7 Դեկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇԱՐԺԱ-ՏՈՒՊԱՅԻ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի վարժարան այցելութիւնը։ Աւելի քան 200 աշակերտութիւն ունեցող յիշեալ վարժարանին բացումը կատարուած էր Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տասնութ տարիներ առաջ։

 

Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբով եւ միաբան հայրերով, ներկայ գտնուեցաւ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած հանդիսութեան։ Դպրոցին աշակերտ-աշակերտուհիները հայկական երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ոգեւորեցին մթնոլորտը։ Հանդիսութեան աւարտին յաջորդաբար խօսք առին դպրոցի տնօրէնուհի Տիկ. Անժէլ Սապայեան, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանի ներքին կեանքն ու իրագործումները։ Ապա, Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան անդրադարձաւ Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանի առաքելութեան, որպէս մեր մատղաշ սերունդի հայակերտումի լծուած կրթական կառոյց Շարժայի ու Տուպայի հայ համայնքի կեանքէն ներս։

 

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ, նախ գնահատեց բոլոր ծնողները, որոնք իրենց զաւակները յաձնած են հայ դպրոցին։ Առանց հայ դպրոցի հայ կեանքը պիտի կորսնցնէ իր հայկական դիմագիծը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ աշակերտներուն ուղղած հարցումներով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու խնամակալութեան, վեր առնելով անոնց նուիրումը հայակերտումի առաքելութեան։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց դպրոցի բարերար Տէր եւ Տիկ. Յարութ Օհաննէսեանը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, մօտէն ճանչնալով բարերարը գիտէ, թէ ան որքան սիրով կապուած է հայ դպրոցին։ Ապա, շարունակելով իր խօսքը ըսաւ, թէ Յարութ Օհաննէսեան ո՛չ միայն այս դպրոցը շինեց, այլ նաեւ կը շարունակէ ամէն տարի նիւթական կարեւոր ներդրումով զօրավիգ կանգնիլ դպրոցի կրթական աշխատանքներուն։ Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով իր գնահատանքը յայտնեց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին, որ նուիրումով կը կատարէ իրեն վստահուած յոյժ կարեւոր ազգային-եկեղեցական առաքելութիւնը, որովհետեւ եկեղեցւոյ կողքին հայ դպրոցը կը հանդիսանայ մեր համայնքի կարեւոր սիւներէն մէկը։

 

Յայտնենք, որ նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետին իջեւանած պանդոկը այցելեց ազգային բարերար Տիար Յարութ Օհաննէսեան եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին Պրն. Օհաննէսեան վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ իր բարերարութեամբ շինուած Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարանին։

More News