ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 5-8 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը: Չորս տարին անգամ մը գումարուող այս ժողովին պիտի մասնակցին Կաթողիկոսութեանս թեմակալ առաջնորդները, ինչպէս նաեւ թեմերէն ժամանած շուրջ 100 պատգամաւորներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:   Չորս օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՊԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 28 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սպանիոյ դեսպան՝ Ժօզէ Մարիա Ֆերրէի։     Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր։ Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնն ու գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը։ Հանդիպումը առիթ եղաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԱՀԿ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԱԾ ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱԿԱԶԴԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ

21 – 22 Նոյեմբեր 2017-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ատելութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ հակազդելու խորհրդաժողով մը։ «Կանխարգիլել եւ Հակազդել Քրիտոնիաներուն եւ այլ Կրօնական Խումբերու Անդամներուն Դէմ Գործադրուած Ատելութեան Յանցագործութիւնները – Հեռանկարներ՝ ԵԱՀԿ-էն ու Անդին» խորագիրով խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու եւ Մարդկային Իրաւանց Գրասենակին կողմէ եւ հիւրընկալուած Հայաստանի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ տարի համահայկական համաժողովով պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը։   100-ամեակի համաժողովի կազմակերպման յանձնախումբը իր նիստը գումարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ, 20 նոյեմբեր 2017-ին։ Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին Համաժողովի նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամներ՝ Երուանդ Փամպուքեան (Լիբանան), փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան (Հայաստան), Շահան Գանտահարեան (Լիբանան), Կիրօ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՆԱՏԱԿԱՆ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Այս առաւօտ, 21 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը գանատական-լիբանանեան համալսարանի նախագահ՝ Քրիստիէն Պու Նախըլը։ Համալսարանի նախագահը Նորին Սրբութեան պարզեց ակադեմական մարզէն ներս համալսարանին կատարած աշխատանքները ու յառաջիկայ ծրագիրները։   Վեհափառ Հայրապետը համալսարանական կեանքէն ներս իր ունեցած լայն փորձառութեամբ, իր գնահատանքին առընթեր, իր թելադրութիւնները կատարեց համալսարանէն ներս հաստատուած շարք մը դասընթացքներուն տարբեր…

ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

  «Մետիասեթ կրուփ»-ը «Էքս. սթայլ» պատկերասփիւռի ծրագիրին ընդմէջէն ներկայացուցած է տեղեկատւութիւն մը Լիբանանի եւ անոր մայրաքաղաքին մասին` լայն տեղ յատկացնելով հայութեան վերաբերող բաժինին: Իտալացի լրագրողներ՝ Թիզիանա Քափրիոնի եւ Ռաֆայէլա Պիանչի Լիբանան ժամանեցին եւ նիւթեր հաւաքեցին այս ծրագիրին համար:   Այս ծիրէն ներս անոնք նաեւ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանք, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ…

ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  17-19 Նոյեմբեր 2017-ին, Շուէտի «Ալեքսանտրիա» հաստատութեան կազմակերպութեամբ, Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքին մէջ կայացաւ միջազգային ժողով մը  “Perspectives on the Role of Religion in Diplomacy, Foreign Policy and International Affairs” նիւթով: Սոյն ժողովին եւ կլոր սեղանի զրոյցներուն հրաւիրուած էին նաեւ Կիպրոսի Religious Track of the Cyprus Peace Process Under the Auspices of the Embassy of Sweden-ի…

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 38-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2017-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հայ գիրքի համահայկական 38-րդ ցուցահանդէսին բացումը։ Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, մտաւորականներ եւ ընթերցասէր հոծ բազմութիւն մը։   Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ հայրապետական թափօրով դէպի ցուցահանդէսին տաղաւարը, ուր…

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԻ ԵՒ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ

«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Շարունակէ Մնալ Սփիւռքահայութեան Սիրտը, Որ Միշտ Պիտի Բաբախէ Կայտառ, Որպէսզի Կարենայ Աւիւն Հայթայթել Մեր Միւս Գաղութներուն»   Հաստատեց  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 17 նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ

16 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայութեամբ եւ Երուանդ Փամպուքեանի ատենապետութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովի քարտուղարութեան նիստը։ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող ներկայ յանձնաժողովին կ՚անդամակցին հայագէտներ ու լեզուագէտներ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Անոր վարիչ-քարտուղարութիւնը ստանձնած է Ժիրայր Դանիէլեան, որ միաժամանակ Կաթողիկոսարանիս հայագիտական դասընթացքի տեսուչն է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱԶԻՃԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, 14 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ Պատրիարք՝ Եազիճի Գ.ին ներկայացուցիչ, Աքքարի ու Թարթուսի առաջնորդ՝ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս Մանսուրը։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր անդրադարձ կատարելու Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն։ Մետրոպոլիտ Պասիլիոս նաեւ պատգամ մը փոխանցեց Նորին Սրբութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴԱՆԻՈՅ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Դանիոյ լուտերական եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Քսան անձերէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հոգեւորականներ, համալսարանի դասախօսներ եւ եկեղեցւոյ զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ։   Հանդիպումին, պատուիրակութեան խօսնակը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի եկեղեցական կեդրոնի մը մէջ, որ միշտ եղած է սիրելի ընդհանրապէս Տանիմարքայի ժողովուրդին ու յատկապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ՝ ՊԱՏԱՀԱԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Այս առաւօտ, 13 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահին՝ Հասան Ռուհանիին ուղղած իր նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Իրանի հայ համայնքին, իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Քերմանշահ նահանգին մէջ պատահած երկրաշարժին առիթով։   Իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց նախագահին, որ կը բաժնէ իր եւ Իրանի ժողովուրդին ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 11 Նոյեմբեր 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը՝ գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ տիար Գառնիկ Մկրտիչեանին։ Կեդրոնական վարչութիւնը եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցուցաբերած երկարամեայ աջակցութեան ու վստահութեան, ինչպէս նաեւ զեկուցելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակին առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին՝ խնդրելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը։   Նորին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԲԱԶՄԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԵՒԵԼՔ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Բազմազանութեամբ արեւելք» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։ Վերջերս Լիբանանի մէջ հաստատուած յիշեալ կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ իր անդամակցութիւնը ընդլայնել՝ ներառելով Միջին Արեւելքի այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ թէ՛ իսլամ։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նշեալ նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով Միջին Արեւելքին մէջ բազմազանութիւն պահելու եւ համագործակցաբար զայն աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։     Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ…

Հայ Համալսարանականներու Հունձքին 2016-2017 Կրթական Տարեշրջանին Գնահատանքի Երեկոյ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕ՛Ն ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՁԱՅՆԻ՛Ն, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱ՛Ն»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.  ԿԱԹՈՂԻԿՈՄ   Հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումին, Ուրբաթ, 3 Նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ համալսարանականներու հունձքին 2016-2017 կրթական տարեշրջանին գնահատանքի երեկոյ։   Այս առիթով իր արտասանած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ

2 Նոյեմբեր 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ կառավարութեան արտաքին մարդասիրական օժանդակութեան գրասենեակի տնօրէն Տանիէլ Պէյէլերը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական Դրամանատան նախկին փոխ-կառավարիչ՝ Դոկտ. Մկրտիչ Պուլտուքեանի։ Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ Զուիցերիոյ պետութեան կողմէ Սուրիոյ կատարուելիք մարդասիրական օժանդակութեան մասին։ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց քրիստոնեայ համայնքներուն ու…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երէկ, 1 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիէննայի մէջ հաստատուած Ապտալլահ Բ. թագաւորին կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար, ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը։ Նշենք, որ Դոկտ. Մուաամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիէննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած կրօններու, մշակոյթներու…