յղէ մեր ժողովուրդին Կաթողիկոսարանին կայքէջի ճամբով:

      

Դարձեալ Նոր տարուան առիթով Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ OTV հեռատեսիլի հայկական բաժինին հետ, Հինգշաբթի, 1 Յունուարին ժամը 4:30-ին:

 

Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը Նոր Տարին դիմաւորելու Աստուծոյ ուղղուած գոհաբանական աղօթքով, եւ լսելու Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

 

 

                                                                                        ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

More News