ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ
ԾՆՈՂՆԵՐՆ
ՈՒ
ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐԸ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ՄԷՋ
ԵՒ
ՏԱՍԸ
ՍԱՆԵՐՈՒ
ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ
ՆՇՈՒՄ

Read in Arial Armenian font
Շաբաթ,
28 յունուար
2012, երեկոյեան
ժամը
4.30-ին,
ուսանողական
խորհուրդի
կազմակերպութեամբ,
դպրեվանքի
մէջ
տեղի
ունեցաւ
տեսչութիւն-դպրեվանեցիներու
ծնողներ
եւ
ազգականներ
հանդիպում
մը,
որ
կ’ընդգրկէր
ՙՄարդ
անհատը
եւ
ընկերութիւնը
այսօր
- հայ
քրիստոնեան
ու
հայ
ընտանիքը
եւ
մեզ
շրջապատող
ընկերութիւնը՚
նիւթը:
Իւրաքանչիւր
մասնակից
իր
մտածումը
արտայայտեց
այս
կենսական
նիւթին
շուրջ
եւ
յանձն
առաւ
իր
կարելին
ի
գործ
դնել
հայ
ընտանիքի
առողջ
պահպանման
համար՝
ի
նպաստ
նուիրեալ
դպրեվանեցիներու
ձեռք
բերման:
Ապա,
ներկաներ
մասնակցեցան
երեկոյեան
ժամերգութեան
եւ
սաներուն
հետ
հաւաքական
ընթրիքին,
որուն
ընթացքին
նշուեցաւ
յունուար
ամսուն
ծնած
տասը
սաներու՝
Յարութիւն
սրկ.
Շխրտըմեանի,
Յովհաննէս
կիս.
սրկ.
Թէփիրճեանի,
Սարգիս
Կարապետեանի,
Սարգիս
Աճէմեանի,
Պօղոս
Քէսապլեանի,
Դանիէլ
Գէորգեանի,
Նժդեհ
Միրզոյեանի,
Պարգեւ
Մինասեանի,
Հրանդ
Վարպետեանի
եւ
Գէորգ
Քէշիշեանի
տարեդարձը:
Դպրեվանեցիներ
ՙԲարի
տարեդարձ՚
երգով
ու
այլ
խմբերգերով
ու
արտասանութիւններով
իրենց
ուրախութիւնը
արտայայտեցին,
շնորհաւորեցին
իրենց
եղբայրները
եւ
վայելեցին
այս
առիթով
հրամցուած
կարկանդակը:
Տարեդարձի
հիւրասիրութիւնը
ստանձնեց
Սան
Ֆրանսիսկոյէն
(ԱՄՆ)
Ճորճ
սրկ.
Լէյլէկեան,
որ
այս
առիթով
խօսք
առաւ
եւ
շնորհաւորեց
իրենց
տարեդարձը
տօնող
դպրեվանեցիները
եւ
իր
ուրախութիւնը
յայտնեց
ցարդ
դպրեվանքին
մէջ
իր
անցուցած
օրերուն
համար:
Տեսուչ
սրբազանը՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան
շնորհակալութիւն
յայտնեց
ներկաներուն
իրենց
դպրեվանք
այցելութեան
համար
եւ
անոնց
փոխանցեց
ՆՍՕՏՏ
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետին
օրհնութիւնները:
Սրբազանը
իր
խօսքը
եզրափակեց,
ըսելով.
ՙԱյսօր
քանի
մը
կարեւոր
բաներ
կատարեցինք
միասնաբար:
Առաջին,
իրարու
հետ
հայ
մարդուն
եւ
հայ
ընտանիքին
մասին
խորհրդակցեցանք:
Երկրորդ,
իրարու
հետ
աղօթեցինք:
Երրորդ,
իրարու
սեղանակից
եղանք:
Չորրորդ,
միասին
ձեր
զաւակներուն
տարեդարձը
տօնեցինք:
Այս
բոլորով
եկանք
վերահաստատելու,
թէ
դպրեվանքը
միայն
ձեր
զաւակներուն
դպրոցը
չէ,
այլ
բոլորիս,
բոլոր
հայերուն
տունն
է:
Ձեզմէ
շատեր
առաջին
անգամ
դպրեվանք
եկան.
կը
հաւատամ,
որ
դարձեալ
պիտի
գաք
եւ
միասնաբար
մեր
սաները
պիտի
պատրաստենք
այն
վաղուան՝
որուն
մեծ
յոյսերով
կը
սպասէ
մեր
ժողովուրդը:
Դպրեվանքը
առաքեալներ
կը
պատրաստէ
եւ
ո՜չ
թէ
գործատէրեր.
մեր
գործը
Աստուծոյ
ծառայութիւնն
է
մեր
ժողովուրդին
ճամբով:
Թող
Աստուած
զօրացնէ
մեզ
բոլորս՝
մեզի
վստահուած
աշխատանքը
յաջողութեամբ
աւարտելու
համար՚:
Նաեւ
այս
առթիւ
Նարեկ
սրբազան
յուշանուէր
մը
յանձնեց
ծնողներէն
Յարութ
Ֆէնէրճեանին,
որ
սիրայօժար
մասնակցած
էր
դպրեվանքի
շէնքին
վերանորոգութեան
աշխատանքներուն:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ՄԷՋ
ԿԸ
ԴԱՍԱԽՕՍԷ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԷՆ
ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ
ՃՈՐՃ
ՍՐԿ.
ԼԷՅԼԷԿԵԱՆ

Read in Arial Armenian font
Ուրբաթ,
27 յունուար
2012-ին,
իրիկուան
ժամը
7.00-ին,
դպրեվանքի
ուսանողական
խորհուրդին
կազմակերպութեամբ,
տեղի
ունեցաւ
դասախօսական
երեկոյ,
որուն
նիւթն
էր
ՙՀայ
եկեղեցին
այսօր
Հիւսիսային
Ամերիկայի
մէջ՚:
Դասախօսն
էր
Սան
Ֆրանսիսկոյէն
(ԱՄՆ)
Բարշ.
Ճորճ
սրկ.
Լէյլէկեան:
Բացման
խօսքը
կատարեց
եւ
դասախօսը
ներկայացուց
Բարշ.
Յովհաննէս
կիս.
սրկ.
Ալթունեան:
Բարշ.
Սեբաստիա
սրկ.
Ղարախանեան
ասմունքեց
Վահան
Թէքէեանի
ՙԵկեղեցին
Հայկական՚-ը:
Ճորճ
սարկաւագ
դպրեվանքի
տեսչութեան
իր
շնորհակալական
խօսքերը
փոխանցելէ
ետք՝
անցաւ
իր
նիւթին:
Ան
առաջին
հերթին
Հիւսիսային
Ամերիկայի
հայութեան
թիւն
ու
աշխարհագրական
պատկերը
ներկայացուց:
Ապա,
անդրադարձաւ
հոն
հաստատուած
հայութեան
ներքին
ծալքերուն
եւ
Հայ
եկեղեցւոյ
հովուական
առաքելութեան՝
շեշտը
դնելով
հետզհետէ
աճող
երկլեզու
(հայերէն
եւ
անգլերէն)
իրականութեան
վրայ:
Դասախօսութենէն
ետք
դպրեվանեցիներ
իրենց
հարցումները
ուղղեցին
եւ
Տիրացու
Ճորճ
տուաւ
յաւելեալ
լուսաբանիչ
պատասխաններ:
Փակման
խօսքը
կատարեց
դպրեվանքի
տեսուչ՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալէեմէզեան,
որ
իր
գնահատական
խօսքը
արտասանելէ
ետք,
ի՜նք
եւս
իր
հովուական
բեղուն
փորձառութենէն
բխող
տեղեկութիւններ
փոխանցեց
գանատահայութեան
եւ
ամերիկահայութեան
մասին:
Ապա,
դպրեվանքի
տեսչութեան
եւ
ուսանողութեան
անունով,
սրբազան
հայրը
Ս.
Թադէոս
առաքեալի
սրբապատկերը
նուիրեց
Ճորճ
սարկաւագին:
Դասախօսական
երեկոն
աւարտեցաւ
գիշերային
հաւաքական
աղօթքով,
որուն
ընթացքին
դպրեվանեցիներ
նաեւ
աղօթեցին
դպրեվանքի
երկար
տարիներու
նախկին
տեսուչ
եւ
դասախօս
Գերշ.
Տ.
Արտաւազդ
արք.
Թրթռեանի
եւ
այժմու
ուսուցիչ
Արժ.
Տ.
Մեսրոպ
քհյ.
Քէրքէզեանի
առողջութեան
համար:
Յայտնենք,
թէ
ՆՍՕՏՏ
Արամ
Ա.
Վեհափառ
Հայրապետի
օրհնութեամբ
եւ
դպրեվանքի
տեսուչ
սրբազանին
հրաւէրով,
Ճորճ
սրկ.
Լէյլէկեան
երկու
շաբաթով
Պիքֆայա
կը
գտնուի
եւ
ծիսագիտութիւն
կը
դասաւանդէ
բարեշնորհ
սարկաւագներուն:
Ան
ծնած
է
Փրավիտենս
(ԱՄՆ):
Տիրացած
է
առեւտրական,
փաստաբանական
եւ
աստուածաբանական
պսակաւոր
եւ
մագիստրոս
վկայականներու:
Նաեւ
ձեռք
ձգած
է
իր
աստուածաբանութեան
դոկտորան,
որպէս
թէզ
ներկայացնելով
Հայոց
ճաշոց
գիրքի
զարգացման
պատմութիւնը
ուսումնասիրութիւնը:
Ան
կը
ծառայէ
Սան
Ֆրանսիսկոյի
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորիչ
եկեղեցւոյ
մէջ
եւ
այցելու
դասախօս
է
ամերիկեան
համալսարաններու
մէջ:
Ան
հեղինակ
է
աւելի
քան
200 գիտական
յօդուածներու:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ
ԵԼՈՅԹԸ
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ
ԸՆԹԱՑՔԻՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ
ՄԷՋ

Read in Arial Armenian font
Հինգշաբթի,
26 յունուար
2012-ին,
դպրեվանքի
երգչախումբը
ելոյթ
ունեցաւ
Անթիլիասի
մէջ
գումարուող
քրիստոնեայ-իսլամ
միջազգային
համագումարի
ընթացքին,
ղեկավարութեամբ
Հոգշ.
Տ.
Թորգոմ
վրդ.
Տօնոյեանի:
Դպրեվանքի
տեսուչ
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան
խօսք
առնելով
ներկայացուց
դպրեվանքին
պատմականն
ու
ներկան
եւ
զայն
բնորոշեց
որպէս
հայ
քրիստոնէական
արժէքներով
կազմաւորման
եւ
ամբողջանուէր
ծառայութեան
պատրաստութեան
կրթարան,
ուր
հայ
պատանին
կը
թրծուի
հայ
ժողովուրդի
կրօնական-ազգային
կարիքներուն
հասնելու
գիտակցութեամբ:
Ապա,
սաներ
ներկայացուցին
փունջ
մը
հայկական
շարականներ
եւ
արժանացան
ժողովականներու
հիացումին
եւ
գնահատանքին:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ
ԱԶՆԻՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Read in Arial Armenian font
Սիրելի
բարեկամներ,
Բարձրօրէն
կը
գնահատենք
ձեզ՝
դպրեվանքին
հանդէպ
ձեր
ունեցած
հետաքրքրութեան
համար:
Դպրեվանքի
բարեկամներ
եւ
դպրեվանք
կապը
առաւել
ամրապնդելու
առաջադրանքով՝
կը
հրաւիրենք
մեր
ժողովուրդի
զաւակները
գրեթէ
ամէն
ուրբաթ
եւ
շաբաթ
(երբեմն
ալ
միւս
օրերուն,
ժամը
19.00-20.00,
դպրեվանքի
մէջ
տեղի
ունեցող
արտա-դասարանային
ձեռնարկներուն:
Փետրուարի
մէջ
նախատեսուած
են
հետեւեալ
ձեռնարկները.
1.
Ուրբաթ,
3 փետրուար,
ժամը
19.00, Ճորճ
սրկ.
Լէյլէկեան,
ՙԱռաքելական
եկեղեցիները
եւ
ազատ
եկեղեցիները
այսօր՚,
ուսանողական
խորհուրդի
կազմակերպութեամբ:
2.
Ուրբաթ,
10 փետրուար,
ժամը
19.00, Տիրայր
Արք.
Փանոսեան,
Լիւսի
Թիւթիւնճեան,
Զաւէն
Խտըշեան,
Մկրտիչ
Մազմանեան,
Յարութիւն
Նագուլեան,
Գրիգոր
Նորիկեան,
Հուրի
Շեքերճեան
եւ
Լենա
Քելեկեան:
Հայ
արուեստագէտներու
հաւաք-զրոյց,
ՙԻ՞նչ
է
սրբանկարչութիւնը
եւ
ո՞վ
է
սրբանկարիչը՚,
զրոյցը
պիտի
վարէ
Մովսէս
Հերկելեան,
նկարչական
եւ
ձեռային
աշխատանքներու
խմբակի
կազմակերպութեամբ:
3.
Շաբաթ,
11 փետրուար,
ժամը
19.00, Տոքթ.
Ժիրայր
Մալաճանեան,
ՙ115-ամեակ
ծննդեան
եւ
75-ամեակ
մահուան
Եղիշէ
Չարենցի՚,
գրական
խմբակի
կազմակերպութեամբ:
Առաւել,
կը
հրաւիրենք
ձեզ
դպրեվանքին
հետ
ըլլալու
ուրբաթ,
24 փետրուար,
երեկոյեան
ժամը
6.30-ին,
Պուրճ
Համուտի
Ս.
Աստուածածին
եկեղեցւոյ
Մեծ
պահքի
հսկումի
ժամերգութեան,
որ
պիտի
կատարուի
մեր
սաներուն
կողմէ
եւ
եւ
որուն
ընթացքին
պիտի
քարոզէ
Բարշ.
Զօհրապ
աւ.
սրկ.
Աշըգեան:
Կամքէ
անկախ
պատճառներով
ձեռնարկները
կրնան
փոփոխութեան
ենթարկուիլ
կամ
յետաձգուիլ:
Անպատեհութիւններու
առաջքը
առնելու
համար,
ձեռնարկներուն
ամբողջական
տեղեկութիւնները
կրնաք
քաղել
Հայր
Ստեփանոսէն՝
հեռաձայնելով
04-983634 եւ
03-674954
թիւերուն:
28
յունուար
2012
Տեսչութիւն
ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ
ՄԵՐ
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
ՀԵՏ
Read in Arial Armenian font
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
դպրեվանեցիներուն
ձայնը
մեր
ժողովուրդին
հասանելի
դարձնելու
առաջադրանքով,
դպրեվանքը,
ՙՎանայ
ձայն՚-ի
տնօրէնութեան
հետ
գործակցաբար,
ՙՎանայ
ձայն՚-էն
յունուարէն
յունիս
ամիսներուն
հետեւեալ
չորս
յայտագիրները
պիտի
ներկայացնէ.
Առաջին,
ՙԱստուածպաշտութիւնը
եւ
Հայ
առաքելական
եկեղեցւոյ
սուրբ
պատարագը՚
նիւթը
ընդգրկող
հաւաքական
խորհրդածութեան
շարք,
որ
հինգ
մասերէ
պիտի
բաղկանայ
եւ
պիտի
սփռուի
յունուարէն
մայիս,
իւրաքանչիւր
ամսուան
վերջին
չորեքշաբթի
օրը,
իրիկուան
ժամը
7.00-7.30:
Շարքին
առաջին
խորհրդածութիւնը
պիտի
սփռուի
չորեքշաբթի,
25 յունուարին:
Խորհրդածութիւնը
պիտի
վարէ
դպրեվանքի
տեսուչ
սրբազան
հայրը՝
գերշ.
տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան,
մասնակցութեամբ
դպրեվանքի
շրջանաւարտ
վեց
աւագ
սարկաւագներուն:
Երկրորդ,
Մեծ
պահքի
ընթացքին,
դպրեվանքի
սարկաւագները
14
խորհրդածութիւններ
պիտի
ներկայացնեն,
որոնք
պիտի
սփռուին
փետրուարէն
ապրիլ,
ամէն
չորեքշաբթի
եւ
ուրբաթ
առաւօտները,
ժամը
7.00-7.30-ի
միջոցին,
արեւագալի
ժամերգութեան
ընթացքին:
Խորհրդածութիւններուն
նիւթերն
են.
ՙՊահքը
եւ
Մեծ
պահքը՚,
ՙԱնհատական
եւ
հաւաքական
աղօթքը՚,
ՙՈղորմութիւն՚,
ՙԱպաշխարութիւն՚,
ՙՀաւատք՚,
ՙՅոյս՚,
ՙՄիջինք՚,
ՙՍէր՚,
ՙԱւագ
երկուշաբթի՚,
ՙԱւագ
երեքշաբթի՚,
ՙԱւագ
չորեքշաբթի՚,
ՙԱւագ
հինգշաբթի՚,
ՙԱւագ
ուրբաթ՚
եւ
ՙԱւագ
շաբաթ,
Ս.
յարութիւն
(զատիկ)՚:
Երրորդ,
ՙԵկեղեցին
հայկական՚
յայտագիրէն
երեք
հարցազրոյցներ
տեղի
պիտի
ունենան
դպրեվանքի
տեսչութեան
եւ
ուսանողներուն
հետ՝
դպրեվանքի
առօրեային
եւ
առաքելութեան
նուիրուած:
Այս
հարցազրոյցները
պիտի
սփռուին
մարտ,
ապրիլ
եւ
մայիս
ամիսներուն,
իրիկուան
ժամը
7.00-8.00:
Առաջին
հարցազրոյցը
տեղի
պիտի
ունենայ,
հինգշաբթի,
8 մարտ,
իրիկուան
ժամը
7.00-ին:
Հարցազրոյցները
պիտի
վարէ
Գրիգոր
սրկ.
Ալլոզեան:
Չորրորդ,
երկուշաբթի,
4 յունիսին,
ուրբաթ,
8 յունիսին,
չորեքշաբթի,
13 յունիսին
եւ
շաբաթ,
16 յունիսին
գիշերային
եւ
առաւօտեան
ժամերգութիւններ
պիտի
սփռուին
Պիքֆայայի
դպրեվանքի
Ս.
Աստուածածին
մատուռէն,
առաւօտեան
ժամը
7.30-8.00:
Կը
հաւատանք,
որ
այս
միջոցաւ
դպրեվանքը
առաւել
ներկայութիւն
պիտի
դառնայ
մեր
ժողովուրդի
հաւաքական
կեանքին
մէջ
եւ
մեր
ժողովուրդը
ինքզինք
աւելի
մօտ
պիտի
զգայ
դպրեվանքի
աստուածահաճոյ
եւ
ազգանուէր
առաքելութեան:
ՙՀԱՄԱՇԽԱՀԱՅԻՆ
ԵՐԿՈՒ
ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՆ
ՈՒ
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՚

Read in Arial Armenian font
01/20/2012
Ուրբաթ
20 Յունուար
2012-ին
Դպրեվանքի
Ուսանողական
Խորհուրդին
կազմակերպութեամբ
տեղի
ունեցաւ
դասախօսական
երեկոյ,
որուն
նիւթն
էր
ՙԱռաջին
եւ
երկրորդ
համաշխարհային
պատերազմներն
ու
հայութիւնը՚:
Բացման
խօսքով
հանդէս
եկաւ
Վիգէն
Կիս.
Սրկ.
Քիւրքլեանը,
որ
իր
խօսքի
աւարտին
հակիրճ
կերպով
ներկայացուց
օրուան
բանախօս՝
Տիար
Վիգէն
Աւագեանը:
Ապա
Պրն.
դասախօսը
իր
նիւթին
մէջ
մասնագիտացած
ըլլալով
հարազատօրէն
ներկայացուց
նախ
Առաջին
Համաշխարհային
Պատերազմի
նախօրեակը,
Հայոց
Ցեղասպանութեան
ծրագիրն
ու
գործընթացը,
ինչպէս
նաեւ
Հայոց
ցեղասպանութիւնը,
ապա
հանգրուան
առ
հանգրուան
հասաւ
մինչեւ
Երկրորդ
Համաշխարհային
պատերազմ:
Խօսելով
Ցեղասպանութեան
մասին,
Պրն.
դասախօսը
ըսաւ.
ՙԵրբ
որ
Ցեղասպանութեան
մասին
կը
խօսինք,
բացի
1.500.000
կորուստէն
պէտք
է
խօսիլ
նաեւ
հողի
կորուստի
մասին,
ինչպէս
նաեւ
մշակոյթի,
աւանդութեան,
բարքերու
եւ
սովորութիւններու
կորուստի
մասին՚:
Հայութեան
մասին
խօսելով
երկու
կէտերով
բնորոշեց
Հայութիւնը՝
ՙջանասիրութիւն
եւ
տոկունութիւն՚:
Ապա,
եզրափակելով
երեկոն
ըսաւ.
ՙՀամաշխարհային
երկու
պատերազմները
իսկապէս
մեծ
փոփոխութիւններու
դիմաց
կը
դնեն
հայութիւնը,
զայն
կոտորակելով
նախ
եւ
առաջ
Ցեղասպանութեամբ,
եւ
ապա
ատկէ
երեք
տարի
ետք
Հանրապետութիւն
կերտելով,
որ
իսկապէս
մեծ
նուաճում
մըն
է
մեր
ամբողջ
Հայոց
Պատմութեան
համար՚:
Դասախօսութենէն
ետք,
դպրեվանեցիները
իրենց
հարցումները
ուղղեցին
Պրն.
դասախօսին:
Փակման
խօսքը
կատարեց
Վարանդ
Վրդ.
Քորթմոսեանը,
որ
Դպրեվանքի
Տեսչութեան
եւ
դպրեվանեցիներուն
անունով
շնորհակալութիւն
յայտնեց
Դասախօսին,
ապա
դպրեվանեցիներուն
ուղղելով
իր
խօսքը,
Դասախօսին
երկու
յատկանիշները
օգտագործելով,
ըսաւ.
ՙԴպրեվանեցիները
պէտք
է
ջանասէր
եւ
տոկուն
ըլլան:
Տոկուն
դիմադրելու
որեւէ
դժուարութեան:
Իսկ
ջանասէր՝
ամէն
ինչի
մէջ:
Եթէ
մեր
նախնիները
ջանասէր
ու
տոկուն
չըլլային,
այսօր
մենք
այստեղ
չէինք
ըլլար՚:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ԱՐՏԱ-ԴԱՍԱՐԱՆԱՅԻՆ
ԿԵԱՆՔԸ
ՆՈՐ
ՀՈՒՆԻ
ՄԷՋ
ԿԸ
ՄՏՆԷ

Read in Arial Armenian font
01/13/2012
Ուրբաթ,
13 յունուար
2012, իրիկուան
ժամը
7.00-ին,
դպրեվանեցիներու
արտա-դասարանային
կեանքի
կազմակերպումը
սաներու
պատասխանատւութեամբ
կատարելու
համար,
տեսչութիւնը
բոլոր
դպրեվանեցիները
բաժնեց
հետեւեալ
ութը
խմբակներուն.
(1) Ուսանողական
խորհուրդ,
(2) ՙԳլաձոր՚
տարեգիրքի
խմբագրական
կազմ,
(3) ՙՊատի
թերթ՚-ի
խմբակ,
(4)
Տեղեկատուական
խմբակ,
(5) Արխիւի
խմբակ,
(6) Գրական
խմբակ,
(7) Երաժշտական
եւ
թատերական
խմբակ,
(8) Նկարչական
եւ
ձեռային
աշխատանքներու
խմբակ:
Տեսուչ
սրբազանը՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան
քաջալերեց
տղաքը,
որ
այս
խմբակներուն
ճամբով
իրենց
յանձնուած
պարտականութիւնները
խոր
գիտակցութեամբ
ստանձնեն
եւ
իրենց
ազատ
ժամերը
մշակոյթով
ու
արուեստով
լեցնեն:
Ապա,
խմբակները
լծուեցան
իրենց
կազմակերպչական
աշխատանքներուն:
Շաբաթ,
14 յունուար
2012, խմբակները
ժողովական
հանդիպումներ
ունեցան
եւ
իրիկուան
ժամը
7.00-ին
ներկայացուցին
իրենց
զեկոյցները:
Տեսչութիւնը
գնահատեց
կատարուած
ծրագրումը
եւ
նախաձեռնեց
դպրեվանքի
արտա-դասարանային
կեանքի
առաւել
հունաւորման:
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԻՋԻՆ
ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԺՈՂՈՎԻՆ
Read in Arial Armenian font
01/08/2012
Կիրակի,
8 յունուար
2012, երեկոյեան
ժամը
4:30-ին,
Պալմանտի
վանքին
մէջ,
Թրիփոլի,
տեղի
ունեցաւ
Միջին
Արեւելքի
Աստուածաբանական
Հիմնարկներու
(ՄԱԱՀ)
ընթացիկ
ժողովը:
Դպրեվանքին
կողմէ
այս
ժողովին
մասնակցեցան
Բարշ.
Գէորգ
սրկ.
Սապունճեան
(Դ.
Ընծայարան)
եւ
Սարգիս
Կարապետեան
(Ա.
Ընծայարան):
Ժողովականներ
որոշեցին
ՄԱԱՀ-ի
համագումարը
գումարել
շաբաթ,
3 մարտ
2012-ին,
Քասլիքի
Ս.
Հոգի
համալսարանին
մէջ:
Ընդհանուր
ժողովին
նիւթը
առաջարկեցին
մեր
երկու
ներկայցուցիչները՝
ՙԵրիտասարդութիւնը
եկեղեցւոյ
մէջ
եւ
անոր
դիմագրաւած
մարտահրաւէրները՚:
ՄԱԱՀ-ի
յաջորդ
ժողովը
տեղի
պիտի
ունենայ
փետրուար
19-ին,
Քասլիքի
Ս.
Հոգի
համալսարանին
մէջ:
Ս.
ԾՆՈՒՆԴԻ
ՏՆՕՐՀՆԷՔ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ
ՄԷՋ

Read in Arial Armenian font
01/04/2012
Չորեքշաբթի,
4 յունուար
2012,
դպրեվանեցիներ
ամանորեան
արձակուրդէն
վերադարձան
իրենց
տունը՝
դպրեվանք
եւ
յաջորդող
օրերուն,
Անթիլիասի
մայր
տաճարին
մէջ,
մասնակցեցան
Յիսուս
Քրիստոսի
Ս.
Ծննդեան
եւ
Աստուածայայտնութեան
տօնի
կրօնական
արարողութիւններուն:
Շաբաթ,
7 յունուար,
երեկոյեան
ժամերգութեան
աւարտին,
դպրեվանքի
հանդիսասրահին
մէջ,
տեսչութեան
տնօրինութեամբ,
տեղի
ունեցաւ
Ս.
Ծնունդի
տնօրհնէք:
Այս
առթիւ,
տեսուչ
սրբազանը՝
Գերշ.
Տ.
Նարեկ
արք.
Ալեէմէզեան
շնորհաւորեց
սաները
եւ
մաղթեց,
որ
մանկացեալ
Աստուածորդիին
անմեղութեամբ
ապրին
իրենց
կեանքը
եւ
նոր
եռանդով
լծուին
իրենց
հաւաքական
կեանքին:
Յայտնենք,
թէ
դպրեվանքի
ուսումնական
կեանքը
իր
բնական
հունին
մէջ
պիտի
մտնէ
երկուշաբթի,
9 յունուարին: