|
28-29 Դեկտեմբեր 2009 ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑՆ՝ ՊԵՏՐՈՍԻ ԵՒ ՊՕՂՈՍԻ
Պետրոս Առաքեալ
Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ եղաւ ամէնէն խիզախ եւ համարձակ աշակերտը, որ քաջութեամբ առաջին անգամ ըլլալով դաւանեցաւ զՔրիստոս, որպէս ՙԿենդանի Աստուծոյ Որդին՚ (Մտ 16.16) եւ որու պատճառով կոչուեցաւ ՙԿեփաս՚, որ ժայռ կը նշանակէ, եւ խորհրդանիշն է քրիստոնեայի ամուր հաւատքին, որու վրայ Քրիստոս իր եկեղեցին պիտի կառուցէ (Մտ 16.18):
Պետրոս առաքեալ, որ նախքան առաքելութեան կանչուիլը կը կոչուէր Սիմոն, Գալիլիացի ձկնորս մըն էր եւ ամուսնացած, սակայն կ’ապրէր Կափառնայում քաղաքին մէջ:
Յիսուս երբ Գալիլիոյ լիճին եզերքէն կ’անցնէր, այնտեղ տեսնելով Պետրոսը եւ իր եղբայրը, որոնք ձկնորսութիւն կ’ընէին, կը կանչէ իր մօտ, զանոնք ՙմարդու որսորդ՚ դարձնելու համար: Պետրոս, իր եղբօրը հետ կը հետեւի Քրիստոսի եւ Անոր առաքելութեան երեք տարիներուն, զգալի ներկայութիւն կը դառնայ աշակերտներուն մէջ:
Աշակերտներուն մէջէն սակայն միակը կ’ըլլայ Պետրոս որ կ’ուրանայ զՔրիստոս եւ որու փոխարէն, Քրիստոսի հարցուցած հարցումին, թէ ՙԿը սիրես զիս՚, երեք անգամ կը պատասխանէ եւ կը վերահաստատէ իր առաքեալի կոչումը:
Պետրոս նաեւ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ Գործք Առաքելոց գրքին սկիզբը, որպէս գլխաւորը Եկեղեցւոյ: Ան ունի նաեւ ընդհանրական երկու նամակներ, ուր կը քաջալերէ քրիստոնեաները որպէսզի Քրիստոսի նման տոկան հալածանքներուն եւ կառչած մնան Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:
Աւանդութեան համաձայն Պետրոս կը նահատակուի Հռոմի մէջ, գլխիվայր խաչուելով եւ անոր գերեզմանին վրայ կը կառուցուի իր անունով հոյակապ եկեղեցի մը:
Պօղոս Առաքեալ
Քրիստոսի յարութենէն ու համբարձումէն ետք ընտրուած առաքեալը՝ Պօղոս առաքեալ եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: Ան իր հրէական ծագումով, ստացած յունական կրթութեամբ եւ հռոմէական հպատակութեամբ, կը դառնայ ընտիր անօթ լաւագոյնս տարածելու քրիստոնէութիւնը այն ժամանակուան մշակոյթին համապատասխան մօտեցումով, եւ իր հռոմէական հպատակութենէն օգտուելով:
Պօղոս առաքեալ, որ նախապէս կը կոչուէր Սօղոս, ծնած է Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ, բայց սնած Երուսաղէմի մէջ, Գամաղիէլի ձեռքին տակ, հրէական ճշմարիտ Օրէնքով (Գրծ 22.3): Ան եղած է փարիսեցի եւ թունդ ազգայնական:
Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ առաջին շրջանին, Պօղոսի մեծագոյն մտահոգութիւնը կ’ըլլայ հալածել քրիստոնեաները եւ բանտարկելով, հրէութեան վերադարձնել զանոնք: Ան Երուսաղէմի մէջ բոլորէն ճանչցուելով իբրեւ հակառակորդ նոր կրօնքին, կը խնդրէ քահանայապետէն որպէսզի Դամասկոս երթայ ու այնտեղ եւս հալածէ քրիստոնեաները եւ բանտ նետէ զանոնք: Սակայն Դամասկոսի ճանբուն վրայ Քրիստոս կը յայտնուի իրեն եւ դարձի կը բերէ, զինք ընտրելով իբրեւ մեծագոյն քարոզիչը Քրիստոնէութեան:
Այսպիսով Պօղոս, այս անգամ Մեծագոյն եւ Ճշմարիտ Քահանայապետէն առաքուելով, կը կազմակերպէ ճամբորդութիւններ, որոնք կ’ըլլան իր առաքելութեան ամէնէն գործօն ժամանակները եւ առիթները: Ան կը հիմնէ եկեղեցիներ եւ իր ճամբորդութիւններէն ետք նամակներ ղրկելով անոնց, կը քաջալերէ զիրենք մնալու այն հաւատքին մէջ, որ ինք քարոզած է իրենց: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր Կտակարանին մէջ, թիւով 14 հատ են:
Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, ուր հեղինակը ներկայացնելով Պօղոս վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, կը փակէ գիրքը:
Աւանդութեան համաձայն, Պօղոս կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ այնտեղ սուրով կը նահատակուի:
ՍՐԲՈՑ ՈՐԴՒՈՑՆ ՈՐՈՏՄԱՆ՝ ՅԱԿՈԲԱՅ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԻՆ
Յակոբոս Առաքեալ
Զեբեդիոսի եւ Սողոմէի որդին՝ Յակոբոս, իր եղբօրը Յովհաննէսի եւ Պետրոսի հետ կը կազմէին այն սեղմ շրջանակը, որու աւելիով կը վստահէր Քրիստոս:
Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց ըմբոստ նկարագրին համար Քրիստոսի կողմէ կոչուեցան ՙՈրդիք Որոտման՚:
Յակոբոս առաքեալի նահատակութեան կ’անդրադառնայ միայն Գործք Առաքելոց գիրքը, երբ կը պատմէ թէ Հերովդէս ձերբակալելով կը գլխատէ զայն շուրջ 99 թուականին Երուսաղէմի մէջ:
Յակոբոս կը հանդիսանայ առաջին նահատակը առաքեալներու խումբին: Աւանդութիւնը կ’ըսէ թէ իր մարմինը կը նետուի Եաֆայի ծովը եւ ալիքները զայն կը հանեն Սպանիոյ ծովեզերքը, ուր մեծ ժողովրդականութիւն կ’ունենայ: Իսկ անոր գլուխը կը տարուի Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալին, որ կը թաղէ զայն իր պարտէզին մէջ, որու վրայ ապագային կը կառուցուի Երուսաղէմի հայոց Ս. Յակոբեանց հիանալի եկեղեցին:
Յովհաննէս Առաքեալ
Առաքեալներու դասին մէջ ամէնէն կրտսեր եւ ամէնէն երկար ապրող առաքեալն է Յովհաննէս, որ նաեւ ճանչցուած է ՙՍիրելի Աշակերտ՚ անունով:
Յովհաննէս եւ իր եղբայրը՝ Յակոբոս, Քրիստոսի կողմէ կը կանչուին երբ ձկնորսութեամբ կը զբաղէին: Ան Քրիստոսի երեքամեայ առաքելութեան ընթացքին ամենասիրելի անձը կ’ըլլայ Տիրոջ, եւ նոյնիսկ երբ մատնութեան ժամանակ միւս աշակերտները վախնալով կը լքեն զՔրիստոս եւ կը փախչին, Յովհաննէս կը հետեւի Անոր հասնելով մինչեւ Գողգոթա, ուր իր սիրոյն առ ի գնահատանք, Յիսուս Մարիամ Աստուածածին կոյսը կը յանձնէ Յովհաննէսի խնամքին եւ այդպիսով կ’աւանդէ Իր հոգին:
Յովհաննէս առաքեալ նաեւ ծանօթ է իր անունը կրող սքանչելի աւետարանով՝ ՙԱւետարան Ըստ Յովհաննու՚: Ան իր առաքելութիւնը կը շարունակէ Եփեսոսի մէջ եւ ապա աքսորեալ կը տարուի Պաթմոս կղզի, ուր կ’ունենայ իր յայտնութիւնները, որոնք ամփոփուած են ՙՅայտնութիւն Յովհաննու՚ գրքին մէջ: Ունի նաեւ երկու ընդհանրական նամակներ, ուր կը խօսի կեղծ վարդապետութիւններէն զգուշանալու մասին եւ կը թելադրէ կեանքը ապրիլ ճշմարտութեամբ ու սիրով:
Յովհաննէս առաքեալ բնական մահով կը մեռնի 95 տարեկանին, շուրջ 100 թուականին Քրիստոսի:
21-26 Դեկտեմբեր 2009
ՍՐԲՈՑՆ՝ ԱԲՐԱՀԱՄՈՒ ԵՒ ԽՈՐԵՆԱՅ ԵՒ ԱՆԱՐԾԱԹ ԲԺՇԿԱՑՆ՝ ԿՈԶՄԱՅԻ ԵՒ ԴԱՄԻԱՆՈՍԻ
Աբրահամ եւ Խորէն քահանաներ Աբրահամ եւ Խորէն վկաները եղած են Ղեւոնդեանց հոգեւորականներուն խումբին մէջ երկու քահանաներ, որոնք եւս կը բռնադատուին ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ դառնալ կրակապաշտ: Անոնք կը մերժեն ենթարկուիլ հրահանգին կառչած մնալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին: Կը դատեն զիրենք եւ սակայն ոչ մէկ ամբաստանութիւն գտնելով անոնց վրայ, պարզապէս ականջնին կը կտրեն եւ արքունիքի ախոռներուն մէջ որպէս ծառայ կ’աշխատցնեն: Շրջակայքի մէջ ապրող քրիստոնեաները իմանալով անոնց աշխատանքի վայրը, մեծ յարգանք կ’ընծայեն անոնց, որպէս կենդանի նահատակներ, եւ բազմաթիւ նուէրներ կը բերեն երկու քահանաներուն: Աբրահամ քահանան առնելով նուէրները երկար ճամբայ կտրելով կը տանէր զանոնք Յազկերտ պարսից թագաւորին կողմէ նենգութեամբ բանտարկուած հայ նախարարներուն: Ի վերջոյ ժամանակ մը ետք ներման կ’արժանանայ եւ ի պատիւ իր կենդանի նահատակութեան, իրեն կը շնորհուի Բզնունեաց գաւառի եպիսկոպոսական աթոռը, ուր նաեւ խաղաղ մահուամբ կը վախճանի: Իսկ Խորէն քահանան կը նահատակուի, իր տաժանակիր աշխատանքին չդիմանալով:
Կոզմաս եւ Դամիանոս անարծաթ բժիշկներ 3-րդ դարուն ապրած Արաբ քրիստոնեայ ընտանիքի մը հաւատացեալ զաւակները եղած են Կոզմաս եւ Դամիանոս վկաները: Երկու եղբայրներ միասնաբար կ’ուսանին բժշկութիւն եւ իրենց խոր հաւատքին պատճառով Աստուած կը պարգեւատրէ զիրենք հրաշքով բժշկելու կարողութիւնը տալով: Անոնք հետեւելով Աստուածաշունչի պատուէրներուն եւ խրատուելով իրենց ազնիւ մօրմէն, որ միշտ կը շեշտէր ՙՁրի առիք, ձրի տուէք՚ Աւետարանի խօսքը, կը շրջէին քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ եւ ձրիաբար կը բժշկէին բազմաթիւ հիւանդներ եւ անդամալոյծներ, ու Աստուծոյ փառքը կը գովերգէին իրենց կատարած բժշկութիւններուն ճամբով, ՙԱնարծաթ բժիշկներ՚ կոչուելու պատիւին արժանանալով ժողովուրդէն: Սակայն Դիոկղետիանոսի հալածանքներու շրջանին, 285 թուականին, միասնաբար կը ձերբակալուին եւ կը գլխատուին, արժանանալով Երկինքի Արքայութեան ու փառաց պսակին:
ՍՐԲՈՅՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՐՈՅ ՎԿԱՅԻՆ Աստուածատուր վկայ եղած է Դուին հաստատուած պարսիկ մոգապետի մը զաւակը՝ Մախոժ անունով: Ան ներկայ կ’ըլլայ Գրիգորիս Ռաժիկ կրօնաւորին նահատակութեան եւ մեծապէս կը տպաւորուի անոր խոր հաւատքէն որ կը ցուցաբերէր սուրբը իր կրած չարչարանքներուն ընթացքին: Ռաժիկի այս քաջութիւն պատճառ կ’ըլլայ որ Մախոժի հոգիին մէջ քրիստոնէութեան սերմերը ցանուին: Աւելին, երբ օր մը մոգեր միատեղ հաւաքուած պաշտամունք կը կատարէին ապարանքի մը մէջ, յանկարծ ապարանքը կրակ կ’առնէ եւ կը սկսի այրիլ: Մոգերու ջանքը ի զուր կ’անցնի մարելու հրդեհը, մինչեւ որ հայ քրիստոնեայ հոգեւորականեր, Քրիստոսի խաչափայտին մասունքը ձեռքերնին, հրաշքով մը մարեն զայն: Այս դէպքը աւելով կ’ամրապնդէ Մախոժի հաւատքը, եւ ան ամբողջական հոգիով կը հետեւի քրիստոնէութեան: Այս լսելով անոր հայրը, իր քով կը կանչէ զինք եւ կը փորձէ համոզել ուրանալու քրիստոնէութիւնը եւ վերադառնալու կրակապաշտութեան: Մոգպետին ջանքերը ի զուր կ’ըլլան: Ան անգթօրէն չարչարելէ ետք իր զաւակը, բանտ կը նետէ զայն: Բանտին մէջ Մախոժ կը հանդիպի Ներսէս եւ Սահակ կրօնաւորներուն, որոնք իրեն կ’ուսուցանեն քրիստոնէութիւնը եւ զինք քրիստոնեայ կը մկրտեն, Աստուածատուր վերակոչելով: Աստուածատուր այսքանով չի բաւարարուի, այլ նոյնիսկ կրօնաւոր կը դառնայ եւ իր հաւատքը կը տարածէ իր շրջապատին մէջ: Տարիներ ետք երբ Դուինի մարզպանը կը փոխուի, նորեկ մարզպանը վերաքննութեան կ’ենթարկէ բանտարկեալներուն դատ: Ուստի, նախ ազատ կ’արձակէ Սահակ եւ Ներսէս կրօնաւորները, որոնք սկիզբէն քրիստոնեայ կրօնաւորներ էին եւ կը ստիպէ Աստուածատուր կրօնաւորին վերադառնալ պապենական կրօնին եւ ընդունիլ կրակապաշտութիւնը: Աստուածատուր վկան կը մերժէ ենթարկուիլ, որու պատճառով կը դատապարտուի խաչելութեան: Ան նոյնիսկ խաչին վրայէն կը քարոզէ Քրիստոսի վրայ իր ունեցած հաւատքը եւ կը հրաւիրէ բոլոր հեթանոսները դարձի գալու եւ մկրտուելու: Ի վերջոյ, կասեցնելու համար իր քարոզութիւնը, նետահար կ’ընեն զայն եւ այդպիսով կը նահատակուի Ս. Աստուածատուր վկան, 553 թուականին:
ՍՐԲՈՑՆ՝ ԴԱՒԹԻ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԵՒ ՅԱԿՈԲԱՅ ՏԵԱՌՆԵՂԲԱՅՐ ԱՌԱՔԵԼՈՅՆ
Դաւիթ մարգարէ Հին Կտակարանի ցայտուն դէմքերէն մէկը եղաւ Դաւիթ թագաւորը իր ունեցած իմաստութեամբ, ֆիզիքական զօրութեամբ եւ մանաւանդ Աստուածապարգեւ հոգիով: Անոր կեանքը մանրամասնութեամբ կը պատմուի Ա. Թագաւորութեան գրքին 16-րդ գլուխէն մինչեւ Գ. Թագաւորութեան գրքի 2-րդ գլխուն մէջ: Սամուէլ մարգարէ Աստուծոյ թելադրութեամբ թագաւոր կ’օծէ Բեթղեհէմացի Յեսսէի որդին՝ Դաւիթը, որ ըլլալով քաջ եւ անվախ պատանի, իր հօր հօտը կ’արածէր լեռներուն մէջ: Այն օրէն ետք Տիրոջ Հոգին Դաւիթի վրայ կը հանգչի (Ա. Թգ 16.13): Այսպիսով Դաւիթ ոչխարներու հովութենէ կ’անցնի Աստուծոյ ժողովուրդին հովութեան պաշտօնին: Ինչպէս որ քաջաբար կը պայքարէր առիւծներու եւ արջերու դէմ պահելու համար իր հօտը, այնպէս ալ կը պայքարի իր ժողովուրդին համար, պահելու զայն թշնամիներուն յարձակումներէն ու կողոպուտներէն: Ան իր զոհողութիւնը ցոյց կու տայ իր ժողովուրդին հանդէպ, երբ յանձն կ’առնէ մենամարտիլ սուրով ու նիզակով իր դիմաց կանգնած Փղշտացիներու հսկաներէն՝ Գողիաթին հետ եւ Տիրոջ անունով դէմ կը դնէ ու կը տապալէ զայն (Ա. Թգ 17): Դաւիթ թագաւորելով Իսրայէլացիներուն վրայ, կը զօրացնէ իր թագաւորութիւնը եւ կը գրաւէ բազմաթիւ երկիրներ: Ան վերջնականապէս կը գրաւէ Երուսաղէմը եւ կը դարձնէ զայն իր մայրաքաղաքը: Դաւիթ իր ունեցած վարչական եւ ռազմական մեծ կարողութիւններուն կողքին, ունէր նաեւ բանաստեղծական ու երաժշտական շնորհքներ: Անոր կը վերագրուին Սաղմոսները, որոնք ամբողջութեամբ կը ցոլացնեն Դաւիթի ներքին աշխարհը, ուր խոնարհ եւ քաջ, հաւատարիմ ու իմաստուն անձն մը ի յայտ կու գայ: Սակայն Դաւիթ թագաւորին մեծագոյն մեղքը կ’ըլլայ իր ամենահաւատարիմ եւ քաջ զօրավարներէն՝ Ուրիան սպաննելը եւ անոր կնոջ տիրանալը, որու պատճառով Աստուծոյ պատիժին կ’արժանանայ: Նախ՝ կը մեռի իր ապօրինի զաւակը եւ ապա, Դաւիթի տան վրայէն պատերազմն ու արիւնը չեն դադրիր: Դաւիթ կը հանդիսանայ մեծագոյն նախահայրը Յիսուսի: Նոր Կտակարանին մէջ Քրիստոս յաճախ կը յիշուի ՙԴաւիթի Որդի՚ անուանումով: Ան կը թագաւորէ 40 տարիներ՝ 1010 թուականէն մինչեւ 970 թուական Ք.Ա.:
Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալ Աւետարանները կը յիշեն Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալը մի քանի դէպքերու ժամանակ եւ սակայն ան առաւելաբար կը յիշատակուի Գործ Առաքելոց գրքին մէջ, որպէս գործունեայ առաքեալ Երուսաղէմի եւ այնտեղ գումարուած Առաքելական առաջին ժողովին ղեկավար եւ որոշումները բանաձեւող անձ (Գրծ 16.13): Յակոբոս Տեառնեղբայր կ’ըլլայ Երուսաղէմի քրիստոնեաներուն առաջին եպիսկոպոսը եւ այդպիսով յանձն կ’առնէ դժուարին լուծը, պահելու համար քրիստոնէութիւնը հրեաներուն այդ կեդրոնական քաղաքին մէջ: Ան ըլլալով քաջ եւ օրինապահ եպիսկոպոս, մեծ յարգանք կը շահի Երուսաղէմի բնակիչներուն կողմէ, ըլլան անոնք քրիստոնեաներ թէ հրեաներ: Ի վերջոյ հրեայ ղեկավարներու դաւադրութեամբ կը բարձրացնեն զինք Երուսաղէմի տաճարի աշտարակին վրայ եւ կը պատուիրեն դէմ խօսիլ քրիստոնէութեան ու Քրիստոսը անպատուել: Ան քաջաբար կը յայտարարէ թէ Քրիստոսն է սպասուած Մեսիան որ այժմ Աստուծոյ աջ կողմը կը նստի: Այս հաստատումով շատեր դարձի կու գան եւ կը յարին քրիստոնէութեան, իսկ մոլեռանդ հրեաներ աշտարակէն վար կը նետեն Յակոբոս Առաքեալը եւ քարկոծելով կը նահատակեն զայն: Այսպիսով կը նահատակուի Ս. Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալը 62 թուականին եւ հաւատացեալներ մարմինը առնելով կը թաղեն իր տան պարտէզին մէջ, ուր թաղուած էր նաեւ Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը եւ ուր ապագային պիտի կառուցուէր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հոյակապ Սրբոց Յակոբեանց տաճարը: Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալի անունով Նոր Կտակարանին մէջ ունինք Ընդհանրական նամակ մը, ուր ցուցմունք կը տրուի համայն քրիստոնէութեան իրենց կեանքը ապրելու, համաձայն Քրիստոսի ուսուցած բարոյական սկզբունքներուն:
ՍՐԲՈՅՆ ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ Գործք Առաքելոց գիրքի 6-րդ եւ 7-րդ գլխուներուն մէջ կը յիշուի թէ ինչպէս առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներուն ֆիզիքական սնունդը հոգալու համար, կ’ընտրեն եօթը սարկաւագներ, որոնք մաքրակենցաղ եւ Սուրբ Հոգիիով լեցուն անձեր էին, որպէսզի կարենային սպասարկել քրիստոնէական սիրոյ սեղանին, իսկ իրենք՝ առաքեալները նուիրուէին հաւատացեալներուն հոգիի սնունդի մատակարարութեան գործին: Այս եօթը սարկաւագներուն մէջ ամէնէն աչքառուն կ’ըլլայ Ստեփանոս սարկաւագը, իր ունեցած իմաստութեամբ եւ Սուրբ Հոգիի շնորհքներով: Ստեփանոս սարկաւագին իմաստութեան ու կարողութիւններուն չէին հանդուրժեր հրեայ ռաբբիները, որոնք յաճախակի առիթներով վէճ կ’ունենային անոր հետ եւ կը փորձէին սուտ վկաներով դատապարտել զայն, մինչեւ որ կը ձերբակալեն եւ քահանայապետին առջեւ դատի կը տանին:
Ատեանին մէջ, Աստուած ներկաներուն աչքերը կը բանայ, որոնք նայելով Ստեփանոսի դէմքին, հրեշտակային անմեղութիւն մը կը գտնեն անոր վրայ (Գրծ 6.15): Ստեփանոս քաջաբար կ’ուսուցանէ ներկաներուն Քրիստոսէական հաւատքը, ցոյց տալով անոնց թէ Քրիստոս ի՜նք է այն Մեսիան, զոր կը սպասէին դարեր շարունակ եւ որուն մասին կը մարգարէանայ Հին Կտակարանը: Սակայն հրեայ ռաբբիներուն աչքերը փակ ըլլալով աստուածային ճշմարտութեանց դիմաց, կը դատապարտեն Ս. Ստեփանոսը եւ քարկոծելով կը նահատակեն զայն: Ս. Ստեփանոս սարկաւագ կ’ըլլայ քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին նահատակը, որու արեան հեղումը պատճառ կ’ըլլայ, թէ՜ քրիստոնեաներու դէմ հրէական նոր հալածանքներու եւ թէ մանաւանդ քրիստոնէական եկեղեցւոյ մեծագոյն առաքեալներէն՝ Պօղոս առաքեալի դարձին եւ առաքելութեան:
14-19 Դեկտեմբեր 2009 ՍՐԲՈՑ՝ ԻԳՆԱՏԻՈՍԻ ԵՒ ԱԴԴԷԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՄԱՐՈՒԹԱՅԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Իգնատիոս Հայրապետ Ըստ աւանդութեան Իգնատիոս հայրապետ եղած է այն մանուկը, զոր Քրիստոսի կողմէ գրկուած եւ ցոյց տուած էր աշակերտներուն իբրեւ այն տիպարը, որ Երկինքի Արքայութիւնը պիտի ժառանգէր, եւ Յիսուս եւ օրհնած էր զայն (Մր 9. 36-37): Իգնատիոս հայրապետ կ’աշակերտի Յովհաննէս Առաքեալին եւ անկէ կը սորվի քրիստոնէական վարդապետութիւնը: Նաեւ Երուսաղէմի մէջ ականջալուր կ’ըլլայ Պետրոս եւ Պօղոս Առաքեալներուն, որով իր գրած հայրապետական նամակները կշիռ կ’ունենան եւ լեցուն կ’ըլլան քրիստոնէական խոր վարդապետութեամբ: Ան կ’ըլլայ Անտիոքի երկրորդ եպիսկոպոսը եւ Դիմետիանոսի հալածաններուն շրջանին, քաջաբար կը պաշտպանէ իր հօտն ու եկեղեցին եւ կը հալածուի իր ունեցած քաջութեան ու համարձակութեան համար: Տրայիանոսի օրով, երբ կայսրը Անտիոք կը գտնուէր, Իգնատիոս Հայրապետ կը ներկայացուի անոր որպէս հակառակորդ կայսերական հրովարտակներուն: Կայսրը զինք ձերբակալելով մինչեւ Հռոմ կը տանի: ճամբուն վրայ կը կրէ ծանր չարչարանքներ ու նեղութիւններ: Սակայն անոր ճամբորդութեան լուրը տարածուելով կը հասնի շրջակայ քաղաքները եւ շատեր դիմաւորութեան կու գան ու կ’օգտուին իր խրատներէն: Այսպիսով սուրբ Իգնատիոս մինչեւ Հռոմ կը տարուի շղթայակապ, ուր ի վերջոյ կը նետուի ամփիթատրոնի մէջ, գազաններուն առջեւ եւ յօշոտուելով կը նահատակուի, ըստ ոմանց՝ 107 թուականին եւ ըստ այլոց՝ 115 թուականին:
Ադդէ Հայրապետ Ադդէ Հայրապետ եղաւ առաջին եպիսկոպոսը Եդեսիոյ աթոռին: Երբ Թադէոս Առաքեալ կու գայ Եդեսիա, եւ բժշկելով Աբգար թագաւորը զայն քրիստոնեայ կը մկրտէ, իրեն հետ նաեւ կը մկրտէ շատեր, որոնք կը ծառայէին թագաւորին եւ իրեն համար կը գործէին: Անոնցմէ մէկն էր նաեւ Ադդէ, արհեստով մետաքսագործ եւ Աբգար թագաւորին համար թանկարժէք թագեր շինող: Թադէոս Առաքեալին մեկնումով, Ադդէ կը նշանակուի եպիսկոպոս Եդեսիոյ աթոռին եւ իր շնորհքները թագաւորին օգնութեամբ ի սպաս կը դնէ ամբողջ Միջագետքի, Մարաստանի եւ Պարսկաստանի տարածքին, քարոզելով քրիստոնէութիւնը եւ դարձի բերելով շատեր: Սակայն երբ Աբգար կը վախճանի եւ իրեն կը յաջորդէ իր անհաւատ որդին, իր կարգին կը հրամայէ Ադդէին որ իրեն ալ գեղեցիկ թագ մը շինէ: Ադդէ կը մերժէ գործադրել հրահանգը, յայտնելով թէ իր ձեռքերը ուրացող թագաւորի մը համար թագ չեն պատրաստեր: Այս պատասխանին վրայ թագաւորը մարդ կը ղրկէ նահատակելու համար Ադդէ Հայրապետը: Դահիճը կը մտնէ եկեղեցի եւ տեսնելով Ադդէ Հայրապետը, որ բազմած իր գահին վրայ կը քարոզէր ժողովուրդին, սրունքները կը կոտրէ ու կը նահատակէ զայն, մօտաւորապէս 36 թուականին:
Մարութա եպիսկոպոս Մարութա եպիսկոպոս՝ ազգով Ասորի եւ մօր կողմէ Հայ, եղած է աթոռակալը Հայոց Միջագետքի առաջնորդութեան: Ազդեցիկ եւ գործունեայ եպիսկոպոս մը ըլլալով, մեծ թափով կ’աշխատի չէզոքացնել Շապուհ Բ. Երկարակեաց պարսիկ թագաւորին կողմէ Պարսկաստանի քրիստոնեաներուն դէմ շղթայազերծուած հալածանքին հրահանգը եւ հաւատացեալներու դէմ եղած զրկանքները: Ան նախ բազմաթիւ ճամբորդութիւններով կը դիմէ Բիւզանդական կայսրութեան եւ կ’երթայ Կ.Պոլիս, ուր սակայն պաշտպանութիւն չգտնելով, անձամբ կը դիմէ Պարսկաստանի թագաւոր՝ Յազկերտ Ա.ին: Ան մեծ համակրանք ցոյց տալով Մարութա Եպիսկոպոսին, կ’ընդառաջէ անոր խնդրանքին եւ որոշ դիւրութիւններ կը շնորհէ: Մարութա եպիսկոպոս նաեւ կը մասնակցի Տիեզերական երկրորդ ժողովին, Կ.Պոլսոյ մէջ, եւ իր կարգին պարսկական եկեղեցին զօրացնելու համար կը գումարէ երկու ժողովներ Տիզբոնի մէջ: Ս. Մարութա Եպսկոպոս կը վախճանի 420-ական թուականներուն իր ետին ձգելով բազմաթիւ աշխատութիւններ, որոնցմէ ոմանք նաեւ հայերէնի թարգմանուած են:
ՍՐԲՈՅՆ ԹԷՈՊՈՄՊԱՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԵՒ ԹԷՈՎՆԱՅ ՎԿԱՅԻՆ ԵՒ ՉՈՐԻՑ ԶԻՆՈՒՈՐԱՑՆ՝ ԲԱՍՈՍԻ, ԵՒՍԵԲԻ, ԵՒՏԻՔԻ ԵՒ ԲԱՍԻԼԻԴԵԱՅ
Թէոպոմպա Եպիսկոպոս Թէոպոմպա եպիսկոպոս ապրած է Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներու շրջանին: Անոր եպիսկոպոսութեան վայրը անյայտ մնացած է եւ ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ այդ մասին: Օր մը կայսրը կը յայտարարէ հրապարակային պաշտամունք կատարել կուռքերուն: Թէոպոմպա եպիսկոպոս կ’ըմբոստանայ եւ համարձակ կը յայտարարէ թէ ինք քրիստոնեայ է եւ միաժամանակ եպիսկոպոս, ուստի համարձակ կը վկայէ Քրիստոսի մասին թագաւորներուն առջեւ: Այս լսելով կայսրը նախ կրակի մէջ կը նետէ Թէոպոմպա եպիսկոպոսը, որ եբրայեցի երեք երիտասարդներու օրհնութեան սաղմոսը երգելով, անվնաս դուրս կու գայ բոցերէն: Ապա բանտ կը նետեն զինք եւ դարձեալ չարչարելով աչքերը կը փորեն ու կը բանտարկեն: Ի վերջոյ Թէովնաս անունով կախարդ մը կը բերեն որպէսզի կախարդութեամբ չարչարէ Թէոպոմպա սուրբը: Կախարդը ոչ միայն անկարող կը մնայ սուրբին վնաս հասցնելու, այլ ինք դարձի կու գայ եւ կը նահատակուի քրիստոնէութեան սիրոյն: Այսպիսով կայսրը անզօր ըլլալով դարձի բերել Թէոպոմպա եպիսկոպոսը, կը գլխատէ զայն, 304 թուականին:
Թէովնաս վկայ Թէովնաս եղած է կախարդ մը, որ յատուկ կերպով կը կանչուի հակառակելու համար Թէոպոմպա եպիսկոպոսին, կախարդութեամբ չարչարելու եւ անկարող դարձնելու զայն կրակի ու չարչարանքներու տոկալու: Սակայն հրապուրուելով Թէոպոմպայի իմաստութենէն ու կարողութիւններէն, Թէովնաս ինք կ’ընդունի քրիստոնէութիւնը եւ ողջ-ողջ թաղուելով կը նահատակուի Թէոպոմպա եպիսկոպոսին հետ, 304 թուականին:
Բասոս, Եւսեբ, Եւտիք եւ Բասիլիդէս զինուորներ Չորս զինուորներ էին Բասոս, Եւսեբ, Եւտիք եւ Բասիլիդէս վկաները, որոնք կայսրին կողմէ պահակ նշանակուած էին Թէոպոմպա եպիսկոպոսին հսկելու համար: Անոնք երբ կը տեսնեն Թէոպոմպա սուրբին կրած չարչարանքներն ու քաջաբար տոկալը, դարձի կու գան եւ քրիստոնեայ կը դառնան: Նախ դատի կը կանչուին Դիոկղետիանոս կայսեր մօտ եւ կը զրկուին իրենց զինուորական պատիւներէն: Ապա խստօրէն չարչարուելէ ետք մէկ առ մէկ կը նահատակուին. նախ Բասոսը՝ մարմինը սուրով կտրատուելով, ապա Եւսեբը՝ մարմինը մուրճով ջարդուելով, յետոյ Եւտիքէսը՝ չորս ցիցերու վրայ կապուելով եւ ամէն կողմէն պրկուելով մինչեւ չորսի բաժնուիլը եւ ի վերջոյ Բասիլիդէսը՝ փորը ճեղքելով եւ փորոտիքը դուրս թափուելով:
ՍՐԲՈՑ ԿՈՒՍԱՆԱՑՆ՝ ԻՆԴՈՍԻ ԵՒ ԴՈՄՆԱՅԻ ԵՒ ԳՂԵՐԻԿՈՍԻ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ԵՐԿՈՒՑ ԲԻՒՐՈՒՑՆ, ՈՐՔ ԱՅՐԵՑԱՆ ՅԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԻԿՈՄԻԴԱՑՒՈՑ Ինդոս վկայ Դիոկղետիանոսի կայսեր Նիկոմիդիոյ արքունիքին մէջ ներքինի մըն է Ինդոս վկան: Ան քրիստոնէութեան համար կը բանտարկուի եւ ի վերջոյ վիզէն քար մը կախելով ծով կը նետեն եւ այդպիսով կը մարտիրոսանայ, 303 թուականին:
Դոմնա վկայ Նիկոմիդիոյ կայսերական արքունիքին մէջ կուռքերու քրմուհի մըն էր Դոմնա կոյս, որ ձեռք ձգելով Պօղոս առաքեալին թուղթերը եւ Գործ Առաքելոց գիրքը, մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայ զանոնք եւ Ինդոս ներքինիին հետ քրիստոնեայ կը դառնայ: Կայսրը այս իմանալով, նախ կը բանտարկէ զիրենք եւ ապա վզերնուն քար մը անցնելով ջրամոյն կ’ընէ ու կը նահատակէ, 303 թուականին:
Գղերիկոս քահանայ Դիոկղետիանոսի եւ Գաղերիոսի հալածանքներու շրջանին Նիկոմիդիոյ մէջ ապրած քաջ քահանայ մը եղած է Գղերիկոս վկան: Օր մը կայսրը յանկարծ մուտք կը գործէ եկեղեցի եւ հանդարտութեամբ կոչ կ’ուղղէ հաւատացեալներուն ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ վերադառնալ հեթանոսութեան: Ապա կը սպառնայ՝ տանջանքներով ու նահատակութեամբ պատճել իր հրահանգին չենթարկուողները: Միւս կողմէ պատիւներ կը խոստանայ անոնց՝ որոնք քաջութիւն կ’ունենան ուրանալու քրիստոնէութիւնը: Այդ միջոցին Գղերիկոս քահանան ոտքի կ’ելլէ, քաջութեամբ կը պաշտպանէ քրիստոնէութիւնը կայսեր դիմաց եւ կը յայտնէ անոր թէ իրենք ունին աւելի զօրաւոր Թագաւոր մը, որուն համար նահատակութիւնը ամենամեծ պատիւը կը նկատեն իրենք: Կայսրը հաւաքելով իր զինուորները անձայն կը հեռանայ եկեղեցինէն: Քիչ ետք զինուորները կը խուժեն եկեղեցի եւ ձերբակալելով Գղերիկոս քահանան կը տանին զայն կայսեր դիմաց: Կայսրը նախ անտանելի չարչարանքներով կը տանջէ քահանան եւ ի վերջոյ կրակի մէջ նետելով կը նահատակէ՝ 303 թուականին:
Երկու բիւրուց Քրիստոնէութեան դէմ հալածանքի շրջանին, երբ Նիկոմիդիոյ հաւատացեալները, թիւով քսան հազար, Ս. Ծննդեան տօնի առիթով եկեղեցի հաւաքուած էին Ս. Պատարագին մասնակցելու, կայսրը յանկարծ կուռք մը դնել կու տայ եկեղեցւոյ մուտքին եւ կը հրամայէ հաւատացեալներուն, որ անոր երկպագելով դուրս գան եկեղեցիէն: Ոչ ոք կը հնազանդի կայսեր հրահանգին, որու պատճառով կայսրը այրել կու տայ եկեղեցին եւ անոր մէջ գտնուող քսան հազար քրիստոնեանները, որոնք հաւաքական մարտիրոսութեամբ կ’արժանանան փառքի պսակին:
ՍՐԲՈՅՆ ԱԲԳԱՐՈՒ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ԵՒ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԵՐՈՅ Աբգար թագաւորին քրիստոնէութեան դարձի ամբողջ պատմութիւնը Մովսէս Խորենացի կը ներկայացնէ իր Հայոց Պատմութիւն երկրորդ գիրքի 26-էն 33-րդ գլուխներուն մէջ: Մովսէս Խորենացի Աբգար թագաւորը կը նկատէ Հայոց թագաւոր, հաւանաբար այն պատճառով որ Եդեսիոյ մէջ այն ժամանակ կը գտնուէին բազմաթիւ հայեր եւ հաւանաբար անոնց թագաւորը եղած էր Աբգար: Աբգար իր թագաւորութեան օրերուն կը վարակուի մորթային հիւնադութենէ մը |