LATEST NEWS 

 

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆ ՈՒ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ

ՄԵԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱՆ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011   His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011   His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011   His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

 

His Holiness Aram I pays New Year visit to the Birds’ Nest, Monday 26 December 2011

Read in Arial Armenian font

12/26/2011 

Երկուշաբթի 26 Դեկտեմբեր 2011-ին, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ հաստատութեան Հոգեւոր Տեսուչ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող ՙԹռչնոց Բոյն՚, նախքան աշակերտութեան արձակուրդի մեկնումը, անոնց հետ տօնելու Նոր Տարին ու համայն աշխարհի Փրկչին Սուրբ Ծննդեան Տօնը:       

Նորին Սրբութիւնը հաստատութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան, Գայանեան Հոգեւոր Քոյրերուն, պաշտօնէութեան ու աշակերտութեան կողմէ: Ապա, պատասխանատուներուն հետ հանդիպում ունեցաւ, մօտէն հետաքրքրուելով դպրոցի կրթական, մարդասիրական ու կենցաղային պայմաններով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ այցելեց կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող ՙՑեղասպանութիւն եւ Վերապրում՚ թանգարանը, որ Դանիացի մեծանուն որբախնամ ու հայասէր Մարիա Ճագոպսընին պատկանած հնադարեան բնակարանին ներքնայարկը կը գտնուի:

Խնամակալութեան ու տնօրէնութեան իր հայրական թելադրութիւնները կատարելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը մուտք գործեց սեղանատուն, ուր մանուկները ակնդէտ կը սպասէին, սկսելու համար խրախճանքը: Թատերական ներկայացումով, երգերով, պարերով ու արտասանութեամբ հանդէս եկան մանկամսուրի, մանկապարտէզի, նախակրթարանի ու միջնակարգի աշակերտները, իրենց աստուածատուր տաղանդը ցուցաբերելով: Նոյն առիթով, Կիրակնօրեայ Դպրոցի ՙԾիածան՚ խումբը ելոյթ ունեցաւ իր ծաղրածուին ընկերակցութեամբ, զուարճացնելով մեծ թէ փոքր մանուկները:

Հաւաքի գլխաւոր անձը՝ ամանորեայ հիւրը՝ Կաղանդ Պապան ժամանելով իր եղնիկով սահնակին վրայ, իր գագաթնակէտին հասցուց մանուկներուն ուրախութիւնը: Այս առիթով, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մանուկները Վեհափառ Հայրապետէն ստացան թէ՜ բարոյական եւ թէ նիւթական նուէրներ:

Նոյն օրը երեկոյեան, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մէջ տեղի ունեցաւ ամանորի հաւաքը, ներկայութեամբ բարերարներու եւ Տիկնանց Յանձնախումբին: Խանդավառ մթնոլորտը առաւել ճոխացուցին յատկապէս ժամանած ՙՏոլանտ Տաք՚ը, ՙՄիքի Մաուս՚ը, եւ անոնց ընկերակիցները: Պարի խանդավառութեան մէջ մուտք գործեց նաեւ Կաղանդ Պապան, դարձեալ նուէրներ բաշխելով ամէնուն:          

Հայ որբին ու ընտանեզուրկ մանուկին արցունքը սրբող, տրտմութիւնը ժպիտի ու թախիծը ուրախութեան վերածող այս հաստատութիւնը աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, տուն ու օթեւան դառնալով, նուազ բախտաւոր մեր հայ մանուկներուն: ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մէջ պատսպարուած 8 ամսականէն մինչեւ 16 տարեկան պճլտուն աչքերով աշակերտները Բարի Նոր Տարի ու Սուրբ Ծնունդ կը մաղթեն մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:

 

 

 

 

 

 

 

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

 

 

Read in Arial Armenian font

 

12/20/2011 

Վարչապետ Նէժիպ Միքաթի, Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, վարչապետարանին մէջ կազմակերպեց իւրայատուկ խրախճանք եւ ընդունելութիւն, Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներուն ու մարդասիրական հիմնարկներուն համար:         

Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 20 Դեկտեմբեր 2011-ին, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մանուկներէն կազմուած տաս հոգինոց խումբը, գլխաւորութեամբ իրենց պատասխանատու Օրդ. Թալին Պարտագճեանին, իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն ընդունելութեան, վայելելով սէրն ու գուրգուրանքը Լիբանանի կառավարութեան պետին:

Վարչապետը յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով հայ մանուկները, իր գնահատանքը յայտնեց ՙԹռչնոց Բոյն՚ի ճամբով իրականացուող մարդասիրական աշխատանքին, որ կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը: Այս առիթով ան նաեւ նուէրներ բաշխեց մանուկներուն, անոնց ուրախութիւնը կրկնապատկելով:

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ

ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ԱՆԿՆՈՒՆՔ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ

Baptism of seven children at the Birds Nest orphanage, Thursday 27 October 2011  Baptism of seven children at the Birds Nest orphanage, Thursday 27 October 2011

Baptism of seven children at the Birds Nest orphanage, Thursday 27 October 2011  Baptism of seven children at the Birds Nest orphanage, Thursday 27 October 2011

Baptism of seven children at the Birds Nest orphanage, Thursday 27 October 2011

Read in Arial Armenian font

10/27/2011

Հոկտեմբեր 27 2011-ին, Ուսումնական-կրթական տարեմուտին, ՙԹռչնոց Բոյն՚ը եւս բացաւ իր դռները, շարունակելու համար իր աւելի քան ութսունամեայ ծառայութիւնը որբ հայ երեխաներուն եւ նուազ բախտաւոր հայ մանուկներուն տուն ու ապաստան դառնալով:

Միջավայրին նոր ընտելացած եւ հարազատ տան խնամքին ջերմութիւնը հազիւ զգացած, նորեկ եօթ անկնունք մանուկներու հաւաքական մկրտութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 26 Հոկտեմբեր 2011-ին, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի ՙՍ.Գայիանէ՚ մատրան մէջ, ձեռամբ հաստատութեան Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան տնօրէն Պրն. Սամուէլ Պօյաճեան, խնամակալութեան ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Յակոբ Կարապետեան, մկրտուողներու ծնողներ կամ պարագաներ, հաստատութեան պաշտօնէութիւնը, ինչպէս նաեւ աշակերտութիւնը:

Եկեղեցական արարողութեան, ու ապա վարժարանին կողմէ կազմակերպուած խրախճանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՙԳայիանեան՚ Քոյրերու Միաբանութեան անդամներ՝ Քոյր Քնար Գայփաքեան եւ Քոյր Գայիանէ Պատագեան, ինչպէս նաեւ Պրն. Յարութիւն Զօրեան:

Արարողութենէն անմիջապէս առաջ, ներկայ հաւատացեալներուն եւ աշակերտութեան ուղղելով իր խօսքը, Գրիգոր Ծ. Վարդապետ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Մկրտութեան ու Դրոշմի Խորհուրդներուն, իբրեւ գլխաւորները մեր եկեղեցւոյ հաստատած եօթը խորհուրդներուն, եւ քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն:

2-7 տարեկան մանուկներ, որոնք այս տարի մուտք գործած էին ՙԹռչնոց Բոյն՚, պարագաներու բերմամբ մնացած էին անկնունք: Ուստի Խորհուրդին պատշաճ սպիտակաթոյր զգեստներով անոնք ներկայացան Ս. Աւազան, վերստին ծնելու համար իբրեւ հաւատաւոր քրիստոնեաներ:

Խաչանիշ օրհնուելէ ետք ջուրը, Սրբալոյս Միւռոնի հեղումով սրբագործուեցաւ եւ ապա հերթաբար անոր մէջ մկրտուեցան եօթը երեխաները՝ որոնք անուանուեցան Գէորգ, Մարկոս, Պետրոս, Ռուբէն, Սարգիս, Սահակ եւ Սանահին: Վեց մանչ եւ մէկ աղջիկ: Ուրախալի էր այն երեւոյթը, որ ՙՀայր Մեր՚ի ինչպէս նաեւ այլ ծանօթ շարականներու երգեցողութիւնը, աշակերտութիւնը կատարեց մեծ խանդավառութեամբ, իսկ հաւատոյ խոստովանութեան պահուն, երբ կնքահայրը փոխան երախային պիտի պատասխանէ կնքող հոգեւորականի երիցս կրկնուող հարցումին, աշակերտներ խմբովին պատասխանեցին, իրենց բարձրաձայն վկայութիւնը բերելով նորակնունքներու մկրտութեան ու քրիստոնէացման:

Խորհուրդի կատարումէն ետք, ներկաները միասնաբար խրախճանքի պահ ունեցան սեղանատան մէջ, ուր ամէնէն փոքրիկ նորակնունքը՝ Գէորգ, հատեց յատկապէս պատրաստուած կարկանդակը, բոլորին խանդավառ ծափողջոյններէն աւելի քաջալերուած:

Հոգեւոր կարիքներու մատակարարումը, ինչպէս նաեւ կրօնական կրթութիւնը, ֆիզիքական սնունդին ու հագուստ կապուստին հետ, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մանուկներուն տրուող հազուագիւտ դաստիարակութիւն է, որ վստահաբար իր կնիքը պիտի թողու, ազգի գուրգուրանքին յանձնուած հայ մանուկներու հոգիին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

 

ՙԻՖԹԱՐ՚Ի ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՏԻԿԻՆ ՄԻՔԱԹԻ ՊԱՏՈՒԵՑ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ը

Birds Nest students attend an iftar meal hosted by Mrs. Mikati, Monday 22 August 2011

Read in Arial Armenian font

08/22/2011

Իսլամական Րամատանի տօնին առիթով, համաձայն յիշեալ կրօնքի օրէնքներուն, մարդասիրական ծառայութիւն ցուցաբերելու նպատակով, Երկուշաբթի 22 Օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Լիբանանի Վարչապետին տիկինը՝ Մէյ Նէժիպ Միքաթի ՙԻֆթար՚ի ընթրիք սարքեց Վարչապետարանի շքեղ ճաշասրահին մէջ, որուն մասնակից դարձան Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր որբանոցներն ու բարեսիրական հաստատութիւններու պատսպարեալները, ամէն համայն:

Հրաւիրեալներու շարքին էին նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց մարդասիրական առաքելութեամբ կը նպաստեն կարօտեալ մանուկներու կեսամակարդակի լաւացման:          

Վերոյիշեալ ընթրիքին մասնակցելու հրաւէր ստացած ըլլալով, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի աշակերտները ներկայ գտնուեցան, գլխաւորութեամբ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեանի եւ տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեանի: Ճաշկերոյթի ընթացքին Տիկին Միքաթի իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարեսիրական Միութիւններու եւ յատկապէս որբանոցներու պատասխանատու մարմիններուն, այն կարեւոր առաքելութեան համար, զոր ստանձնած են Լիբանանի ամբողջ տարածքին:         

Յայտագիրին մաս կազմեցին նաեւ մանուկները զուարճացնող ծրագիրներ՝ մանկական խաղեր, թատերական ներկայացումներ եւ մանկական երգահանդէս:           

Գրիգոր Ծ.  Վարդապետ, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, տիկին Միքաթիին շնորհակալութիւն յայտնեց այն ուշադրութեան համար զոր ան տածած էր հանդէպ ՙԹռչնոց Բոյն՚ին, անմասն չթողելով հայ մանուկները, Լիբանանի բարձրագոյն մակարդակի գուրգուրանքի արտայայտութիւն եղող սոյն հրաւէրէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ը ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԸՆԴՈՒՆԻԼ

ԿԱՐՕՏԵԱԼ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ

ԵՒ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ

 

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children  Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children   Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children   Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Birds Nest responds to the needs of disadvantaged Armenian children

Read in Arial Armenian font 

Անցնող 80 տարիներու ընթացքին մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած ՙԹռչնոց Բոյն՚ը, տարուէ տարի աւելի եւս կը զգայ իր աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս Սփիւռքի մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս բարեսիրական հաստատութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը գտնուի: Նորին Սրբութեան կողմէ նշանակուած Խնամակալութեան աջակցութեամբ, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցիչ Միաբան հոգեւոր տեսուչը եւ հաստատութեան տնօրէնը ու ՙԳայիանեան՚ Քոյրերու Միաբանութեան անդամուհիները ջանք չեն խնայեր կատարելու այն պարտականութիւնը, որ տարիներէ ի վեր վստահուած է այս հաստատութեան:        

Հետեզհետէ աճող տնտեսական տագնապը, ընտանեկան ընկերային կեանքի դժուարութիւնները, ու անգործութեան հետեւանքով ստեղծուող կարիքները աւելիով կը շեշտեն ՙԹռչնոց Բոյն՚ին տեղն ու դերը մեր հաւաքական կեանքէն ներս:

Այս կացութեան մասին արտայայտուելով, Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ընդգծեց հետեւեալ կէտերը. ՙա) Հայ մանուկի տարուան առիթով առաւել կազմակերպուածութիւն, բ) Յաւելեալ գուրգուրանք դժբախտ ու կարիքաւոր մանուկներու նկատմամբ, գ) Ուսման ու կրթութեան լաւագոյն պայմաններ ազգի խնամքին յանձնուած մեր մանուկներուն համար՚: Ու ապա աւելցուց Վեհափառ Հայրապետը ՙԱ՜յս է Եկեղեցւոյ կոչումը՝ ծառայել որբին, հիւանդին, աղքատին, զրկեալին: Այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով մենք որպէս Եկեղեցի պիտի շարունակենք գործել ու ծառայել՚:         

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ազգային թէ միջազգային կարեւոր նպաստ ունեցող հիմնադրամներուն ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  հաւաքական նպաստով իր աշխատանքը շարունակող այս Տունը, պիտի շարունակէ հայ մանուկներուն ապաստանարանը մնալ, սրբելով որբին արցունքը, եւ յաջող կեանքի ասպարէզ բանալով անոնց դիմաց:         

Յայտնի եւ անյայտ բազմաթիւ անհատ բարերարներ լուռ մասնակցութեամբ սատար կը հանդիսանան հաստատութեան վերելքին, իրենց լաւագոյնը մատուցելով հայ մանուկներուն: Արդիական պայմանները, կրթութեան նոր մեթոտները՝ համաձայն ներկայ մանկավարժութեան կանոններուն, մեր աշակերտները դարձուցած են աւելի զուսպ ու խոստմնալից:

Հաստատութեան 80 ամեակի տօնակատարութեանց ընդառաջ, յոյսով լեցուն են մեր սրտերը, թէ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի շարունակեն իրենց օժանդակութիւնը կատարել ՙԹռչնոց Բոյն՚ին: Հաստատութիւն որ մեր ժողովուրդին դէմ կատարուած Ցեղասպանութեան տխուր յիշատակը ունենալով հանդերձ, միաժամանակ մեր ազգի յարութեան խորհրդանիշն է:

 

 

 

 

ՃԻՊԷՅԼ ՔԱՂԱՔ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ՝

ՐԱԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԿՈՂՋՈՒՆԷ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆ ՈՒ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Maronite Patriarch Rai in Jbeil, to right: V.Rev.Fr. Krikor Chiftjian, the Spiritual Dean of the Birds Nest

Read in Arial Armenian font

07/19/2011 

Երեքշաբթի 19 Յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 2.00-ին, Մարոնիներու նորընտիր Մար Պշարա Պութրոս Րաայի պատրիարք ժամանեց Ճիպէյլ քաղաքը, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը իբրեւ պատրիարք Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի, եղած էր իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանը:

Ժողովրդային խանդավառ դիմաւորութեան ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր առաջնորդները, շրջանը ներկայացնող երեսփոխաններն ու նախարարները, Ճիպէյլցի ականաւոր լիբանանցիներ, տեղական քաղաքական կազմակերպութեանց ու միութենական շարժումներու ներկայացուցիչներ, բոլոր եկեղեցիներու հոգաբարձական մարմինները եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:          

Ճիպէյլի Մարոնի համայնքին հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող սոյն այցելութիւնը, առաջինն էր պատրիարքին համար իր գահակալութենէն ետք, որու առիթով ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ ՙԷտտէսէնտ՚ի ծովափնեայ շքեղ հսկայ ճաշասրահին մէջ: Աւելի քան 1000 հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան, ի պատիւ Պշարա պատրիարքին սարքուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, սոյն ճաշկերոյթին մասնակցեցաւ ՙԹռչնոց Բոյն՚ի Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն՝ Պրն. Սամուէլ Պօյաճեանին: Հայր Սուրբը Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Պատրիարքը, իր կարգին փոխադարձելով՝ իր եղբայրական սէրը յայտնեց Նորին Սրբութեան, ու իր հիացումը՝ հանդէպ տեղւոյն հայ համայնքին: Րաայի պատրիարք գնահատելով ՙԹռչնոց Բոյն՚ի աւելի քան 80 տարիներու մարդասիրական ու որբախնամ առաքելութիւնը, նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց, ի պահանջել հարկին, օժանդակելու հաստատութեան կարիքներուն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ՝

 

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԱՆԻԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՕՐԸ ԱՆՑՈՒՑ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚ԻՆ ՄԷՋ

 

Read in Arial Armenian font

06/24/2011

Հովանաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան, Լիբանանի Դանիական գաղութի աւելի քան 100 զաւակները, իրենց ազգային աւանդական օրը ունեցան ՙԹռչնոց Բոյն՚ին մէջ, Ճիպէյլ:

Ուրբաթ 24 Յունիս 2011-ի երեկոյէն սկսեալ մինչեւ կէս գիշերուան ժամերը, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանին, հիւպատոսին, դեսպանատան անձնակազմին ու հրաւիրեալ դանիացիներու զուարթ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Դանիոյ ազգային խրախճանքը եւ աւանդական խարուկահանդէսը:

Դանիացիներու եւ Հայ Ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան շօշափելի միակ իրականութիւնը ՙԹռչնոց Բոյն՚ը ըլլալով, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատունը այս վայրը ընտրած էր իր ազգային աւանդական օրը ունենալու համար, անոր խորհրդանշական պատգամը նաեւ փոխանցելու նպատակով իր գաղութի զաւակներուն:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՙԹռչնոց Բոյն՚ի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, տնօրէն՝ Տիար Սամուէլ Պոյաճեան, Գայիանեանց Միաբանութեան հոգեւոր քոյրերը եւ հաստատութեան պատասխանատու պաշտօնեաները: Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ըսելով իր իրենք իրենց տան մէջ կը գտնուին, որովհետեւ նախքան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յանձնուիլը 1970 թուականին, հաստատութիւնը կը ղեկավարուէր Դանիացիներու կողմէ: Այս առթիւ, Պօյաճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Դանիացի ժողովուրդին, հայութեան հանդէպ իր ցուցաբերած հոգածու վերաբերումին համար:

Գրիգոր Ծ. Վարդապետ, իր կարգին, նախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն: Ապա, Հայր Սուրբը անդրադարձաւ անցնող դարասկիզբին պատահած մարդկային մեծ ողբերգութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, ՙորու ցարդ բաց մնացած վէրքին վրայ առաջին անգամ բալասան լեցնողներէն մէկը եղաւ ձեր մեծանուն ազգակիցը, ու մեր այս հաստատութեան անզուգական ՄԱՄԱն՝ Մարիա Ճէյքպսըն, որ անոր շուքին ներքեւ նաեւ կը հանգչի այսօր՚ ըսաւ ան:

Այնուհետեւ երգերով, աւանդական նուագներով ու ծովափնեայ բակին մէջ՝ պատմական ՙԴանիական Սրահ՚ին դիմաց տեղի ունեցած խարուկահանդէսով շարունակուեցաւ խրախճանքը, հայ եւ դանիացի ժողովուրդիներու բարեկամութեան, ու դանիոյ դեսպանատան եւ ՙԹռչնոց Բոյն՚ին միջեւ կապը առաւել եւս ամրապնդելով:

 

 

 

 

 

 

 

ՙԳԱՅԻԱՆԵԱՆՑ՚ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

ՃԻՊԷՅԼԻ ՄԷՋ

 

Read in Arial Armenian font

Չորեքշաբթի 22 Յունիս 2011-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող ՙԳայիանեանց՚ Հայ Առաքելական Քոյրերու Միաբանութիւնը տօնախմբեց Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց տօները, աղօթքով ու ընկերային հաւաքոյթով, Միաբանութեան յարկին տակ, ՙԹռչնոց Բոյն՚ին մէջ, Ճիպէյլ:           

Միաբանութեան երեք անդամներուն՝ առաքինազարդ Քոյր Քնար Գայփաքեանի, առաքինազարդ Քոյր Շնորհիկ Պօյաճեանի եւ առաքինազարդ Քոյր՝ Գայիանէ Պատագեանի մասնակցութեամբ, Սրբոց Հռիփսիմեանց Կուսանաց ՙԱնձինք Նուիրեալք՚ շարականի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ, ինչպէս նաեւ ընթերցուեցան երեկոյեան ժամերգութեան յատուկ աղօթքները:

Ապա, Միաբանութեան շէնքի յարկին տակ կազմակերպուած ընկերային հաւաքոյթով եւս նշուեցաւ ՙԳայիանեանց՚ Միաբանութեան հիմնադրութեան տօնը, որ ամէն տարի կը տօնախմբուի Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեանց տօներուն հետ: Սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՙԹռչնոց Բոյն՚ի տնօրէն Տիար Սամուէլ Պօյաճեան եւ հաստատութենէն ներս ծառայող պատասխանատու պաշտօնեաներ: Միաբանութեան Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան այս առիթով ներկայացուց Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերու վարքէն բխող պատգամը, իբրեւ օրինակ հոգեւոր քոյրերուն:           

Յայտնենք, որ ՙԳայիանեանց՚ Միաբանութեան երեք քոյրերը իրենց քողի ստացումէն ի վեր, նուիրումով կը ծառայեն ՙԹռչնոց Բոյն՚էն ներս ապաստան գտած գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներուն, վարչական, կրթական եւ հիւանդապահական պաշտօններ վարելով:

 

 

 

 

 

 

 

ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

 

ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՙԹՌՉՆԻԿՆԵՐ՚Ը ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՍԻՐԵԼՈՒ

ԵՒ ԱՆԱՂԱՐՏ ՊԱՀԵԼՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՏՈՒԻՆ

Graduation day at the Birds’ Nest, Sunday 12 June 2011, Jbeil, Lebnaon

Graduation day at the Birds’ Nest, Sunday 12 June 2011, Jbeil, Lebnaon

Read in Arial Armenian font

06/12/2011 

Կիրակի 12 Յունիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի պատմական ՙԴանիական Սրահ՚ին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի: Ներկայ էին Խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Տիկնաց Միութեան ներկայացուցիչները, տնօրէնութիւնը, ՙԳայիանեան՚ Քոյրերու Միաբանութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնը, պաշտօնէութիւնը եւ ծնողները:          

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց տնօրէն Պրն. Սամուէլ Պօյաճեան, ընդգծելով հաստատութեան մարդասիրական երկարամեայ ծառայութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ մանուկներու դաստիարակութեան նուիրական աշխատանքին, որ անմնացորդ սիրով կը կատարուի հաստատութենէն ներս:           

Ապա, մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Սեդա Հապիպի առաջնորդութեամբ, մանկական ասմունքներով, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով երգեր կատարեցին 3-5 տարեկան մանուկները: Դարձեալ, տարբեր մշակոյթներու ու ժողովուրդներու պատկանող գոյնզգոյն պարերով, անոնք խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին սրահէն ներս: Մէջընդմէջ, երգախառն ներկայացում եւս կատարեցին մանկապարտէզի մանուկները, գիւղի ու քաղաքի կեանքէն քաղուած պատկերներով: Յատկանշական էր, որ նոյնիսկ տակաւին լեզու չելած մանուկներն անգամ իրենց ստանձնած անխօս դերերը կը կատարէին բծախնդրութեամբ եւ ուրախութեամբ:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնի վերջին մասով, Խ. Դաշտենցի ՙՀայերէն՚ քերթուածին հաւաքական արտասանութիւնը կատարեցին մանուկները, հայերէն լեզուի իրենց առաջին թոթովանքները հանդիսատեսին քննութեան ենթարկելով:

Հուսկ, բեմ հրաւիրուեցան Հոգեւոր Տեսուչ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան եւ Տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեան, կատարելու համար վկայականաց բաշխումը: Ծաղիկ դասարանի երեք աշակերտները՝ Ռիթա Գաբրիէլեան, Շուշան Յովհաննէսեան եւ Քրիստափոր Վարդանեան, վկայական ստացան: Մանկապարտէզի միւս աշակերտներն են՝

Նշենք, որ հաստատութենէն ներս, Մանկապարտէզէն բացի, վերջին մի քանի ամիսներուն հաստատուած է նաեւ Մանկամսուրի բաժին, մինչեւ 8 ամսական երեխայ պատսպարելու ստիպողութեան առջեւ գտնուելով: Այս բաժինը արդէն 8 մանուկներ ունի, որոնք պարագաներու բերմամբ ծնողներէ հեռու մնալով, ամբողջութեամբ ՙԹռչնոց Բոյն՚ի խնամքին յանձնուած են 24 ժամեայ դրութեամբ:

Եզրափակիչ խօսքը կատարեց Գրիգոր Ծ. Վարդապետ: Հայր Սուրբը գնահատելէ ետք այն նուիրեալները որոնք հաստատութիւնը կանգուն կը պահեն, հանդիսութեան ընթացքին մանուկներուն ներկայացուցած գեղարուեստական յայտագրէն դուրս բերաւ այն պատգամը, որ ուղղուած է այսօր մեր նոր սերունդի զաւակներուն. ՙԱշխարհի տարբեր ժողովուրդներ իրենց սեփական լեզուներով կարտայայտուին, այս մանուկները այսօր մեզի պատգամեցին տէ՜ր կանգնիլ մեր լեզուին, ու մանաւանդ ճի՜շդ խօսիլ զանիկա: Օտար լեզուներ գիտնալը կարեւոր է, սակայն մայրենին գիտնալը՝ անհրաժեշտ: Այս մանուկները իրենց լեզուն մեր հաստատութեան երդիքին տակ բացին, եւ իրենց սորված առաջին բառերը հայերէն լեզուի բառերը եղան: Երանի՜ այն հայ մանուկներուն, որոնք յատկապէս օտար երկինքներու տակ ծնելով, իրենց առաջին բառերը մեր հայերէն ոսկեղնիկ լեզուով կը թոթովեն՚ ըսաւ Հայր Սուրբը: Ապա, ՙՊահպանիչ՚ով վերջ գտաւ ամավերջի հանդիսութիւնը, եւ ծնողներ առիթ ունեցան հանդիպելու պատասխանատուներուն հետ, իրենց զաւակներու դաստիարակութեան առնչուող հարցերու մասին ուղղութիւններ ստանալու թէ՜ ամրան շրջանին եւ թէ յառաջիկայ տարուան համար:

 

 

 

 

 

 

 

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ ՙԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ՚Ի ՄԷՋ,

ԵՐԿՈՒ ԱՆԿՆՈՒՆՔ ՄԱՆԿԱՀԱՍԱԿՆԵՐՈՒ

Baptism in the Birds’ Nest orphanage, Monday 16 May 2011  Baptism in the Birds’ Nest orphanage, Monday 16 May 2011

Baptism in the Birds’ Nest orphanage, Monday 16 May 2011

Read in Arial Armenian font

05/16/2011 

Գուրգուրանքի կարօտ հայ մանուկներուն ընծայուած ֆիզիքական խնամքին կողքին, նաեւ անոնց հոգիին հանդէպ հոգածութեան արտայայտութիւն եղաւ մկրտութեան այն արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի 16 Մայիս 2011-ի յետ միջօրէին, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի Ս. Գայիանէ մատուռին մէջ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հովանաւորուած սոյն հաստատութեան մէջ նոր ապաստան գտած երկու մանուկներ՝ եղբայր ու քոյր՝ Գէորգը եւ Հռիփսիմէն, որոնք պարագաներու բերմամբ անկնունք մնացած էին, Քրիստոնէական լուսազգեստը զգեցան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ Աւազանէն, ու մեր դարաւոր Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնին օծումը ստանալով, մարմին ու անդամ դարձան Քրիստոսի Բանաւոր Հօտին:

ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մանուկները, տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը, որոնք հաւատացեալ վկաներն էին սոյն մկրտութեան, մեծ հետաքրքրութեամբ ու խանդավառութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութեան: Անոնք միասնաբար երգեցին Տէրունական Աղօթքը եւ այն շարականները, զորս սորված էին նախապէս:

Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան, մասնակցութեամբ ՙԳայիանեան՚ Միաբանութեան Քոյրեր՝ Քոյր Քնար Գայփաքեանի, Քոյր Շնորհիկ Պօյաճեանի եւ Քոյր Գայիանէ Պատագեանի, կատարեց Մկրտութեան ու Դրոշմի Խորհուրդը, ներկայութեամբ տնօրէն՝ Պրն. Սամուէլ Պօյաճեանի

Հայ Որբերու տքնաջան աշխատանքով 1920-ականներու երկրորդ կիսուն կառուցուած ՙԴանիական Սրահ՚ը, որ իբրեւ եկեղեցի կը ծառայէ Ճիպէյլի հայութեան, աւելի քան 80 տարիներ ետք, դարձեալ վկան հանդիսացաւ, հայ ազգի խնամքին յանձնուած հայ մանուկներու մկրտութեան: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք այստեղ ապաստանած հայ որբերը, Դանիացի Միսիոնարուհիին՝ անմահանուն Մարիա Ճէյքպսընի կողմէ ո՜չ միայն իբրեւ հայ դաստիարակուեցան, այլ նաեւ հայ եկեղեցւոյ աւազանէ՜ն ծնան Սուրբ Մկրտութեամբ, հա՜յ հոգեւորականներու ձեռքով, ու հայ Միւռոնո՜վ դրոշմուեցան, իբրեւ անդամ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած ՙԹռչնոց Բոյն՚ի աշակերտութեան ուրախութիւնը, մեծերուն յուզում կը պատճառէր, եւ անցեալի յիշողութեան արձագանգ կը հանդիսանար, երբ շուրջ չորս հազար հայ որբեր նոյն վայրին մէջ, իրենց նահատակ ծնողներու երկնային հայեացքին ներքեւ մկրտուեցան 80 տարիներ առաջ, ու իբրեւ հայ մեծնալով, մեր պատուական ժողովուրդին նոր սերունդը կազմեցին:

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՙԳԱՅԻԱՆԵԱՑ՚ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐԸ

 

His Holiness Aram I with members of Kayanian Sisterhood, Tuesday 1 February 2011

 

Read in Arial Armenian font

 

02/01/2011 

 

Երեքշաբթի 1 Փետրուար 2011-ին, Անթիլիասի Վեհարանին մէջ ընդունելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԳայիանեաց՚ Կրօնաւորուհիներու Միաբանութեան քոյրերը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական գնահատանք յայտնեց անոնց, ՙԹռչնոց Բոյն՚ի հայ մանուկներուն նկատմամբ իրենց ցուցաբերած նուիրեալ ծառայութեան համար:        

   

ՙԳայիանեան՚ Կրօնաւորուհիներու Միաբանութեան անդամները զեկուցեցին Նորին Սրբութեան, իրենց առօրեայ կեանքին, հաստատութենէն ներս իրենց կրթադաստիարակչական ու վարչական աշխատանքին մասին: Սկսելով կրօնական-հոգեւոր կեանքէն, Միաբանութեան Քոյրերը ներկայացուցին իրենց բնակարանի յատուկ աղօթասրահին մէջ տեղի ունեցող առաւօտեան եւ երեկոյեան հաւաքական ժամերգութիւնները, խորհրդածական պահերը եւ առանձնական աղօթքի յատկացուած յատուկ ժամերը: Ապա, առօրեայ աշխատանքային իրենց կեանքին մասին զեկուցելով, Միաբանութեան Քոյրերը յայտնեցին Նորին Սրբութեան, որ ՙԹռչնոց Բոյն՚ի մէջ իրենց վստահուած պարտականութիւնները, թէ՜ վարչական եւ թէ կրթա-դաստիարակչական, իրենց կարողութեան չափով կը կատարեն, ազգի խնամքին յանձնուած մանուկներուն հոգեւոր կրթութեան հոգ տանելով: Այս առնչութեամբ, անոնք յատկապէս յիշեցին ամէն ամիս Սրբոց Գայիանեաց Մատուռին