24 Դեկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՔԵՍԱՊԻ ԱՆՑՈՒԴԱՐՁԵՐՈՒՆ

24 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Քեսապի մասին շրջանառութեան դրուած լուրերը ստանալէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կապ հաստատեց շրջանի պատասխանատու մարմիններուն հետ ։

Քեսապի շրջանի պատասխանատուները վստահեցուցին Նորին Սրբութեան, թէ Քեսապի մասին վերջին ժամերուն լրատուամիջոցներուն տուած տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ հաստատեցին, որ Քեսապէն ներս հանդարտ կացութիւն կը տիրէ։ Անոնք միաժամանակ յայտնեցին, թէ սահմանին թրքական կողմը զինեալներու մնայուն շարժումներ կը նշմարուին։

 

Նկատի ունենալով, որ շրջան ընող սխալ լուրերը նաեւ մտահոգութիւն պատճառած են Քեսապի բնակիչներուն, պատասխանատու մարմինները աշխատանք կը տանին հանդարտեցնելու կացութիւնը եւ կասեցնելու ստեղծուած անտեղի խուճապը։

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Քեսապի պատասխանատու մարմիններուն, անոնց կատարած աչալուրջ աշխատանքին համար։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ, որուն հետ քննարկելէ ետք Քեսապի անցուդարձերը Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց Սուրիահայութեան։

 

More News