ՔՐՒՍՏՈՆԵԱՅԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ԲԱՑՈՒՄԻՆ

 

ՙՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԸԼԼԱՅ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ԲՈԼՈՐ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ՚

 

                                                              ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

International conference on "The Christian Presence and Witness in the Arab World" opens at the headquarters of the Armenian Catholicosate of Cilicia in Antelias, Lebanon

International conference on "The Christian Presence and Witness in the Arab World" opens at the headquarters of the Armenian Catholicosate of Cilicia in Antelias, Lebanon   International conference on "The Christian Presence and Witness in the Arab World" opens at the headquarters of the Armenian Catholicosate of Cilicia in Antelias, Lebanon

 International conference on "The Christian Presence and Witness in the Arab World" opens at the headquarters of the Armenian Catholicosate of Cilicia in Antelias, Lebanon

Read in Arial Armenian font

Երէկ գիշեր, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը կատարելով միջազգային համագումարի մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ՙքրիստոնեայիսլամ միացեալ համագումարը նկատեց հրամայական անհրաժեշտութիւն մեծ մարտահրաւէրներուն դիմաց գտնուող արաբական աշխարհին մէջ՚: Ան ըսաւ որ ՙիսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կը պատկանին նոյն հողին ու նոյն միջավայրին: Անոնք միասին կապրին ու միասին կը դիմագրաւեն, առաւել կամ նուազ չափով, նոյն մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները: Հետեւաբար, երկխօսութենէն անդին՝ անոնք պէտք է միասին գործեն՚:

Անդրադառնալով արաբական աշխարէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց համագումարին, թէ ՙզանազան մօտեցումներ ու սահմանումներ կը տրուին. այսպէս, ոմանք ներկայ կացութիւնը կը նկարագրեն, որպէս արաբական գարուն կամ արաբական վերազարթօնք, ուրիշներ՝ բռնատիրական վարչակարգերու փլուզում ու ժողովրդավարական գործընթացներու յառաջացում: Տակաւին ուրիշներ զայն կը բնորոշեն որպէս իսլամական վերածնունդ, կամ պարզապէս վարչակարգի փոփոխութիւն՚: Վեհափառ Հայրապետին համաձայն, ՙայս բոլոր մօտեցումներու կամ սահմանումներու ետին հասարակաց մէկ իրականութիւն  գոյութիւն ունի՝ Միջին Արեւելքը արմատական ու արագ փոփոխութեան մէջ է՚: Խօսելով յիշեալ փոփոխութեան մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկաները զգուշացուց երկու երեւոյթներէ.–

ՙա) Անհրաժեշտ է խուսափիլ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը  տեսական արեւմտեան ու ընդհանրական մօտեցումներով արժեւորելու փորձերէն: Նման փորձեր մեզ կրնան սխալ ուղղութեամբ առաջնորդել: Անհրաժեշտ է գոյութենական, իրապաշտ ու Միջին Արեւելեան հայեցակէտերով արժեւորել տեղի ունեցող դէպքերը շրջանէն ներս: բ) Արաբական աշխարհը տակաւին կը գտնուի անորոշութիւններու ու լարուածութիւններու դիմաց: Եթէ շարունակուող ներկայ կացութիւնը զինեալ բախումներու վերածուի, եւ դիմադրական շարժումներուն պակսի միասնականութիւն ու յստակ տեսիլք, շրջանը կրնայ շատ աւելի լուրջ ու աննախատեսելի վտանգներու դիմաց գտնել ինքզինք՚:

Ապա Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ որ որպէս քրիստոնեայտ հոգեւոր պետ, հետեւեալ առաջնահերթութիւնները կը տեսնէ.–

1) ՙՇրջանէն ներս եկեղեցիները պէտք է խօսին մէ՜կ ձայնով ու ծրագրեն եւ գործեն միասնաբար: Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը այն միակ շրջագիծն է, ուր եկեղեցիներ կրնան ու պէտք է իրենց միասնականութիւնը գործնապէս արտայայտել:

2) Քրիստոնեայիսլամ երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը պէտք է ծաւալի ու խորանայ ուղահայեաց թէ հորիզոնական տարածքներով, ներառելով այն բոլոր հիմնական մտահոգութիւնները, որոնք առնչուած են քրիստոնեայիսլամ գոյակցութեան: Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս պատրաստ պէտք է ըլլայ երկխօսութիւն ունենալու իսլամական բոլոր շարժումներուն հետ ի խնդիր խաղաղ գոյակցութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան:

3) Իսլամներ ու քրիստոնեաներ, բարի դրացնութենէն անդին որպէս համաքաղաքացիներ, անհրաժեշտ է որ գործակցին՝ շրջանի ընկերութիւններուն ժողովրդավարական հիմքերը ամրացնելով, քրիստոնեաներուն քաղաքական կառոյցներէն ներս աւելի լայն մասնակցութեան կարելիութիւն տալով եւ բոլոր տեսակի ազատութիւններ ապահովելով, որպէսզի անոնք կարենան պահել իրենց աւանդութիւնները, արժէքները ու ինքնութիւնը, մնալով հանդերձ անբաժան մասը ընկերութեան:

4) Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս խորապէս մտահոգ է իր ապագային նպատմամբ: Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները Արեւմուտք պիտի չդառնան զօրակցութեան համար. անոնք պիտի դառնան իրենց իսլամ համաքաղաքացիներուն, անոնց հետ բաժնելու իրենց մտահոգութիւնները եւ սպասումները: Անհրաժեշտ է որ իսլամները իրապաշտ ու անկեղծ մօտեցումով հասկնան ու  բաժնեն քրիստոնեայ համայնքներուն մտահոգութիւնները ու դիմեն համապատասխան ու գործնական միջոցներու՚:

Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙչմոռնանք որ քրիստոնէութեան ծննդավայրը Միջին Արեւելքն է եւ շրջանի պատմութեան մէջ առանցքային դեր ունեցած է քրիստոնէութիւնը: Հետեւաբար, իսլամութիւն ու քրիստոնէութիւն միասնաբար կոչուած են կերտելու նոր Միջին Արեւելք մը, ուր տիրէ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն, կրօնական ազատութիւն ու մարդկային իրաւունքներու ճանաչում՚:

Համագումարին կը մասնակցին աւելի քան յիսուն հոգիներ՝ իսլամ թէ քրիստոնեայ արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներէն ինչպէս նաեւ՝ յատուկ հրաւիրեալներ Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներէն: Համագումարը պիտի տեւէ մինչեւ Ուրբաթ 27 Յունուար:

 

 

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԳԻՇԵՐ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

Աւելի քան 70 հոգիներու մասնակցութեամբ երէկ գիշեր Անթիլիասի Մայրավաքնին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումարին:

Համագումարին կը մասնակցին քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւորական ու աշխարհական բարձրաստիճան պատասխանատուներ արաբական աշխարհի զանազան շրջաններէն, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպայէն ու հիւսիսային Ամերիկայէն յատուկ հրաւիրեալներ: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ, գործակցութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին: Յիշեալ համագումարին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ համագումարին կը մասնակցին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, եւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան:

Համագումարին բացման խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը (Վեհափառ Հայրապետին խօսքը տե՜ս առանձին): Ապա յաջորդաբար խօսք առին  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թվւէյթ, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Փօլ Րուհանա, եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Մոհամմէտ Սամմաք: Համագումարը պիտի շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ գիշեր:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ

Read in Arial Armenian font

01/21/2012 

Երեքշաբթի 24 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ բացումը պիտի կատարուի միջազգային համագումարի մը, նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին միասնական գործակցութեամբ ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջարկով:

Համագումարին կր մասնակցին շուրջ յիսուն հոգի քրիստոնեայ թէ իսլամ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ սոյն ժողովին պիտի մասնակցին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, եւ Հոգշ. Տ. Մասիս Վրդ. Զօպուեան:

Բացման նիստին խօսք պիտի առնեն Արամ Ա. Կաթողիկոս, Դոկտ. Մոհամմէտ Սամմաք (Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհ. Քարտուղար), Դոկտ. Օլավ Թվւէյթ (Ընդհ. Քարտուղար Ե.Հ.Խ.-ին), եւ Դոկտ. Փօլ Րուհանա (Ընդհ. Քարտուղար Մ.Ա.Ե.Խ.-ին):

 Back to top