ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր յարկին տակ հիւրընկալած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներէն ու համալսարաններէն ներս ուսանող շուրջ 20 երիտասարդներ (Ա.Մ.Ն.ու արեւմտեան թեմ 4 հոգի, Ա.Մ.Ն.ու արեւելեան թեմ 12 հոգի, Գանատայի թեմ 1 հոգի), որոնք պիտի հետեւին երկու շաբթուան վրայ երկարող Աստուածաշունչի, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, միջ-եկեղեցական, քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, հայ դատի եւ ընկերաբարոյական մարզերուն առնչուած…

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր շէնքը, 24 սենեակներէ բաղկացած՝ իր շտեմարանով ու պահեստանոցով, պիտի գործածուի եպիսկոպոսներու եւ հիւրերու համար։ Շինութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ Գարնան։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեալ ծրագրին բարերարին անունը պիտի յայտարարէ շէնքի բացման հանդիսութեան ժամանակ։

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՚իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին։ Այս գիտակցութենէն մղուած Դպրեվանքը կը գործէ եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին կը ծառայեն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ։ Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ.- —…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 100-ԱՄԵԱԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, ներկայ տարին 100-ամեակն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան։ Այս առիթով յատուկ ձեռնարկներու ճամբով Երեւանի մէջ կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան մասնակից դարձան հանդիսութիւններուն։ Պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սրբատառ Կոնդակը։  …

ՅԱՆՈՒՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ

Աթենքի արուարձաններէն մէկուն մէջ, վերջին օրերուն ու տակաւին շարունակուող անտառային հրդեհներու զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքացիներ։ Այս տխուր առիթով, երէկ՝ Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին թելադրութեամբ, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան կապ հաստատեց Յունաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Հերոնիմոս Արքեպիսկոպոսին հետ եւ յանուն Նորին Սրբութեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 24 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց սուրիական տագնապի լուծման Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Տի Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամը։   Ժընեւի Մ.Ա.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ իր գրասենեակը ունեցող Ա. Լահհամը, Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Տի Միսթուրայի ու իր կատարած վերջին շրջանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն ներս տեղի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ԲՌՆՈՒԹԵԱՆ, ԾԱՅՐԱՅԵՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹՄՐԵՑՈՒՑԻՉԻ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՈՏՆԱԳՆԴԱԿԻ ԽԱՂԻՆ

Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2018-ին, Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ՝ հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Այս ոտնագնդակի խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ՝ Լիբանանի բոլոր համայնքներէն։ Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանը՝ իր մասնակցութիւնը…

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ՈՐԲԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՆՆՋԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն»՝ իրազեկ դառնալու արդէն իրենց աւարտին հասած շինարարական աշխատանքներուն:   Ինչպէս յայտնած էինք նախապէս, թէ արժանթինահայ Տիանա Տէր Յովսէփեանի բարերարութեամբ, «Թռչնոց Բոյն»ի ամենահին կառոյցներէն մէկը ամբողջութեամբ վերանորոգութեան ընթացքի մէջ էր՝ որբերուն համար լայն կարելիութիւններով յարմարաւէտ ննջարաններ ստեղծելու:   Յայտնենք, որ բարերարուհին այս բարերարութիւնը ստանձնած…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 16 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի նորանշանակ դեսպան՝ Դոկտ. Ֆարիտ Խազէնին։ Նորանշանակ դեսպանը նախքան Վատիկան մեկնիլը փափաքած էր այցելութիւն մը տալ Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի Նորին Սրբութենէն տեղեակ դառնայ Վատիկանի կեցուածքը Միջին Արեւելքին, յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ։ Հայրապետը քաջատեղեակ ըլլալով ընդհանրապէս Միջին…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՒԶՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը» այժմէական նիւթին շուրջ, Հինգշաբթի, 12 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ շուրջ 40 անձերէ բաղկացած օտար համալսարանական ուսանողներու, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի սրահէն ներս։ Ուսանողները եկած էին Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի զանազան երկիրներէ, մասնակցելու երեք շաբաթներու վրայ տարածուած աստուածաբանական ու էքիւմէնիք կազմաւորման դասընթացքներու։ Շուրջ ժամ մը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ»Ի ՏՆՕՐԷՆԸ

Երեքշաբթի, 10 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց «Արմէնփրէս»ի տնօրէն՝ Արամ Անանեանը։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, յիշեալ բաժանմունքին վարիչի օգնական՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան, ինչպէս նաեւ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու խմբագիրները։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, Պարիէն (Իտալիա) վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ։   Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներկայ կացութեան ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր արի բանակին՝ շեշտելով, թէ Արցախի պաշտպանութիւնն ու հզօրացումը մեր համայն ազգին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապի հրաւէրին, այսօր երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի Պատրիարքին հետ յատուկ օդանաւով մեկնեցաւ Իտալիա, մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած հաւաքին։ Յիշեալ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ հարաւը գտնուող Պարի քաղաքին մէջ։   Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանք պիտի վերադառնայ Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՊՔԷՐՔԷՅԻ ՄԷՋ

5 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պքէրքէյի մէջ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մասնակցութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մարոնիթ եկեղեցւոյ Րաայի, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աֆրամ Բ. եւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եունան պատրիարքներուն։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մասին ու յատկապէս յառաջիկայ օրերու Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումին, որուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Երկուշաբթի, 2 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան նախագահ՝ Ֆրանսուա Ասելինոյին։ Ֆրանսացի քաղաքագէտը, որ նաեւ նախագահական թեկնածու էր Ֆրանսայի վերջին նախագահական ընտրութիւններուն, Լիբանան այցելած էր մօտէն տեղեակ ըլլալու Լիբանանի կացութեան եւ արժեւորելու Ֆրանսայի դերակատարութիւնը ընդհանրապէս շրջանէն ու յատկապէս Լիբանանէն ներս։   Աւելի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱՒ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան քառօրեայ ժողովին բացումը։   Վեհափառ Հայրապետը բացման նիստին դասախօսեց միջ-եկեղեցական շարժումին մէջ իր ունեցած փորձառութեան եւ ներկայիս անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ միջ-եկեղեցական շարժումը թէ՛ տեղական եւ թէ համաշխարհային մակարդակի վրայ գործունէութիւն…

ԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Շաբաթ, 30 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողներու մեծարանքի ձեռնարկ։   Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսք արտասանեց երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեան։ Ան կարեւորեց հայ ընտանիքին արժէքը սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ու մաղթեց, որ անոնք համբերութեամբ կատարեն իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը՝ թէ՛ ընտանիքին եւ…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Ս. եւ Անմահ Պատարագին հանդիսապետեց Վեհափառ Հայրապետը, Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ Պատարագին…