Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Ողջունելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելութիւնը, դեսպանը գնահատանքով խօսեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ի նպաստ հայութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանին համար արտաքին աշխարհին մէջ կատարած աշխատանքներուն մասին։ Իր կարգին Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Լիբանանի կարեւորութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս եւ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք արաբ ժողովուրդին ու մանաւանդ լիբանանին ցուցաբերած զօրակցութեան՝ հայ ժողովուրդին ու անոր դատին նկատմամբ։
Այս առիթով Նորին Սրբութեան ու դեսպանին միջեւ փոխանակուած նուէրներէն ետք, դեսպանը ճաշկերոյթ մը տուաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։
Յայտնենք, որ Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայէն ժամանած էր Ապու Տապի ու անմիջապէս այցելած նորակառոյց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ ապա, հանդիպում ունեցած Ազգային Վարչութեան անդամներուն հետ։