27 Նոյեմբերի, 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

    Հինգշաբթի, 27 Նոյեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներուն Համախմբումի վարչութիւնը գլխաւորութեամբ Մազլում Արքեպիսկոպոսին ։ Շուրջ չորս տարիներ առաջ կեանքի կոչուած յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները՝ իրենց կրօնական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներով։ Համախմբումին նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել շրջանի քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ և ազդու կարելիութիւններ որոնել քրիստոնեաները Միջին Արեւելքէն ներս պահելու ու անոնց ներկայութիւնը աւելի ամրապնդելու։ Վարչութեան անդամները տեղեակ պահեցին Նորին Սրբութիւնը վերջին ամիսներու համախմբումին կատարած աշխատանքներու մասին և պարզեցին յառաջիկայ ծրագիրները։

 Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով վարչութեան տարած աշխատանքները, թելադրեց առաջնահերթութիւն տալ բոլոր այն ծրագիրներուն, որոնց նպատակը քրիստոնէութեան պահպանումն է Միջին Արեւելքէն ներս։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Վիեննայի մէջ վերջերս գումարուած համագումարին և յառաջիկային այլ շրջաններու մէջ տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը հետապնդեն նոյն նպատակը։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց շուտաբոյթ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու հրամայականը։

More News