ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Read in Arial Armenian font

01/31/2012

Երեքշաբթի 31 Յունուար 2012-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Քոչարեանը: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Փետրուար ամսուայ վերջաւորութեան՝ 23-25 Փետրուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ցեղասպանութեան Միջազգային համագումարին, Թուրք Արտաքին Գործոց Նախարարին վերջերս Լիբանան տուած այցելութեան, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Հայաստանի բանակին կազմութեան 20-ամեակը եւ գնահատեց բանակին վճռական դերը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան ու հզօրացման աշխատանքներուն մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱԹԱՐ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ 

His Holiness Aram I receiving Maronite Archbishop of Beirut Boulos Matar, Monday 30 January 2012, Antelias

Read in Arial Armenian font

Երկուշաբթի 30 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց եւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Պէյրութի Մարոնիթ Առաջնորդ Մաթար Արքեպիսկոպոս:

Մաթար Արքեպիսկոպոս այցելած էր Պքէրքէ, հետեւաբար ան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Րաիի Պատրիարքին ողջոյնները եւ հրաւիրեց յառաջիկայ Փետրուար 7-ին ճաշի հիւրը ըլլալու Պատրիրարքին, Պէյրութի Մարոնիթ առաջնորդարանին մէջ:  Արքեպիսկոպոսին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նաեւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս տիրող կացութեան ու յատկապէս Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութեան հետ առնչուած հարցերու մասին:

 

 

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

ՀԱՅ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Read in Arial Armenian font

Ուրբաթ 27 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Վեհարանի գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան Նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանին: Անոր կ’ընկերանար նոյն միութեան նախկին փոխ-ատենապետ Տիար Սարգիս Տէմիրճեան:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի ու Սփիւռքի յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն առնչուած հարցեր: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ քննարկելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Բարեգործական Ընդհ. Միութեան գործակցութիունը աւելի ամրապնդելու կարելութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀ. ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

The General Secretary of the World Council of Churches Dr. Olav Fykse Tveit meeting with His Holiness Aram I, Saturday 28 January 2012, Antelias

Read in Arial Armenian font

01/28/2012 

Շաբաթ 28 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թուէյթին: Վեհափառ Հայրապետին ու Ընդհ. Քարտուղարին խորհրդակցութեան հիմնական նիւթը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն էր ու յատկապէս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ներկայութիւնը եկեղեցիներու կեանքէն ներս աւելի աշխուժացնելու եւ ներկայ աշխարհին մարտահրաւէրներուն դիմաց նոր ծրագիրներ մշակելու հրամայականը:     

Վեհափառ Հայրապետը լսելէ յետոյ Ընդհ. Քարտուղարին տուած տեղեկութիւնները՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մասին, իր կարգին անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց ու առաջարկներ ներկայացուց շարք մը հարցերու գծով:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս 1991-էն մինչեւ 2006 երկու շրջանի համար Ատենապետն էր Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր Վարչութեանց:

Խորհրդակցութենէն յետոյ Ընդհ. Քարտուղարը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին:

 

 

 

 

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ

ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

His Holiness Aram I receives Dr. Mohammad Hossein Mozaffari, the Director General of the Center for Interreligious Dialogue of Iran (to left) and Archbishop Sebouh Sarkissian, the Primate of the Armenian Dioceses of Tehran, Friday 27 January 2012, Antelias

Read in Arial Armenian font

01/27/2012 

Ուրբաթ 27 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջ-կրօնական բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն, Դոկտ. Մոհամմատ Մոզաֆարի հանդիպում մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Թեհրանի Հայոց Առաջնորդ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դոկտ. Մոզաֆարին ներկայացնելէ յետոյ իր բաժանմունքին գործունէութիւնն ու առաջնահերթութիւնները, շեշտեց Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան նոր աշխուժութիւն ու արեւելում տալու հրամայականը: Ան մեծապէս գնահատեց այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին տարած աշխատանքները:

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր կարգին ընդգծելով կարեւորութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է տեսական ոլորտէն անդին երթալ եւ շօշափել այնպիսի խնդիրներ, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ եւ կամրապնդեն քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին նաեւ յատուկ քննութեան նիւթ դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ շուրջ տասը տարիներ առաջ սկսած երկխօսութեան ներկայ հանգրուանը ու յառաջիկայի ծրագիրները: Որոշուեցաւ որ երկխօսութեան յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ յառաջիկկայ Մայիսին, Թեհրանի մէջ:  

 

 

 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԷՆԹԸՐՊԸՐԻԻ

ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

The representative of the Archbishop of Canterbury visiting His Holiness Aram I in Antelias, Wednesday 25 January 2012

Read in Arial Armenian font

01/25/2012 

Չորեքշաբթի 25 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Րօուըն Ուիլիամզի միջ-կրօնական յարաբերութեանց խորհրդական Դոկտ. Րանա Խան:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու ներկայ աշխարհին մէջ միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան կարեւորութեան: Դոկ. Խան Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Քէնթըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին ողջոյնները ու տեղեակ պահեց միջ-կրօնական յարաբերութեանց գծով անկլիքան եկեղեցւոյ կատարած աշխատաքններուն մասին թէ՜ Անգլիոյ մէջ եւ թէ այն երկիրներուն մէջ, ուր անկլիքան գաղութներ հաստատուած են: Միաժամանակ ան ուզեց հասկնալ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող ժողովրդային շարժումներուն ու կրօնական զարգացումներուն գծով:

Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ ընդգծեց միջ-կրօնական յարաբերութեան առաջնահերթութիւնը համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. ՙնոյնիսկ այսօր կարելի չէ քրիստոնեայ Եւրոպային մասին խօսիլ, որովհետեւ ան եւս դարձած է բազմակրօն ու բազմամշակոյթ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է նոր մօտեցումներ որդեգրել ու աստուածաբանական նոր ըմբռնումներ մշակել այլ կրօններուն հետ յարաբերութեան շրջագիծէն ներս՝ բնականաբար առանց խախտելու քրիստոնէական հաւատքին հիմնական սկզզբունքները՚: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր տեսակէտները բաժնեց Դոկ. Խանին հետ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով:

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԱՏԻՄ ԺԻՄԱՅԷԼԸ

Read in Arial Armenian font 

01/20/2012

Ուրբաթ 20 Յունուար 2012-ին, Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պէյրութի մարոնիթ Երեսփոխան Նատիմ Ժիմայէլը, ընկերակցութեամբ՝ իր երկու խորհրդականներուն: Երեսփոխանը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս Պէյրութի շրջանին առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ: Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդունեց ասորի համայնքի ներկայացուցիչ Հապիպ Աֆրամը: Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շրջանէն ներս ու մասնաւորաբար՝ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարին այցելութիւնը Լիբանան:

Իր երկու այցելուներուն Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր մտահոգութիւնը շրջանէն ներս Թուրքիոյ թափանցումին ու մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանի դերը ստանձնելու Թուրքիոյ փորձերուն նկատմամբ: Վեհափառը ըսաւ, թէ պէտք է ըլլալ արթուն եւ խանդավառութիւն ու ընդառաջում չցուցաբերել Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, որովետեւ այդ բոլորին ետին Թուրքիան կը հետապնդէ այնպիսի նպատակներ, որոնք վնասաբեր են թէ՜ արաբական աշխարհին եւ թէ մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներուն:  

 

 

 

 

 

 

 

ՙՊԷՏՔ ՉԷ ՄՈՌՆԱԼ ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻԱՅՆ ՀԱՅԵՐ ՉԻ ՋԱՐԴԵՑ,

ԱՅԼ ՆԱԵՒ՝ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՈՒ ԻՍԼԱՄՆԵՐ՚

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

The President of the Christian-Muslim Dialogue Committee Emir Hares Shab (to left) visiting Catholicos,  Tuesday 17 January 2012, Antelias

Read in Arial Armenian font

01/17/2012 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի 17 Յունուար 2012-ին ընդունեց Լիաբնանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան յանձնախումբի ատեանպետ Հարէս Շհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:

Հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան վերոյիշեալ յանձախումբին կատարած աշխատանքը անցնող ամիսներուն ընկացքին, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին յառաջիկայ հանդիպումներուն օրակարգի կարգ մը հարցերը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն, ու յատկապէս՝ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային համագումար մը քրիստոնեայ ու իսլամ ղեկավարներու մասնակցութեամբ, նիւթ ունենալով քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս ու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:

Անդրառնալով վերջին շրջանին Միջին Արեւելքէն ներս Թուրքիոյ դերակատարութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԹուրքիան իր երկրին քրիստոնեայ համայնքները թող պաշտպանէ եւ ապա շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքները պաշտպանելու դերը ստանձնէ: Թուրքիան նախ իր հայրերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ընդունի, հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւնը վերահաստատէ, եւ ապա մարդկային իրաւունքներու ջատագովը դառնայ:՚ Շարունակելով իր խօսվը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ՙկը զարմանամ, թէ ինչպէս քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետեր յատուկ խանդավառութեամբ կընդունին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ու կընդառաջեն Թուրքիա այցելելու անոր հրաւէրին: Պէտք չէ մոռնալ որ Թուրքիան միայն մէկ ու կէս միլիոն հայեր չի ջարդեց, այլ նաեւ՝ քրիստնեաներ ու իսլամներ ջարդեց թէ՜ Թուրքիոյ, թէ՜ Սուրիոյ, թէ՜ Լիբանանի մէջ: Պէտք չէ մոռնալ անցեալը ու անցեալի մեր դառն փորձառութենէն պէտք է դասեր քաղել ապագայի հաշւոյն՚:

Յայտնենք, որ շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքնեու պաշտպանի դերը ստանձնած Թուրքիոյ կատարած փորձերուն գծով, Վեհափառ Հայրապետը նոյն մտահոգութիւնները ու տեսակէտները բաժնեց նաեւ անցնող օրերուն իրեն այցելած քաղաքական թէ հոգեւոր պատասխանատունետուն հետ:

 

 

 

 

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

His Holiness Aram I receiving the new Ambassador of Greece to Lebanon H.E. Dr. Catherine Boura, Friday 13 January 2012, Antelias

Read in Arial Armenian font

Լիբանանի մօտ Յունաստանի նոր դեսպան Դոկտ. Քաթրին Պուրան Ուրբաթ 13 Յունուար 2012-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանքը եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:

Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր թէ՜ Լիբանան եւ թէ ԱՆթիլիաս, Վեհափառ Հայրապետը լայն տեղեկութիններ փոխանցեց անոր Լիբանանի ներքին կացութեան, հայ համայնքին, Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատին առնչուած աշխատանքնեուն գծով, միաժամանակ՝ յիշեալ հարցերուն շուրջ ներկայացնելով իր անձնական արժեւորումները ու տեսակէտները:          

Դեսպանին մասնագիտութւնը Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակակից պատմութիւնը ըլլալով, խօսակցութեան գլխաւոր առանցքը կազմեց հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը: Անոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան խորացումը, նկատի ունենալով հետըզհետէ աճող Թուրքիոյ թափանցումը շրջանէն ներս եւ անոր հեռաւոր նպատակները:           

Յայտնենք, որ այս առիթով դեսպանը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ Յուսնատանի հայութեան եւ անոր բերած դրական նպաստին Յունաստանի բարգաւաճման:

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Read in Arial Armenian font

Ուրբաթ 13 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենակին մէջ ընդունեց Ղազախիստանի մօտ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գարլաքեանը: Յայտնենք, որ Վազգէն Գարլաքեան Լիբանանի առաջին դեսպանն է Ղազախիստանի մէջ եւ որպէս դեսպան շուրջ չորս տարիներէ ի վեր կը ներկայացնէ Լիբանանը. ան նաեւ կարեւոր դեր կը կատարէ Լիբանանի եւ Ղազախիստանի միջեւ տնտեսական ու քաղաքական գործակցութիւն յառաջացնելու իմաստով:

Հանդիպումը առիթ եղաւ որ պարոն դեսպանը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետին ընդհանրապէս Ղազախիստանի եւ յատկապէս իր կատարած աշխատանքներուն մասին: Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց դեսպանին ծառայութիւնը, որ պատիւ մըն է Լիբանանի եւ ամբողջ հայութեան:

Պարոն դեսպանը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ Ղազախիսանի պետութեան կողմէ պիտի հրաւիրուի մասնակցելու Ղազախիսանի մէջ տեղի ունենալիք միջ-կրօնական միջազգային համագումարին:

 

 

 

 

 

 

 

ՙԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԻՆԱԿ

ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅԼ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ՚

 

Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

The committee of the Lebanese Unions of Youth visits His Holiness Aram I, Tuesday 10 January 2012

Read in Arial Armenian font

01/10/2012 

Երեքշաբթի 10 Յունուար 2012-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Երիտասարդական շարժումները ներկայացնող պատուիրակութեան մը: Տասը հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին նախկին երեսփոխան Դոկտ. Փիեռ Տագգաշ եւ Պուրճ Համուտի Առետրական Միութեան Նախագահ եւ Երիտասարդական Միութեան Ատենապետ Տիար Փօլ Այանեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի բոլոր համայնքները ներկայացնող ու զանազան մասնագիտութուններու տիրացած անձեր:

Աւելի քան ժամ  մը տեւող հադիպումին քննարկումներուն առանցքը կազմեց Լիբանանեան համակեցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու ծաւալելու հրամայականը: Այս մասին իրապաշտ մօտեցումով իրենց տեսակէտնեը յայտնեցին բոլոր ներկաները: Անոնք շեշտեցին Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութեան գործնական արտայայտութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով ներկաներուն ու անոնց ներկայացուցած կազմակերպութիւններուն նախանձախնդրութիւնը Քրիստոնեայ-Իսլամ գոյակցութեան նկատմամբ, իր կարգին շեշտեց ժողովրդային մակարդակի վրայ այդ գոյակցութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու կարիքը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կոչ ուղղեց, որ նոյն այս գոյակցութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ լիբանանեան սփիւռքին մէջ: Վերջապէս, Վեհափառը ըսաւ, թէ ընկերա-քաղաքական վերիվայրումերու մէջ գտնուող շրջանի այլ երկիրներուն համար օրինակ պէտք է հանդիսանայ լիբանանեան համակեցութիւնը:

 

 

 

 

 

 

 

ՙՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ

ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ՚

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻՈՍ

High ranking Sunni and Shiite clerics in Antelias, Monday 9 January 2012

Read in Arial Armenian font

01/09/2012

Երկուշաբթի 9 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Վեհարանին մէջ ընդունելով Սիւննի եւ Շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց երկու միաստուածեան կրօններու ունեցած հասարակաց արժէքները ու աւանդութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. ՙՈրպէս միաստուածեան կրօններ, դարեր շարունակ մեր մտածողութիւնը, մեր աւանդութիւնները ու նոյնիսկ առօրեայ բարքերը հիմնուած են հասարակաց արժէքներու վրայ: Անհրաժեշտ է, որ այս արժէքները դառնան առանցքը Քրիստոնեայ-Իսլամ գործակցութեան՚: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԱռաւելագոյն չափով հարկ է հեռու մնալ քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերէ եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ գործակցութիւնը պէտք է շօշափէ այնպիսի խնդիրներ, որոնք անմիջականօրէն կապ ունենան ընկերութեան առօրեայ կեանքին հետ՚:         

Իսլամ պատասխանատուները բաժնելով Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութիւնները ու տեսակէտները շեշտեցին արեւմտեան բարքերէն հեռու մնալու հրամայականը. անոնք ըսին թէ ՙԱրեւելքի մէջ արեւմուտքի զօրեղ ներկայութիւնը իր ժխտական անդրադարձը կունենայ մեր ընկերութեան առօրեայ կեանքին վրայ, ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ երիտասարդութիւն՚:         

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման աւարտին, որոշուեցաւ որ Վեհափառ Հայրապետին հետ նման հանդիպումներ ըլլան յաճախակի, որպէսզի առիթ ունենան Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը ու գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու ճիշդ կերպով յունաւորելու: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց, որ աստուածաբանական ուսմանց կեդրոններ երբեմն քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան մասին դասախօսութիւններ կազմակերպեն թէ՜ ուսուցիչներու եւ թէ դասախօսներու փոխանակումով:

 Back to top