21 Դեկտեմբերի, 2014

«ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՈՒ ԱՆԱՆՁՆԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է ՈՐ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄՂՈՒՄ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ ԿՈՒ ՏԱՅ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 21 Դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Վեհարանի Դահլիճին մէջ, Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի նուիրուած տօնախմբութեան ընթացքին, միաբան հայրերուն, Դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ ժառանգաւորներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ժողովուրդին ներկայութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ ինքնազոհողութեան, համեստութեան եւ Աստուածակեդրոն ծառայութեան նուիրական կերպերուն ու ըսաւ. «Որպէս Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան լծուած անձեր, պէտք է գիտակցինք, թէ մեր կեանքի միակ ճամբան ծառայութիւնն է: Աստուած մեզի Քրիստոսի միջոցաւ խաչ տուաւ. Քրիստոս նախ Ինք քալեց խաչի ճամբէն, խաչի կեանքը ապրեցաւ եւ ցոյց տուաւ, որ ծառայութեան կեանքը խաչի կեանք է, ծառայութեան ճամբան՝ խաչի ճամբայ է եւ ո՛չ փառքի, ո՛չ ցուցամոլութեան, ո՛չ հաճոյքի, այլ՝ սիրոյ, զոհողութեան եւ ի պահանջել հարկին տառապանքի ճամբայ է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս գիտակցութեամբ հոգեւոր մշակներ կը կազմաւորէ Դպրեվանքի նուիրական յարկին տակ եւ այդ մշակները մեր Ս. Աթոռին ճամբով կ’երթան մեր ժողովուրդին ծառայելու ի սփիւռս աշխարհի»: Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը աւարտեց յիշեցնելով. «Ամբողջական ու անանձնական ծառայութիւնն է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մղում ու նպատակ կու տայ»:

 

Նախքան Վեհափառ Հայրապետին պատգամը, Դպրեվանքի սաները Ս. Ստեփանոսի նուիրուած յայտագիր մը ներկայացուցին պանծացնելով Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակ վկային յիշատակը: Հանդիսութեան սկիզբը, յանուն սարկաւագներուն՝ Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Բանճարճեան ուղերձ ընթերցեց եւ հաւատարմութեան, հնազանդութեան ու ծառայութեան իրենց ունեցած բարձր գիտակցութիւնը շեշտեց:

 

Ոգեկոչումի հանդիսութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ»ով օրհնեց սարկաւագաց դասը: Ապա, երգուեցաւ «Կիլիկիա» եւ Հայրապետական մաղթանք:

 

Առաւօտուն, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան: Սրբազան Հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Ստեփանոսի անսակարկ հաւատքին եւ անոր սարկաւագական պաշտօնին՝ ծառայութեան կարեւորութեան: Ան հրաւիրեց սարկաւագները, որ քրիստոնէական այս սկզբունքներով արժեւորեն եւ իմաստաւորեն իրենց կեանքը մեր Եկեղեցիէն ու ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ըսաւ. «Տէր Զօրէն անցած եւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնով նուիրագործուած այս Ս. Աթոռին փառքը՝ Հայ Եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդին ծառայութիւնն է, որուն դուք եւս ձեր մասնակցութիւնը բարձրագոյն գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ պէտք է շարունակէք բերել»: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Աբղ. Շխրտմեանի:

 

Նշենք, որ Շաբաթ 20 Դեկտեմբերին, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նախատօնակ, նախագահութեամբ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի:

More News