7-13 ՄԱՐՏ ՍՐԲՈՑ ՄԱՆԿԱՆՑՆ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՈՐՔ Ի ՍԵԲԱՍՏԻԱ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ Քառասուն քաջ զինուորներ էին երիտասարդ վկաները, որոնք Կապադովկիոյ կայսերական գունդին մէջ կը ծառայէին եւ անվարան կ’ապրէին իրենց քրիստոնէական կեանքը: Երբ գունդը Սեբաստիա կը գտնուէր, Կեսարիոյ դուքսը՝ Լիւսիաս, հրաման ստացած Լիկիանոս կայսրէն, բանակին մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն կը ստիպէ ուրանալ իրենց կրօնքը: Սակայն քառասուն զինուորները իրենց հաւատքը կը պաշտպանեն քաջութեամբ եւ կը մերժեն ենթարկուիլ հաւատուրացութեան հրահանգին: Այս լսելով Լիւսիաս դուքս, բանտ նետել կու տայ քառասուն զինուորները, որպէսզի յաջորդ օր դատի կանչէ զանոնք: Յաջորդ օր, երբ դատարանին մէջ քառասուն քրիստոնեայ զինուորները անգամը եւս քաջութեամբ կը պաշտպանեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը, կը դատապարտուին Սեբաստիոյ սառած գետին մէջ նետուելու, որպէսզի չարաչար մահով սպաննուին: Քառասուն երիտասարդ զինուորները գիշերով կը տարուին գետ եւ կը նետուին սառած ջուրին մէջ: Դուքսը գետեզերքին շինել կու տայ նաեւ տաք բաղնիք մը, որպէսզի իր քրիստոնէութիւնը ուրացողը շուտով մտնէ, ու փրկուի սառելէ: Արդարեւ, քառասուն զինուորներէն մէկը միայն չդիմանանալով սառած ջուրին, դուրս կու գայ գետէն եւ կը վազէ դէպի տաք բաղնիքը, սակայն մարմնի ջերմաստիճանին կտրուկ փոփոխութեան հետեւանքով, անմիջապէս հոգին կ’աւանդէ: Գիշերը գետը կը լուսաւորուի պայծառափայլ թագերով, որոնք կու գան եւ կը հանգչին իւրաքանչիւր զինուորի գլխուն վրայ: Այս դէպքը տեսնելով պահապան զինուորներէն մէկը անմիջապէս կը վազէ եւ պոռալով ՙԵս ալ քրիստոնեայ եմ եւ Քրիստոսը կը պաշտեմ՚, կը նետուի գետ եւ կը միանայ մարտիրոս զինուորներուն, քառասուներորդ լուսապսակին արժանանալով: Յաջորդ օր, դուքսին հրամանով սուրբ մարտիրոսներուն մարմինները դուրս կը բերուին գետէն եւ կ’այրուին: Քաղաքին եպիսկոպոսը, գիշեր ատեն գաղտնի կը հաւաքէ սուրբերուն աճիւնները եւ կը թաղէ զանոնք 320 թուականին:
ՍՐԲՈՑՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՕՁՆԵՑՒՈՅՆ, ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ՈՐՈՏՆԵՑՒՈՅՆ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐԻ ՏԱԹԵՒԱՑՒՈՅՆ Ս. Յովհաննէս Երուսաղէմի Հայրապետ Յովհաննէս Երուսաղէմացի եղած է յաջորդը Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետին՝ 386 թուականին: Ան սրբակենցաղ եղած է անձ մը, կրօնական գիտելիքներով հարուստ, եւ պերճախօս քարոզիչ: Նոյնիսկ իր կենդանութեան զինք կը նկատէին կենդանի նահատակ: Իր քաջ եւ իմաստուն վերաբերումին պատճառաւ կրցած է առաջքը առնել բազմաթիւ խնդիրներու: Համբաւը տարածուած էր մինչեւ Ափրիկէ եւ Հռոմ: Ան պարզ մահով վախճանած է՝ 417 թուականին:
Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետ Արաբական տիրապետութեան ու հալածանքներուն շրջանին ազնուական ընտանիքի զաւակ՝ Ս. Յովհաննէս Օձնեցի Հայրապետ, իր մտքի փայլքով ու ֆիզիքական գեղեցկութեամբ ուշադրութիւնը գրաւած է նոյնիսկ Էօմէր Խալիֆային, որ մինչեւ Դամասկոս հրաւիրած է Հայրապետը, մօտէն ճանչնալու համար զայն: Օձնեցի Հայրապետ երբ իր փառաւոր զգեստներով կը ներկայանայ Խալիֆային, վերջինը հարց կու տայ իրեն թէ Քրիստոս հեզ եւ անձ եղած ըլլալով, ինչո՞ւ ինք այդպէս փառաւոր զգեստներով կը պճնուի: Յովաննէս Հայրապետ նախ կը խնդրէ ներկաներէն որ առանձին ձգեն զինք Խալիֆային հետ եւ ապա հանելով շքեղ զգեստները ցոյց կու տայ անոնց տակ հագած այծի մորթէ քուրձը: Այս տեսնելով, Խալիֆան կը հիանայ եւ կը կատարէ Հայրապետին փափաքները, քրիստոնէական կրօնը պաշտելու ազատութիւն տալով: Ս. Յովհաննէս Հայրապետ, ծնած է 650-ական թուականներուն, Օձուն գիւղին մէջ: Աշակերտած է Թէոդորոս Քռթենաւոր վարդապետին: 717-ին կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ եւ տասնմէկ տարի կը գահակալէ: Իր ծեր տարիքին կը քաշուի ծննդավայրը, ուր խումբ մը վարդապետներու հետ կը նուիրուի աղօթքի եւ ճգնութեան եւ 728-ին կը կնքէ իր բազմավաստակ կեանքի վախճանը: Մեծ է իր վաստակը հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ծիրէն ներս: Հաւաքած ու կազմած է Կանոնագիրքը: Նաեւ հեղինակը եղած է բազմաթիւ ճառերու եւ գրութիւններու որոնք յստակօրէն կը պարզեն Հայ Եկեղեցւոյ դաւանական սկզբունքները: Ս. Յովհաննէս Կաթողիկոսի սրբակենցաղ տիպարը դարեր շարունակ արժանացած է ժողովուրդին յարգանքին եւ երախտագիտութեան ու անոր գերեզմանը եղած է հաւատացեալներու ուխտատեղի:
Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի 14-րդ դարուն երբ Ունիթոռ աղանդաւորական շարժումը բուռն կերպով մուտք գործած էր Հայաստան եւ վտանգ կը սպառնար Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան, ի յայտ կու գայ իմաստասէր եւ մեծ աստուածաբան Յովհաննէս վարդապետը: Ան Օրբելեան ազնուական տոհմի զաւակ է, ծնած 1315 թուականին Սիւնեաց աշխարհի Որոտն գաւառին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն կը մտնէ եկեղեցական կեանքին մէջ եւ կը նուիրուի գիտութեան եւ ուսուցման: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի վանքին մէջ, Եսայի Նչեցի նշանաւոր վարդապետին շունչին տակ: Ապա անոր մահէն ետք՝ 1338-ին, կը փոխադրուի Տաթեւի վանքը, ուր կը հիմնէ իր դպրոցը եւ կ’ունենայ բազմաթիւ աշակերտներ, որոնք լաւապէս զինուած ըլլալով կրօնական գիտութեամբ, իւրաքանչիւրը իր կարգին նշանաւոր կը դառնայ: Ս. Յովհաննէս Որոտնեցի վարդապետ իր կեանքի վերջին եօթը տարիները կ’անցնէ Ապրակունեաց վանքին մէջ եւ 1388 թուականին կը մահանայ եւ կը թաղուի նոյն վանքին մէջ: Ան իր աշակերտին՝ Գրիգոր Տաթեւացիի միջոցաւ, կը ձգէ հսկայ գրական աշխատանքներ, որոնց մեծ մասը մեկնութիւններ, քարոզներ եւ իմաստասիրական բացատրութիւններ են:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի Գրիգոր Տաթեւացի եղած է Հայ Եկեղեցւոյ մեծանուն վարդապետներէն մէկը: Ան քաջաբար ու իմաստութեամբ պաշտպանած է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքը, իր քարոզութեամբ եւ գրական գործնէութեամբ: Գրիգոր ծնած է 1346-ին, Սիւնեաց Արճէշ քաղաքին, խոնարհ դասակարգի ընտանիքին մը մէջ: Փոքր տարիքէն ուսումնատենջ ըլլալով, 14 տարեկանին կը ղրկուի Տաթեւի վանք եւ այնտեղ 28 տարիներ կ’աշակերտի Յովհաննէս Որոտնեցի նշանաւոր վարդապետին: 25 տարեկանին, իր ուսուցիչին հետ որպէս ուխտաւոր Երուսաղէմ գտնուած միջոցին կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք ուր կը զարգանայ գիտութեամբ եւ իմաստութեամբ: Տարիներ ետք, ան կը ստանայ վարդապետական աստիճանները եւ ապա 40 տարեկանին, գտնուելով Ապրակունեաց վանքին մէջ, կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետական աստիճաները իր ուսուցիչին ձեռքով: Յովհաննէս Որոտնեցիի մահէն ետք, Գրիգորի կը ստանձնէ Ապրակունեաց վանքի վանահայրութեան պաշտօնը, ուր երկու տարի կը մնայ եւ ապա կը վերադառնայ Տաթեւի վանք եւ կ’ունենայ իր աշակերտները: Գրիգոր մօտաւորապէս 25 տարիներ կը գործէ Տաթեւի վանքին մէջ եւ կ’ունանայ բազմաթիւ աշակերտներ: Ան իր կեանքի վերջին երկու տարիները կ’անցնէ իր ծննդավայրին մէջ, սակայն կը վախճանի Տաթեւի վանքին մէջ 1410 թուականին: Գրիգոր Տաթեւացի եղած է 14-րդ դարու նշանաւոր վարդապետներէն մէկը, որ իմաստութեամբ եւ գրական լուրջ աշխատանքով դէմ դրած է այդ ժամանակաշրջանի Ունիթոռական աղանդին: Անոր բեղուն աշխատանքներէն ամենանշանաւոր աշխատութիւնը եղած է ՙԳիրք Հարցմանց՚ը, որ հարց – պատասխանի ոճով մանրամասնօրէն կը բացատրէ Հայ Առաքեական Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնն ու դաւանանքը: Նաեւ նշանաւոր է Ամարան Հատոր եւ Ձմերան Հատոր քարոզախօսական գործերով: 22-27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՑՆ ԿԻՒՐՂԻ ԵՐՈՒՍԱՂԵՄԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՄԻՒՍ ԿԻՒՐՂԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԵՒ ՄՕՐՆ ՆՈՐԱ ԱՆՆԱՅԻ Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմի հայրապետ Կիւրեղ եղած է քրիստոնէական եկեղեցւոյ նշանաւոր հայրերէն մէկը, բայց իր մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Ան ծնած է 315 թուականին եւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ պատրիարք ընտրուած 349 թուականին: Իր գահակալութեան ընթացքին, բազմիցս կ’աքսորուի արիոսական աղանդաւորներուն կողմէ, որոնք այն ժամանակ լեցուած էին Երուսաղէմին մէջ, բայց ի վերջոյ 378 թուականին վերջնականապէս կը վերահաստատուի իր աթոռին վրայ եւ 381 թուականին կը մասնակցի Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարուած եկեղեցւոյ Տիեզերական երկրորդ ժողովին: Ապա 386 թուականին բնական մահով կը վախճանի: Իր գործերէն նշանաւոր է ՙԿոչումն Ընծայութեան՚ գիրքը, որ հինգերորդ դարուն հայերէնի ալ թարգմանուած է: Այս աշխատութեամբ, Ս. Կիւրեղ մկրտութեան կը նախապատրաստէ չափահաս երախաները:
Ս. Կիւրեղ եպիսկոպոս եւ անոր մայրը՝ Ս. Աննա Բուն անունով Յուդա եւ ազգով հրեայ էր Կիւրեղ, որ Հեղինէ թագուհիին Երուսաղէմ այցելութեան ժամանակ, կ’առաջնորդէ եւ օգտակար կը դառնայ թագուհիին, գտնելու համար Քրիստոսի խաչափայտը: Ս. Խաչափայտը գտնուելէն ետք, Յուդա, իր մօրը՝ Աննայի հետ քրիստոնեայ կը մկրտուի, եւ նոյնիսկ կը բարձրանայ եպիսկոպոսութեան աստիճանին: Սակայն երբ Յուլիանոս Ուրացող Երուսաղէմ կու գայ, զանազան չարչարանքներու կ’ենթարկէ Կիւրեղ եպիսկոպոսը եւ ցիցի վրայ բարձրացնելով կը սպաննէ զինք: Ապա իր մայրը՝ Աննան մազերէն կախելով, մինչեւ ոսկորները քերթել կու տայ անոր մարմինը: Այսպիսով մայր եւ որդի կ’արժանանան արքայութեան, յաւիտեանս ապրելու համար Խաչեալին հետ:
15-20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՅՆ ԹԷՈԴՈՐՈՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ Ամասիացի քաջ եւ առաքինի երիտասարդ մը եղած է Թէոդորոս, որ գրաւելով շրջանին զօրապետին ուշադրութիւնը, կը զինուորագրուի բանակին մէջ: Ան եղած է քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակ եւ կանուխ տարիքէն կորսնցուցած է իր հայրն ու մայրը: Հակառակ զօրավար կոչումին, ան նախընտրած է երկնաւոր թագաւորին պարզ զինուոր մնալ, քան երկրաւոր թագաւորին զօրավարը: Նշանաւոր եղած է որպէս վիշապասպան: Օր մը ճամբորդութեան ընթացքին գետեզերքի մը ծառին տակ հանգչած ժամանակ, գետէն հսկայ վիշապ օձ մը ելլելով կը յարձակի իր վրայ: Ան անմիջապէս սուրը հանելով երկուքի կը բաժնէ վիշապը: 304 թուականին Դիոկղետիանոսի հալածանքի հրովարտակէն ետք, փաստելու համար թէ կուռքերը պարզապէս քարէ կամ մարմարէ շինուած անշունչ նիւթեր են, կրակ կու տայ քաղաքի մեհեանի կուռքերուն եւ կը փոշիացնէ զանոնք: Ատեան կանչուելով քաջութեամբ կը խոստովանի եւ կը յայտնէ իր նպատակը եւ խարոյկի մահուան կը դատապարուի: Ան, բանտին մէջ շղթայակապ եւ խարոյկին վրայ կապուած, անդադար սաղմոս կ’երգէր, օրհնաբանելով զԱստուած, մինչեւ իր նահատակութեան վերջին վայրկեանը, երբ երկինք բարձրացաւ որպէս քաջ զինուոր, միանալու Աստուծոյ բանակին՝ 306 թուականին:
8-13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՑՆ ՄԱՐԿՈՍԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ, ՊԻՈՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ, ԿԻՒՐՂԻ ԵՒ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑՆԷ ԵՒ ՎԿԱՅԻՑՆ ԱԲԴԼՄՍԵՀԻ, ՈՐՄԶԴԱՆԱՅ ԵՒ ՍԱՅԷՆԻ Ս. Մարկոսի եպիսկոպոս Մարկոս եղած է Սուրիոյ Արիթուս քաղաքի եպիսկոպոսը: Ապրած Դ. դարուն: Անոր ունեցած գրչի եւ խօսքի կարողութիւններէն հմայուած, արիոսականներ ուզեցին օգտուիլ իրմէ, եւ զինք իրենց վարդապետութեան ջատագովը դարձնել: Ուստի փորձեցին սիրաշահիլ զինք եւ հրաւիրել զանազան ժողովներու: Ան մասնակցեցաւ արիոսական զանազան ժողովներու, նկատուելով կիսարիոսական եւ եղաւ հեղինակը ՙՈրդին յամենայնի նման է Հօրը՚ բանաձեւին: Սակայն Սելեւկիոյ ժողովէն ետք, ամբողջութեամբ վերադարձաւ ուղղափառութեան: Յուլիանոս Ուրացող կայսեր օրերուն հալածուեցաւ հեթանոսներէ եւ մանաւանդ կործանած ըլլալով հեթանոսական մեհեան մը, ենթարկուեցաւ ծանր չարչարանքներու եւ ի վերջոյ աքսորուեցաւ հեռաւոր կղզի մը, ուր իր կեանքին մնացած օրերը անցուց, հեթանոսները քրիստոնեայ դարձնելով, ուր եւ կնքեց իր մահկանացուն:
Ս. Պիոն քահանայ Պիոն եղած է Զմիւռնիոյ քահանան եւ իր կեանքը ապրած քաջութեամբ եւ հեթանոսներու դէմ պայքարելով ու քրիստոսնեաներուն հաւատքը ամրապնդելով հալածանքներուն դէմ: Ան նոյնիսկ երբ կանչուեցաւ հեթանոսական ատեան, քաջաբար քարոզեց քրիստոնէական կրօնը եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք, ողջ-ողջ այրուեցաւ:
Ս. Կիւրեղ սարկաւագ Ս. Կիւրեղ սարկաւագ ապրած է Փիւնիկէի (Լիբանանի) Հելիուպոլիս քաղաքին մէջ եւ Կոստանդիանոս կայսեր օրով կործանած է բազմաթիւ հեթանոսական մեհեաններ: Յուլիանոս Ուրացող կայսեր օրով կ’ամբաստանուի եւ կը յանձնուի քուրմերու, որոնք յօշոտելով զինք, հանեցին անոր լեարդը եւ կերան զայն: Աստուած պատժեց քուրմերը եւ մեռցուց զանոնք:
Ս. Բենիամին սարկաւագ Ս. Բենիամին սարկաւագ ապրած է Պարսից Յազկերտ Ա.ի հալածանքներու ժամանակաշրջանին: Ան եղած է քրիստոնէութեան մեծ քարոզիչ եւ շատերու դարձին պատճառ հանդիսացած է: Յազկերտ կը բանտարկէ զինք եւ չարչարանքներու կ’ենթարկէ: Յոյներու Թէոդոս Բ. կայսեր միջնորդութեամբ, երկու տարի բանտարկութենէ ետք, ազատ կ’արձակուի: Սակայն շարունակելով իր քարոզութիւնը, այս անգամ Յազկերտի հրամանով զանազան տանջանքներէ ետք, 418 թուականին հոգին կ’աւանդէ ու կ’արժանանայ փառքի պսակին:
Ս. Աբդլմսեհ վկայ Բուն անունով Ասեր, տասնմէկ տարեկան, ծագումով հրեայ, հովիւ տղայ մըն էր Ս. Աբդլմսեհ եւ Պարսկաստանի մէջ ապրող բազմանդամ ընտանիքի մը զաւակը: Օր մը, երբ իր հօրը ոչխարները կ’արածէր, ծանօթացաւ քրիստոնեայ պատանիներու հետ որոնք նոյնպէս կ’արածէին իրենց ոչխարները: Պատանի քրիստոնեաները խօսեցան անոր Քրիստոսի մասին եւ հրեայ Ասերի խնդրանքով զինք քրիստոնեայ մկրտեցին, վերանուանելով Աբդլմսեհ, որ կը նշանակէ Քրիստոսի ծառայ, եւ անոր ականջին վրայ անցուցին գինդ մը, զոր խորհրդանիշ էր ծառայութեան: Փոքրիկն Աբդլմսեհ նախ ծածուկ պահեց տան մէջ իր քրիստոնէութիւնը եւ ապա իր մօրը յայտնեց զայն: Մայրը ինք եւս ընդունեց զՔրիստոս, մանաւանդ երբ պատանի Աբդլմսեհ պատմեց իրեն այն երազը, ուր Քրիստոս երեւցած էր իրեն եւ ձեռքէն բռնելով հանած էր զինք մութ գուբէն եւ միացուցած հրեշտականման պատանիներու խումբին: Առիթով մը, հայրը տեսաւ գինդը իր ականջին վրայ, հասկցաւ որ ան քրիստոնեայ դարձած է, անգթօրէն ծեծելէ ետք, դաշոյնը քաշելով սպաննեց զաւակը, այն ջրհորին քով, ուր քրիստոսեայ մկրտուած էր: Այսպիսով պատանի քրիստոնեան բաժնուեցաւ իր երկրի ընկերներէն, ու միացաւ երկինքի հրեշտականման պատանիներուն: Մայրը այս տեսնելով նոյն ջրհորին մէջ քրիստոնեայ մկրտուեցաւ: Քրիստոնեայ պատանիները, ողբացին իրենց ընկերոջ մահը եւ միւս կողմէ ուրախացան անոր սրբութեան համար:
Ս. Որմզդան վկայ Ս. Որմզդան, Յազկերտ թագաւորին պալատին մէջ նախարար մըն էր: Սակայն իր քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառով, թագաւորը զինք կարգեց ուղտերու երամակ արածող: Ժամանակ մը ետք, թագաւորը անոր ղրկեց նախարարական շապիկներ, որպէսզի յիշեցնէ իր նախկին փառքը, զղջայ եւ վերադառնայ պալատ: Բայց Որմզդան պատռեց այդ շապիկները եւ անարգեց թագաւորին հրաւէրը: Այսպիսով Յազկերտի հրամանով անմիջապէս գլխատուեցաւ եւ միացաւ մարտիրոսներու շարքին:
Ս. Սային վկայ Ազգութեամբ պարսիկ եւ կրօնքով քրիստոնեայ, բարձրաստիճան պաշտօնեայ մըն էր Սային, որ մերժելով վերադառնալ կրակապաշտութեան, Պարսից Յալկերտի թագաւորին կողմէ ենթարկուեցաւ նեղութիւններու: Ան ունէր հազար ծառաներ եւ բազմաթիւ ստացուածքներ: Թագաւորը պատժելով զինք, իր ունեցած ծառաներուն ամենայետինը տէր կարգեց անոր վրայ, իսկ կինը տուաւ անոր ծառային կնութեան: Սային վկայ խոնարհութեամբ ընդունեց այս անարգանքը, յիշելով որ Յիսուս Ինքն ալ ծառաներուն կողմէ ապտակուեցաւ: Ի վերջոյ, Ս. Սային վկայ, գլխատմամբ իր հոգին աւանդեց, արժանանալու Երկինք թագաւորութեան փառքին:
ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑՆ Վարդանանց ճակատամարտին հոգիի սնունդ ջամբող եւ հրահրիչ քաջալերողներն են իննը եկեղեցականներ եւ սարկաւանգներ, որոնք կը յիշատակուին Ղեւոնդ Երէցի անունով: Նախ անոնցմէ երեքը նահատակուեցան եւ ապա մնացեալ վեցը Ռեւան կոչուած գիւղի մօտ անապատային եւ քարքարոտ վայրին մէջ մարտիրոսացան:
Ս. Յովսէս Կաթողիկոս Յովսէս կաթողիկոս եղած է Ս. Մեսրոպի հաւատարիմ աշակերտներէն եւ նոյնիսկ անոր տեղակալը: Ան 440ին կաթողիկոս եղաւ, վարելու համար կրօնական եւ եկեղեցական գործերը եւ 444ին պետութեան եւ ազգին կողմէ ճանչցուեցաւ: 444ին գումարեց Շահպիվանի ժողովը, որ ազգային- եկեղեցական առաջին ժողովն էր: Ան տասը տարի խաղաղ գահակալելէ ետք, զոհ գնաց հալածանքներու եւ նահատակուեցաւ:
Ս. Սահակ Եպս. Ռշտունեաց Սահակ եպիսկոպոս կը կարծուի եղած ըլլալ Ռշտուեաց ազնուական տունէն: Ան հմուտ էր պարսկերէնին եւ այդ իսկ պատճառով, ատեանին մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան ընթացքին, թարգմանի դեր կը կատարէր իր ընկերներուն համար:
Ս. Թաթիկ Եպս. Բասէնի Ս. Թաթիկ Եպիսկոպոս, եղած է Ս. Մեսրոպի աշակերտներէն եւ անոր մահուան ժամանակ մօտը գտնուած է: Ան բուռն հակառակորդ եղած է պարսիկներուն եւ մասնակցելով Արտաշատի ժողովին, ժխտական պատասխան նամակին գրութեան ժամանակ մեծապէս նպաստած է նախարարներուն: Ան նոյնիսկ իր շրջանին՝ Բասէնի մէջ, կործածած է ատրուշան մը, եւ որպէս նշանաւոր հակառակորդ պարսիկներուն, առանց դատավարութեան, աքսորուած է Խուժաստանի հեռաւոր մէկ անկիւնը եւ այնտեղ նահատակուած:
Ս. Ղեւոնդ Երէց Ս. Ղեւոնդ քահանայ Ս. Սահակ կաթողիկոսին գլխաւոր աշակերտը եղած է: Ան եղած է թէ՜ Ս. Սահակ եւ թէ Ս. Յովհաննէս կաթողիկոսներուն անբաժան գործակիցը եւ շնորհիւ իր բարձր կրթութեան ու համարձակութեան, Աւարայրի դաշտին մէջ եւ Յազկերտի ատեանին առջեւ եղած է հեղինակաւոր խօսնակ եւ քրիստոնէական հաւատքի պաշտպան: Այս իսկ պատճառով իր անունով կը յիշուին Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, Յազկերտի կողմէ նահատակուած իննը հոգեւորականները, իբրեւ Ս. Ղեւոնդեան քահանայք: Ս. Ղեւոնդ մինչեւ իր կեանքի վերջը եղած է ներշնչողը եւ խորհրդատուն միւս հոգեւորականներուն, որոնք նահատակութեամբ իրենց վրայ առին Քրիստոսի իսկական քահանայութեան փառաւոր զգեստը, սպասարկելու համար Քրիստոսի Արքայութեան սեղանին առջեւ:
Ս. Մուշէ Քահանայ Աղբակեցի Ս. Մուշէ եղած է Արծրունի տոհմի քահանան: Որպէս դրան երէցը Ներշապուհ Արծրունեաց նախարարին, մեծ դեր ունեցած է կրակապաշտութեան դէմ պայքարին մէջ: Նահատակուած է վեց հոգեւորականներուն հետ եւ միացած սուրբերու դասին:
Ս. Արշէն Երէց Բագրեւանդի Եղէգիկ գիւղէն, անուս եւ անգրագէտ քահանայ մըն էր Ս. Արշէն, որ ապրած էր համեստ գիւղացիներու հետ: Սակայն իր ունեցած հզօր հաւատքին պատճառով յարգուած եւ սիրուած հովիւն էր իր հօտին:
Ս. Սամուէլ քահանայ եւ Ս. Աբրահամ սարկաւագ Երկու քաջ անձնաւորութիւններ, որոնք եղան առաջին նահատակները Ղեւոնդեան սուրբերուն: Անոնք Արարատի Արած գիւղէն էին, մեծապէս պայքարած կրակապաշտութեան դէմ եւ քարոզած քրիստոնէութիւնը: Անոնք 453 թուականին կալանաւոր հոգեւորականներուն հետ կը գտնուէին Յազկերտի Նիւշապուհ բերդին մէջ: Երբ Յազկերտ նոյն տարին, պատերազմէ մը պարտուած վերադարձաւ, մոգերը դրդեցին զինք ըսելով թէ պարտութեան պատճառը քրիստոնեայ հոգեւորականներուն անպատիժ մնալն էր, ուստի պէտք էր սպաննել զանոնք: Յազկերտ համոզուած, մէկ առ մէկ սպաննել տուաւ զանոնք: Այսպիսով քաջ հոգեւորականները իրենց արեան գնով պաշտպանեցին քրիստոնէութիւնը եւ օրինակ հանդիսացան իրենց յաջորդներուն եւ արժանացան փառաց պսակին:
Ս. Քաջաջ սարկաւագ Ռշտունի Քաջաջ եղած է Ս. Սահակ եպիսկոպոսի սարկաւագը եւ անոր հետ դատապարտուած եւ նահատակուած է, ինչ որ ցոյց կու տայ, այդ խոնարհ աստիճանին մէջ իր ունեցած կարողութիւնները եւ հաւատքը:
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ՀԱԶԱՐ ԵՐԵՍՈՒՆ ԵՒ ՎԵՑ ՎԿԱՅԻՑՆ, ՈՐՔ ԿԱՏԱՐԵՑԱՆ Ի ՄԵԾԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ Հայոց ազգային եւ եկեղեցկան կեանքին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Աւարայրի դաշտին մէջ ՙՎասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց՚ նահատակուած սուրբերուն յիշատակութիւնը: 451 թուականին տեղ ունեցած այս պատերազմը եկաւ ճակատագրական վճիռ մը տալու հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ քրիստոնէական կեանքին: Յազկերտ պարսիկ թագաւորին կրակապաշտութիւնը ընդունելու հրաւէր նամակին որպէս պատասխան, հայ նախարարները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին կեանքի գնով պաշտպանել իրենց քրիստոնէական հաւատքը, մերժելով ընդունիլ կրակապաշտութիւնը: Այս նախարարներուն գլուխը անցաւ Մամիկոնեան հաւատացեալ եւ քաջ տոհմէն Վարդան Մամիկոնեան Սպարապետ, որ իր խանդավառութեամբ քաջալերեց հայ նախարարներն ու զինուորները, յայտարարելով թէ Քրիստոնէութիւն մեզի համար շապիկ մը չէ, զոր դիւրութեամբ մեր վրայէն հանենք, այլ ան մորթի գոյն է եւ եթէ մէկը ուզէ զայն մեր վրայէն հանել, պէտք է մեզ մորթազերծ ընէ: Այս ոգիով հայ քաջերը ճակատամարտ նետուեցան պարսից անհամար զօրքին դէմ եւ իրենց արեան գնով պաշտպանեցին իրենց հաւատքն ու անկախութիւնը: Այս ճակատամարտին նահատակուեցաւ Վարդան Մամիկոնեան ինչպէս նաեւ հազար երեսունվեց քաջ զինուորներ: Թէեւ հայերը պարտուեցան այս պատերազմին, բայց բարոյապէս յաղթեցին՝ իրենց հաւատքը պաշտպանելով եւ հայրենիքի անկախութիւնը պահելով:
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ Ս. ժՈՂՈՎՈՅՆ ՀԱՐԻՒՐ ԵՒ ՅԻՍՈՒՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՑՆ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ծագած դաւանաբանական խնդիրները լուծելու նպատակով Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գումարուած Տիեզերական երկրորդ ժողովին մասնակցած հարիւրյիսուն ուղղափառ Ս. հայրապետներուն յիշատակը կը տօնուի Մեծ Բարեկենդանի նախորդող Շաբաթ օրը: Այս ժողովը գումարուած է Մեծն Թէոդոս կայսրին հրաւէրով՝ 381 թուականին, քննելու համար Մակեդոն անունով աղանդաւորին ուսուցած վարդապետութիւնը, ըստ որուն Ս. Հոգիին Հօր եւ Որդի Աստուծոյ հետ հաւասար եւ համագոյակից ըլլալը կը մերժէ : Ժողովը նզովեց Մակեդոնը եւ անոր ուսուցումը, տալով յստակ եզր մը Ս. Հոգիին աստուածութեան, յայտարարելով Ս. Հոգին հաւասարապատիւ եւ փառակից ու համագոյակից է Հօր եւ Որդիին: Այս ժողովը եկաւ ամբողջացելու Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովին որոշումները եւ իր վերջնական վիճակին հասցուց ՙՆիկիոյ Հանգանակ՚ անունով ճաչցուած հաւատոյ դաւանութիւնը:
1-6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ՍՐԲՈՑ ԱՏՈՎՄԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑՆ Հինգերորդ դարուն երբ քրիստոնէութիւնը կ’աճէր Պարսկաստանի մէջ, պարսիկներու հակաքրիստոնեայ Յազկերտ թագաւորը, հալածանք մը սկսաւ քրիստոնեաներուն դէմ, կրակապաշտութիւն պարտադրելով անոնց: Այն ժամանակ Յազկերտի բանակին մէջ կը գտնուէին երկու զօրավարներ՝ Ատովմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի, որոնք համարձակ կը քարոզէին քրիստոնէութիւնը: Յազկերտ լսելով անոնց մասին, ուզեց զիրենք իր քով կանչել ու պատուել եւ կրակապաշտութիւնը առաջարկել: Սակայն Աստուծոյ հովանաւորութիւն վայելող զօրավարները անմիջապէս հասկցան թագաւորին չար միտքը, փոխանակ արքունիք գալու, անմիջապէս ուղղուեցան դէպի Հայաստան եւ հասան Անձեւացեաց գաւառը: Այնտեղ ճգնաւորի մը տեսիլքով իմացան որ իրենց նահատակութեան ժամը հասած է, ուստի սկսան ջերմ աղօթքներով հոգեպէս աւելի զօրանալ եւ պատրաստուիլ նահատակութեան: Յազկերտ լսելով զօրավարներուն փախուստը, անմիջապէս զօրք ղրկեց անոնց ետեւէն, որպէսզի նախ հրաւիրէ զանոնք կրակապաշտութեան, իսկ չհնազանդելու պարագային՝ սուրէ անցնէ զանոնք: Պարսիկ զօրքը լրտեսներու միջոցաւ հասաւ սուրբերուն ապաստանը: Ս. Ատովմ զօրավար նախ դիմադրեց թշնամիին եւ ապա տեսիլքով մը զօրացած, զինաթափ եղաւ եւ կամաւորաբար ընդունեց մարտիրոսութեան պսակը իր որդիին՝ Վարոսին եւ հաւատարիմ զօրագունդին հետ միասին: Իսկ Ս. Մանաճիհր Ռշտունի հասնելէ ետք Ռշտունեաց գաւառը, նոյն ձեւով ընդունեց նահատակութեան լուսեղէն պսակը:
ՍՐԲՈՑ ՍՈՒՔԻԱՍԱՆՑ ՎԿԱՅԻՑՆ Ըստ աւանդութեան, Հայոց Արտաշէս թագաւորի եւ Ալաններու Սաթենիկ թագուհիի հարսանիքին առիթով, Հայաստան եկած էին խումբ մը Ալան պալատականներ, որոնք ազգական էին թագուհիին եւ պալատին մէջ կ’ապրէին: Ոսկեանց վկաներ կը յաջողին պալատին մէջ վկայել Քրիստոսի մասին: Ալան պալատականները կը լսեցեն Աւետարանին բարի լուրը, ընդառաջելով սուրբերու կոչին, մկրտուեցան եւ քրիստոնեայ դարձան: Իւրաքանչիւրը վերածնելով, քրիստոնէական նոր անուն մը ստացաւ: Անոնց պետը՝ Բահադրաս մկրտութեամբ ստացաւ Սուքիաս անունը, իսկ խումբը իր անունով կոչուեցաւ Սուքիասանց վկաներ: Անոնք հետեւելով Ոսկեան վկաներու, միասնաբար նուիրուեցան ճգնութեան: 44 տարիներ ապրեցան անտառի մէջ, միմիայն խոտ ուտելով: Անոնց մարմինը մազով ծածկուեցաւ եւ մորթը դարձաւ քարի վրայ բուսնող մամուռի պէս: Առիթով մը երբ խումբ մը Ալան պատգամաւորներ առաքելութեամբ Հայաստան եկան, եւ լսած ըլլալով Սուքիասանց Ալան ճգնաւորներուն մասին, ուզեցին հանդիպիլ անոնց եւ համոզել որպէսզի վերադառնան պալատ ու իրենց նախկին փառքին: ճգնաւորները մերժեցին հնազանդիլ իրենց ազգակիցներուն եւ յանձն առին նահատակուիլ: Բազմաթիւ տանջանքներէ ետք, ի վերջոյ Ալան զօրավարը սպաննել տուաւ ճգնաւորները եւ նետեց անոնց մարմինները վիհերու մէջ եւ քարերով ծածեց զանոնք, շուրջ 130 թուականին: 17 հաշուող սուրբերուն մէջէն ազատուեցան երկու երիտասարդ ճգնաւորներ, որոնք պահուըտած էին տանջանքներէն վախնալով: Սուրբերուն նահատակութենէն ետք ան | ||||||||||||