Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 37-ՐԴ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՁՕՆԷ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՊԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 350-ԱՄԵԱԿԻՆ

Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, «Որք Զարդարեցին» շարականի երգեցողութեամբ Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին: Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Անկլիգան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը, 24-29 Հոկտեմբեր 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, գումարեց իր 5-րդ հանդիպումը։ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ջանքերով եւ փոխ-հասկացողութեամբ, ժողովը խմբագրեց «Ս. Հոգւոյ բնութիւնը եւ գործերը» վերնագրով աստուածաբանական կարեւոր վաւերաթուղթ մը։     Աստուածաբանական քննարկումներու առընթեր, իւրաքանչիւր մասնակից ներկայացուց իր եկեղեցւոյ ծրագիրները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Ապա, անոնք 6-րդ հանդիպումի օրակարգը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹԱՒԱՏՐՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ՔԷՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին ընդունեց Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ՝ Թաւատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը՝ Մետրոպոլիտ Պիշոյը։ Վերջինս Նորին Սրբութեան փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ ուզեց իր կարծիքը ունենալ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին ու յատկապէս Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին առնչուած կարգ մը հարցերու շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Արեւելեան Ուղղափառ ընտանիքին ներքին դաւանական…

«ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ՊԷՏՔ Է ԳՐԱՒԵՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Վերոյիշեալ շեշտադրումը կատարեց Նորին Սրբութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուող Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի ժողովի բացման նիստին։ Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միջ-եկեղեցական շարժումի պարզած ներկայ վիճակին, վեր առնելով դրական ու բացասական շարք մը երեւոյթներ։ Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ բերաւ կառոյցներէն դէպի ժողովուրդ ընթացող…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆԿԼԻԳԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

    Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բացումը կատարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին եւ Անկլիգան Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբի հինգերորդ նիստին։     Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքին մաս կը կազմեն Հայ Եկեղեցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեամբ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեամբ, Ղպտի, Ասորի, Հնդկաստանի Մալապար, Հապէշ եւ Էրիթրիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

  19-22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կիպրոսի Փարալիմնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն (Քաղկեդոնական ու Ոչ-քաղկեդոնական) եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց (UBS) միջեւ համագործակցութեան աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի տարեկան ժողովը։ Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիեզերական ու Ռուսիոյ Պատրիարքութեանց, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հայ, Ղպտի ու Ասորի եկեղեցիներու եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց ներկայացուցիչները։ Սոյն ժողովին Հայ Եկեղեցին ներկայացուցին Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԷՆ ԺԱՄԱՆԱԾ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

    Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, ֆրանսայէն խումբ մը ուխտաւորներ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի, այցելեցին Մայրավանք։ Ուխտաւորները նախ Կաթողիկոսարանի Նահատակաց մատրան մէջ իրենց աղօթքը բարձրացուցին եւ ապա, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մասնակից դարձան Ս. եւ Անմահ Պատարագին։   Օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Վահան Սրբազան, որ նախքան քարոզը…

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տուած հայրապետական այցելութեան վերադարձին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ։     Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր միաբաններուն, որոնք իրենց պաշտօններն ու պարտականութիւնները կը կատարեն բծախնդրութեամբ եւ իրենց ներդրումը կը բերեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան։ Ան նաեւ անդրադարձաւ այս այցելութեան տարբեր երեսներուն եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԻՊՐՈՍԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՀԵՏ

Կիպրոս այցելութեան ընթացքին՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի ժողովի մասնակցութենէն ետք, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան յատուկ ժամադրութեամբ այցելեց Կիպրոսի Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Տ. Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսին, որուն փոխանցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները։   Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, Նարեկ Սրբազան Խրիսոսթոմոս Արքեպիսկոպոսին հետ քննարկեց Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութեանց, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Հաւատք եւ Կարգ Բաժանմունքի կազմակերպած միջ-ուղղափառ խորհրդակցութիւնը գումարուեցաւ Կիպրոսի մէջ, 6-13 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Խորհրդակցութեան մասնակցեցան Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները ներկայացնող 30 հոգեւորական եւ աշխարհական աստուածաբաններ։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, այս խորհրդակցութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Խորհրդակցութեան նպատակն էր «Դէպի…

Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ Հատոր Դ.

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Յակոբ Օշականի «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան» Դ. Հատորը, որուն մէջ ներառնուած են Հայ Գրականութեան իրապաշտ սերունդի գրողներ, Յ. Պարոնեան, Մ. Խրիմեան, Գ. Սրուանձտեանց, Խ. Նար-Պէյ, Մ. Չերազ, Եղիա Տ., Մ. Մամուրեան, Ծերենց եւ Ս. Տիւսաբ: Իւրաքանչիւր հեղինակ իր ոճով կրցած է իր ներքին յուզումներն ու սլացքը արտայայտել եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի կազմակերպութեամբ, 9 Հոկտեմբեր 2016-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակը՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Հայոց Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն եւ պաշտօնական ընթրիք։ 20-ամեակի նշումին առընթեր, Նիւ Ճըրզի կեցութեան կարճ շրջանին, Նորին Սրբութիւնը եկեղեցական, քաղաքական եւ թեմական հանդիպումներ ունեցաւ։ Վեհափառ…

«ՄԵՆՔ ՆԱԽՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՇԻՆԵԼԸ, ԵԿԵՂԵՑԻ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆՔ» Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նիւ Ճըրզիի մէջ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Արարողութեան ընթացքին Նորին Սրբութեան առընթերակայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու…

«Մեր եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայութիւնը իմ կեանքիս “ամէն բանէ վերն է”» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, գանատահայութիւնը՝ Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գէյմպրիճէն, Սէյնթ Գէթրինզէն ու Վանգուվըրէն, համախմբուած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնէն ներս տօնախմբելու իր Հովուապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական ծառայութեան 20-ամեակը։ Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան,…

«ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵ՛Ք ՍՏՈՒԵՐ ՉԷ ՏԵՍԱԾ ՈՒ ՊԻՏԻ ՉՏԵՍՆԷ, ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՆ ԱՏԵՆ, ՈՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ» Վստահեցուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մոնթրէալի մէջ երիտասարդութեան հետ հանդիպման ընթացքին

  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի առիթով Մոնթրէալի գաղութին տուած այցելութեան ընթացքին, Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 7 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Նորին Սրբութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ։               Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ քաջալեր հանդիսացաւ…

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ՃԱՇ ՏՈՒԱՒ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

7 Հոկտեմբեր 2016-ին, Գանատայի մէջ Լիբանանի Ընդհանուր Հիւպատոս Տիար Ֆատի Զիատէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը տուաւ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Կաթողիկոսարանի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Գանատայի Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Տիար Յակոբ Տէր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՈՆԹՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ԴԱՏԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԳԾՈՎ

Մոնթրէալ իր կեցութեան կարճ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցաւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւաբաններու խումբի գլխաւոր պատասխանատու Դոկտ. Փայամ Ախաւանի հետ։ Խորհրդակցութեան ներկայ եղան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ իրաւաբան Վահէ Եագուպեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի առնչուած հարցերու պատասխանատու Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Կաթողիկոսարանի…

ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ

Գանատայի Հայոց Թեմի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Մոնթրէալ, տեղի ունեցաւ դասական երաժշտական բացառիկ ձեռնարկ, նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ հայրապետական անսակարկ ծառայութեան։ Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ գանատահայ դասական երաժշտութեան աշխարհահռչակ մեկնաբան Ալին Գութան, որուն կ’ընկերակցէին համբաւաւոր դաշնակահար Մայքըլ Մըքմահըն եւ ջութակահար Վան Արմէնեան։    …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Գանատայի Հայոց Թեմի եւ Գանատայի Միջ-եկեղեցական Կեդրոնի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր, 2016-ի առաւօտուն, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական հանդիպում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ հիւրընկալութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։ Հանդիպումին ներկայ էին եկեղեցական բարձրաստիճան հիւրեր՝ Գանատայի մէջ Պապական Նուիրակ Լուիճի Պոնազզի Եպիսկոպոս, Մոնթրէալի Արքեպիսկոպոս Քրիսթիան Լէբին,…

«Մեր ինքնութիւնը խաթարող վտանգներուն դիմաց մենք պիտի մնանք կառչած մեր գոյութեան երեք ամրոցներուն՝ եկեղեցի, ընտանիք եւ դպրոց»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հովուապետական այցելութիւնը Մոնթրէալի մէջ, 5 Հոկտեմբեր 2016-ին։ Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի, ուր Հայոց Հայրապետը կատարեց Կանոնական աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՂՈՒԹԻՍ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց մեր գաղութի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչները: Վեհափառ Հայրապետը առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան պատուիրակութեան հետ, որ Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց 20-ամեակին առիթով, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հայոց Հայրապետին անձնուրաց հոգեւոր պետի առաջնորդութեան համար: Հանդիպման կիզակէտը հանդիսացաւ Ս. Աթոռոյս կողմէ…

«ՔՐԻՍՏՈՍ ԱՊԱՒԷՆ Է ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ, ԵՐԱՇԽԻՔԸ ՄԵՐ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻՆ ԵՒ ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին հայրապետական իր օրհնաբեր այցելութեան առիթով, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեշունչ պատգամ մը, իսկ Ս. Պատարագին մասնակիցները հայրապետական օրհնութիւնը ստացան աջահամբոյրով:               Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Նորին Սուրբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

«20-ամեակի այս առիթով կը վերանորոգեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտս՝ առաւել նուիրուածութեամբ ու վերանորոգ հաւատքով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութիւնն ու ազգային ծառայութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս     Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2016 տարուան «Ծառայութեան Տարի» հռչակագիրին մէջ կ’ըսէ. «Հոն, ուր եկեղեցին հեռու մնացած է ծառայութենէն, ան փաստօրէն հաւատարիմ չէ մնացած իր կոչումին:…

«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ, ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ»   Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական ծառայութեան 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ երիտասարդութեան հետ հանդիպումով, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Կլէյնտէլի «Սիվիգ» կեդրոնին մէջ՝ Լոս Անճելոսի հայ դպրոցներու վարժարաններու ուսանողութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու, երիտասարդական միութիւններու եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աւելի քան 1000 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ներկայութեան։ Ներկայ էին նաեւ միաբան ու քահանայ հայրեր,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»ՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

  Լոս Անճելըս ժամանումի վաղորդայնին, Ուրբաթ, 30 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը ժամանեցին Ազգային Առաջնորդարան։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ միաբան հայրեր։ Ազգային Առաջնորդարանի մուտքին, շքախումբը դիմաւորուեցաւ Թեմէն ներս ծառայող միաբան հայրերուն եւ հոգեւորականաց դասուն կողմէ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՀԱԼԷՊԻ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Լոս Անճելոս ժամանած օրն իսկ, իմանալով Հալէպի մէջ վերջին օրերու ընթացքին թէժ կռիւներու իբր արդիւնք ստեղծուած ծանր կացութեան մասին, կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին հետ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ եղած զարգացումներուն։ Սրբազան Հայրը Նորին Սրբութեան փոխանցեց Հալէպի հայութեան դիմագրաւած դժուար իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահեց…