16 December, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

10-12 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, նախաձեռնութեամբ Կրօններ Խաղաղութեան Համար Միջազգային Միջ-կրօնական Կազմակերպութեան եւ մասնակցութեամբ կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, Վատիկանի, Վիեննայի Ապտուլլա Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ միջ-կրօնական բնոյթ ունեցող միջազգային շարք մը այլ կազմակերպութիւններու։

    
Յիշեալ հանդիպման նպատակն էր հաւաքական կեցուածք մը բանաձեւել կրօնական ծայրայեղականութեան դէմ։ Ընդառաջելով ժողովի կազմակերպիչ յաձնախումբի հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ ժամ մը մասնակից եղաւ ժողովական աշխատանքներուն եւ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն։

    
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ծայրայեղական շարժումներուն դէմ հաւաքական կեցուածք ճշդելու ճիգը, ըսաւ. «Ծայրայեղութիւնը բոլոր կրօններու պարագային վտանգաւոր երեւոյթ մըն է, որովհետեւ ան շեղում մըն է տուեալ կրօնի ուսուցումներէն, արժէքներէն եւ սկզբունքներէն։ Հետեւաբար, կրօններ պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն ծայրայեղականութեան դէմ համաշխարհային պայքարին, պահելով իրենց մասնակցութեան ու նպաստին իւրայատկութիւնը»։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ երկու շրջագիծերուն մէջ ներկաներուն փոխանցեց իր մտածումներն ու վերլուծումները.-

 

1.    «Ինչպէ՞ս կարելի է նկարագրական մօտեցումէն ուղղուիլ վերլուծական մօտեցման։ Ճիշդ չէ միայն նկարագրել, պարզել ծայրայեղականութեան զանազան արտայայտութիւններն ու հետեւանքները։ Անհրաժեշտ է վերլուծել անոնց ետին գտնուող թրթապատճառները։ Այս ուղղութեամբ իսլամ աստուածաբաններ, պատմաբաններ ու կրօնական պատասխանատուներ կարեւոր դեր ունին կատարելիք»։ Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը այս ծիրէն ներս անդրադարձաւ եւ պարզեց իր մատածումները հետեւեալ հարցերուն շուրջ. «Քուրանի սխալ մեկնաբանութեան, կրօնը գաղափարախօսութեան վերածելու ճիգին եւ ուրիշը մերժելու մօտեցումին»։

 

2.    «Ինչպէ՞ս կարելի է վերլուծական հանգրուանէն ուղղուիլ ծայրայեղականութեան դէմ հաւաքական պայքարի հանգրուանին։ Ծայրայեղականութիւնը կարելի չէ սոսկ զինուորական ուժով արմատախիլ ընել։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ գաղափարախօսութիւնները բնաջնջելու պայքարը պէտք է ունենայ զանազան տարածքներ ու արտայայտութիւններ։ Հետեւաբար, ծայրայեղականութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին մէջ անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ հետեւեալները՝ դաստիարակութիւն, «ուրիշը» յարգելու պարտաւորութիւն, միասնաբար ապրելու հրամայականը՝ յարգելով մեր տարբերութիւնները, ինչպէս  նաեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակաց արժէքները, որոնք կը կազմեն հիմքը ընկերութեան»։ Յիշեալ հարցերուն գծով, Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տալէ ետք, եզրակացնելով շեշտեց, թէ կրօնները կարեւոր դեր ունին արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն դէմ պայքարին մէջ։ Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց իսլամ կրօնական ու քաղաքական ղեկավարներուն, աւելի ազդու մասնակցութիւն ունենալու ծայրայեղականութեան դէմ տարուող պայքարին։

 

Արամ Ա. Կաթողիկոսի կատարած վերլուծումները մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցան ներկաներուն կողմէ։ Ժողովականներէն ոմանք խօսք առնելով իրենց գնահատանքը յայտնեցին եւ որոշ հարցեր արծարծելով ուզեցին ունենալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։ Յայտնենք, որ ժողովին սկիզբը, ատենապետը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ միջ-կրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան գծով Նորին Սրբութեան ունեցած հարուստ փորձառութեան մասին եւ փափաք յայտնեց, որ երբեմն ժողովական աշխատանքներու մասնակից դառնայ եւ իր կարեւոր նպաստը բերէ միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու ձգտող ծրագիրներուն։

More News