24 December, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ

Յառաջիկայ Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարէն ներս, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին պիտի կարադացուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը:

 

Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ներկայ գտնուելու Ս. եւ Անմահ Պատարագին՝ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս ունկնդրելու Վեհափառ Հայրապետին Կոնդակը եւ անկէ եկող մտածումներով ու պատգամներով գoտեպնդուած արժեւորելու 2015 թուականը մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին մէջ: