7 December, 2014

«ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻՆ ՊԷՏՔ ՉԷ ՄԻԱՅՆ ԹԵԼԱԴՐԵԼ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ ԽՕՍԻԼ ԱՆՈՐ ՀԵՏ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիններու եւ Քաթարի Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Շարժա-Տուպայի շրջանի հայ երիտասարդութեան հետ։ Հանդիպման ներկայ էին շուրջ հարիւր համալսարանական ու համալսարանաւարտ երիտասարդներ, որոնք եկած էին լսելու իրենց Հովուապետին տեսակէտներն ու թելադրութիւնները՝ ընդհանրապէս երիտասարդութիւնը ու մասնաւորաբար հայ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ։

 

Աւելի քան երկու ժամ տեւող խանդավառ ու հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ հանդիպումը փաստօրէն երկխօսութիւն մըն էր, որ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ու երիտասարդներուն միջեւ՝ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով։ Նորին Սրբութիւնը ներածական իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ ինք միշտ պատրաստ է հայ երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու՝ լսելու անոնց մտահոգութիւնները ու միասնաբար քննելու ընդհանրապէս հայ կեանքը ու մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը յուզող հարցերը։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երկու երեւոյթներ դարձած են տիրական՝ համաշխարհայնացում եւ ինքնութեան տագնապ։ Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն խօսեցաւ յիշեալ երեւոյթներուն դրական ու ժխտական երեսներուն ու հետեւանքներուն մասին՝ կատարելով վերլուծումներ ու ընդգծումներ։ Ապա, լուսարձակի տակ առաւ անոնց հետեւանքները ազգային կեանքէն ներս՝ այս ուղղութեամբ պարզելով կարգ մը իրողութիւններ ու մտահոգութիւններ։

 

Վերոյիշեալ ներածականէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս հրաւիրեց ներկայ երիտասարդները, երկխօսութեան մէջ մտնելու իր հետ։ Երիտասարդներուն հարցումներն ու պարզած մտահոգութիւները առաւելաբար առնչուած էին ներկայ ընկերութիւնը տագնապեցնող ընկերաբարոյական խնդիրներուն, եկեղեցի- երիտասարդութիւն յարաբերութեան, ազգային պահանջատիրութեան ներկայ հանգրուանին եւ Սփիւռքի մէջ հայու ինքնութեան պահպանման։ Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը տուաւ սպառիչ բացատրութիւններ՝ երբեմն բաժնելով երիտասարդութեան մտահոգութիւնները կամ տեսակէտները, երբեմն անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ տալով եւ երբեմն ալ իր հայրական թելադրութիւնները կատարելով անոնց։

 

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց զիրենք տագնապեցնող հարցերը յստակօրէն բանաձեւելու ու համարձակօրէն արտայայտելու երիտասարդներուն լրջութիւնը։ Ան ըսաւ, որ հայ երիտասարդը հեռու պէտք է մնայ հարցերուն ու երեւոյթներուն նկատմամբ մակերեսային ու ժամանակավրէպ մօտեցումներէ։ Մասնագիտական մօտեցումը ու խոր վերլուծումը պէտք է դառնան մղիչ ուժը հայ երիտասարդին։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գնահատեց հայ երիտասարդութեան նախանձախնդրութիւնը աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու հայ կեանքին։ Մեր իրականութեան մէջ գործող բոլոր կառոյցները՝ սկսեալ եկեղեցիէն, կարիքը ունին վերանորոգման։ Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին պէտք է մասնակից դառնայ հայ երիտասարդը, շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։

 

Հաւաքը վարեց Շարժա-Տուպայ համայնքի մտաւորականներէն Տիար Զարեհ Թիւթիւնճեանը։ Ներկայ էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Թեմի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչները։

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով ճաշի հիւրը եղաւ Ազգային Վարչութեան։ Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Շարժա-Տուպայի հայութեան առնչուող աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր թելադրութիւնները կատարեց վերակազմակերպման ընթացքին մէջ գտնուող թեմին դիմագրաւած կարգ մը մարտահրաւէրներու գծով։

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԱՅՑԵԼԷ ՏՈՒՊԱՅԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆ

 

Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը սարքեց Տուպայի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Տիար Սամի Նըմէյր։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին Նորին Սրբութեան ընկերացող շքախումբի եւ շրջանի Ազգային Իշխանութեան անդամները։ Հիւպատոսը բարի գալուստ մաղթելով Վեհափառ Հայրապետին, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Նորին Սրբութեան միջազգային շրջանակներէն ներս ի նպաստ Լիբանանի կատարած դերին: Ան նաեւ ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կատարած կարեւոր ներդրումը Լիբանանի զարգացման ու յառաջդիմութեան։ Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութիւնը որպէս Լիբանանը բաղկացնող եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, պիտի շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը այն բոլոր աշխատանքերուն, որոնք կը ձգտին Լիբանանի ներքին համաձայնութեան ամրապնդման եւ Լիբանանի ընդհանրական ու գերագոյն շահերու պաշտպանութեան։

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը Տուպայէն մեկնեցաւ Ապու Տապի, ուր պիտի շարունակէ իր հովուապետական այցելութիւնը եւ ապա օծումը պիտի կատարէ նորակերտ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ։