3 June, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Երուսաղէմի Հայոց Նորընտիր Պատրիարքի գահակալութեան

Երուսաղէմի հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի Յունիս 4-ին:

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գահակալութեան հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուին Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կիպրոսի հայոց եւ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Առաջնորդ Թեհրանի հայոց:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջոյնի ու Օրհնութեան յատուկ Գիր մը ուղղած է նորընտիր Պատրիարք Սրբազանին:

More News