Հայրապետական պատգամ Գրողներու Համահայկական Զ. Համագումարին (Երեւան, 20-24 Ապրիլ,2012)
Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն: Մեր սպասումն է որ հայ գրատպագրութեան 500-ամեակի մեծարման նուիրուած հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայ գրողներու այս համագումարը դառնայ պատմական, ո՜չ միայն քննարկելու հայ գրականութեան մերօրեայ խնդիրներն ու հայ տպագրութեան հրատապ հարցերը, այլեւ ճշդելու մայր գիծերը մշակութային նպատակասլաց…