13 November, 2014

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի

Գոհութիւն կը յայտնենք Սուրբ Երրորդութեան՝ Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին, որ վերստին շնորհքը պարգեւեց՝ 11-13 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի սեմին, Եպիսկոպոսաց ժողով գումարելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի եւ քննարկելու մեր Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող հարցերը:

Աղօթքով կը յիշենք Հայոց Ցեղասպանութեան բիւրաւոր զոհերը, որոնք նահատակուեցան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց: Կը հաւատանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու սրբադասումը հոգեւոր նորոգութիւն եւ մխիթարութիւն կը բերէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Կը յորդորենք մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութիւն բերել 100-ամեայ տարելիցի ոգեկոչման միջոցառումներուն եւ անմեղ զոհերու սրբադասման՝ յիշատակի նուիրական արարողութիւնները դարձնելով հաւատքի ամրութեան քաջալերանք եւ հոգեւոր կեանքի նորոգութեան աղբիւր:

Եպիսկոպոսաց ժողովը կը հրաւիրէ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը աղօթքով միանալու 2015 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւններուն՝ հայցելով նաեւ Տիրոջ օրհնութիւնը աշխարհի արդարութեան, խաղաղութեան, համերաշխութեան հաստատման եւ մարդկային կեանքը փոթորկող բազմաթիւ տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար:

Կոչ կ’ուղղենք միջազգային համայնքին, վճռականօրէն շարունակելու Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու գործընթացը: Կոչ կ’ուղղենք նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան, ճանչնալու հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելու մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքները:

Կ’աղօթենք Աստուծոյ մեր նորօրեայ նահատակներուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար: Կը դատապարտենք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու սահմաններուն վրայ կատարուող ազրպէյճանական կողմի սանձարձակ ռազմական գործողութիւնները, որոնց ցաւալի վերջին դրսեւորումն է Եպիսկոպոսաց ժողովի գումարման օրերուն հայկական ուղղաթիռի ռմբահարումը եւ երեք հայորդիներու ողբերգական կորուստը: Աղօթք կը բարձրացնենք զոհուած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ մեր ցաւակցութիւնը յայտնելով եւ զօրակցելով Հայրենիքի համար զոհուած քաջարի մեր մարտիկներու ընտանիքներուն: Մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան իրականացման ճանապարհին կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդարացի եւ խաղաղ կարգաւորումը, համաձայն միջազգային օրէնքներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումով:

Եպիսկոպոսաց ժողովը նաեւ մտահոգութիւն կը յայտնէ աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայի մէջ շարունակուող հակամարտութիւններուն համար, որոնք պատճառ կը դառնան մարդկային բազմաթիւ զոհերու եւ աւերածութիւններու: Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք հակամարտութեան գօտիներուն վրայ բնակող խաղաղ բնակիչներուն՝ որոնց կարգին մեր ժողովուրդի զաւակները, աղօթելով ռազմական գործողութիւններու շուտափոյթ դադարման եւ աշխարհի մէջ ընդհանուր ու տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

«Քրիստոս է մեր Աստուածը եւ մենք կը յուսանք Իրեն» աղօթքի բառերուն վստահութեամբ ու Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին առջեւ, սիրտի պարտքի գիտակցութեամբ Եպիսկոպոսաց ժողովը կը վերանորոգէ իր սրբազան ուխտը, շարունակելու իր սրբազան առաքելութիւնը՝ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ առաւել պայծառութեան, ազգային միասնականութեան, մեր երկրի զօրացման ու աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարօրութեան:

Թող ամենազօրն Աստուած պահապան ըլլայ մեր Եկեղեցւոյ, Հայրենիքին եւ Հայոց Ազգին այսօր եւ յաւիտեանս, Ամէն:

More News