6 Դեկտեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՍԿՍԻ Մ.Ա. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ ՏՈՒՊԱՅ

 

Հինգշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Տուպայ, ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին: Օդակայանին մէջ դիմաւորելու եկած էին Արաբական Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանները, Կաթողիկոսական Փոխանորդն ու Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները: Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով ողջունեց Արաբական Էմիրութեանց մէջ ապրող հայորդիները, որոնք շնորհիւ պետութեան ցուցաբերած լայնախոհութեան, կազմակերպած են իրենց ազգային-եկեղեցական կեանքը՝ վայելելով ազատութիւններ: Նորին Սրբութիւնը նաեւ յիշեցուց, թէ տասնվեց տարիներ առաջ օծումը կատարած է Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ այս անգամ կու գայ Ապու Տապիի մէջ նորակերտ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ օծումը կատարելու: Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները եւս խօսք առնելով ողջունեցին Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

 

Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին ու Ազգային Վարչութեան հետ:

 

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

 

Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, Ս. եւ Անմահ Պատարագ տեղի ունեցաւ, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեան: Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն:

 

Պատգամին սկիզբը, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր Հայրապետական օրհնութիւնը ու գնահատանքը յայտնեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին ու Ազգային Իշխանութեան, որոնք նուիրումով լծուած են թեմի ծառայութեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ առաքելութեան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ այդ ծիրէն ներս հոգեւորականի կոչումին: Ան ըսաւ, ծառայութիւնն է եկեղեցւոյ առաքելութեան կիզակէտը եւ այդ ծառայութիւնը իրագործողը հոգեւորականն է: Այս շրջագիծէն ներս Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Դպրեվանքին դերը, ուր կը պատրաստուին ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած հոգեւոր ու կրթական մշակներ: Իր պատգամին երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ քրիստոնէական հաւատքը ապրելու հրամայականին մասին՝ մեկնելով Քրիստոսի խօսքէն, թէ ան որ ինծի կը հաւատայ թող իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ (Մտ 16:24): Նորին Սրբութիւնը ըսաւ՝ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հետեւիլ: Սակայն աւելցուց, թէ քրիստոսի հետեւիլը դիւրին չէ: Քրիստոսի ճանապարհը սիրոյ, զոհողութեան, հաւատարմութեան ու ծառայութեան ճանապարհն է: Մեր ժողովուրդը այս գիտակցութեամբ որոշեց քրիստոնեայ մնալ: Այսօր, մենք ալ որպէս նոյն ժողովուրդին զաւակները պէտք է նման գիտակցութեամբ քրիստոնէական հաւատքը ապրինք, մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ:

 

Շարունակելով իր խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ «հաւատալ» եւ «պատկանիլ»: Վերջին ժամանակներուն, Արեւմուտքի մէջ ճիգ մը գոյութիւն ունի քրիստոնէական կեանքի այս երկու տարածքները իրարմէ անջատելու. այլ խօսքով՝ մտածողութիւն մը սկսած է զարգանալ, որուն համաձայն հաւատալու համար անհրաժեշտութիւն չէ եկեղեցւոյ պատկանիլ: Վեհափառ Հայրապետը այս մօտեցումը նկատեց նոր օրերու հերետիկոսութիւն եւ ըսաւ. «Եկեղեցին Քրիստոսի խորհդական մարմինն է: Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ իր խորհրդական մարմնին անդամ ըլլալ եւ մասնակից դառնալ անոր կեանքին ու առաքելութեան: Եկեղեցիէն դուրս քրիստոնեայ չի կրնար ըլլալ»:

 

Իր պատգամի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն այս գիտակցութեամբ մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ կեանքին՝ զայն նկատելով առանցքը մեր համայնքին:

 

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏՈՒՊԱՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

Նոյն օրը երեկոյեան, Տուպայի գաղութէն ներս գործող բոլոր մարմինները՝ աւելի քան հարիւր ազգայիններ, հաւաքական ընթրիք մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ: Տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագրէն ետք, խօսք առին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Արա Քէօսէյեան եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան համար եւ այս հանդիպումը սքանչելի առիթ նկատեցին լսելու անոր հայրական թելադրանքները:

 

Ընթրիքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը լայնօրԷն անդրադարձաւ գաղութին կեանքը աւելի կազմակերպելու միջոցներուն ու կարելիութիւններուն: Ան իր մտածումներն ու թելադրանքները կեդրոնացուց երեք բառերու շուրջ.- առաջնահերթութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ նուիրուածութիւն:

 

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ոեւէ անձ, ընտանիք, գործատեղի, համայնք կամ պետութիւն պէտք է ունենայ իր յստակ առաջնահերթութիւնները, այլապէս մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր զարգանալու ու յառաջդիմելու կարելիութիւնները: Առաջնահերթութիւնները պէտք է համապատասխանեն մեր կեանքի ներքին դրուածքին, կարիքներուն ու պայմաններուն եւ մեր աշխատելակերպը, մօտեցումներն ու ծրագրումները պէտք է դառնան համահունչ մեր առաջնահերթութիւններուն: Նոյնպէս, շրջանի մեր գաղութը պէտք է ունենայ իր առաջնահերթութիւնները մեկնելով իր մտահոգութիւններէն ու կարիքներէն, յիշեցուց Նորին Սրբութիւնը:

 

Երկրորդ՝ կազմակերպուածութիւնը պէտք է դառնայ առանցքը մեր կեանքին բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր մարզերէն ներս: Այնտեղ ուր կազմակերպուածութիւն չկայ, հոն կը տիրէ անիշխանութիւն, անկարգութիւն ու քաոս: Մեր մտածելակերպը եւ աշխատելակերպը պէտք է ըլլայ կազմակերպ, ոչ պատահական, ձեւական կամ մակերեսային: Մեր ժողովական կեանքը, մեր աշխատանքներուն ընթացքը, ծրագիրները կեանքի վերածելու մեր մօտեցումը եւս պէտք է ըլլայ կազմակերպ: Յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկն է կազմակերպուածութիւնը:

 

Երրորդ՝ նուիրուածութիւնը պէտք է մղիչ ուժը դառնայ մեր աշխատանքներուն: Մեր կեանքի որեւէ մէկ բնագաւառէն ներս, որեւէ մէկ աշխատանքի մէջ երբ կը բացակայի նուիրումը, յաջողութիւնը հեռու կը մնայ մեր անհատական ու համայնքային կեաքէն. նուիրումը պէտք է դարձնենք մղիչ ուժը մեր գործին: Հարիւր տարիներ առաջ երբ ցեղասպանութենէն ետք մեր ժողովուրդը դարձաւ անտէր եւ ցիրուցան, շնորհիւ իր նուիրուածութեան գոյատեւեց եւ գաղութներ կազմակերպեց: Գաղութի մը ամէնէն հզօր ուժը իր զաւակներուն նուիրումն է այն բոլոր ծրագիրներուն իրագործման, որոնք կենսական են գաղութի մը պահպանման ու ծաղկման:

 

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցնելով, որ շրջանը զարգացման ընթացքի մէջ է եւ պայմաններու բերումով մեր ժողովուրդի զաւակները սկսած են հաստատուիլ հոս, շեշտեց մեր գաղութները կազմակերպչական զօրեղ հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց որ միասնական ոգիով ու սերտ գործակցութեամբ յառաջ տարուին մեր գաղութային աշխատանքները։

More News