ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ

 

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԻՒԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԽՈՒՌՆԵՐԱՄ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՄԲ

His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 10 March 2010

His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 10 March 2010    His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 10 March 2010

His Holiness Aram I presides over the Mid-Lent sunrise service at Sourp Neshan church in Beirut, Wednesday 10 March 2010

Read in Arial Armenian font

03/10/2010 

Մեծ Պահոց ճիշդ կիսուն՝ Միջինքին, Չորեքշաբթի 10 Մարտ 2010-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Եպս. Խաչերեանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրով, հանդիսապետեց Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Արեւագալի ժամերգութեան: Ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Դպրեվանքի սաներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք Պէյրութի զանազան շրջաններէն գալով լեցուցած էին Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցին եւ շրջափակը:          

Լիբանանի Հայոց Թեմի կեանքէն ներս, աւանդութեան վերածուած է արդէն, ամէն տարի Միջինքին հիւրընկալել Վեհափառ Հայրապետը, որուն այցելութեան առաւել փայլք տալու համար, Դպրեվանքի սաներ իրենց Տեսչութեան հետ կը ժամանեն Թեմի Մայր Եկեղեցին, կատարելու համար Արեւագալի շարականներուն երգեցողութիւնը:          

Կիսապաշտօնական Հովուապետական այս այցելութիւնը, նաեւ առիթ կը հանդիսանայ Հովուապետ եւ հօտ հանդիպման, երբ Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եւս կուղղէ Թեմի ժողովուրդին, առհասարակ անոր առօրեայ կեանքի հրատապ խնդիրները քրիստոնէական կրօնքին պրիսմակէն դիտելով, ու իր հայրական յորդորը փոխանցելով:        

Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին, թեմակալ Առաջնորդ՝ Գեղամ Սրբազան, յանուն թեմի Ազգ. Իշխանութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն եւ յանուն հաւատացեալ բազմութեան, բարի գալստեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, օրհնաբեր այս այցելութեան առիթով:

Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր հոգեւոր պատգամը փոխանցելէ առաջբարձրօրէն գնահատանեց Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգ. Իշխանութեան զոյգ ժողովները եւ թեմական բոլոր կառոյցները, որոնք եկեղեցւոյ կեանքը վառ պահող նուիրեալներուն՝ հոգեւոր հայրերուն հետ կը կազմակերպեն թեմի ժողովուրդին ազգային եկեղեցական կեանքը:

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ երկու կէտերու: ա) Պահեցողութիւնը վերադարձ մըն է դէպի Աստուած: Քառասնորդաց պահեցողութեան ճշգրիտ իմաստն ու քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը վերլուծելով, Վեհափառ Հայրապետը զայն ներկայացուց իբրեւ վերադարձ մը առ Աստուած: Կեանքի տարբեր պայմաններու մէջ ապրող մարդիկ, իրենց առօրեայ զբաղումներուն բերումով յաճախ ակամայ հեռաւորութիւն մը կը զգան Աստուծմէ: Ան որ Տուիչն է մարդկային կեանքի բոլոր բարիքներուն, յանկարծ կը լուսանցքայնացուի, երբեմն կը մոռցուի, յատկապէս մարդուն արձանագրած յաջողութիւններուն պարագային: Սակայն, պահեցողութիւնը առիթ մըն է անկիւնադարձ կատարելու: Հոգեւոր անկիւնադարձ մըն է Պահքը, որուն բարիքները միայն ֆիզիքական առողջութեան հետեւանքով պէտք է չէ զգայ մարդ, այլ մանաւանդ հոգեկան առողջութեամբ, որուն ամէնէն ցայտուն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ մարդուն վերադարձը առ Աստուած: Պահեցողութիւնը առիթ մըն է զԱստուած աւելի մօտէն ճանչնալու, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:

բ) Հայ Հոգեւորականին աստուածապարգեւ առաքելութիւնը: Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ հայ հոգեւորականին կատարած ու կատարելիք հոգեւոր մատակարարի դերակատարութեան: Հայ հոգեւորականը հոգեկան սնունդ բաշխող, ու իր հօտին հոգեւոր կարիքները բաւարարող Աստուածառաք անձն է: Անոր պատրաստութեան լծուած է մեր Դպրեվանքը, ուր հասակ առնող իւրաքանչիւր պատանի ու երիտասարդ, իր աչքերուն մէջ վառ տեսիլքը ունի մեր ազգի ու եկեղեցւոյ պայծառ ապագային: Ծառայութիւնը իր հոգեւոր իմաստով, Դպրեվանքի գրասեղաններուն դիմաց կը սորվի հայ պատանին, ապագային դառնալու համար Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդի ծառան: Աստուածային այս կոչին ընդառաջ գացողները, նկարագրով քաջ ու հոգեպէս պատրաստակամ անձերն են, որոնք նուիրումի գիտակցութեամբ վաղը պիտի լծուին իրենց հոգեւոր ու ազգային առաքելութեան: Հայ հոգեւորականութիւնը մեր ժողովուրդէն կու գայ, մեր ժողովուրդին երթալու համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը:

Հայրապետական պատգամէն ետք հաւաքաբար երգուեցան ՙՏԷր Ողորմեա՚ն ու ՙՀայր մեր՚ը՝ ժողովուրդին մասնակցութեամբ:

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ ընտանիքը՝ իր Թաղականութեամբ ու Տիկնանց Յանձնախումբով, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, պատշաճ հիւրասիրութեամբ պատուեց ներկաները Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ: Ներկայ էին նաեւ Դպրեվանքի սաներ, Ս. Նշանի բարերարներ եւ ազգայիններ:

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ԵՒ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ

His Holiness Aram I in Abu Dhabi and Dubai

Read in Arial Armenian font

Դէպի Հնդկաստան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Քուէյթի եւ Ծոցի շրջանի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, երկօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Ծոցի Երկիրներու Թեմին, յատկապէս Տուպայի ու Ապու Տապիի շրջանի հայ գաղութներուն:  

Տուպայի մէջ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդի ներկայութեան, թեմական ժողովին ու ազգային վարչութեան անդամներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը լսելէ ետք անոնց փոխանցած տեղեկութիւնները գաղութի մասին, ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ հաստատեց, թէ գաղութը աշխոյժ գործունէութեան մէջ է, եւ շրջանի հայութիւնը համախմբուած է եկեղեցւոյ շուրջ:          

Ապու Տապի մէջ եւս Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ թեմական ու ազգային վարչութեան անդամներուն հետ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ նախագահեց Հսկումի արարողութեան եւ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին: Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ մեծ պահքը մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ Աստուծոյ դառնալու, Աստուծոյ հետ ըլլալու, երկնային արժէքներով մեր կեանքը հարստացնելու առիթ ու հրաւէր մըն է: Հսկումի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:          

Յաջորդ օրը Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսական Փոխանորդին եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ներկայ էին Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանները, ազգային մարմիներու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով ազգայիններ:         

Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ Լիբանանի ու լիբանանահայութեան դերակատարութեան Սփիւռքի մէջ, ապա ան շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Ապու Տապիի գաղութը աւելի կազմակերպելու անհրաժեշտութեան եւ այս ծիրէն ներս ան շեշտեց, եկեղեցւոյ ու համայնքային կեդրոնի շինութեան անմիջական կարիքը: Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ ՙԿիլիկիա՚ երգի եւ հայրապետական մաղթերգի հաւաքական կատարումով:         

Յայտնենք որ շուրջ ‎12  տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետը  Հովուապետական պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Ապու Տապի եւ այդ առիթով հանդիպունմեր ունեցած պետական մակարդակի վրայ եւ  տեղւոյն կառավարիչ Իշխանէն խնդրած՝ եկեղեցւոյ շինութեան համար հողի մը յատկացում մը պետութեան կողմէ: Երկու տարիներ առաջ Վեհափառ Հայրապետին փափաքը կատարուեցաւ եւ շուրջ 3000 մեթր տարածութեամբ հող տրամադրուեցաւ եկեղեցւոյ համար: Եկեղեցւոյ ու համայքնի կեդրոնի շինութեան ծրագիրը պատրաստ է արդէն: Կաթողիկոսարանի Կալուածոց Յանձնախումբը քննած ու վաւերացուցած է զայն:

Իր կարճ այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց յիշեալ հողաշերտը եւ թելադրեց անյապաղ գործի լծուիլ որպէսզի Ապու Տապիի մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակները հաւաքական տուն մը ունենան, թէ՜ աղօթելու թէ միասին ըլլալու համար:

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՒ

ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՈՂՋԵՐԹՈՎ

St. Mary's Kalloopara Valiyapally Church, one of the ancient churches in India, Sunday 28 February 2010

His Holiness Aram I visits the St. Mary's Kalloopara Valiyapally Church, one of the ancient churches in India, Sunday 28 February 2010   St. Mary's Kalloopara Valiyapally Church, Sunday 28 February 2010

St. Peter and Paul's Church, Parumala, where St. Gregorios of Parumala is entombed, Sunday 28 February 2010

His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010   His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010

His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010

St. Peter and Paul's Church, Parumala, where St. Gregorios of Parumala is entombed, Sunday 28 February 2010   His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010

His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010   His Holiness Aram I concluded his visit to India, Sunday 28 February 2010

Official banquet in honor of His Holiness Aram I in Trivandrum, Sunday 28 February 2010

Official banquet in honor of His Holiness Aram I in Trivandrum, Sunday 28 February 2010   Official banquet in honor of His Holiness Aram I in Trivandrum, Sunday 28 February 2010

Read in Arial Armenian font 

02/28/2010

Կիրակի, 28 Փետրուար 2010, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին համար եղաւ պետական, միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ժողովրդային հանդիպումներով լի օր մը:

Առաւօտեան, Վեհափառը այցելեց Գալլուփարայի Ս. Մարիամ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցին: Ապա, Նորին Սրբութիւնը եղաւ Հարաւային Հնդկաստանի մէջ գտնուող Փարումալայի Ս. Պետրոս-Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ եւ հոն ներկայ գտնուեցաւ  Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մեծ սուրբերէն Ս. Գրիգորիս նուիրուած տօնակատարութեան այցելելով ապա՝ Սուրբին դամբարանը: Իսկ կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը հասաւ Նիրանամանի Ս. Մարիամ Եկեղեցին, որ Ս. Թովմաս Առաքեալի կողմէ կառուցուած եօթը եկեղեցիներէն մին է:

Երեք եկեղեցիներուն մէջ ալ Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր շքախումբի անդամներով, դիմաւորուեցաւ հազարաւոր հաւատացեալներուն կողմէ եւ իր հայրապետական պատգամով գօտեպնդեց զիրենք, քրիստոնէական կեանքով կառչած մնալու եկեղեցւոյ աստուածատուր առաքելութեան:

Յետ միջօրէին, Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ հիւրը եղաւ իր քսանհինգ ամեակը տօնախմբող Շենկանուրի թեմին, սոյն ժողովրդային բացօթեայ հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու ներկայացուցիչները: Ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ ու պատասխանատուներ, ապա Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցեց խուռներամ հաւատացեալներուն: Իր պատգամին մէջ Վեհափառը ըսաւ ՙԱմեակները կատարուած գործի արժեւորման առիթներ ըլլալով, նաեւ մատահրաւէր են առաւել նուիրումով կատարուելիք գործին՚: Վեհափառը մէջբերելով Քրիստոսի խօսքը ըսաւ ճշմարիտ հովիւը այն է որ ծառայութեան ճամբով կը նոյնանայ իր հօտին հետ: Յիշելով Պօղոս առաքեալին խօսքը Վեհափառ Հայապետը ըսաւ. ՙՀոգեւորականը Քրիստոսի դեսպանն է՚: Ան ըսաւ. ՙՎա՜յ այն երկրի դեսպանին որ հաւատարիմ չէ իր պետութեան քաղաքականութեան: Այնպէս ալ եւ աւելիով, վա՜յ ան հոգեւորականին որ հաւատարիմ չէ Աւետարանի սկզբունքներուն, արժէքներուն ու ճշմարտութիւններուն՚: Իր խօսքը Հնդիկ Կաթողիկոսին ուղղելով Վեհը ըսաւ. ՙԴուք բախտաւոր պէտք է ըլլաք որովհետեւ ձեր շուրջ ունիք ոչ միայն զարգացած, այլ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած  հոգեւորականներ՚: Բացառիկ խանդավառութեամբ ընդունեցաւ Վեհափառ Հօր պատգամը, որմէ անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետին տրուեցան յիշատակի նուէրնէր, զանազան պատասխանատուներու կողմէ:

Երեկոյեան, Վեհափառը հասաւ Քերալա նահանգի Թրիվանտրում մայրաքաղաքը, ուր այցելեց Ս. Գէորգ Մայր Տաճարը, օրհնեց զինք դիմաւորող բազմահազար  հաւատացեալներու հօտը եւ փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը:

Իր պատգամին մէջ Վեհափառը ըսաւ որ անցնող չորս օրերու ընթացքին իր ականջներուն հասնող բառը եղած էր Սուրբ Թովմասի անունը: ՙԴուք արդարօրէն հպարտ էք, որ ձեր եկեղեցւոյ հիմնադիրը եղած է Սուրբ Թովմաս առաքեալ, սակայն չի՜ բաւէր միայն հպարտ ըլլալ, պէտք է հաւատարիմ ըլլալ Ս. Թովմաս առաքեալի պատգամին ու վկայութեան՚: Ապա Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով յանուն ժողովուրդին աշխարհական պատասխանատուի կողմէ արտասանուած խօսքը, ըսաւ. ՙՀոգեւորականի կողքին աշխարհականի ներկայութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ, կենսական է: Այսպէս է նաեւ Հայ Եկեղեցին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովո՜ւրդն է եւ ո՜չ թէ հոգեւորականութիւնը միայն՚:

Երեկոյեան, ի պատիւ Նորին Սրբութեան, որպէս պետական հիւրի, պաշտօնական ընթրիք տրուեցաւ Թրիվանտրումի մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական դէմքեր, քրիստոնեայ եւ այլ կրօնքներու ներկայացուցիչներ ու յատուկ հրաւիրեալներ:

Պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին շրջանի առաջնորդը, Հնդկաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսը, կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարը եւ Եկեղեցւոյ Համաշխարային Խորհուրդի նախկին տնօրէններէն Դոկտ. Քոշշին: Ապա խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ որպէս եզրակացութիւն Հնդկաստան կատարած իր հինգօրեայ այցելութեան, անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. ա) Հնդկաստանի բոլոր եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը պէտք է աւելի ամրապնդուի, բ) միջ-եկեղեցական երկխօսութիւնը հարկ է գործնական կեանքի մէջ թարգմանել, գ) մեծապէս ողջունելի է Հնդկաստանի բազմակրօն ընկերութեան մէջ տիրող խղճի ազատութիւնը, որ Կատիի ամենակարեւոր սկզբունքնեէրէն մէկն էր, դ) անհրաժեշտ է համաշխարհայնացումի նկատմամբ դրական ու զգուշաւոր մօտեցում ունենալ, միաժամանակ մշակութային ինքնութիւնները պահպանելով:

Յայտնենք որ Վեհափառ Հայրապետէն առաջ խօսք առնողները յատուկ կերպով յիշեցին հայկական ցեղասպաննութիւնը (նաեւ զանազան առիթներով Վեհափառը յիշած էր հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը), ինչպէս նաեւ անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական դերակատութեան, զինք նկատելով այս ծիրէն ներս միջազգային դէմք: Պաշտօնական ճաշկերոյթի աւարտին յուշանուէրներ տրուեցան Վեհափառ Հայրապետին եւ պատուիրակութեան անդամներուն:

Ուշ գիշերին, Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական ողջոյնով բաժնուեցաւ Նորին Սրբութիւն Փաուլոս Մար Միլիթիոս Կաթողիկոսէն եւ Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն: 

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ

ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՇՔԱՆՇԱՆԸ

Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010   Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010

Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010

Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010   Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010

Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010

Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010   Feast Day of St. Dionysius who is interred at the Old Seminary, Saturday 27 February 2010

His Holiness Aram I receives the highest Order of the Indian Orthodox Church, Saturday 27 February 2010

Read in Arial Armenian font

02/27/2010 

27 Փետրուար 2010ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Հնդկաստանի մէջ անցուց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հետ:

Առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնն ու շքախումբի անդամներ՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան մասնակցեցան Ս. Դիոնիսիոսի տօնին առթիւ մատուցուած սուրբ պատարագին, որուն ընթացքին խուռներամ հաւատացեալներուն իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը եւ անդրադարձաւ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ քրիստոնէական առաքինութիւններուն ու շեշտեց սուրբերուն կենդանի ներկայութիւնը մեր հաւաքական ու անհատական կեանքին մէջ:

Ապա, Վեհափառին ձեռամբ կատարուեցաւ հիմնօրհնէքը Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Դպրեվանքի մատուռին եւ հանդիսասրահին:

Յետ միջօրէին, Վեհափառը այցելեց Գոլենչերիի թեմը, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւորական եւ պետական պատասխանատուներուն եւ հազարաւոր հաւատացեալներուն կողմէ: Կանոնական աղօթքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամը ուղղեց եւ կատարեց Ս. Թովմաս Մայր Տաճարին հիմնօրհնէքը: Ապա, Վեհափառը ուղղուեցաւ Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատկանող հիւանդանոցին համալիրը ու կատարեց նոր շէնքին բացումը:

Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ ժողովրդային պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւն Փաուլոս Մար Միլիթիոս Կաթողիկոս Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ՙՍ. Թովմաս Առաքեալ՚ի բարձրագոյն կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Նիւ Տելհիէն ժամանած պետական նախարար Քէյվի Թոմաս, ողջունեց Վեհափառը որպէս պետական հիւրի եւ փոխանցեց Հնդկաստանի պետութեան բարեմաղթութիւնները: Շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան նաեւ զանազան Եկեղեցիներու ներկայացուցչիներ եւ անդրադարձան Վեհափառի միջ-եկեղեցական վաստակին:

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց աւանդութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ լուսարձակի տակ բերաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

Շքանշանի տուչութեան յաջորդեց պաշտօնական ընթրիք, որուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հոգեւորական եւ աշխարհական հրաւիրեալներուն շնորհաւորութիւնները:

Ապա, Վեհափառը եղբայրական ողջոյնով հրաժեշտ առաւ Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորին Սրբութիւն Պասիլիոս Մար Թոմա Տիտիմոս Ա. Կաթողիկոսէն:

Գիշերը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Հնդիկ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասերու ներկայացուցիչները, խնդրելով որ Վեհափառ Հայրապետը երկու կողմերը հրաւիրէ Անթիլիասի մէջ վերսկսելու իրենց խօսակցութիւնները:

Յայտնենք, թէ քանի մը տարիներ առաջ Նորին Սրբութիւնը նման առաքելութեան մը նախաձեռնած էր եւ Գահիրէի մէջ ի մի բերած Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքն ու Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Փաուլոս Ա. Պատրիարքը:

 

 

 

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ԻՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԿՈՒՂՂէ

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՆՈՏԻՆ

His Holiness Aram I addresses the Holy Synod of the Indian Orthodox church, Friday 26 February 2010   His Holiness Aram I addresses the Holy Synod of the Indian Orthodox church, Friday 26 February 2010

His Holiness Aram I addresses the Holy Synod of the Indian Orthodox church, Friday 26 February 2010

at St. George church in Puthupally   at St. George church in Puthupally

   at St. George church in Puthupally

at St. George church in Puthupally

at St. George church in Puthupally  

at St. George church in Puthupally  

Read in Arial Armenian font

02/26/2010 

26 Փետրուար 2010ին, Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ սինոտական եպիսկոպոսներուն հետ, իր պատուիրակութեան անդամներ՝ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեանի ներկայութեան:

Նորին Սրբութիւն Պասիլիոս Մար Թոմա Տիտիմոս Ա. Կաթողիկոս անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ երկու Հոգեւոր Պետերը նախ նախագահեցին աշխարհի խաղաղութեան համար կատարուած եկեղեցական արարողութեան:

Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս յատկապէս անդրադարձաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու ու Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութիւններուն: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը սինոտական հայրերուն հետ քննարկեց Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին գործակցութեան վերաբերող երեսները, Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութիւններու առաւել սերտացման հեռանկարները եւ միջ-եկեղեցական շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, թէ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները կը պատկանին մէկ ընտանիքի, ունին նոյն առաքելական արմատները եւ պէտք է միասնաբար դիմագրաւեն համաշխարհայնացած ընկերութեան տագնապները:

Սինոտական հայրեր առաջարկեցին որ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախաձեռնէ Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Հնդիկ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ իրար մերձեցման ու հաշտութեան գործընթացին եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքի ներկայացուցիչներու հանդիպման՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս: 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբի անդամներուն եւ Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասուն հետ այցելեց կարգ մը եկեղեցիներ եւ իր օրհնութիւնները բաշխեց խուռներամ հաւատացեալ ժողովուրդին: 

Փութհուփալիի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կատարեց ծխական դպրոցին հողօրհնէքի արարողութիւնը: Նորին Սրբութիւն Պասիլիոս Մար Թոմա Տիտիմոս Ա. Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական միացեալ գիրով Շանտանափալայի Ս. Գէորգ Եկեղեցին ուխտատեղի հռչակեցին: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց եկեղեցւոյ ընկերային կեդրոնին:

Երեկոյեան, Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքը պաշտօնական ընթրիքով մը պատուեց Վեհափառը: Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան եկեղեցական եւ քաղաքական հիւրեր:

Յայտնենք, թէ հնդկական կրօնական եւ աշխարհիկ լրատուական միջոցներ իրենց ամէնօրեայ հաղորդումներուն ընթացքին լայնօրէն արձագանգեցին Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան մանրամասնութիւններուն եւ տուած մամլոյ ասուլիսներուն:

 

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010  His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010  His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010  His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010  His Holiness Aram I at the Seminary of the Indian Orthodox Church, Thursday 25 February 2010

His Holiness Aram I gives a lecture at the Catholic Archdiocese of Changanacherry   with the Syrian Orthodox church clergy

Read in Arial Armenian font

02/25/2010

25 Փետրուար 2010ին, շարունակելով Հնդկաստան տուած իր պաշտօնական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ շարք մը տեսակցութիւններ ունեցաւ Քերալա նահանգի Ուղղափառ, Կաթոլիկ, Անկլիքան եւ Բողոքական եկեղեցիներու պետերուն եւ եկեղեցական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:

Առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հնդիկ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներուն, որոնք հիւանդանոցային խնամքի տակ գտնուող իրենց Կաթողիկոսին՝ Ամենապատիւ Տ. Թոմաս Ա.ի եղբայրական ողջոյնները փոխանցեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ բարի գալուստի բարեմաղթութիւններ կատարեցին:

Ժամը 10ին, Վեհափառը այցելեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Դպրեվանքը, ուր հաւաքուած էին զանազան եկեղեցիներու պետեր, հոգեւորականներ եւ աստուածաբաններ: Վեհափառը նախ հանդիպում մը ունեցաւ հոգեւոր պետերուն, Քերալայի Եկեղեցական Խորհուրդի պատասխանատուներուն եւ Դպրեվանքի տեսչութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողութեան հետ, ու ապա դասախօսեց ՙՄիջ-եկեղեցական Շարժումը 21րդ Դարուն՚ նիւթին շուրջ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ կերպով ընդգծեց երիտասարդ սերունդին միջ-եկեղեցական կազմաւորման հրամայականը եւ եկեղեցիներուն ի Քրիստոս ունեցած միութիւնը, որ իր վաւերական արտայայտութիւնը կը գտնէ քրիստոնէական վկայութեան եւ աւետարանի հասարակաց արժէքներու տարածման ճամբով:

Նորին Սրբութեան միջ-եկեղեցական վաստակին մասին խօսք առին Նորին Սրբութիւն Փաուլոս Մար Միլիթիոս Կաթողիկոս, Մար Թոմա Եկեղեցիէն՝ Զաքարիա Թէոֆիլոս Մետրոպոլիտ, Անկլիքան Եկեղեցիէն՝ Թոմաս Սամուէլ Եպիսկոպոս, Քերալայի Եկեղեցական Խորհուրդէն՝ Դոկտ. Ֆիլիփ Թոմաս, Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Կապրիէլ Մար Կրեկորիոս Մետրոպոլիտ եւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հայր Ճորճ: Բոլորն ալ ընդգծեցին թէ Վեհափառ Հայրապետը անջնջելի հետք թողած է միջ-եկեղեցական շարժումի պատմութեան մէջ եւ Հնդկաստան իր այցելութիւնը քրիստոնէական համագործակցութեան նոր էջ մը կը բանայ բոլոր եկեղեցիներուն համար:

Կէսօրին, Դպրեվանքի եկեղեցւոյն մէջ, տեղի ունեցաւ հաւաքական աղօթք եւ Հայ Եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութիւն, ապա՝ պաշտօնական ճաշկերոյթ:

Երեկոյեան ժամը 7ին, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Մար Թոմա եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները, ուր նաեւ տեսակցեցաւ միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներու եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ճամբով իր ունեցած երկարամեայ հնդիկ գործակիցներուն հետ:

Ապա, Շանկանասերիի Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Վեհափառը դասախօսեց ՙՀայ Եկեղեցին եւ Միջ-եկեղեցական Շարժումը՚ նիւթին շուրջ: Ապա, Ժոզէֆ Մար Փովաթպիլ Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսը պաշտօնական ընթրիքով պատուեց Վեհափառ Հայրապետը՝ ի ներկայութեան միջ-եկեղեցական հիւրերու եւ պետական պատասխանատու անձնաւորութեանց:

 

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ

His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010

His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010   His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010

His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010   His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010

Canonical prayer and official welcome

His Holiness Catholicos Moran Mor Baselios Marthoma Didymos I of Indian (Malankara) Orthodox Church welcomes His Holiness Aram I   His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010

His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010   His Holiness Aram I arrives in India, Wednesday 24 February 2010

Read in Arial Armenian font

02/24/2010 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, ընդառաջելով Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նորին Սրբութիւն Պասիլիոս Մար Թոմա Տիտիմոս Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական հրաւէրին, 24-28 Փետրուար 2010ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հնդկաստանի Ուղղափառ Քոյր Եկեղեցւոյ:

Յայտնենք, թէ վերջին 15 տարիներուն, Վեհափառ Հայրապետը զանազան առիթներով հրաւէր ստացած էր այցելելու Հնդկաստանի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ որպէս Ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի՝ Հնդկաստանի միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներուն:

24 Փետրուարի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քոչինի օդակայանը եւ դիմաւորուեցաւ Նորին Սրբութիւն Փաուլոս Մար Միլիթիոս Կաթողիկոսի, Սինոտի անդամ արքեպիսկոպոսներու, հոգեւորականութեան եւ Քերալա նահանգի քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ: