ՙՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՚

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011  Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011

Former members of Armenian Church University Students Association attend a gathering with His Holiness Aram I organized by the Youth department of the Catholcosate, Wednesday 28 December 2011

Read in Arial Armenian font 

12/28/2011 

Կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) նախկին անդամ-անդամուհիներու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի 28 Դեկտեմբեր 2011-ի գիշերը, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ հարիւր ՀԵՀՈՄականներ, որոնք այսօր զանազան մասնագիտական ասպարէզներու Ճամբով ներկայութիւն են մեր կեանքէն ներս, մասնակից դարձան հաւաքին, որուն յաջորդեց ընթրիք մը՝ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոսին:              

Ընթրիքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի Յանձնախուբի Ատենապետ Յակոբ Հանտեան եւ նոյն Բաժանմունքի Վարիչ Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան: Անոնք շեշտեցին երիտասարդութեան աւելի կարեւորութիւն տալու հրամայականը մեր եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքէն ներս եւ այս ուղղութեամբ ՀԵՀՈՄի կարեւոր դերը:  

Իր հայրական պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ աշխարհի հրամայականներուն ու անոնց դրական թէ բացասական անդրադարձին հայ կեանքէն ներս: ՙՅարատեւ ու արմատական փոփոխութեան մէջ եղող ներկայ աշխարհին մաս կը կազմէ նաեւ մեր ազգը: Հետեւաբար, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ այն շարժումներուն, փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ, որոնք կը շրջապատեն մեզ ամէն տեղ ու մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս: Կոյր կերպով հետեւիլ անոնց, վնասաբեր է. իսկ անտարբեր մնալը՝ նոյնքան վնասաբեր: Պէտք է գիտնանք ի՜նչը առնել եւ ինչ ձեւով օգտակար դարձնել մեր կառոյցներուն թէ ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքին, եւ ի՜նչը մերժել: Հո՜ս կը կայանայ մեր հիմնական դերը եւ այս ուղղութեամբ երիտասարդութիւնը կոչուած է յոյժ կարեւոր դերակատարութեան՚, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը, ան ըսաւ, թէ ՙընդհանրապէս մեր երիտասարդութիւնը մեր կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի: Երբեմն իրե՜նք են յանցաւորը, իսկ շատ յաճախ՝ մե՜նք, մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային թէ կրթական պատասխանատուները: Մենք պիտի գիտնանք ինչ ձեւով խօսիլ երիտասարդութեան հետ, ինչպէս ներգրաւել զանոնք մեր կեանքէն ներս: Մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք պատասխանատուութիւն յանձնելու մեր երիտասարդներուն: Արդարեւ, մեր համայնական կեանքին մասնակցութեամբ է որ անոնք իրենց մէջ պիտի կազմաւորեն պատասխանատուութեան զգացում ու համարատուութեան գիտակցութիւն՚

Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը խօսելով մարդոյժի մասին, շեշտեց անոր առանցքային կարեւորութիւնը ընկերութեան մը կեանքէն ներս: ՙԿառոյցներ, պետութիւններ, ազգեր, կրօններ կամ մշակոյթներ մարդո՜վ կը ծաղկին, կը հզօրանան, կը յառաջդիմեն: Կրնա±ք երեւակայել, որ Աստուած մարդո՜ւն վստահեցաւ իր գործը շարունակելու ու տիեզերքը ծաղկեցնելու պատասխանատուութիւնը: Որքան ալ մենք շրջապատուած ըլլանք նիւթական լայն կարելիութիւններով, մա՜րդն է, որ այդ կարելիութիւնները պիտի հունաւորէ ճիշդ կերպով ու իր ընկերութեան որակ ու տեսիլք պիտի տայ: Այսօր մեր ազգը պէտք ունի այնպիսի մարդոց, որոնք ո՜չ միայն մասնագիտութեամբ զինուած ըլլան, այլ նաեւ ծառայական ոգիով եւ ունենան հաւատք, կամք ու տեսիլք, մեր կառոյցները, մեր համայնքները, մեր ազգն ու հայրենիքը վերանորոգելու եւ վերակազմակերպելու ներկայ աշխարհի հրամայականներուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ա՜յս պէտք է ըլլայ կոչումը մեր երիտասարդութեան՚:  

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙեղածը պահելը, մեր ունեցածով գոհանալը, նոյն մարդոցմով շրջապատուած մնալը, նոյն կաղապարուած մտածումները լսելը, այլ խօսքով՝ նո՜յնը կրկնելը երբեք յառաջդիմութեան չի՜ նպաստեր, այլ մեզ կառաջնորդէ դէպի նահանջ: Մենք պէտք ունինք վերանորոգ մտածողութեան, վերանորգ նուիրումի, հաւատքի ու տեսիլքի: Ա՜յս կը սպասենք մեր երիտասարդութենէն՚:  

Վեհափառ Հայրապետին մեկնումէն յետոյ, ՀԵՀՈՄականներ շարունակեցին իրենց հանդիպումը: Որոշուեցաւ աւանդութեան վերածել նման հանդիպումները Կաթողիկոսարանէն ներս եւ առաւելագոյն չափով մասնակից դառնալ Կաթողիկոսարանի առաքելութեան:

 

 

 

THE YOUTH: THE DRIVING FORCE FOR RENEWAL

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ  ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔՆԵՐԸ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Read in Arial Armenian font 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառները նկատուող Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Երիտասարդական բաժանմունքները Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ վերակազմակերպումի ու վերաշխուժացման ենթարկուեցան:

Հոգեշնորհ Տ. Մասիս Վրդ. Զօպոյեան նշանակուեցաւ Վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, ստանձնելով Սուրբ Գրոց սերտողութեան ու հրատարակութեանց պատասխանատուութիւնը: Իսկ վերջին հինգ տարիներուն նոյն բաժանմունքէն ներս ծառայող Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան ստանձնեց CD-ներու, DVD-ներու պատրաստութեան, ռատիօկայաններուն ու հեռատեսիլներու հետ կապի, Կաթողիկոսարանի յուշատետրի ու գրպանի օրացոյցի պատրաստութեան եւ ձայնագրեալ շարականներու հրատարակութեան պատասխանատուութիւնը:

Երիտասարդական Բաժանմունքի պատասխանատուութիւնը վարող Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան իր ժամանակին առաւելագոյն բաժինը պիտի յատկացնէ յիշեալ բաժանմունքի աշխատանքներուն: Սեպտեմբերին սկիզբը տեղի պիտի ունենայ Թեմերու երիտասարդական բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու համագումար, ուր պիտի քննուին թեմերէն ներս եկեղեցի-երիտասարդութիւն յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքին աջակցութիւնը յիշեալ աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ վերոյիշեալ բաժանմունքներու յանձնախումբերը եւս վերակազմուեցան, որպէսզի անոնք կարենան առաւել աշխուժութեամբ ու նոր պայմաններու ու կարիքներու համապատասխան մօտեցումով կատարել իրենց աշխատանքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՙՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՂ

ՊԷՏՔ Է ՏՐՈՒԻ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ՚

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I receiving the Youth Department committee of the Catholicosate, Wednesday 15 June 2011, Antelias

Read in Arial Armenian font

06/15/2011 

Չորեքշաբթի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հայր Սուրբը, Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան, եւ նոյն բաժանմունքի յանձնախումբը՝ բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.– Պրն. Յակոբ Հանտեան, Տիկ. Աստղիկ Գանտահարեան, Տիկ. Իրմա Պալեան, Օրդ. Սարին Գարաճրճեան, Պրն. Գրիգոր Ալոզեան:

Լսելէ յետոյ վարիչ Հայր Սուրբին եւ յանձնախումբի անդամներու ծրագիրներուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց անոնց նուիրումը եւ աշխատանքը զանազան ազդու միջոցներով ու ներկայ աշխարհի պայմաններուն համապատասխան մօտեցումներով հայ երիտասարդութիւնը ներառելու մեր կեանքէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ ՙՀեռու պէտք է մնալ ցուցական, քարոզչական բնոյթ կրող նախաձեռնութիւններէ ու անհրաժեշտ է խորքին ո՜չ ձեւին միջուկին եւ ո՜չ կեղեւին կարեւորութիւն տալ: Ձեր նպատակը պէտք է ըլլայ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, որ նորահաս սերունդը մասնակից դառնայ մեր ազգային կեանքին ու յատկապէս մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան՚: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց նաեւ որ հայ եկեղեցին սոսկ կրօնական կառոյց մը չէ, ան ազգային առաքելութիւն ունի միաժամանակ: Ա՜յս հայեցակէտով պէտք է դիտել նաեւ մեր երիտասարդութեան դերը եկեղեցիէն ներս՚:

Հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ որ ամրան ընթացքին յանձնախումբը աշխատանքային հանդիպում մը ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը ներկայացնող երիտասարդներուն հետ, որպէսզի լսելէ յետոյ զանոնք ճշդէ թէ ինչ ձեւով կրնայ օգտակար ըլլալ թեմերուն մէջ երիտասարդութիւնը դէպի եկեղեցին ու մեր հաւակական կեանքը առաջնորդելու ձգտող աշխատանքներուն:

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

 

ՙԲ. ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ՚Ի ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳ ՏՈՒԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

ACUSA organises a student recital in Antelias, Saturday 22 January 2011

Read in Arial Armenian font

 

01/22/2011 

Շաբաթ 22 Յունուար, երեկոյեան ժամը 8-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա Թանգարան՚ի ՙԿիւլպէնկեան՚ սրահէն ներս. Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) կազմակերպութեամբ եւ Համազգայինի ՙԲարսեղ Կանաչեան երաժշտական գոլէճ՚ի աշակերտներու եւ սենեկային նուագախումբի կատարողութեամբ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ:

Բացման խօսքին մէջ, միութեան ատենապետուհի՝ Աստղիկ Գանտահարեան, երաժշտանոցի ուսանողները նկատեց որպէս հայ երաժշտութիւնը ծաղկեցնող ապագայ Կոմիտաս Վարդապետններ: Ապա շուրջ մէկ ժամ տեւող համերգի ընթացքին ներկայացուեցան դասական երաժշտութեան զանազան կտորներ, օտար թէ հայկական երաժիշտներէ:

Փակման խօսքին մէջ Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան գնահատելէ ետք երաժշտանոցի ուսանողները, զանոնք նկատեց բիւրեղ աղբիւրներ որոնք երաժշտութիւնը կը մատուցեն իր ակունքներէն: Ապա գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ը իր կազմակերպած այս սքանչելի ձեռնարկին համար:

 

 

 

 

 

 

ՙՆՈՐ ՄՂՈՒՄ ՀԱՐԿ Է ՏԱԼ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ՚

 

                                          ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

His Holiness Aram I receives ACUSA members

Read in Arial Armenian font

12/26/2010

Կիրակի, սուրբ եւ անմահ պատարագէն յետոյ, Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելով Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամները, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, կարեւորութեամբ շեշետեց համալսարանական ուսանողներու միութիւնները վերակազմակերպելու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՄենք մեծ յոյսեր կապած ենք համալսարանական մեր երիտասարդներուն: Իրենց մասնագիտութեամբ անոնք կոչուած են նոր որակ տալու մեր ազգային կեանքին՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս: Արդարեւ, համալսարանական երիտասարդութիւնը կենսանիւթը կը կազմէ ընկերութեան մը, համայնքի մը կամ կառոյցի մը: Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Կեանքի բոլոր մարզերէն ներս նոր գիւտերը ու նոր կարելիութիւնները, նոր զարգացումները ու մարտահրաւէրները այնքան արագ կընթանան, որոնց դիմաց մենք կարիքը ունինք մասնագէտ երիտասարդութեան՝ առաւելագոյն չափով իրենց ներկայութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր հաւաքական կեանքը վերակազմակերպելու ու ծաղկեցնելու եւ բանալու ներկայ աշխարհին՚:

Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց երիտասարդական միութիւնները աւելի ծաւալելու, կազմակերպելու ու աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ՝ ՙՄեզի համար բոլոր համալսարանական միութիւնները սիրելի են. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ նկարագիրը, շեշտը եւ ուղղութիւնը ունի, եւ սա հարստացուցիչ երեւոյթ մըն է մեր կեանքէն ներս: Այս ծիրէն ներս ՀԵՀՈՄը եւս ունի իր կարեւոր տեղը ու դերը: Երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող միութիւն մըն է ան: Ճիշդ է, հայ եկեղեցւոյ կապուած միութիւն մըն է. սակայն հայ եկեղեցին մեր ազգին ամբողջութիւնը կը ներկայացնէ, ան ազգային եկեղեցի է ու միաժամանակ՝ ազգի՜ն եկեղեցին: Հետեւաբար, մեր ազգին բոլոր տագնապները ու ձգտումները, անցեալը, ներկան ու ապագան, մեր ազգին ամբողջականութիւնը մենք կը տեսնենք գործնապէս արտայայտուած մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ: Կը սպասեմ որ ա՜յս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ ՀԵՀՈՄը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ գործակցաբար համալսարանական բոլոր միութիւններուն հետ: Չմոռնանք, որ այս միութեան ճամբով ՀԵՀՈՄականներ մասնակից դարձան միջեկեղեցական ու միջկրօնական միջազգային համագումարներու: Կը սպասեմ որ հայ համալսարանական երիտասարդութիւնը այս միութեան ճամբով բացուի միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ ուրիշներուն առջեւ բանալով մեր ազգային, կրօնական ու մշակութային արժէքները՚:

Ապա ՀԵՀՈՄի վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին:

 

 

 

 

 

 

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Read in Arial Armenian font

12/16/2010

Եկեղեցիներու Համաշխարահային Խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած համալսարանական ուսանողներու կրթաթոշակի ապահովման համագումարը տեղի ունեցաւ 14-16 Դեկտեմբեր 2010-ին, Գահիրէի մէջ, Եգիպտոս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի անդամ, Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ, Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունք վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան:    

Եռօրեայ սոյն համագումարին գլխաւոր նպատակն էր կրթաթոշակ ապահովել անդամ եկեղեցիներու համալսարանական ուսանող-ուսանողուհիներուն: Համագումարը նաեւ ուսուցողական նպատակ ունէր, ցոյց տալու այն մեթոտները, որոնց միջոցաւ կամբողջցուին դիմումնագրեր, եւ կը ներկայացուին համապատասխան հիմնարկներուն, կրթաթոշակ ապահովելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄ

ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ 2010

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանաւորութեամբ, եւ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ)-ի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 12 Նոյեմբեր, 2010-ին,Կէսօրուայ 12-ին  Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, «Սիրան Մանուկեան»  սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի կազմակերպած տարեկան զարգացման մրցումը որուն մասնակցեցան լիբանանահայ վարժարաններու ԺԲ.  դասարանի ուսանող-ուսանողուհիները: Զարգացման մրցումի մասնակցող վարժարաններն էին.-

Հայ Աւետ. Կեդրոնական Բարձր. Վարժարան, Ազգային Լ.եւՍ. Յակոբեան Գոլէճ, Գէորգ Հարպոյեան Բարձր. Վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Դարուհի Յովակիմեան Վարժարան, Ա.Յ. Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան, Հայ Աւետ. Շամլեան Թաթիկեան Վարժարան, Համազգայինի Մ.եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, 

Մրցումը կը բաղկանար գլխաւոր վեց բաժիններէ.- Գիտական, Մարզական, Պատմական-Եկեղացական, Թուաբանական, հանելուկներ, Այլազան նիւթեր եւ Աշխարհագրական: Մասնակիցներն ու իրենց համակիրները ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ մը,  ուր իւրաքանչիւր աշակերտ կը մասնակցէր պատասխանելով հարցումներուն:

Մրցումի աւարտին մասնակցող դպրոցներէն երրորդ հանդիսացաւ Լ.եւՍ. Յակոբեան Գոլէճը, երկրորդ հանդիսացաւ Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարան իսկ առաջին հանդիսացաւ Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը եւ  մասնակցողները ստացան մեծ պարգեւը “Mini Laptops”:

 

 

 

ՀԵՀՈՄ-ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՏԱՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

HEHOM’s newly elected committee receives the blessing of His Holiness Aram I, Tuesday 16 March 2010, Antelias

Read in Arial Armenian font

03/16/2010 

Երեքշաբթի 16 Մարտ 2010-ի երեկոյեան ժամը 8-ին ՀԵՀՈՄ-ի նորընտիր վարչութեան անդամները, Միութեան Հոգեւոր Խորհրդատու Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեանի ընկերակցութեամբ բարձրացան Վեհարան, յետ ընտրութեան, ստանալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւնը:      

Նորընտիր վարչականները ծանօթացնելէ ետք, հոգեւոր խորհրդատուն ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Միութեան յառաջիկայ ծրագիրները, մասնաւորաբար քարոզչական աշխատանքներուն, լիբանանի տարբեր համալսարաններէն եւ երկրորդական վարժարաններէն ներս, աւելի լայն գործունէութիւն ծաւալելու համար հայ ուսանողական շրջանակներէ ներս:   

Նորին Սրբութիւնը նախ գնահատեց անցնող շրջանին վարչութեան կատարած աշխատանքները, անդրադառնալով ՀԵՀՈՄ-ի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան ընդհանրապէս լիբանանհայութեան եւ մասնաւորաբար համալսարանական երիտասարդութեան կեանքէն ներս: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական խրատներն ու թելադրութիւնները տալով, վարչութեան մաղթեց նոր իրագործումներով եւ ծրագիրներով բեղուն շրջան մը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ հաւաստիացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ հովանաւոր պիտի մնայ Միութեան կատարած բոլոր աշխատանքներուն, քաջալերելու համար հայ երիտասարդութեան ու հայ եկեղեցւոյ միջեւ կապը, ՙոր երաշխիքն է հայ կեանքի պահպանման ու բարգաւաճման՚ ինչպէս շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

 

 

 

 

 

 

ՀԵՀՈՄԻ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

ԸՆՏՐԵՑ ԻՐ ՆՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Read in Arial Armenian font

02/06/2010 

Շաբաթ 6 Փետ. երեկոյեան ժամը 7-ին ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղէն ներս, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Միութեան անդամական ընդհանուր ժողով եւ նոր վարչութեան ընտրութիւնը:

Ժողովը սկսաւ տարեկան տեղակագրի ընթերցումով: Տեղակագիրը կը բովանդակէր 2008-2009-ին տեղի ունեցած միութենական գործունէութիւնը: Տեղկագրիրը վաւերացուելէ ետք,  եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի աշխատանքները աւարտելէ ետք, ժողովին ներկայ անդամներու քուէարկութեամբ հետեւեալ անդամները վարչական ընտրուեցան՝

Աստղիկ Ճամպուլեան-Գանտահարեան

Ռազմիկ Միքայէլեան

Նազելի Գանտահարեան

Լեւոն Նաճարեան

Կասիա Պարսումեան:

Անդամական ընդհանուր ժողովի աւարտին խօսք առնելով հոգեւոր խորհրդատու՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, ներկաներուն փոխանցեց Վեհափառ  Հայրապետին հայրական ողջոյնն ու օրհութիւնը: Ապա՝ գնահատելէ ետք նախորդ վարչութեան կատարած աշխատանքները, բարի գալուստ մաղթեց նոր վարչականներուն, որպէսզի նոյն եռանդով շարունակեն իրենց աշխատանքը նորանոր նուաճումներ արձանագրելով:

 

 

 

 

 

 

 

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱԾՈՒԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀԱՐՑԻ, ԵՒ ԱՅՍ ԳԾՈՎ ԵՒՐՈՊԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ ՄԵԾ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՚

 

ԸՍԱՒ ԹԱՆԷՐ ԱԳՉԱՄ

Turkish historian Taner Akçam lectures to ACUSA members, Wednesday 6 January 2010, Antelias

Read in Arial Armenian font

01/06/2010

Կազմակերպութեամբ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան, Չորեքշաբթի, 6 Յունուար 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի ՙԿիւլպենկեան՚ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Թանէր Ագչամի դասախօսութիւնը՝ ներկայութեամբ երիտասարդական ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան մը:

Հանդիսութեան դասախօսը՝ թուրք պատմաբան Թանէր Ագչամը ներկայացուց ՙՀայ-թրքական հարցը՝ Տինքի սպանութենէն առաջ եւ վերջ՚:

Դասախօսական հանդիպումին բացման խօսքը ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անունով արտասանեց Կասիա Գույումճեան, որ նշեց, թէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը նորագոյն ապացոյցն է հաստատելու, թէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը միեւնոյն ատելութեամբ աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր կը շարունակուի:

Կասիա Գույումճեան շեշտեց, թէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը Տինքի սպանութեան հիմնական պատճառն է, եւ այդ յօդուածով Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները կոտնակոխուին:

Ապա խօսք առաւ պատմաբան Թանէր Ագչամ, որ պատմական հոլովոյթին ընդմէջէն անդրադարձաւ հայ-թրքական հարցին, զարգացումներուն ու տիրող պայմաններուն:

Ագչամ հաստատեց, թէ անցեալին Հայոց ցեղասպանութեան հարցին քննարկումը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած էր եւ թիւ 301 յօդուածը նոյնինքն ուղղուած է հայութեան դէմ: Ան աւելցուց, որ Թուրքիան թապու վիճակէն դուրս սկսաւ ելլել 1990 թուականին, երբ թուրք մտաւորականներ հարցին շուրջ գրեցին բազմաթիւ կարծիքներ:

Դասախօսը նշեց, որ Հայաստանի անկախացումը, ՙԱկօս՚ի հրատարակումը եւ համացանցի դրութեան օգտագործումը եւս իրենց նպաստը բերին ճանչնալու երկրորդ կարծիքը եւ դուրս գալու ՙքարացած՚ տեղեկութիւններէն: Ագչամ հաստատեց, թէ վերոնշեալ տուեալները եւ Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու աշխատանքները իրենց մեծ ներդրումը ունեցան հայ-թրքական հարցը դիւանագիտական մակարդակէն մասամբ բարձրացնելու ժողովրդային հարցի:

Այլ դիտակէտէ Թանէր Ագչամ ըսաւ, թէ 2000 թուականին Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ժխտող ուրացման քաղաքականութեան: Թանէր Ագչամ յայտնեց, որ մայիս 2002-ին, Թուրքիոյ կրթական ծրագիրին մաս կազմեց ուրացումը, երբ դասագիրքերուն մէջ գրուեցաւ, թէ հայերը ջարդած են թուրքերը: Այս գծով Ագչամ աւելցուց, որ կազմակերպուեցան ուսուցիչներու յատուկ սեմինարներ եւ մրցանքներ՝ լիուլի իրագործելու համար ուրացման աշխատանքները:

Անդրադառնալով Հրանդ Տինքի սպանութեան՝ Ագչամ ըսաւ, թէ Տինքը անցեալին մաս չի կազմեր, այլ ան Թուրքիոյ ժողովրդավար ընկերութեան ստեղծման հիմնական մէկ մասնիկն է՝ ներկան է, քանի որ ինք Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները հետապնդող տիպար մըն էր:

Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ ժողովրդավարական շարժումը, Հայաստանի իշխանութիւնները, Եւրոպական Միութիւնը եւ հայկական սփիւռքը պէտք է գործակցին, իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ փուլը կարեւոր է, որ նոյնիսկ իր նպաստը պէտք է բերէ ճանաչման աշխատանքներուն:

Թանէր Ագչամ ըսաւ, թէ երկու ժողովուրդները պէտք է դադրին փոխադարձ ատելութենէ, եւ այս գծով սահմաններու բացումը պիտի ունենայ իր մեծ ներդրումը:

Զեկուցումէն ետք Թանէր Ագչամ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն՝ տալով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ: Զրոյցը վարեց Աստղիկ Ճամպուլեան-Գանտահարեան:

Այս առնչութեամբ Ագչամ խօսեցաւ արցախեան հարցին, փոխադարձ վստահութեան կարեւորութեան, հողային խնդիրներուն, մարդկային իրաւանց հարցերուն եւ այլ տագնապներու մասին:

 

 

 

DVD ԾԱՂԿԱԾ ԱՆԱՊԱՏԸ...

 

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

ՙ2009 Հայ Երիտասարդութեան Տարի՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Երիտասարդական Ուխտագնացութիւն Ի Տէր Զօր

17-18 Ապրիլ

 

 

ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ՝

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀՈԳՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Read in Arial Armenian font

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, երկրորդ տարին ըլլալով վերսկսան երիտասարդութեան յատկացուած հոգեւոր խորհրդածութեան պահերը:

Ուրբաթ գիշեր ՀԵՀՈՄ-ի կեդրոնատեղիէն ներս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ երկրորդ շրջանի հոգեւոր խորհրդածութեան պահերու բացման հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 50 երիտասարդ- երիտասարդուհիներ: Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին, Միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ, ներկայ երիտասարդութիւնը հետեւեցաւ տնօրինական Իր կեանքի ընթացքին Քրիստոսի խօսած առակներուն, աշխատանքային խմբակներով իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց վերլուծման ու քննարկումին:

Յայտնենք, որ շաբաթական դրութեամբ, ամէն Ուրբաթ օր պիտի շարունակուին սերտողութիւնները, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ Կաթողիկոսարանէն ներս:

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

 

ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009   Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009

Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009  Armenian graduates’ gathering in Antelias, Wednesday 1 July 2009

Read in Arial Armenian font

07/01/2009 

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2009ի երեկոյեան ժամը 8:00ին Կաթողիկոսարանի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հայ աւարտական կարգի ուսանողներու հաւաք:

Այս հաւաքին հիմնական նպատակն էր համախմբել երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, եւ պարգեւատրելով աւարտական կարգի ուսանողները, քաջալերել ուսման կարեւոր տեղը հայ երիտասարդութեան մօտ:       

Հաւաքին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սահակ Աբղ. Եմիշեան, ՀԵՀՈՄի Հոգեւոր Խորհրդատու Հոգշ. Տ Մեսրոպ Աբղ. Սարգիսեան, Երիտասարդական յանձնախումբի անդամները, ՀԵՀՈՄ-ի վարչութեան անդամները եւ Լիբանանի մէջ գործող հայ թէ օտար վարժարաններ յաճախող աւելի քան 60  աւարտական կարգի աշակերտներ: Հաւաքէն կը բացակայէին Համազգայինի ՙՄ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան՚ի ուսանողները:

Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Յակոբ Հանտեան: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դնելով երիտասարդութեան գործօն մասնակցութեան ու դերին վրայ ըսաւ. ՙՍիրելի երիտասարդներ, ազգապահպանման նուիրական ճամբուն վրայ մեծ դեր ունինք կատարելիք, մեծ բաժին ունինք վերցնելիք ներկայիս եւ մանաւանդ ապագային: Այսօր մեզի պէտք է նախաձեռնող, քաջարի եւ ինքնավստահ երիտասարդութիւն, որ կարենայ իր ձայնը լսելի դարձնել ամէնուրեք: Մենք պէտք չէ մնանք, եւ պիտի չմնանք կրաւորական վիճակի, ու դիտողի դերին մէջ, այլ պիտի ըլլանք մասնակցողի դերին մէջ: Թող որ այսօրուան մեր այս հաւաքը ըլլայ առաջին քայլը դէպի հաւաքական կազմակերպ աշխատանք եւ աւելիով աշխուժացնէ մեր ազգային համայնական կեանքը՚:

Եզրափակելով իր խօսքը Յ. Հանտեան մէջբերեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի խօսքերը ըսելով.- ՙԵրիտասարդութիւնը, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին եւ մեր բոլոր կառոյցներուն համար հարկ է որ դառնայ մնայուն եւ հիմնական մտասեւեռում: Եթէ կ’ուզենք հայրենիքը զօրացնել՝ պէտք է դառնանք  երիտասարդութեան: Եթէ կուզենք եկեղեցին պայծառացնել՝ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան, եթէ կուզենք մեր մշակոյթը ծաղկեցնել՝ դարձեալ պէտք է դառնանք երիտասարդութեան՚:

Բացման խօսքի աւարտին տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, ուր ժամանակագրական կարգով ցուցադրուեցաւ, հայ եկեղեցւոյ հաստատումը Լիբանանէն ներս եւ հայ երիտասարդութեան բե