ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՒԵՏԻՍԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԷՆ

Նոր տարուան առաջին վայրկեաններուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերը պիտի աւետեն 2017 նոր տարուան բարեբեր գալուստը։ Ապա Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ փառաբանական յատուկ արարողութիւն։   Կիրակի, 1 Յունուար 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ առ ի խաղաղութիւն համայն աշխարհի։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլահ Ալ Պուխարիին: Դեսպանին կ’ընկերանային դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային հարցերու պատասխանատուները:            Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր: Խօսակցութեան ընթացքին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Թէ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան բարեբեր տօներուն նախօրեակին իր կատարած կատարած այցելութիւններու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, ընկերակցութեամբ խումբ մը Միաբան Հայրերու, այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան: Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուելէ ետք Ազգային Բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ, անոնց հետ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ: Նորին Սրբութիւնը բարձր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԻ ԻՍԼԱՄ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԷՆ ՇԷՅԽ ԵՈՒՍԷՖ ԱԼ-ՆԱՍԻՐԻՆ

  Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրաքի իսլամ ղեկավարներէն, Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդին Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Շէյխ Եուսէֆ Ալ-Նասիրին, ընկերակցութեամբ Արաբական Իսլամական Համախմբումի Դիմադրութիւն Զօրակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Տոքթ. Եահեա Ղատարիի։               Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ վերարժեւորումի ենթարկելու Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը Միջին արեւելքէն ու յատկապէս Իրաքէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ

    Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց: Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, Ծերանոցի տնօրէնութեան ու խնամակալութեան կողմէ:   Տնօրէնութեան ու Խնամակալութեան անունով Նորին Սրբութեան բարի գալուստ մաղթեց Ազգային Ծերանոցի տնօրէն՝ Վեր.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ՝ ՏԻԳՐԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ

Երկուշաբթի առաւօտ, 26 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի Հիւպատոս՝ Տիգրան Գէորգեանը։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Պրն. Հիւպատոսին, որ Սուրիական տագնապի տարիներուն մնաց Հալէպի մէջ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւնը կատարեց, հակառակ ստեղծուած դժուար պայմաններուն, ինչպէս նաեւ սերտ կապեր հաստատեց յատկապէս Հալէպի…

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին Մարտիրոս Սարկաւագին՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկային տօնին առիթով, Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ պատարագ, նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ս. Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի նախկին տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան:             Անցեալէն մեզի հասնող աւանդութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՋԵՐՄ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄՒՆ

Թեհրանի Հայոց Թեմ կատարած իր հովուապետական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Տուպայ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունելու եկած էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Տիար Հրայր Սողոմոնեանի ու ազգայիններու:     Վեհափառ Հայրապետը օդակայանին մէջ ունեցած կարճատեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

  Թեհրան կատարած կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Իրանի մօտ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանատուները, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ նշեալ երկիրներու դեսպաններուն հետ:               Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին հանդիպում ունեցաւ Իրանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Արտաշէս Թումանեանի հետ: Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին ընդմէջէն բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻ

Հրաւէրով Թեհրանի Առաջնորրդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, միջ-եկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, մասնակցութեամբ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան:             Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց միջ-եկեղեցական շարժումին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ’ԱՅՑԵԼԷ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ այցելեց «Թունեան» եւ «Արարատ» դպրոցներն ու «Սասուն» մանկապարտէզը: Նորին Սրբութեան ընկերացան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեան, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս.…

ԻՐԱՆԻ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՏԷՐԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թեհրանի «Արամ Մանուկեան» դահլիճին մէջ պատւոյ հիւրը եղաւ Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութեան անդամներուն:   Այս առիթով ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Իրանի Հայ Գործատէրերու Միութեան նախագահը: Յակոբ Յակոբեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ Վեհափառ Հայրապետին 20 տարիներու ազգային ու հոգեւոր զոյգ…

«ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ «ԱԼԻՔ»-Ը ՄԻԱՅՆ ՕՐԱԹԵՐԹ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՂ ՏՈՒՆ ՉԷ, ԱՅԼ՝ ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԳՈՎԵԼԻ ՕՃԱԽ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Ալիք» օրաթերթի կեդրոնը եւ «Հրայր Մարուխեան» դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Ալիք»ի տնօրէնութեան ու խմբագրական կազմին եւ աշխատակիցներուն հետ: Այս առիթով, սրտի խօսքով հանդէս եկան «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչ՝ Հենրիկ Խալոյեան, գլխաւոր խմբագիր՝ Դերենիկ Մելիքեան, Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան, Հայկական…

ԻՐԱՆԻ ՄՕՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լեւոն Ճաղարեանի հետ։             Վեհափառ Հայրապետին եւ դեսպանին միջեւ կայացած խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի ներկայ…

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

    Երկուշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն՝ Դոկտ. Իպրահիմիի հետ:   Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ.…

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան ու Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի Առաջնորդական…

«ՎԵՀԱՓԱՌ ՏԷՐ, ԴՈՒՔ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅՐՆ ԷՔ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ»

    Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:   Հայոց Հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, Շաբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Նորին Սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ:   Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման…

ԻՐԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ ՏՕՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

  Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը: «Արարատ» մարզաւանի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկիեան իշխան»ներու եւ «Կիլիկիան Ասպետ»ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ: Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ…

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

  Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ, պատերազմի պատճառով նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան: Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԻՐ ՏՈՒՆԷՆ ԱՌԱՋ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏՈՒՆԸ ՇԻՆԵՑ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը: Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի…

«ԻՄԱՄ ԽՈՄԷՅՆԻԻ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԷՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն այցելեց Իսլամական Յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խոմէյնիի դամբարանը: Նորին…

ՀԱՄԱՏԵՂ ՅԱՅՏԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱԿՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ  

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Չորեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ՈՒՂՂԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Թեհրանի Հայոց Թեմի նորընտիր պատգամաւորական ժողովին, ուր ներկայ էին նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի կրօնական եւ թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մամնի յանձնախումբը: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով ժողովականներուն ըսաւ. «Եկեղեցին իր էութեամբ համակ առաքելութիւն է, ժողովուրդի կեանքին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շքախումբին անդամներուն հետ ուղղուեցաւ Թեհրանի Ս. Սարգիս Մայր եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք: Նորին Սրբութեան դիմաւորելու եկած էին զանազան պատկան մարմիններու, յանձնախումբերու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ-աշակերտուհիներ, սկաուտներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ: Աշակերտներու կողմէ մատուցուած աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ 7-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն կատարած այցի առաջին օրը: Արդարեւ, Նորին Սրբութիւնը ընկերակցութեամբ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սիփան Ծ. Վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի Հայոց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԹԵՀՐԱՆ

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներով ժամանեց Թեհրան: Նորին Սրբութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօնքներու Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոն»ի Նախագահին, Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԷՄ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԸ

Ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Ն.Ս. Թաւատրոսի ուղղուած նամակով Վեհափառ Հայրապետը խիստ կերպով դատապարտեց Կիրակի առաւօտ Գահիրէի Ղպտի եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 ղպտի քրիստոնեայ հաւատացեալներ։ Իր նաամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ահաբեկչութիւնը որուն դէմ որ ուղղուած ըլլայ դատապարտելի է եւ ո՛չ մէկ կրօնքի համար ընդունելի է նման ոճիրներ։ Նման…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԹԵՀՐԱՆ

    Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան, Իրան։ Շուրջ շաբաթ մը Վեհափառ Հայրապետը պիտի մնայ Թեհրան ուր պիտի նախագահէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջ-կրօնական ու Մշակութային Միջազգային Յարաբերութեանց բաժանմունքի հետ տեղի ունենալիք Կրօնական Երկխօսութեան՝ Բռնութիւն եւ Կրօն թեմային շուրջ, հանդիպումներ պիտի ունենայ համայնքային ու պետական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՓՐՕ ՕՐԻԱՆԹԷ»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբերէն մինչեւ Հինգշաբթի 1 Դեկտեմբեր 2016 Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Pro Oriente»ի կազմակերպած Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու աստուածաբաններու երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովը: Ժողոովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերպ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը: Աստուածաբանական, եկեղեցաբանական, ծիսական տարբերութեանց եւ գործանական այլ…

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ ԲԱՑԱԾ ԴԱՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Պրիւքսել– Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2016–ին, նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին, այսօր յետմիջօրէին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ բացած դատին առիթով, որուն նպատակն է պահանջել՝ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՄՄ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆԸ

Առնուած «Զարթօնք» Օրաթերթէն       Երկուշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձը։   Շուրջ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՔԱՅԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԷՄ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒԱՆՑ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ՄՕՏ, ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ   Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016­ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին մօտ, պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը:               Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ յետոյ, 28 Ապրիլ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, յատուկ յարգանք մատուցուեցաւ ազգային բարերարներուն՝ Միհրան, Զապէլ, Հաուըրտ եւ Լէյլա Գարակէօզեաններուն։             Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Այնուհետեւ Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիսաւորապէս յարգանք մատուցուեցաւ վերոյիշեալ բարերարներուն՝ ներկայութեամբ Գարակէօզեան հաստատութեան տնօրէնութեան,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

  Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Եկեղեցիներուն պատկանող երկու Աստուածաբաններ՝ Դոկտ. Մարթին Հոյկըր եւ Դոկտ. Օլիվիէր Ֆլուրի։ Անոնք եկած էին 2033-ին Համաքրիստոնէական տարողութեամբ Քրիստոսի յարութիւնը նշելու ծրագրին մասին ունենալու Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը։ Այս գծով, անոնք անցեալ շաբաթ հանդիպում ունեցած էին Ֆրանսիս Պապին հետ, եւ ստանալով անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի Դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Այնճարի հայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան։ Շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը, թաղականութեան ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կոմիտէն, ինչպէս նաեւ բարեսիրական ու համայնքային քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Պատուիրակութիւնը եկած էր շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան ընտրութեան եւ…