|
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 2012 ՏԱՐԻՆՙՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ՚ՀՌՉԱԿԵՑ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ11/13/2011 Կիրակի 13 Նոյեմբեր 2011-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 33-րդ ցուցահանդէսին: Մայր Տաճարին մէջ ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին, որուն մէջ բացումը պիտի կատարուէր ցուցահանդէսին: Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս վեր առաւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս հայ գիրքին դրական ներկայութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Նորին Սուրբ Օծութիւնը հայ գիրքին իսկական տեղը նկատեց հայ ընտանիքը, որ ՙկոչուած է պահապանն ու տարածիչը ըլլալու հայ գիրքին՚ ըսաւ ան: Արամ Ա. Կաթողիկոս լայնօրէն անդրադառնալով հայ ընտանիքին առողջ պահպանման, յիշեց թէ այլ առիթներով բազմիցս շեշտած է անոր կարեւորութիւնը մեր ազգի գոյատեւման իմաստով: Այսօր, սակայն, նշեց թէ հայ ընտանիքը եւս ունի կարեւոր դերակատարութիւնը հայ գիրքին նկատմամբ: Ան ըսաւ ՙհայ գիրքին տեղը հայ ընտանիքն է՚: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ հաստատուած հայ գիրքի ցուցահանդէսներու շղթային մասին, ըսաւ թէ անոր ՙ33-րդը կու գայ հաստատելու մեր Ս. Աթոռին նախանձանխնդրութիւնը հայ գիրին ու գիրքին նկատմամբ: Սիրտս ուրախութեամբ կը լեցուի երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, երբ հայ ծնողներ իրենց զաւակներուն ձեռքէն բռնած Մայրավանք կու գան, ու հայ գիրք կ’առնեն: Կ’ուրախանամ երբ կը լսեմ կամ կը տեսնեմ, երբ հայ դպրոցներու աշակերտներ խմբովին այստեղ կու գան ու իրենց փոքրիկ լումաները տալով հայ գիրք կը գնեն, ու իրենց ծնողներուն կը տանին՚ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: Կարեւոր երեւոյթներէն մէկն ալ զոր Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին ճամբով շեշտեց, հայ տուներէն ներս գրադարան ունենալու երեւոյթն է: Ան մաղթեց որ ամէն տուն ունենայ իր գրադարանը, եւ նոյնիսկ երբ հայերէնի իմացումը կը գտնուի տկար աստիճանի վրայ ՙհայ գիրքը տեսնելով կշտանան անոնք՚ ըսաւ Վեհափառը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցնող տասնամեակներու ու յատկապէս վերջին շրջանին ցուցաբերած բծախնդրութեան անդրադառնալով հայերէն լեզուի ու մանաւանդ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ մի քանի ամիսներ առաջ այս առաջադրանքով տեղի ունեցած համագումարին իբրեւ բնական հետեւութիւն, որոշած է կազմել ՙԱրեւմտահայերէնի պաշտպան Խորհուրդ՚ հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռին, ու մասնակցութեամբ սփիւռքահայ մասնագէտներու: Ի վերջոյ, Արամ Ա. Կաթողիկոս նշելով թէ Եունեսքօն որոշած է 2012-ին հայ գիրքի քաղաք կոչել Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, ըսաւ թէ Հայրապետական Գիրով 2012 տարին կը հռչակէ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚: Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը բացուած յայտարարեց Հայ Գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան Թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր:
ՙԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՜Ն՚ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ For more information click here
ՀՈՍ ԿՈԽԵԼ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԳԻՐՔԷՆ ՔԱՆԻ ՄԸ ԷՋԵՐ Վերոյիշեալ խորագիրը կը կրէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրատարակած նոր գիրքը՝ անգլերէնով (Taking the Church to the People): Արդարեւ, շուրջ 225 էջերու վրայ տարածուած այս հրատարակութեան նախաձեռնած է Վեհափառ Հայրապետը նկատի ունենալով յառաջիկայ Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին եւ ապա յաջորդող տարի Արեւելեան Թեմին տալիք իր հովուապետական այցելութիւնները: Յիշեալ գիրքին առաջին բաժնին մէջ քննարկուած են մեր եկեղեցւոյ ներքին դրուածքին, ծուխ–առաջնորդարան յարաբերութեան, ծխային եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան, եկեղեցի–ժողովուրդ փոխ–յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէ ընտանիքի, կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, հայ լեզուի, հայ դպրոցի, կնոջ դերակատարութեան, երիտասարդութեան կարեւորութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ: Իսկ երրորդ բաժինը կը բաղկանայ երիտասարդութեան ուղղուած մտածումներէ: Ինչպէս գիրքի ներածական բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կ’ըսէ՝ ՙԱնհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է, մանաւանդ հայ եկեղեցին, իր ազգային նկարագիրով ու իր հաւատքի առաքելութեան առնթեր իր ազգային ծառայութեամբ՚: Վեհափառ Հայրապետին համաձայն ՙեկեղեցւոյ դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները նաե՜ւ կը պատկանին ժողովուրդին, եւ փոխադարձաբար՚: Յիշեալ գիրքին մէջ մեր եկեղեցին ու ազգը դիմագրաւող լուրջ հարցերու գծով իր յստակ դիրքորորշումը պարզելու կողքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու այդ հարցերու քննարկման, նկատի ունենալով Սփիւռքի ու յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մեր ժողովուրդի կեանքի պայմանները:
ՆԱՐԵԿ ԱՂՕԹԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀՆԱԳՈՅՆ ՁԵՌԱԳԻՐԻ ՊԱՏՃԷՆԻՆԹՈՒԱԳՐՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ՄՏՆԵԼՀԱՅ ՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍՇուրջ մէկ տարի առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ, եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, Անթիլիաս հրատարակեց ՙՆԱՐԵԿ՚ Աղօթամատեանի հնագոյն ձեռագիրին պատճէնը, թուագրուած 1000 օրինակներով միայն, որոնք հնադարեան ձեռագիրին համապատասխանող արծաթապատ իրենց կազմով, շքեղ ու թանկարժէք օրհնութիւն դարձան ցարդ բազմաթիւ հայ տուներու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին ի նպաստ կատարուած այս սքանչելի հրատարակութեան մասին արտայայտուելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙՆԱՐԵԿ-ը հայուն հաւատքի երկրորդ գիրքը եղած է ու կը մնայ, Աստուածաշունչ Մատեանէն ետք: Անոր հրաշագործ կարողութիւնը նկատի ունենալով, միշտ երկիւղածութեամբ մօտեցած է մեր ժողովուրդը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի հոգեկան ճենճերումները ամփոփող այս հատորին: Անոր հնագոյն ձեռագիրին պատճէնահանումը այսօրուան արհեստագիտութեան կատարելագործուած միջոցներով, իսկական օրինակին հարազատ վերարտադրումն է, որ իր արծաթապատ շքեղ կազմով տիրական ներկայութիւն դարձած է բազմաթիւ հայ օճախներէ ներս՚: Մի քանի տասնեակ օրինակները որոնք ի պահ դրուած կան Վեհարանին մէջ, վստահաբար շուտով պիտի գտնեն իրենց տէրերը՝ երթալով հայ տուներէ ներս, ամբողջացնելու համար մեր ազգի մեծագոյն սուրբերէն Ս. Գրիգոր Նարեկացիի օրհնաբաշխ ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս տարածելու բարի աշխատանքը:
ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՁԱՅՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎՀայ Մանուկի տարուան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հրապարակեց մանկական երգերու ուսուցողական ձայնասկաւառակ (karaoke), 17 երգերով: Փոքրիկն Նաիրա կը կատարէ երգերը եւ ապա առիթ կու տայ, որ մանուկները իրենք կարդան պաստառին վրայ երեւցող բառերը երգին, ու երաժշտութեան ընկերացկութեամբ եւ անոր հետ գունաւորուող տողերուն վրայէն շուտով սորվին զայն: Հին թէ նոր մանկական երգերուն նոր մօտեցումով այս ներկայացման կողքին, մանուկները պիտի սորվին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա՚ մաղթերգի եւ Վեհափառ Հայրապետին նուիրուած ՙԻ վեհ բարձանց՚ Հայրապետական մաղթերգի բառերը եւ երաժշտութիւնը: Սոյն հրապարակումը իրականացած է Սթիւտիօ Սեդօ Պաղտասարեանի կողմէ, գործակցութեամբ Սերուժ Պաղտասարեանի: Աշխատակիցներու բծախնդիր աշխատանքով, իւրաքանչիւր երգին յարմարցուած են համապատասխան մանկական սքանչելի պատկերներ: Երգերէն ոմանք, իրենց երաժշտութեամբ ու դաշնաւորումով նոր յօրինումներ են: Ծաղկազարդի Տօնին առիթով Անթիլիասի Մայրավանք եկած իւրաքանչիւր հայ մանուկ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ նուէր ստացաւ օրինակ մը:
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ՝
ՆՈՐ ԿՏԱԿԱՐԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՈՒ ՍԱՂՄՈՍՆԵՐՈՒ ԳԻՐՔԻՆՁԱՅՆԱԳՐՈՒԱԾ ՕՐԻՆԱԿԸՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ՙԼսենք Աստուծոյ Խօսքը Աստուածաշունչի Ճամբով՚ խորագրով ձայնասկաւառակներու հաւաքածոն, ամբողջ Նոր Կտակարանը եւ Սաղմոսներու Գիրքը ձեր տրամադրութեան տակ կը դնէ ձայնագրուած ընթերցանութեամբ: Սոյն ծրագիրին մեկենասութիւնը ստանձնած են, Դպրեվանքի նախկին սարկաւագներէն՝ Բարեշնորհ Մարք Սրկ. Շիրին եւ Բարեշնորհ Րաֆֆի Սրկ. Տէր Սիմոնեան: Չորս Աւետարանները, Գործք Առաքելոց գիրքը, առաքելական բոլոր նամակները, Յայտնութեան գիրքը եւ Սաղմոսները, անջատ ձայնասկաւառակներով եւ խտացեալ (MP3) ձեւով հրապարակուեցան Անթիլիասի մէջ, օգտակար հանդիսանալու մեր հաւատացեալներուն եւ Հայ Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող բոլոր հոգեւոր խմբակներուն, արդիական միջոցներով եւս Աստուծոյ Խօսքը տարածելու համար: Ամէնօրեայ դրութեամբ Աստուածաշունչէն մի քանի հատուածներ կարդալու խրատը տրուած է մեր Հայրերուն կողմէ եւ հաստատուած՝ Եկեղեցւոյ Հայրապետներուն տնօրինումով, որպէս ՙսնունդ հոգւոյ՚: Հայ Եկեղեցւոյ մեծածաւալ հատորներէն հանդիսացող Ճաշոց Գիրքը, իւրաքանչիւր օրուան արարողակարգին հետ, նշած է նաեւ այն հատուածները, որոնք եկեղեցւոյ մէջ պիտի կարդացուին: Առ այդ, եկեղեցւոյ մէջ օգտագործուող ՙԳրպանի Օրացոյց՚ը, շարականներուն ու սաղմոսներուն տեղերը ցոյց տալէ բացի, ինչպէս նաեւ տօնացուցային որոշ հրահանգներ կատարելէ ետք, նաեւ կը նշէ նոյն օրը ընթերցուելիք Աստուածաշնչական հատուածներու տեղերը: Սոյն հաւաքածոյով ներկայացուածը, Աւետարաններէն սկսեալ մինչեւ Յայտնութեան Գիրքը, առաւել Սաղմոսներու Գիրքն է հերթականութեամբ ընթերցուած, որպէսզի ներկայ խճողեալ կեանքի ընթացքին, երբեմն տան կամ գրասենեակին մէջ, նոյնիսկ ինքնաշարժով ճամբորդած ժամանակ, առիթ ունենայ հայ հաւատացեալը ունկնդիր դառնալու Աստուծոյ Խօսքին: Այս աշխատանքը կատարուած է նաեւ նկատի առնելով հայերէն կարդալու դժուարութիւն ունեցող սերունդը, ինչպէս նաեւ տարեց այն սերունդը, որ տեսողութեան դժուարութիւն ունի: ՙՀԱՒԱՏՔԻ, ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՏԵՍԻԼՔԻ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՚Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարդալ հոս
Այս խորագիրը կը կրէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական գործունէութեան նուիրուած անգլերէն հատորը, որ լոյս տեսաւ վերջերս: Յիշեալ հատորը կը բաղկանայ շուրջ 200 պատկերազարդ էջերէ: Հատորը կը բաղկանայ երկու գլխաւոր մասերէ.- Առաջին մասին մէջ ներառուած են Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական բնոյթ ունեցող հրատարակութիւններէն ու յօդուածներէն քաղուած հատուածներ: Երկրորդ բաժինը կը բաղկանայ Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական գործունէութեան մօտէն հետեւած ու անոր հետ գործակցած երեսուն անձերու վկայութիւններէն: Վկայութիւններու կարգին կը գտնուին Տիեզերական Պատրիարքին, Ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարներուն, եւ Կաթոլիկ, Ուղղափառ եւ Բողոքական եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ աստուածաբաններու վկայութիւնները: Յիշեալ հրատարակութիւնը կատարուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբին կողմէ, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին:
ՙՄԱՏԵՆԱԳԻՐՔ ՀԱՅՈՑ՚Ը՝ԻՆՔԱՀԱՐՍՏԱՑՄԱՆ ՉՀԻՆՑՈՂ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ-For more information click here- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար տարիներու աւանդութիւն ունեցող, եւ Երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսի կողմէ հաստատուած Հայ մշակոյթի ամսուան զուգադիպեցաւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ սկսուած ՙՄատենագիրք Հայոց՚ի նոր՝ ԺԱ. հատորին լոյս ընծայումը Անթիլիասի տպարանէն: Մեր ժողովուրդի մշակութային հաստատութիւնները եւ մանաւանդ մշակութասէր անհատները օրը օրին կը հետեւին այս շարքի լոյս ընծայման երախտարժան գործին, որ նուիրուած է Հայ Գիրերու Գիւտի 1600 ամեակին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին միացեալ որոշումով ու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, արդէն ութ տարիներէ ի վեր կը թաւալի Անթիլիասի մամուլին գլանը, հրատարակելով այս իւրայատուկ մատենաշարը մեր մատենագրութեան: Մատենաշարի գիտական խորհուրդի նախագահն ու հրատարակութեան վերահսկողն է, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան: Հինգերորդ դարէն սկսեալ մեր մատենագիրներու ամբողջական գործերը բովանդակելու կոչուած այս մատենաշարը, այժմ հասած է Ժ. դար: Բանասէրներու, ուսանողներու եւ հետաքրքրուողներու մտաւորական փնտռտուքին յագուրդ տուող այս աշխատանքը, բնագիներուն կողքին ունի նաեւ համապատասխան բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, իսկ բնագիրներուն ներքեւ ձեռագրագիտական ամբողջական ծանօթագրութիւններ: Ներկայ հատորը, որ Ժ. դարու մատենագիրները կը ներառէ, կը բաղկանայ հետեւեալ հեղինակներէն. Թովմա Արծրունի եւ Անանուն, Յովհաննէս Դրասխանակերտցի եւ Մեսրոպ Վայոցձորեցի: Հատորը նաեւ, ինչպէս միշտ, օժտուած է գիտական աշխարհին համապատասխան ցանկերով, որոնք կ’ընդգրկեն սուրբգրային, անձնանուններու, տեղանուններու, ցեղանուններու եւ տոհմանուններու տարբեր բաժիններ: Հայ բանասէրներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները իւրաքանչիւր հեղինակի գործին մասին, նոյնքան արժէքաւոր են իրենց մանրակրկիտ բացատրութիւններով ու խղճամիտ լուսաբանութիւններով, որոնք մեծապէս կ’օժանդակեն լաւապէս հասկնալու գրաբար լեզուով հրատարակուած քննական բնագիրները: Ինքնահարստացման չհինցող մատենադարանն է այս մատենաշարը, որ հակառակ դարեր առաջ գրուած պատմութիւն, աստուածաբանութիւն, ժամանակագրութիւն, վարքաբանութիւն եւ մենագրութիւններ, վկայաբանութիւն ու սրբախօսական գրականութիւն բովանդակելուն, մի՜շտ կը մնայ այժմէական, ո՜չ միայն իբրեւ անցեալին մասին վկայող, այլ անցեալը խօսեցնո՜ղ կենդանի յուշարձան: Յուշարձան, սակայն, որուն կողէն հոսող ջուրի նման մեր պատմութիւնը կը հոսի, իր գեղածիծաղ ալիքներով, երբեմն վարարուն, երբեմն ջրվիժային, ալեկոծ թէ հանդարտ, մէկ խօսքով իր ամէն ելեւէջներով: Անցնող դարաշրջաններուն, տպագրութեան գիւտէն ետք մասնաւորաբար, հայ մշակոյթի երախտաւորներ՝ հիմնարկներ թէ անհատներ, նախաձեռնած էին հայ մատենագրութեան զանազան հատորները հրատարակելու, որոնք ըստ ինքեան երախտարժան հրատարակութիւններ ըլլալով հանդերձ, ներկայ ժամանակներու տպագրական պայմաններուն համապատասխան եղող ամբողջական այս մատենաշարին՝ ՙՄատենագիրք Հայոց՚ին հետ բաղդատած, պատառիկներ կը համարուին: Այս հանգրուանին, շնորհաւորելով նախաձեռնողները, բանասէր մեր հայրենակիցները, վերահսկողները, մինչեւ իսկ սեւ մելանով թաթաւուն ձեռքերով մեր տպագրիչները, կը դիմենք մեր ընթերցողներուն, բանալու ինքնահարստացման այս փոշեզուրկ եւ չհինցող մատենադարանին պողպատեայ դռները, ու գէթ ճկոյթ մատով համտեսելու մեր հայրերու եւ իմաստասէրներու իմացական փեթակին մէջ բծախնդրութեամբ պատրաստուած մեղրի խորիսխէն…: ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԲՆՈՐՈՇԵՑ ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՈՐՊԷՍ ԴՊՐՈՑԸ ՀԱՅՈՒՆ, ԸՍԵԼՈՎ. ՙԵԿԷՔ ԴԱՌՆԱՆՔ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻՆ՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՈՍԿԻ ԳԱՆՁՆԱՐԱՆԻՆ. ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ ՏԱՐԲԵՐ ԲՈՅՐ ՈՒ ՀՐԱՊՈՅՐ ՈՒՆԻ՚10/31/2010 Հայ Մշակոյթի ամսուան վերջին օրը՝ Կիրակի 31 Հոկտեմբեր 2010-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագէն անմիջապէս ետք, Միաբան Հայրերէ եւ Դպրեվանքի սաներէ կազմուած թափօրը յառաջացաւ Կաթողիկոսարանի հիւսիս-արեւմտեան շրջափակը, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կատարուեցաւ պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, Կաթողիկոսարանին կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 32-րդ ցուցահանդէսին: Մայր Տաճարին մէջ ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը հետեւելով թափօրին, մօտեցաւ այն հսկայ տաղաւարին, որուն մէջ բացումը պիտի կատարուէր ցուցահանդէսին: Ներկայ մշակութասէր բազմութեան իր հայրապետական պատգամը փոխանցելով, Արամ Ա. Կաթողիկոս վեր առաւ հայութեան կեանքէն ներս հայ գիրքին ու դպրութեան կարեւորութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը քաջաբար մատնանշեց այն նորօրեայ ախտերը, որոնք պատճառ կը դառնան հայ մարդուն, հեռանալու հայ գիրքէն, ընթերցանութենէ եւ ընդհանրապէս մեր մշակութային արժէքներէն: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը նաեւ հայ լեզուին նահանջին մասին ցաւով արտայայտուեցաւ, կոչ ուղղելով բոլորին, մեր ինքնութիւնը պահպանող զօրեղ ազդակին տէր կանգնիլ. ՙՀայ լեզուն սկսած է հեռանալ մեր կեանքէն: Հայ հոգեւորականը թէ մտաւորականը, հայ ուսուցիչը թէ աշակերտը, մեր ժողովուրդը ընդհանրապէս այսօր մեր լեզուին ամբողջական ու խոր ճանաչումը չունին, ո՜չ ալ անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւն ունին անոր նկատմամբ: Ապականեալ առուներ սկսած են հոսիլ հայ լեզուի աղբիւրին մէջ, երբ օտարի օտարացնող լեզուն սկսած է դառնալ տիրապետող ներկայութիւն մեր լեզուին մէջ, տուներէ՜ն թէ ակումբներէն, եւ նոյնիսկ հայ եկեղեցիէն ներս՚: Սփիւռքի հայրենազուրկ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանումին իբրեւ կռուան՝ հայ գի՜րքը ընտրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Վեհափառ Հայրապետին բերնով անգամ մը եւս ահազանգ հնչեցուց, դառնալու հայ գիրքին, փարելու անոր իբրեւ ամուր խարիսխ օտար ովկիաններու մէջ. ՙԵկէք դառնանք հայ գիրքին: Այո՜ հայ գիրքը դպրոց է իւրաքանչիւր հայուն, որովհետեւ հայ գիրք կարդալով, մենք կը բացուինք մեր պատմութեան մեծ իրագործումներուն: Այսօր մեր ժողովուրդի պատմութիւնը իր յաղթանակներով ու բոլոր իրագործումներով, սկսած է աղօտանալ մեր նոր սերունդի կեանքին մէջ: Մեր պատմութեան սուրբերը, մտքի ու իմացականութեան հսկաները, մեր հերոսները, մեր նահատակները սկսած են փոշիի մէջ թաղուիլ: Նոր երեւոյթներ ու ՙնոր հսկաներ՚ սկսած են մեր նոր սերունդի մտածողութեան ու կեանքին մէջ տեղ գրաւել: Որքա՜ն կարիքը ունինք հայ գիրքի պայծառակերպող ու հայացնող ներկայութեան: Որքա՜ն պահանջքը ունինք հայ գրքէն եկող մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն, մեր բարոյական սկզբունքներուն, որոնք սկսած են նահանջել մեր կեանքէն ներս: Ուստի պէտք է դառնանք հայ գիրքին, մեր պատմութեան ոսկի գանձարանին՚: Նորին Սրբութեան կարեւոր մատնանշումներէն եղաւ նաեւ, համաշխարհայնացման հետեւանքով մեր ժողովուրդի, ու յատկապէս երիտասարդութեան կեանքէն ներս թափանցած կարգ մը երեւոյթներ, որոնք մեզ կը հեռացնեն մեր մշակութային արժէքներէն. ՙՄեր ժողովուրդի արժէքները, սկսեալ մեր տուներէն, գրեթէ ամէն տեղ՝ մեր կառոյցներէն ու դպրոցներէն ներս իսկ սկսած են թուլնալ, գունաթափիլ ու նահանջել: Արհեստագիտութիւնը լայն կարելիութիւններ կ’ընծայէ նոր սերունդին: Սակայն, այդ լայն դիւրութիւնները սկսած են որակն ու շունչը, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական ոգին տկարացնել: Արհեստագիտութիւնը չի կրնար մեր ժողովուրդը իր արժէքներէն հեռացնել: Թուայնացման բոլոր տեսակի գործիքները չեն կրնար տեղը գրաւել գիրքին: Գիրքը տարբեր բոյր ու հրապոյր ունի: Գիրքը մեր բարեկամն է: Գիրքը մեր ընկերն է, մեր ընտանիքի ամէնէն սիրելին է: Դառնանք ու կառչինք հայ գիրքին՚: Իր պատգամի աւարտին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը պաշտօնական բացումը կատարեց Հայ Գիրքի համասփիւռքեան ցուցահանդէսին, կտրելով մուտքի ժապաւէնը: Ապա, ներկայ մշակութասէր բազմութիւնը տաղաւարէն ներս մտնելով մօտեցաւ հին թէ նոր հրատարակութիւններուն, որոնք սփիւռքի զանազան թեմերու մէջ հրատարակուած հատորներ են, ինչպէս նաեւ անհատ հեղինակներու լոյս ընծայած գիրքեր:
Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ ԱՂՕԹՔԸ 33 ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ
Քանի մը ամիսներ առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 33 լեզուներով լոյս ընծայեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը, որ նախապէս 1862ին Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան կողմէ հրատարակուած էր: Աստուածաշունչ մատեանին եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Նարեկ-ին կողքին, Հաւատով Խոստովանիմ-ը անկասկած կը հանդիսանայ հայ հաւատացեալին բարձի գիրքը: Մեզմէ ով որ իր ամէնօրեայ մտերմութիւնը չի՜ վերապրիր այս երեք սուրբ գիրքերուն հետ, կը նշանակէ թէ իր հայ քրիստոնեայի ինքնութեան հաւատարմութեան մէջ խախտած է եւ պէտք է վերադառնայ Հայ Եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն եւ լուսափայլ միւռոնէն իր ստացած աստուծահաճոյ եզակի կնիքին եւ աստուածային սրբազան պատկերին: Մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ մեր մէջ ծրարուած մանկութեան յուշերը անպայմանօրէն անմոռաց կապ մը պիտի յայտնաբերեն՝ եթէ փորձենք ներամփոփ պահու մը վերադառնալ մեր հի¯ն աղուոր օրերուն, երբ հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն աղօթամրմունջ շունչով կը ջերմանար մեր հայ քրիստոնեայի հոգին ու երբ մեր հայրերն ու մայրերը միայն եկամտաբեր միջոցներ չէին, երբ կրօնական դաստիարակութիւնը մեր հայեցի կրթութենէն անբաժան էր ու երբ մեր կիրակնօրեայ վարժարաններն ու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւնները միասնաբար ու ներդաշնակ գործակցութեամբ վաղուան հայ մարդը կը կերտէին, եւ երբ մեր եկեղեցիներուն մէջ հայ աղօթքն ու շարականը հայ հաւատացեալներուն շթներուն վրայ կը ծաղկէր եւ կ՜երկարաձգուէր անոնց բովանդակ կեանքին երկայնքին: Ընդունինք թէ ինչ-ինչ ենթակայական եւ առարկայական պատճառներով քանդուած է մեզ հայօրէն քրիստոնեայ պահող ընտանիք, դպրոց եւ եկեղեցի իրարագոյց եռամասնեայ օղակը եւ լքուած ենք ՙընտրովի՚ եւ շատ յաճախ ՙօտար՚ կրօնական հոսանքներու հովին ու կամայ-ակամայ խաթարած նաեւ մեր ազգային պատկանելիութիւնը: Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ (1102-1173), իր ապրած ժամանակաշրջանի ժողովրդային բարեպաշտութեան վերլուծումը կատարելով եւ յոռի երեւոյթները սրբագրելու նախանձախնդրութեամբ, ո՜չ միայն Հաւատով Խոստովանիմ աղօթքը կը գրէր, այլ զայն կ՜օժտէր այսօր եւս անքա¯ն այժմէական հնչող խրատական նախաբանով մը (դժբախտաբար, այս հայրական խրատը միայն լատիներէն դրուած է թէ՜ Վենետիկի եւ թէ՜ Անթիլիասի հրատարակութիւններուն սկիզբը), որ այս առթիւ կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան, միաժամանակ կոչ ընելով որ 33 լեզուներով հրատարակուած Հաւատով Խոստովանիմ աղօթագիրքը անգամ մը եւս դարձնենք մե՜ր գիրքն ու մե՜ր աղօթքը եւ զայն ամէն օր կարդանք ու զայն մեր սիրելիներուն ալ սորվեցնենք: Առաւել, Անթիլիասի այս նոր հրատարակութիւնը տարածենք մեր օտար բարեկամներու շրջանակին մէջ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալիի աղօթքով մեր հայ քրիստոնեայի արդար հպարտութիւնն ու անջնջելի ճառագայթուն դրոշմը ցոլացնելով:
Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան Անթիլիաս-Լիբանան 2 Հոկտեմբեր 2010 Տօն Սրբոց Եօթանասուն եւ Երկու Աշակերտացն Քրիստոսի * * *
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Հաւատով Խոստովանիմ Աղօթքին Նախաբանը*
Գրաբարէ Աշխարհաբարի Վերածեց Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան
ԽՐԱՏԱԿԱՆ ՆԱԽԱԲԱՆ ԱՅՆ ԱՂՕԹՔԻՆ ԶՈՐ ԳՐԱԾ Է ՏԷՐ ՆԵՐՍԷՍ, ԵՂԲԱՅՐԸ ՀԱՅՈՑ ԳՐԻԳՈՐ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ծեր թէ երիտասարդ բոլոր քրիստոնեաներուն համար գրուած այս աղօթքը բոլորը պարտաւոր են սորվիլ եւ իրարու սորվեցնել՝ քահանաները ժողովուրդին, հայրերը որդիներուն, մայրերը աղջիկներուն եւ ընկերները ընկերներուն: Առաւել, բոլորը պարտաւոր են զայն օրական հինգ անգամ աղօթել, տասներկու անգամ ծնրադրելով՝ առաւօտուն, կէսօրին, երեկոյեան, գիշերը եւ քնանալէ առաջ: Իսկ եթէ մէկը ծուլանայ զայն հինգ անգամ աղօթելու, չորս անգամ թող աղօթէ, կամ երեք անգամ թող աղօթէ, կամ երկու անգամ թող աղօթէ, եւ կամ գէթ մէկ անգամ թող աղօթէ, որպէսզի գոնէ գիտակցի թէ ինք քրիստոնեայ է եւ Աստուծմէ ստեղծուած է ու զԱստուած կը պաշտէ: Իսկ եթէ մէկը դանդաղի այս աղօթքը ամբողջութեամբ իւրացնելու (որովհետեւ ոմանք սատանայական երգերը աւելի արագ կը սորվին), կէսը կամ նոյնիսկ աւելի քիչը թող սորվի: Եթէ ան այս աղօթքին երեք տուները սորվի միայն եւ երեք անգամ ծնրադրելով աղօթէ՝ աղօթքի համար սահմանուած ժամուն, Աստուած ա՜յդ անգամ պիտի ընդունի: Իսկ եթէ քրիստոնեան անփոյթ ըլլայ այս աղօթքը սորվելու եւ աղօթելու, Աստուծմէ պիտի յանդիմանուի եւ հեթանոսներու շարքին պիտի դասուի: Ով որ այս աղօթքը ուրիշներուն կը սորվեցնէ նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին պիտի չտկարանայ, ալ ուր մնաց խաղաղութեան ընթացքին: Իսկ մեր ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս նոյնիսկ Աստուծոյ անունը չի՜ յիշեր եւ աղօթքի կարգին հանդէպ աստուածապաշտական վերաբերում չ՜ունի. |