|
ՙՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՄԷԿՆ Է՚Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Վերոնշեալ շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբաններուն յիշեցուց հոգեմտաւոր կազմաւորման կարեւորութիւնը միաբանութեան ծառայական կեանքին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙԿ’ապրինք զարգացման արագ ընթացքի մէջ գտնուող աշխարհի մը մէջ: Մեր ժողովուրդի ծառայութեան լծուած հոգեւորականը իրաւունք չունի հեռու մնալու այն զարգացումներէն ու նուաճումներէն, որոնք տեղի կ’ունենան մեր շուրջը աննախատեսելի արագութեամբ: Ներկայ սերունդին հետ խօսելու համար, ժողովուրդի կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն ընդառաջելու համար, ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց Աստուծոյ խօսքը քարոզելու համար, հոգեմտաւոր զարգացումը կենսական է:՚ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՀոգեւորականին համար միայն մտաւոր զարգացումը բաւարար չէ. մտաւորին պէտք է ընկերանայ հոգեւորը: Հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորումը զիրար կ’ամբողջացնեն: Հոգեւորականը յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տայ ինքնաշխատութեան ու ինքնազարգացման, զանոնք վերածելով մնայուն ընթացքի իր կեանքին մէջ՚: Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը կը շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններուն հոգեմտաւոր զարգացման՝ այս գծով զանազան ազդու միջոցներու դիմելով: Այսպէս, ներկայ տարեշրջանին Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցաբար, վանաբնակ երիտասարդ միաբաններու անգլերէն լեզուի յատուկ դասընթացքները կը շարունակուին ամերիկացի դասատուի մը գլխաւրութեամբ. երկու վանաբնակ միաբաններ կը հետեւին անգլերէն դասընթացքի լեզուագիտութեան նոյն կեդրոնին մէջ. միաբան մը ֆրանսերէն լեզուի՝ ֆրանսական մշակութային կեդրոնին մէջ. այլ միաբան մը գերմաներէնի՝ գերմանական Կէօթէ հաստատութեան մէջ. ուրիշ միաբան մը արաբերէն լեզուի՝ գասլիքի համալսարանին մէջ: Յայտնենք նաեւ, որ երկու միաբաններ շուտով պիտի սկսին հետեւիլ երաժշտանոցի դասընթացքներու: Իսկ թեմերու մէջ ծառայող միաբաններէն երկու հոգիներ Գանատայի մէջ կը շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումը եւ այլ միաբան մը Յունաստանի մէջ սկսած է իր համալսարանական ուսման: Երէց միաբաններէն արդէն իսկ ոմանք իրենց համլասարամական ուսումը աւարտած են ու տիրացած համապատասխան վկայականներու: Այս դրական երեւոյթը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց միաբաններուն, որ ՙուսումը ինքնանպատակ պէտք չէ դառնայ, այլ ան պէտք է վերածուի ծառայութեան: Ուսումնական մարզէն ներս մեր ձեռք ձգած յաջողութիւնները պէտք է ի սպաս դնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կենսագործման՝ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ պայծառացման, մեր հայրենիքի ծաղկման ու մեր ազգային պահանջատիրութեան հզօրացման:՚
ՙՀԱՅ ԳԻՐՔԸ՝ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐԸ՚Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
01/15/2012 Կիրակի 15 Յունուար 2012-ին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն: ինչպէս ծանօթ է, հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ Եունեսքոյին կողմէ ներկայ տարին Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, Արամ Ա. Կաթողիոս 2012 տարին հռչակեց Հայ Գիրքի Տարի: Իր Հայրապետական Պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ յետոյ 500 տարուայ Հայ Գիրքի երկար ճանապարհը, շեշտը կը դնէ ներկայ ժամանակներու Հայ Գիրքին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը աւելի զօրացնելու հրամայականին վրայ: Հայրապետական պատգամին վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ըսելով.- ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները: բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տըպագրութեան՝ մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով: գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն՝ տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով: դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն: Կիրակի առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց Հայ Գիրքի առանցքային կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս, ըսելով՝ թէ ՙՀայ Գիրքը պէտք է դառնայ մեր սիրելի ընկերը՝ հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, հայ միութեան ու հայ կեանքին մէջ միշտ մնալով պայծառակերպիչ ու հարստացուցիչ ներկայութիւն:՚
ՙՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ՄԷԿ ՁԱՅՆՈՎ՚
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի ՙԿիլիկիա՚ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ եկեղեցիներու միասնականութեան նոր թափ տալու հրամայականին: ՙՄիջին Արեւելքի պատմութեան այս ճակատագրական հանգրուանին եկեղեցիներու միութիւնը բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ներկայացնող առաջնահերթութիւն մըն է: Անկախ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական կամ դաւանաբանական տարբերութիւններէն, բոլոր եկեղեցիներն ալ կը պատկանին Քրիստոսի նոյն խորհրդական մարմնոյն՝ տարբեր անդամները ըլլալով նոյն մարմնին: Յատկապէս մեր շուրջը ստեղծուած դժուար պայմանները, ստեղծուող նոր մարտահրաւէրները, արթնութեան կոչ մըն են եկեղեցիներու ուղղուած որ անոնք իրենց էական միութիւնը արտայայտեն գործնապէս՝ միասին աղօթելով, միասին մտածելով, միասին ծրագրելով ու միասին ծառայելով՚: Շարունակելով իր բացման խօսքը ֆրանսերէն լեզուով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ թէ՝ ՙՄիջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդը շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն հասարակաց տունն է: Խորհուրդը սոսկ կազմակերպութիւն մը կամ կառոյց մը չէ եկեղեցիներու կեանքէն ու վկայութենէն հեռու: Խորհուրդը եկեղեցիներն են միասնաբար Խորհուրդը կը պատկանի մեզի ու մենք կը պատկանինք անոր: Այս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք Խորհուրդին եւ այս գիտակցութեամբ Խորհուրդը պէտք է ծառայէ եկեղեցիներուն:՚ Ապա Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի վերջին համաժողովէն յետոյ գործունէութեան ու ծառայութեան նոր շրջան մը կը բացուի Խորհուրդին առջեւ: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը չորս գլխաւոր առաջնահերթութիւններ ճշդեց.- ՙԱռաջին առաջնահերթութիւն՝ դաստիարակութիւն. սովորական իմաստով չէ որ պէտք է ըմբռնել դաստիարակութիւնը. անիկա հոգեմտաւոր կազմաւորում է եւ հետեւաբար կարեւոր տարածքը կը կազմէ եկեղեցւոյ առաքելութեան: Դաստիարակութիւնը կը կատարուի տան մէջ, դպրոցին մէջ ու եկեղեցւոյ ճամբով: Արդ, յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տրուի դաստիարակութեան, որովհետեւ այդ ճամբով է որ պիտի պատրաստուի վաղուան քրիստոնեան ու պիտի կերտուի վաղուայ քրիստոնեայ համայնքը: երկրորդ առաջնահերկթութիւն՝ ընկերային ծառայութիւն. դարձեալ ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ աւետարանչութեան կարեւոր մարզերէն մէկը կը կազմէ: Եկեղեցին ինքզինք կ’արտայայտէ ու կ’իրագործէ ծառայութեան ճամբով: Շրջանի մեր եկեղեցիները յատուկ կարեւորութիւն տուած են ծառայութեան: Բազմաթիւ հիւանդանոցներ, ծերանոցներ բարեսիրական կեդրոններ կը գործեն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ: Անհրաժեշտ է վերանորոգ թափով շարունալել այս աշխատանքը: երրորդ առաջնահերթութիւն՝ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւն. անդարդառնալով եկեղեցւոյ առքելութեան այս երեսին, կարեւորութեամբ կը շեշտենք թէ Միջին Արեւելքէն ներս Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը մեր ամէնօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ: Այլ խօսքով, ան սոսկ աստուածաբանական խօսակցութիւն չէ երկու կրօններու միջեւ: Այս հայեցակէտով դիտուած Խորհուրդը վերանորոգ թափով պէտք է շարունակէ Քրիստոնեայ-Իսլամ գործակցութիւնը: Չորրորդ առաջնահերթութիւն՝ յարաբերութիւն. յարաբերութիւնը Խորհուրդի ամէնօրեայ կեանքին ու գործին անբաժան մասը պէտք է կազմէ: Յարաբերութիւն անդամ եկեղեցիներուն հետ, յարաբերութիւն եկեղեցիներու սփիւռքներուն հետ, յարաբերութիւն արեւմուտքի եկեղեցիներուն հետ: Բնականաբար տարբեր բնոյթի յարաբերութիւններ են ասոնք, սակայն ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է որ Խորհուրդը տարբեր մօտեցումով վերակազմակերպէ իր յարաբերութիւնները յատուկ բաժանմունքի մը հաստատումով՚: Եզրափակելով իր բացման խօսքը Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙԵկեղեցին դիտողի կամ հետեւողի կրաւորական վիճակին մէջ չի կրնար ըլլալ: Ան կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու այն բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն, որոնց նպատակը արդարութեան, ազատութեան, մարդկային արժանապտուութեան ու մարդկային իրաւունքներու հասատատումն է: Այս հարցերը կամ նպատակները սոսկ քաղաքական չեն, այլ ըստ էութեան անբաժան մասը կը կազմեն եկեղեցւոյ առաքելութեան:՚ Վեհափառ Հայրապետին բացման խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին Իկնաս Եուսէֆ Եունան Պատրաիրք ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ, Փօլ Մաթար Արքեպիսկոպոս (Պէյրութի մարոնիթ Առաջնորդ), Քոսթաքայալ Արքեպիսկոպոս (Հազիմ Պատրիարքի նեկայացուցիչ), Դոկտ. Հապիպ Պատըր (աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչ), եւ Դոկտ. Փօլ Րուհանա (Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար): Բոլոր խօսողներն ալ շեշտեցին եկեղեցիներու միջեւ գործակցութիւնը առաւել ծաւալելու հրամայականը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ01/12/2012 Հինգշաբթի 12 Յունուար 2012-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջ-եկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Ժորժ Սալիպա Արքեպիսկոպոսին միջեւ որպէս ներկայացուցիչը ասորի եկեղեցւոյ Պետ Զագգա Ա. Պատրիարքին: Սալիպա Արքեպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Զագգա Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անոնք խորհրդակցեցան Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան նոր թափ տալու, ինչպէս նաեւ՝ յառաջիկայ շաբաթ Ատիս Ապեպայի մէջ (Եթովպիա) տեղի ունենալիք կաթոլիկ եւ ուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած հարցերուն մասին: Վերոյիշեալ համդիպումին յաջորդեց այլ հանդիպում մը ներկայութեամբ ասորի կաթոլիկ Պատրիարք Իկնաս Եուսէֆ Եունանի, Պէյրութի Արքեպիսկոպոս Փօլ Մաթարի (մարոնիթ), Քոսթաքայալ Արքեպիսկոպոսի (ուղղափառ), Դոկտ. Հապիպ Պատըրի (բողոքական) եւ Դոկտ. Փօլ Րուհանայի (Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար): Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթն էր Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին աշխատանքը վերակազմակերպելու կարելիութիւնները շրջանէն ներս յառաջացած նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Յիշեալ հանդիպումին յաջորդեց մամլոյ ասուլիս մը Կաթողիկոսարանէն ներս մասնակցութեամբ վերոյիշեալ անձերուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքէն ներս քրիտոնէութեան ներկայութեան, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
ՍՈՒՐԲ ԾՆՈԻՆԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ01/06/2012 Ուրբաթ, 6 Յունուարի առաւօտուն, Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատոյց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Պատարագիչ Վեհափառ Հայրապետին շուրջն էին որպէս խարտաւիլակ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան եւ որպէս օգնական՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Բէնդէզեան: Հոծ հաւատացեալներու շարքին ներկայ էին մեծ թիւով պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Յընթացս Սուրբ Պատարագին, Արամ Ա. Կաթողիկոս տուաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Հայրապետական պատգամին սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով հայրապետական օրհնութեամբ շնորհաւորեց ողջ հայութիւնը: Ան ողջունեց Լիբանանի Նախագահ Զօր. Միշէլ Սիւլէյմանը, Հայաստանի Նախագահ՝ Տիար Սերժ Սարգիսեանը: Եղբայրական սիրով ողջունեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Երուսաղէմի ու Կ. Պոլսոյ հայոց Պատրիարքները՝ մաղթելով անոնց նորանոր իրագործումներ իրենց առաքելութեան մէջ: Արամ Ա. Կաթողիկոս Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ նկարագրեց որպէս ՙմարդկութեան առջեւ բացուած նոր ճամբայ՚: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙանորոշութեան ու տագնապի մէջ գտնուող մարդկութիւնը կը փնտռէր դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն առաջնորդող ճամբայ մը: Փիլիսոփաներ չէին կրցած այդ ճամբան գտնել: Մարգարէներ չէին կրցած այդ ճամբան բանալ: Հին աշխարհի մեծ կայսրութիւնները եւս չէին կրցած մարդկութեան ցոյց տալ խաղաղութեան ու արդարութեան, լոյսի ու յոյսի ճամբան: Բեթղեհէմը եղաւ մարդկութեան առջեւ բացուած ճշմարիտ ճամբան: Արդարեւ, Բեթղեհէմին մէջ մարդեղացած Քրիստոս ոչ միայն խօսեցաւ ճշմարիտ ճամբուն մասին, այլ իր կեանքով ու առաքելութեամբ, իր ուսուցումներով ու հրաշքներով ու մանաւանդ իր խաչով ու յարութեամբ մարդկութեան առջեւ բացաւ դէպի Աստուած առաջնորդող ճշմարիտ ճամբան, եւ ըսաւ՝ ով որ ինծի կը հաւատայ թող այս ճամբէն քալէ՚: Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙՔրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ քալել Քրիստոսի բացած ճամբէն: Քրիստոսի ճամբան սիրոյ ճամբան է, ատելութիւն սերմանող աշխարհին ճամբաներուն դիմաց: Քրիստոսի ճամբան ճշմարտութեան ճամբան է՝ կեղծիք տարածող ճամբաներու դիմաց: Քրիստոսի ճամբան արդարութեան ճամբան է՝ անարդարութիւն առաջնորդող աշխարհի ճամբաներուն դիմաց: Քրիստոսի ճամբան խաղաղութեան ճամբան է՝ դէպի պատերազմ տանող աշխարհի ճամբաներուն դիմաց: Սակայն չմոռնանաք, որ Քրիստոսի ճամբան խաչակեդրոն ճամբայ է. այլ խօսքով՝ հաւատքի ու նուիրումի, սիրոյ ու ծառայութեան ճամբայ՚: Խօսելով Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապներուն մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ՝ ՙորպէս քրիստոնեաներ մենք զօրավիգ կը կանգնինք այն բոլոր շարժումներուն, որոնց նպատակը բարեկարգութեան ու համերաշխութեան, խաղաղութեան ու արդարութեան, քրիստոնեայ–իսլամ գոյակցութեան ու մարդկային իրաւունքներու հաստատումն է ու ամրացումը՚: Ապա Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց ՙքրիստոնեայ համայնքները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքին: Անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս երկիրներու ցաւին ու ուրախութեան, յառաջդիմութեան ու անկախութեան կերտման: Հետեւաբար, որպէս հաւասար քաղաքացիներ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին՚: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով Սուրիոյ հայութեան, ըսաւ. ՙմօտէն կը հետեւիմ ձեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Վստահ եղէք որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է ու միշտ կը մնայ զօրավիգ: Մնացէք կառչած ձեր ներքին միասնականութեան, ձեր համայնքային իրաւունքներուն ու Սուրիական հայրենիքին՚: Անդրադառնալով Լիբանանի ներկայ կացութեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց տիրող խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը երկրէն ներս. ան ըսաւ. ՙզգոյշ պէտք է ըլլալ, որ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումները իրենց ժխտական հետեւանքները չունենան Լիբանանէն ներս: Պէտք է ամրապնդենք մեր ներքին միասնականութիւնը ու ներքին երկխօսութեան ու գործակցութեան ճամբով անհրաժեշտ է Լիբանանը առաջնորդել դէպի զարգացման ու յառաջդիմութեան նոր հորիզոններ՚: Սուրբ եւ անմահ պատարագը հեռատեսիլի արբանեակային կայաններուն ճամբով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: Նոյն օրը Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց շնորհաւորութիւններ թէ՜ համայնքային, թէ՜ քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու եւ թէ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ ժողովուրդին կողմէ:
ՙԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ ՈՒ ԾՐԱԳՐՈՒՄ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ2012 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՈՒ ԳՈՐԾԻՆ՚
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ 01/01/2012 Նոր Տարուան առաջին օրը, Յունուար 1-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ: Ապա Վեհարանի Դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը ուղղեց ներկաներուն: Ողջունելով նոր բացուող 2012 տարին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ՙԱրժեւորում ու ծրագրում պէտք է դառնան նոր տարուան մեր կեանքին ու գործին մղիչ ուժը: Պէտք է նայինք անցեալին, տեսնելու, թէ ինչ իրագործումներ կատարած ենք ու միաժամանակ ինչ թերացումներ ունեցած մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքէն ներս: Դիւրին է մեր իրագործումները տեսնելը, սակայն յաճախ դժուար մեր թերացումները տեսնելը ու ընդունիլը: Ախտաճանաչումը մեզ յաջողութեան առաջնորդող ամենէն ապահով ճամբան է. ան երաշխիքն է նոր իրագործումներու՚: Ապա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով մեր առջեւ բացուող նոր տարուան, ըսաւ. ՙԱրժեւորումին պէտք է միանայ ծրագրումը: Անցեալին պէտք է նայինք, որպէսզի ապագան ճի՜շդ տեսնենք: Թերութիւնները պէտք է ընդունինք ու սրբագրենք, որպէսզի աւելի՜ լաւը կատարենք: Հոն ուր ծրագրում չկայ հոն կը տիրէ պատահականութիւնը ու անորոշութիւնը: Մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը հեռու պէտք է մնայ անորոշութենէն ու ան պէտք չէ դառնայ պատահական աշխատանքներու անգոյն, անդիմագիծ ու աննպատակ կեանք մը: Նպատակասլաց կեանք կ’ենթադրէ ծրագրուած կեանք: Ան նաեւ կ’ենթադրէ ամբողջական նուիրում ու խոր հաւատք՚: Իր խօսքի վերջին բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2012-ին համար որպէս իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան համար կեանքի ու գործի նպատակ ճշդեց հետեւեալ հինգ սկզբունքները.- ՙա) Մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգում՝ հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մեր գործօն մասնակցութեամբ: բ) մեր միասնականութեան ամրապնդում՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեամբ: գ) Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացում՝ հայրենակերտումի առաքելութեան ամբողջական մասնակցութեամբ: դ) Սփիւռքի վերակազմակերպում՝ նոր մարդուժի պատրաստութեամբ ու կառոյցներու վերաշխուժացումով: ե) Ազգային պահանջատիրութեան հզօրացում՝ մեր բոլոր ուժերու լարումով ու ներդաշնակումով՚:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԴՈՅԺԻ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄԻՆՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան համար վերջին տարիներուն համազգային նշանակութիւն ունեցող կարեւոր ծրագիր մը եղած էր սփիւռքի մէջ մեր ունեցած մարդոյժին յստակեցումը ու ցանկագրումը: Այս ուղղութեամբ վերջերս յանձնախումբ մը գոյացած էր ու լծուած աշխատանքի: Յանձնախումբը արդէն իսկ պատրաստած է իր ծրագիրը ու ճշդած աշխատանքին յառաջիկայ հանգրուանները: Սոյն ծրագրին նպատակն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ ունենալ սփիւռքի մեր մարդոյժի մանրամասն ու ամբողջական պատկերը: Բնականաբար մարդոյժ ըսելով կը հասկցուին ընկերութեան կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս գործող ու ծառայող անձերը (ուսուցիչ, տնօրէն, բժիշկ, համալսարանի դասախօս, գիտնական, ճարտարապետ, ճարտարագէտ, տնտեսագէտ, մտաւորական, հանրային գործիչ, հեղինակ, քաղաքագէտ, եւլն.): Այս ուղղութեամբ յատուկ էջ մը հաստատուած է.- (http://www.armeniancatholicosate.org): Հարկ է որ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրուին հոն գտնուող հարցաթերթիկին ամբողջացումով: Մեր թելադրութիւնն է որ առաւելագոյն չափով առաջնորդարաններու, կառոյցներու ու անհատ ազգայիններու կողմէ լայն տարածում գտնէ այս նախաձեռնութիւնը, որպէսզի կարենանք յատկապէս պայմաններու բերումով հայ կեանքէն հեռու մնացած մեր մարդոյժը ներառել այս հաւաքական աշխատանքին մէջ:
Սիրելի՜ հայրենակից, Մարդոյժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է: Հայ սփիւռքը հարուստ է իր մարդոյժով: Սակայն, սփիւռքի մարդոյժին ամբողջական պատկերը տակաւին չունինք: Ահա այս աշխատանքին է լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթոողիկոսի հովանաւորութիւնը ու քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւլն.) մասին: Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի: Հետեւաբար, պիտի խնդրենք որ անյապաղ լեցնէք կցեալ հարցաթերթիկը եւ ուղարկէք մեզի: Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով: Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը (http://www.armeniancatholicosate.org) նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը: ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ |