2 Դեկտեմբերի, 2014

«2015 ՏԱՐԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՀԱՒԱՏՔՈՎ ՈՒ ՏԵՍԻԼՔՈՎ ԵՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԿԱՄՔՈՎ ՊԷՏՔ Է ԱՐԺԵՒՈՐԵՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 300 տիկիններու իր Հայրապետական պատգամը ուղղելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան մեր ժողովուրդին համար։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ առաջին բաժնին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ մեր երէցներուն յարգանք ու հոգածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին, նկատի ունենալով որ ներկայ տարին իր կողմէ հռչակուած էր «Երէցներու Տարի»։ Վեհափառ Հայրապետը վերաշեշտելով երէցներու մասին ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին կարեւոր կէտերը, յիշեցուց ներկաներուն, թէ երէցները մեր կեանքին անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմեն։ Ընդունելի չէ որ անոնք մեր կեանքի լուսանցքին վրայ գտնուող ու մեր անմիջական ուշադրութենէն հեռու մնացող անձեր նկատուին. մենք պարտաւոր ենք յատուկ հոգածութիւն, խորունկ սէր եւ բարձր յարգանք ցուցաբերելու մեր երէցներուն նկատմամբ։ Յառաջացեալ տարիքի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայ, կենդանի դպրոց մըն է եւ նոր սերունդը շատ բան ունի սորվելիք երէցներու կեանքի փորձառութենէն։

Իր պատգամի երկրորդ բաժնին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ 2015 տարուան իւրայատուկ իմաստին ու պատգամին։ Ան ըսաւ, որ մեր յարգանքը պիտի ընծայենք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, եւ աւելին՝ վերանորոգ կամքով մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի բարձրացնենք ի լուր աշխարհին։ Մեր իրաւունքները բռնաբարուած են, մեր ժողովուրդի արիւնն է հոսած, պետականօրէն ծրագրուած ցեղասպանութիւն է կատարուած մեր ժողովուրդին դէմ, մեր եկեղեցապատկան ու անհատական կալուածները բռնագրաւուած են ցեղասպան թուրքին կողմէ. մեր ժողովուրդը չի կրնար անտարբեր մնալ այս երեւոյթին դիմաց։ Իւրաքանչիւր հայ պահանջատէր է։ Մենք ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պէտք է արժեւորենք 100-ամեակը Հայոց Ցեղասպանութեան, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, շաբաթը անգամ մը տիկիններու յատուկ հաւաքներ կը կազմակերպէ Մայրավանքէն ներս, որու ընթացքին աղօթքներու, սաղմոսներու ու շարականներու առընթեր Սուրբ Գրոց սերտողութիւն կը կատարուի, ինչպէս նաեւ կը խօսուի մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն ու կարեւոր դէպքերուն մասին։

More News