ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՙԻՐԱՆԻ
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
ԱՅԺՄԷԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ
ՈՒ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՚ ԹԵՄԱՅՈՎ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read
in Arial Armenian font
Չորեքշաբթի
1 Փետրուար
2012-ին,
կազմակերպութեամբ
Լիբանանի
մէջ
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Մշակութային
Կցորդութեան
եւ
Լիբանանի
Համալսարանի
Տնօրէնութեան,
տեղի
ունեցաւ
համագումար
ՙԻրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Սահմանադրութեան
Այժմէականութիւնն
ու
Կրօնական
Փոքրամասնութիւնները՚
թեմայով,
նուիրուած
Իրանի
Իսլամական
Յեղափոխութեան
33-րդ
տարեդարձին:
Թեհրանի
Հայոց
թեմի
Առաջնորդ՝
Գերշ.
Տ.
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեան
ու
Գերշ.
Տ.
Նորայր
Եպս.
Աշըգեան
մասնակցեցան
սոյն
համագումարին
իբրեւ
ներկայացուցիչները
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան:
Համագումարին
բացումը
կատարեց
Մշակութային
Կցորդութեան
պատասխանատու՝
Պրն.
Մուհամմէտ
Հասան
Թայիս
Զատէ,
որմէ
ետք
խօսք
առին
Լիբանանեան
Համալսարանի
Տնօրէն՝
Տոքթ.
Ատնան
եւ
Սայիտ
Հուսէյն,
Լիբանանի
մէջ
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Դեսպան՝
Տոքթ.
Ղազարֆըր
Րոքնապատին:
Իրերայաջորդ
հինգ
նիստերու
ընթացքին
դասախօսներ
կարեւորութեամբ
անդրադարձան
համագումարի
թեմային
եւ
անոր
այժմէականութեան:
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեանը,
խօսեցաւ
ՙՓոքրամասնութիւնները
եւ
Իրանի
Իսլամական
Հանրապետութեան
Սահմանադրութիւնը՚
նիւթին
շուրջ:
Ան
իր
խօսքին
սկիզբը
ներկաներուն
փոխանցեց
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոս՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի
ողջոյններն
ու
շնորհաւորութիւնները
Իսլամական
Յեղափոխութեան
33-րդ
տարեդարձին
առիթով:
Այնուհետեւ,
Սրբազանը
յայտնեց,
որ
փոքրամասնութիւններու
իրաւունքները
յարգուած
են
հիմնական
սկզբունքով,
իսկ
հայութիւնը
Իրանի
մէջ
իր
հազարաւոր
տարիներու
կեցութեամբ
կը
վայելէ
քաղաքացիական
իր
իրաւունքները:
ՀԱՅ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԱԹՈԼԻԿ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԵՒ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ
ՈՒՂՂԱՓԱՌ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Read
in Arial Armenian font
17-21
յունուար
2012, Ատիս
Ապապայի
մէջ
(Եթովպիա),
Եթովպիոյ
ուղղափառ
եկեղեցւոյ
հիւրընկալութեամբ,
գումարուեցաւ
Հռոմէական
կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
եւ
Արեւելեան
ուղղափառ
(ոչ-քաղկեդոնական)
եկեղեցիներու
աստուածաբանական
պաշտօնական
երկխօսութեան
իններորդ
ժողովը:
Հայ
եկեղեցին
իր
հայրապետական
երկու
Ս.
Աթոռներով
մասնակցեցաւ
այս
աստուածաբանական
երկխօսութեան:
Յանուն
Ամենայն
հայոց
կաթողիկոսութեան
մասնակցեցաւ
Գերշ.
Տ.
Արմաշ
եպս.
Նալպանտեան:
Յանուն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան
մասնակցեցան
Գերշ.
Տ.
Օշական
արք.
Չօլոյեան
եւ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան:
17
յունուարին,
Արեւելեան
ուղղափառ
եկեղեցիներու
ընտանիքի
ներկայացուցիչները
առանձին
հանդիպում
ունեցան
եւ
քննարկեցին
իրենց
եկեղեցիները
յուզող
միջ-եկեղեցական
հարցեր:
Հանդիպման
բացման
նիստին
նախագահեց
Եթովպիոյ
ուղղափառ
եկեղեցւոյ
հոգեւոր
պետ՝
ՆՍ
Փաուլոս
պատրիարք:
Նարեկ
սրբազան
պատրիարքին
փոխանցեց
ՆՍՕՏՏ
Արամ
Ա.
վեհափառ
հայրապետին
եղբայրական
ողջոյնները
եւ
ներկաներուն՝
հայրական
օրհնութիւնները:
Նոյն
իրիկունը,
աստուածաբանական
երկխօսութեան
յանձնաժողովի
բոլոր
անդամները
հիւրը
եղան
Եթովպիոյ
պապական
նուիրակին:
18-21
յունուարին,
յանձնաժողովը
քննարկեց
ՙԵկեղեցիներուն
միջեւ
գոյութիւն
ունեցած
հաղորդութիւնն
ու
հաղորդակցութիւնը
եւ
վանականութիւնը՚
նիւթը,
որուն
մասին
վեց
դասախօսութիւններ
տրուեցան:
20
յունուարին,
աստուածաբանական
երկխօսութեան
յանձնաժողովի
անդամները
ներկայ
գտնուեցան
Եթովպիոյ
ուղղափառ
եկեղեցւոյ
Յիսուս
Քրիստոսի
սուրբ
մկրտութեան
տօնին,
որ
ժողովրդային
բազմահազար
ներկայութեամբ
նշուող
ամենամեծ
տօնն
է:
Տօնին
նախագահեց
եւ
յանձնաժողովի
անդամները
ողջունեց
Փաուլոս
պատրիարք:
Նոյն
իրիկունը
պատրիարքը
յանձնաժողովի
անդամները
պատուեց
պաշտօնական
ընթրիքով,
որուն
ընթացքին
խօսք
առաւ
Նարեկ
սրբազան
եւ
յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին
պատրիարքին
նուիրեց
Անթիլիասի
մէջ
լոյս
տեսած
Ս.
Ներսէս
Շնորհալիի
բազմալեզու
Հաւատով
խոստովանիմ
հատորը:
22
յունուարին,
հայոց
Ս.
Գէորգ
եկեղեցւոյ
մէջ,
երեք
սրբազանները
եթովպահայ
համայնքին
հետ
մասնակցեցան
կիրակնօրեայ
արարողութեան:
Արմաշ
սրբազան
մատուցեց
սուրբ
պատարագը
եւ
Նարեկ
սրբազան
քարոզեց՝
փոխանցելով
ՆՍՕՏՏ
Գարեգին
Բ.
Ամենայն
հայոց
կաթողիկոսի
եւ
ՆՍՕՏՏ
Արամ
Ա.
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսի
հայրական
ողջոյններն
ու
օրհնութիւնները:
Հռոմէական
կաթոլիկ
եկեղեցւոյ
եւ
Արեւելեան
ուղղափառ
եկեղեցիներու
աստուածաբանական
պաշտօնական
երկխօսութեան
տասներորդ
հանդիպումը
տեղի
պիտի
ունենայ
22-27 Յունուար
2013-ին,
Հռոմի
մէջ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ
Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ
ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԷՋ


Read
in Arial Armenian font
01/12/2012
Հինգշաբթի
12 Յունուար
2012-ի
առաւօտուն,
Անթիլիասի
Մայրավանքին
մէջ
շարք
մը
միջ-եկեղեցական
խորհրդակցութիւններ
տեղի
ունեցան
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի
նախագահութեամբ:
Առաջին
հանդիպումը
տեղի
ունեցաւ
Վեհափառ
Հայրապետին
եւ
Ժորժ
Սալիպա
Արքեպիսկոպոսին
միջեւ
որպէս
ներկայացուցիչը
ասորի
եկեղեցւոյ
Պետ
Զագգա
Ա.
Պատրիարքին:
Սալիպա
Արքեպիսկոպոս
Վեհափառ
Հայրապետին
փոխանցեց
Զագգա
Պատրիարքին
եղբայրական
ողջոյնները,
ապա
անոնք
խորհրդակցեցան
Սուրիոյ
մէջ
քրիստոնէական
միասնականութիւնը
ամրապնդելու
անհրաժեշտութեան,
Միջին
Արեւելքի
եկեղեցիներու
միջեւ
գործակցութեան
նոր
թափ
տալու,
ինչպէս
նաեւ՝
յառաջիկայ
շաբաթ
Ատիս
Ապեպայի
մէջ
(Եթովպիա)
տեղի
ունենալիք
կաթոլիկ
եւ
ուղղափառ
աստուածաբանական
երկխօսութեան
առնչուած
հարցերուն
մասին:
Վերոյիշեալ
համդիպումին
յաջորդեց
այլ
հանդիպում
մը
ներկայութեամբ
ասորի
կաթոլիկ
Պատրիարք
Իկնաս
Եուսէֆ
Եունանի,
Պէյրութի
Արքեպիսկոպոս
Փօլ
Մաթարի
(մարոնիթ),
Քոսթաքայալ
Արքեպիսկոպոսի
(ուղղափառ),
Դոկտ.
Հապիպ
Պատըրի
(բողոքական)
եւ
Դոկտ.
Փօլ
Րուհանայի
(Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդի
Ընդհ.
Քարտուղար):
Խորհրդակցութեան
գլխաւոր
նիւթն
էր
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդին
աշխատանքը
վերակազմակերպելու
կարելիութիւնները
շրջանէն
ներս
յառաջացած
նոր
մարտահրաւէրներու
դիմաց:
Յիշեալ
հանդիպումին
յաջորդեց
մամլոյ
ասուլիս
մը
Կաթողիկոսարանէն
ներս
մասնակցութեամբ
վերոյիշեալ
անձերուն:
Մամլոյ
ասուլիսին
ընթացքին
արծարծուեցան
Միջին
Արեւելքէն
ներս
քրիտոնէութեան
ներկայութեան,
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդի
յառաջիկայ
աշխատանքներուն
եւ
Քրիստոնեայ-Իսլամ
երկխօսութեան
առնչուած
շարք
մը
հարցեր:
ՄԻՋԻՆ
ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԷՋ
Read
in Arial Armenian font
Տասներորդ
տարին
ըլլալով,
Մերձաւոր
Արեւելքի
աստուածաբանական
ճեմարանի
զանազան
երկիրներէ
ժամանած
քսան
ուսանողներ,
իրենց
պատասխանատու
Դոկտ.
Ճորճ
Սապրայի
գլխաւորութեամբ,
երկուշաբթի,
5 Դեկտեմբեր
2011-ին
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութեան
մայրավանք
այցելեցին
եւ
լսեցին
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Արք.
Ալեէմէզեանի
ՙՀայ
եկեղեցին
եւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
կաթողիկոսութիւնը
Միջին
Արեւելքի
քրիստոնէական
վկայութեան
շրջագիծին
մէջ՚
դասախօսութիւնը:
Նարեկ
Սրբազան
ներկայացուց
Հայ
եկեղեցւոյ
առաքելական
ծննդոցը,
պատմութեան
գլխաւոր
հանգրուաններն
ու
դէմքերը
եւ
հայ
դաւանանքին
հիմնական
երեսները:
Ապա,
ան
ծանրացաւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
սուրբ
աթոռին
բազմերես
առաքելութեան
վրայ,
յատկապէս
ընդգծելով
անոր
միջ-եկեղեցական,
միջ-կրօնական
եւ
միջազգային
յարաբերութիւնները՝
Արամ
Ա.
Սրբազնագոյն
հայրապետի
անձնական
օրինակին
դրոշմով:
Հարց-պատասխանի
ընթացքին,
ուսանողներ
հետաքրքրուեցան
Հայ
եկեղեցւոյ
ժողովրդավար
կառոյցով
ու
ազգապահպանման
առաքելութեամբ,
Հայկական
ցեղասպանութեան
գծով
կաթողիկոսութեան
ունեցած
դերակատարութեամբ
եւ
իսլամ-քրիստոնեայ
համակեցութեամբ:
Ուսանողներ
այցելեցին
մայր
տաճար,
ապրիլեան
նահատակներու
մատուռ
եւ
ՙԿիլիկիա՚
թանգարան:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ՈՒՂՂԱՓԱՌ
ՄԻՋ-ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Read
in Arial Armenian font
Ուղղափառ
Երեսփոխաններու
Միջ-խորհրդարանական
Համախմբումի
համագումարը
տեղի
ունեցաւ
Ամման,
Յորդանանի
մէջ:
Երեք
տարին
անգամ
մը
գումարուող
յիշեալ
համագումարին
մաս
կը
կազմեն
բոլոր
երկիրներու
խորհրդարաններու
Ուղղափառ
եկեղեցիներու
պատկանող
երեսփոխանները:
Յիշեալ
համագումարներուն
նպատակն
է
այժմէական
նիւթ
մը
քննարկել
որ
աղերս
ունենայ
յատկապէս
Ուղղափառ
եկեղեցիներու
ու
համայնքներու
հետ,
ինչպէս
նաեւ՝
գործակցութիւն
յառաջացնել
Ուղղափառ
համայնքներ
ունեցող
երկիրներու
միջեւ:
Ամմանի
մէջ
տեղի
ունեցած
համագումարին
գլխաւոր
նիւթը
Միջին
Արեւելքէն
ներս
քրիստոնեայ
եկեղեցիներու
դիմագրաւած
մարտահրաւէրներն
էին:
Այս
նիւթին
մասին
հրաւիրուած
էին
իրենց
պատգամները
փոխանցելու
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսը եւ
Ամենապատիւ
Տ.
Թէոֆիլոս
Գ.,
Երուսաղէմի
Յունաց
Պատրիարքը:
Յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին,
համագումարին
ներկայ
գտնուեցաւ
Կոմիտաս
Արք.
Օհանեան:
Սրբազանը
համագումարի
բացման
նիստին
կարդաց
Վեհափառ
Հայրապետին
պատգամը:
Յիշեալ
պատգամին
մէջ
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
խօսելով
Միջին
Արեւելքի
քրիստոնէութեան
մասին,
կարեւորութեամբ
կը
շեշտէր
գործակցութեան
ճամբով
քրիստոնէական
միութիւնը
ամրապնդելու
հրամայականը:
Ան
նաեւ
կ’ընդգծէր
քրիստոնեայ-իսլամ
գոյակցութեան
նոր
որակ
տալու
կարիքը,
միաժամանակ
կոչ
ուղղելով,
որ
քրիստոնեայ
համայնքներուն
լայն
տեղ
տրուի
շրջանի
երկիրներու
քաղաքական
կեանքէն
ներս:
Կոմիտաս
Սրբազանը
նաեւ
այլ
առիթներով
հայ
եկեղեցւոյ,
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
ու
նաեւ
մեր
ազգային
պահանջատիրութեան
գծով
ակնարկութիւններ
կատարեց
համագումարի
քննարկումներուն
ընթացքին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
ԱՐԱՄ
Ա.,
Ն.Ս.
ՇՆՈՒՏԱ
Գ.,
Ն.Ս.
ԶԱԳԳԱ
Ա.
ԵՒ
Ն.Ս.
ՓԱՒԼՈՍ ՀՈԳԵՒՈՐ
ՊԵՏԵՐՈՒ
ՄԻՋԵՒ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
ԳԱՀԻՐԷԻ
ՄԷՋ
-2.gif)
-2.gif)
Read
in Arial Armenian font
11/13/2011
Կիրակի
գիշեր,
13 Նոյեմբեր
2011-ին,
ընդառաջելով
Շնուտա
Պատրիարքի
հրաւէրին
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
մեկնեցաւ
Գահիրէ
ընկերակցութեամբ
Տ.
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեանի
եւ
Տ.
Նարեկ
Արք.
Ալեէմէզեանի:
Վեհափառ
Հայրապետին
Գահիրէ
այցելութեան
նպատակն
էր
խորհրդակցութիւն
ունենալ
Շնուտա
եւ
Զագգա
Պատրիարքներուն
հետ,
ինչպէս
նաեւ
ներկայ
գտնուիլ
Շնուտա
Պատրիարքի
գահակալութեան
40-ամեակի
հանդիսութեան:
Երկուշաբթի
առաւօտ,
Ղպտի
եկեղեցւոյ
պատրիարքարանին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
խորհրդակցական
հանդիպում
մը
Շնուտա
եւ
Զագգա
Պատրիարքներուն
ու
Արամ
Կաթողիկոսին
միջեւ՝
Միջին
Արեւելքէն
ներս
քրիստոնէութիւնը
յուզող
ինչպէս
նաեւ
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդին
առնչուած
հարցերու
գծով:
Ապա,
հանդիպման
միացաւ
Եթովպիոյ
եկեղեցւոյ
հոգեւոր
պետ
Փաւլոս
Պատրիարք:
Յիշեալ
հանդիպումէն
ետք
ընդլայնուած
հանդիպում
մը
տեղի
ունեցաւ
չորս
հոգեւոր
պետերուն
ընկերակցող
եպիսկոպոսներու
մասնակցութեամբ:
Նոյն
օրը
երեկոյեան,
Գահիրէի
Մայր
Տաճարին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
Շնուտա
Պատրիարքի
գահակալութեան
40-ամեակի
ժողովրդային
հանդիսութիւնը,
որու
ընթացքին
յաջորդաբար
խօսք
առին
Զագգա
Պատրիարք,
Վեհափառ
Հայրապետը,
Փաւլոս
Պատրիարք,
Եգիպտոսի
նախկին
վարչապետը
եւ
այլ
քրիստոնեայ
ու
իսլամ
հոգեւոր
թէ
աշխարհական
պատասխանատուներ:
Հանդիսութեան
եզրափակիչ
խօսքը
արտասանեց
Շնուտա
Պատրիարքը:
Յաջորդ
օրը,
Երեքշաբթի,
տեղի
ունեցաւ
Միջին
Արեւելքի
երեք
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
գործակցութեան
յանձնախումբի
հանդիպումը,
որուն
մասնակցեցան
Սեպուհ
ու
Նարեկ
սրբազանները:
Յիշեալ
հանդիպման
ընթացքին
քննարկուեցան
առաւելաբար
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդի
յառաջիկայ
համաժողովին
հետ
աղերս
ունեցող
նիւթեր:
Գահիրէ
իր
կարճատեւ
այցելութեան
ընթացքին
Վեհափառ
Հայրապետը
երկար
հարցազրոյց
մը
ունեցաւ
հեռատեսիլի
հետ,
որու
ընթացքին
արծարծուեցան
հայ
եկեղեցւոյ,
Արեւելեան
Ուղղափառ
եկեղեցիներու,
Միջին
Արեւելքէն
ներս
քրիստոնեաներու
դիմագրաւած
մարտահրաւէրներուն,
հայկական
ցեղասպանութեան
ու
հայ
ժողովուրդի
իրաւունքներուն
առնչուած
նիւթեր:
Նոյն
գիշերը
Վեհափառ
Հայրապետը
վերադարձաւ
Անթիլիաս:
Իրենց հանդիպման աւարտին չորս հոգեւոր պետերը հրատարակեցին Միացեալ
Յայտարարութիւն մը, ուր կարեւորութեամբ շեշտեցին շրջանէն ներս Քրիստոնեայ
եկեղեցիներու միութիւնը ամրացնելու եւ արեւելեան եկեղեցիներու ընտանիքէն
ներս գործունէութիւնը ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՍՍԻԶԻԻ
ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Read
in Arial Armenian font
10/27/2011
27
Հոկտեմբեր,
2011-ին,
Իտալիայի
Ասսիզի
գիւղաքաղաքին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
միօրեայ
խորհրդածութեան
հաւաք՝
աշխարհի
վրայ
խաղաղութեան
եւ
արդարութեան
հաստատման
համար:
Միջ-կրօնական
այս
հաւաքը
տեղի
ունեցաւ
հրաւէրովը
Կաթոլիկ
Եկեղեցւոյ
հոգեւոր
պետին՝
Նորին
Սրբութիւն
Պենետիկտոս
ԺԶ.
Պապին:
Հաւաքին
ներկայ
էին
քրիստոնեայ,
իսլամ,
հրեայ,
պուտտիստ,
հինտու,
շինդու,
թաօիստ,
սիխ,
պահաի,
կոմբիւկեան
եւ
զրադաշտական
կրօննրու
պետեր
ու
ներկայացուցիչներ:
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւնը
կը
ներկայացնէին
Գերաշնորհ
Տ.
Օշական
Արքեպիսկոպոս
Չօլոյեան
եւ
Խորէն
Եպիսկոպոս
Տողրամաճեան:
Ամենայն
Հայոց
Կաթողիկոսութեան
ներկայացուցիչներն
էին
Գերաշնորհ
Տ.
Նորվան
Արքեպիսկոպոս
Զաքարեան
եւ
Արմաշ
Եպիսկոպոս
Նալպանտեան:
Հոկտեմբեր
27-ի
առաւօտուն,
Սրբազան
Պապը
եւ
իրեն
ընկերացող
կրօններու
պետերն
ու
ներկայացուցիչները
կառաշարով
ուղղուեցան
Ասսիզի
գիւղաքաղաքը,
ուր
Սրբուհի
Մարիամ
տաճարին
մէջ
տեղի
ունեցաւ
արդարութեան
եւ խաղաղութեան
նուիրուած
համագումարն
ու
խորհրդածութիւնը:
Ուղղափառ
Եկեղեցւոյ
անունով
խօսք
առաւ
Բարթողոմէոս
Ա.
Տիեզերական
Պատրիարքը,
Անկլիքան
եւ
Բողոքական
Եկեղեցիներուն
կողմէ
Ռոուըն
Ուիլիըմզ
Անկլիքան
Արքեպիսկոպոսը
եւ
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
կողմէ՝
Տ.
Նորվան
Արքեպիսկոպոս
Զաքարեանը:
Անոնք
շեշտեցին
կրօններու
ունեցած
դերը
աշխարհի
վրայ
եւ
անոնց
առաքելութիւնը՝
հաստատելու
խաղաղութիւն
եւ
բարեկամութիւն
ժողովուրդներու
միջեւ
եւ
դատապարտելու
բռնութիւնն
ու
ահաբեկչութիւնը,
որոնք
կը
սպառնան
խաղաղութեան
եւ
համերաշխ
համակեցութեան:
Կրօններու
պատուիրակութիւններուն
բոլոր
ներկայացուցիչներուն
խօսքերէն
ետք,
իր
պատգամը
ուղղեց
Պենետիկտոս
ԺԶ.
Պապը,
որ
իր
խօսքին
մէջ
ըսաւ.
ՙՔսանհինգ
տարի
առաջ,
երջանկայիշատակ
Յովհաննէս
Պօղոս
Բ.
Պապը
Ասսիզիի
մէջ
հրաւիրեց
աշխարհի
կրօններու
ներկայացուցիչները՝
աղօթելու
խաղաղութեան
համար:
Սակայն
ի±նչ
պատահեցաւ
հետագային:
Դժբախտաբար
չենք
կրնար
ըսել
թէ
ազատութիւնն
ու
խաղաղութիւնը
կը
յատկանշեն
ներկայ
կացութիւնը:
Նոյնիսկ
եթէ
մեծ
պատերազմի
մը
վտանգը
չþսպառնար
ներկայիս
մարդկութեան,
այսուհանդերձ
աշխարհը
այսօր
լեցուն
է
անհասկացողութիւններով
եւ
անհամերաշխութեամբ:
Բռնութիւնը
մշտական
ներկայութիւն
է
եւ
աշխարհի
յատկանիշը
դարձած
է:
Ազատութիւնը
մեծ
բարիք
է,
սակայն
աշխարհի
ազատութիւնը
փաստօրէն
ուղղուածութենէ
զուրկ
է՚:
Ընդունելով
հանդերձ
որ
կրօնները
յաճախ
պատճառ
եղած
են
բռնութեան
եւ
պատերազմներու,
Սրբազան
Պապը
յանդգնօրէն
յայտարարեց
թէ
ՙպատմութեան
ընթացքին
ոյժը
գործածուած
է
քրիստոնեայ
հաւատքին
անունով:
Ասիկա
պարզապէս
շահագործումն
է
քրիստոնեայ
հաւատքին
եւ
յստակօրէն
կը
հակասէ
անոր
դիմագիծին:
Աստուածը՝
որ
մենք
քրիստոնեաներս
կը
հաւատանք,
Ստեղծիչն
ու
Հայրն
է
բոլորին.
անոր
միջոցաւ
է
որ
բոլոր
ժողովուրդները
իրարու
եղբայր
ու
քոյր
են
եւ
կը
կազմեն
մէկ
ընտանիք՚:
Եզրափակելով,
ըսաւ
թէ
այստեղ
հաւաքուած
կրօններու
ներկայացուցիչները
պէտք
է
ճիգ
թափեն
աշխարհի
վրայ
խաղաղութեան
հաստատման
համար՝
ընդդէմ
քանդիչ
ոյժի:
Մենք
կենսաւորուած
ենք
հասարակաց
յանձնառութեամբ
ըլլալու
ՙուխտաւորներ
ճշմարտութեան,
ուխտաւորներ
խաղաղութեան՚:
Վանքի
սեղանատան
մէջ
հաւաքական
ճաշէն
ետք,
ներկաները
ուղղուեցան
Ասսիզիի
Սուրբ
Ֆրանսիզ
հրապարակը,
ուր
կրօններու
ներկայացուցիչները,
ներկայ
խուռն
բազմութեան
դիմաց,
յանձնառու
եղան
թէ՝
ՙբռնութիւնն
ու
ահաբեկչութիւնը
կրօններու
ոգիին
դէմ
են՚,
թէ
ՙ
անհրաժեշտ
է
ժողովուրդները
դաստիարակել
փոխադարձ
յարգանքով,
որպէսզի
կարենանք
հաստատել
խաղաղ
ու
եղբայրական
համակեցութիւն
զանազան
խմբաւորումներու,
մշակոյթներու
եւ
կրօններու
միջեւ՚,
թէ
ՙկը
կարեւորենք
որ
ազգերու
ղեկավարները
ամէն
ճիգ
պէտք
է
թափեն
ստեղծելու
եւ
ամրապնդելու,
ազգային
թէ
միջազգային
մակարդակներու
վրայ,
միասնականութիւնն
ու
խաղաղութիւնը՝
հիմնուած
արդարութեան
վրայ՚:
Միօրեայ
համագումարը
վերջ
գտաւ
հետեւեալ
յայտարարութեամբ.
ՙՓառք,
պատիւ
եւ
խաղաղութիւն
բոլոր
անոնց
որոնք
բարիք
կը
գործեն:
Թող
որ
ըլլանք
գործակիցները
խաղաղութեան,
որ
երկինքէն
կու
գայ
մեզի,
եւ
միշտ
յիշենք
որ
չկայ
խաղաղութիւն
առանց
արդարութեան՚:
Յաջորդ
օր,
Վատիկանի
իր
պալատին
մէջ,
Սրբազան
Պապը
ընդունեց
բոլոր
ներկայացուցիջները,
անոնց
շնորհակալութիւն
յայտնեց
եւ
սիրոյ
ու
խաղաղութեան
ողջոյնով
բարի
վերադարձ
մաղթեց
բոլորին:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՀԱՅԻ
9-ՐԴ
ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ


Read
in Arial Armenian font
10/27/2011
Հովանաւորութեամբ
Քաթարի
իշխանին
եւ
կազմակերպութեամբ
Տոհայի
Կրօններու
Երկխօսութեան
Կեդրոնին,
23-27 Հոկտեմբեր
2011-ին,
տեղի
ունեցաւ
Կրօններու
Երկխօսութեան
9-րդ
Միջազգային
Համագումարը,
Տոհայի
մէջ,
Քաթար:
Միջազգային
այս
համագումարին
մասնակցեցան
միաստուածեան
երեք
կրօններու՝
Քրիստոնէութեան,
Իսլամութեան
եւ
Մովսիսականութեան
ներկայացուցիչներ,
թիւով
աւելի
քան
242 հոգի,
աշխարհի
60 երկիրներէ
եկած:
Սոյն
համագումարին
հրաւիրուած
էր
նաեւ
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեան,
առաջնորդ
Թեհրանի
հայոց
թեմին,
անդամ
Միջին
Արեւելքի
Եկեղեցիներու
Խորհուրդի
քրիստոնեայ-իսլամ
երկխօսութեան
Յանձնախումբին,
ներկայացնելով
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւնը:
Համագումարին
բացումը
կատարեց
Քաթարի
Արդարութեան
Նախարար
Շէյխ
Հասան
Պըն
Ապտալլա
Էլ
Ղանըմը,
որ
յանուն
Քաթարի
Էմիրին
եւ
կառավարութեան,
ողջունեց
ներկաները,
յաջողութիւն
մաղթեց
մասնակիցներուն,
ապա
շեշտեց
անհրաժեշտութիւնը
նման
համագումարներուն,
որոնք
քով-քովի
կը
բերեն
միաստուածեան
կրօններու
հոգեւոր
առաջնորդներն
ու
մտաւորականները,
որպէսզի
միասնաբար
խորհրդածեն,
նոր
միջոցներ
գտնելու,
զանազան
կրօններու
հետեւորդներու
մերձեցման
ու
համատեղ
գործակցութեան:
Համաժողովի
առաջին
օրուան
դասախօսներէն
մին
էր
Սեպուհ
Արք.
Սարգիսեանը,
ՙզանգուածային
լրատուամիջոցներ
իբրեւ
հաղորդակցութեան
նոր
լեզու
կրօններու
երկխօսութեան՚
նիւթով:
Երեք
օրերու
վրայ
տարածուած
համագումարին
տրուեցաւ
աւելի
քան
երեք
տասնեակ
դասախօսութիւններ,
որոնք
կարեւորութեամբ
շեշտեցին
անհրաժեշտութիւնը
նոր
միջոցներ
գտնելու,
եւ
ընկերային
հաղորդակցութեան
նոր
կերպեր,
ի
խնդիր
աւելի
խաղաղ,
արդար
եւ
ստեղծագործ
ընկերութեան:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ
ՄԱՍՆԱԿՑԻ
ԱՍԻԶԻԻ
ՙԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
ԱՂՕԹՔԻ
ՕՐ՚ՈՒԱՆ
25-ԱՄԵԱԿԻ
ՆՇՄԱՆ
Read
in Arial Armenian font
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոս
Հռոմի
Քահանայապետ
Ն.Ս.
Պենետիքթ
16-րդ
Պապէն
յատուկ
հրաւէր
ստսցած
էր
մասնակցելու
Ասիզիի
մէջ
ՙԽաղաղութեան
Աղօթքի
Օր՚ուան
25-Ամեակի
նշման:
Յանուն
Վեհափառ
Հայրապետին
եւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան,
սոյն
կրօնական
հանդիսութեան
իրենց
մասնակցութիւնը
բերին
Գերշ.
Տ.
Օշական
Արք.
Չօլոյեան,
Առաջնորդ
Հիւսիսային
Ամերիկայի
Արեւելեան
թեմին,
եւ
Գերշ.
Տ.
Խորէն
Եպս.
Տողրամաճեան,
Առաջնորդ
Յունատանի
թեմին:
Հանդիսութիւնը
տեղի
ունեցաւ
Իտալիոյ
Ասիզի
քաղաքին
մէջ,
Սրբազան
Քահանայապետին
նախագահութեամբ
եւ
մասնակցութեամբ
կրօններու
ու
եկեղեցիներու
ներկայացուցիչներուն:
ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ
ՖՐԱՍՆՍԱԽՕՍ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ
ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ


Read
in Arial Armenian font
10/23/2011
Կիրակի
23 Հոկտեմբեր
2011-ին,
Զուիցերիոյ
Ֆրանսախօս
Եկեղեցիներու
Խորհուրդի
անդնամները,
բաղկացած
կաթոլիկ,
ուղղափառ
եւ
բողոքական
հոգեւորականներէ,
մտաւորականներէ
ու
աստուածաբաններէ,
ընկերակցութեամբ
տիկ.
Թենի
Սիմոնեանի
այցելեցին
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
Մայրավանքը,
Անթիլիաս:
Հիւրերը
նախ
այցելեցին
Մայր
Տաճար,
ուր
եկեղեցական
արարողութեան
աւարտին,
միաբան
հայրերու
կողմէ
Ֆրանսերէն
լեզուով
Աւետարանէն
եւ
Ս.
Ներսէս
Շնորհալիի
աղօթքներէն
հատուածներ
կարդացուեցան:
Ապա
անոնք
ուղղուեցան
Նահատակաց
մատուռ,
ուր
իրենց
յարգանքի
տուրքը
մատուցեցին
մէկ
ու
կէս
միլիոն
հայ
նահատակներուն:
Եւրոպացի
հիւրերը
ապա
առաջնորդուեցան
ՙԿիլիկիա՚
թանգարան,
ուր
յանուն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսին,
անոնց
բարի
գալուստ
մաղթեց
Հոգշ.
Տ.
Մասիս
Վրդ.
Զօպուեանը,
որ
ընդհանուր
գիծերով
անդրադարձաւ
Հայ
Եկեղեցւոյ
պատմութեան
ու
առաքելութեան
առնչուած
տարբեր
բնագաւառներուն,
ընդգծելով
մասնաւորաբար
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
հոգեւոր,
կրթական
եւ
մշակութային
ծառայութիւններն
ու
միջ-եկեղեցական
ու
միջ-կրօնական
յարաբերութիւնները:
Ապա
խօսք
առաւ
Հայ
Կաթողիկէ
Պատրիարքարանի
ներկայացուցիչ
Գերյարգելի
Հ.
Անդրանիկ
Վրդ.
Կռանեանը,
որ
խօսեցաւ
Հայ
Կաթողիկէ
Եկեղեցւոյ
պատմութեան
եւ
անոր
առաքելութեան
տարբեր
բնագաւառներուն
մասին:
Ապա
յանուն
Լիբանանի
Հայ
Աւետարանական
Եկեղեցիներուն
խօսք
առաւ
վերապատուելի
Ռոպէր
Սարգիսեանը:
Ան
անդրադարձաւ
Միջ-եկեղեցական
յարաբերութիւններուն
ու
երկխօսութեան
կարեւորութեան
մանաւանդ
Միջին
Արեւելքին
մէջ:
Յիշեց
Հայկազեան
Համալսարանը,
որ
Հայկական
միակ
համալսարանն
է,
կարեւորութեամբ
շեշտեց
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
հետ
համագործակցութեան
փորձառութիւնը:
Ան
լուսարձակի
տակ
առաւ
մանաւանդ
Արամ
Ա.
Կաթողիկոսի
միջազգային
ընտանիքէն
ներս
իւրայատուկ
դերակատարութիւնը
եւ
անոր
ունեցած
դրական
անդրադարձը
հայկական
մեր
իրականութեան
վրայ:
Վերապատուելին
իր
խօսքը
փակեց
ըսելով.-
ՙՆերկայ
ժամանակներուն
մէջ,
երբ
կը
խօսինք
էքիւմէնիզմի
մասինք,
մեր
աչքերը
կը
սեւեռենք
Անթիլիասին
եւ
անոր
Գահակալին՚:
Ապա
Դպրեվանքի
երգչախումբը
ելոյթ
ունենալով
ներկաներուն
փունջ
մը
շարականեր
ներկայացուց՝
ղեկավարութեամբ
Հոգշ.
Տ.
Թորգոմ
վրդ.
Տօնոյեանին:
Աւարտին,
հիւրերը
հիացումով
այցելեցին
ՙԿիլիկիա՚
թանգարանը.
Հոգշ.
Տ.
Հրանդ
Աբղ.
Թահանեան
անոնց
տուաւ
համապարփակ
տեղեկութիւններ,
Ցեղասպանութենէն
հրաշքով
փրկուած
եկեղեցական
ու
ազգագրական
անգին
գանձերու
մասին:
Ապա
հիւրերը
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
ընթրիքի
հիւրերը
եղան:
Անոնք
իրենց
անհուն
գոհունակութիւնը
յայտնեցին
եւ
աւելիով
սերտացուցին
իրենց
կապը
հայ
ժողովուրդին
հետ:
ՀԱՅ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ
ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ
ՏԱՐԵԿԱՆ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read
in Arial Armenian font
10/20/2011
17-20 Հոկտեմբեր
2011, Սիլվըր
Սփրինկի
մէջ
(Մէրիլընտ,
Ամերիկայի
Միացեալ
Նահանգներ),
Գալստական
Եկեղեցւոյ
Կեդրոնատեղիէն
ներս,
գումարուեցաւ
Եկեղեցական
Ընտանիքներու
Քարտուղարներու
տարեկան
ժողովը,
որուն
մասնակցեցաւ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
Արք.
Ալեէմէզեան
(Վարիչ
Միջ-եկեղեցական
Յարաբերութիւններու
եւ
Տեսուչ
Դպրեվանքի):
Ժողովին
մասնակցեցան
Ուղղափառ,
Հռոմէական
Կաթոլիկ,
Բողոքական,
Անկլիքան,
Լուտերական,
Բարեկարգեալ,
Մկրտչական,
Մեթոտիսթ,
Գալստական
եւ
Ազատ
Եկեղեցիներու
գլխաւոր
ընտանիքներէ
երեսուն
ներկայացուցիչներ:
18 Հոկտեմբերին,
ժողովականներ
այցելեցին
Ուաշինկթըն
եւ
հանդիպումներ
ունեցան
Սպիտակ
Տան
ու
Արտաքին
Գործոց
Նախարարութեան
պատասխանատուներուն
հետ
եւ
արդարութեան,
մարդկային
իրաւունքներու
ու
կրօնական
ազատութեան
առնչուած
հարցեր
արծարծեցին:
Այս
շրջագիծին
մէջ,
Նարեկ
Սրբազան
խօսեցաւ
Միջին
Արեւելքի
ներկայ
կացութեան
եւ
քրիստոնեաներուն
դիմագրաւած
մարտահրաւէրներուն
ու
Հայկական
Ցեղասպանութեան
ու
հայ
ժողովուրդի
արդար
դատին
մասին:
Միւս
օրերը
յատկացուեցան
միջ-եկեղեցական
եւ
ներ-եկեղեցական
յարաբերութիւններուն
առնչուած
հիմնական
հարցերու
եւ
համաքրիստոնէական
մտահոգութիւններու:
Իր
զեկոյցին
մէջ,
Նարեկ
Սրբազան
ներկայացուց
Արեւելեան
Ուղղափառ
Եկեղեցիներու
այլ
Եկեղեցական
Ընտանիքներու
հետ
ունեցած
աստուածաբանական
պաշտօնական
երկխօսութիւնները
եւ
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
միջ-եկեղեցական
ու
միջ-կրօնական
յարաբերութիւններուն
գլխաւոր
երեսները:
Յանուն
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետին,
Նարեկ
Սրբազան
ժողովականները
հրաւիրեց
2012ի
Հոկտեմբերին
իրենց
ժողովը
Անթիլիասի
մէջ
գումարելու:
ՄԵԾԻ
ՏԱՆՆ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՙՍԷՆԹ
ԷՃԻՏԻՕ՚Ի
ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read
in Arial Armenian font
09/13/2011