Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւնները կը հանդիսանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան հիմնական բնագաւարներէն մէկը: 1950-ական թուականներէն ի վեր, Կաթողիկոսութեան եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչները գործնական մասնակցութիւն բերած են ու կը շարունակեն բերել թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ շրջանայի2-IMG_8149-2ն միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ժողովներուն խորհրդաժողովներուն:

 

Սուրբ Աթոռիս միջ-եկեղեցական շարժումին մասնակցութիւնը աւելի յանձնառու եւ կազմակերպ կը դառնայ 1962 թուականէն ետք, Կաթողիկոսութեան Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (ԵՀԽ) անդամակցութեամբ: 1975 թուականին, Նայրոպիի
Խորհրդաժողովին, Գարեգին Եպս. Սարգիսեան, ապա Գարեգին Բ. Կաթողիկոս, կ’ընտրուի ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութիւններուն փոխ-ատենապետ: 1991 թուականին, Քամպէրայի Խորհդաժողովին, Արամ Արք. Քէշիշեան, այժմ Արամ Ա. Կաթողիկոս, կ’ընտրուի ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութիւններուն ատենապետ: 151998 թուականին, Հարարէյի խորհրդաժողովին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ատենապետ կը վերընտրուի ԵՀԽ-ի Կեդրոնական եւ Գործադիր Վարչութիւններուն:

 

Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչը, իբր դիտորդ, կը մասնակցի Վատիկանի Բ. Ժողովին: Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի Կաթողիկոսներուն Հռոմի Պապերուն տուած այցելութիւնները, ինչպէս նաեւ միացեալ յայտարարութիւնները, ժողովները եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ներկացուցիչներուն հետ խորհրդակցութիւնները, մեծապէս նպաստած են Հայ եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ զարգացնելու ջերմ յարաբերութիւններ, համաշխարհային, շրջանային եւ տեղական մակարդակներու վրայ:

 

Սուրբ Աթոռիս յարաբերութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն հետ միշտ եղբայրական եղած է: Իբր շրջանային միջ-եկեղեցական շարժումին նախաձեռնողներէն մէկը, Սուրբ Աթոռս գործնական մասնակցութիւն բերած է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) հիմնադրման, 1974 թուականին:

 m

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բանալի դերակատարութիւն ունեցած է, եւ կը շարունակէ ունենալ, Ուղղափառ Քաղկեդոնական եւ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան կայացման մէջ: Սուրբ Աթոռը նաեւ կարեւոր ներդրում ունեցած է Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցական ընտանիքին պատկանող եկեղեցիներուն միջեւ աւելի կազմակերպ համագործակցութեան զարգացման գործընթացին մէջ: 1997 թուականէն ի վեր, Միջին Արեւելքի Ուղղափառ Ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը տարեկան հանդիպումներ կ’ունենան անոնք նաեւ կեանքի կոչած են մնայուն յանձնախումբ մը, որ յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենայ՝ արծարծելու միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական հարցեր:

Սուրբ Աթոռը յարաճուն թափով կը շարունակէ իր միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները Անկլիգան եւ այլ Բարեկարգչական եկեղեցիներուն հետ, ինչպէս նաեւ տարբեր միջ-եկեղեցական եւ համաշխարհային կազմակերպութիւններու հետ:

07

 

1997 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատեց միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքը, առաւել եւս ամրապնդելու եւ կազմակերպելու Կաթողիկոսարանիս միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւնները: Բաժանմունքը նաեւ կը կազմակերպէ  միջ-եկեղեցական կազմաւորման սեմինարներ եւ  կը համադրէ թեմերու միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու աշխատանքները: Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքին վարիչն է  Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

2002 թուականին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբ մը կազմուեցաւ, որ կը բաղկանայ 8 եկեղեցական եւ աշխարհական, (կին եւ այր) անդամներէ:

 

2010 թուականին Սուրբ Աթոռը կ’անդամակցի Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները կը մասնակցի Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Համադրման Յանձնախումբին եւ Արեւելեան Ուղղափառ Քաղկեդոնական եւ Ոչ-քաղկեդոնական յարաբերութիւններու ժողովին:

 

Տեղական մակարդակի վրայ, Սուրբ Աթոռը ներկայացուցիչներ ունի բազմաթիւ այլ յանձնախումբերու մէջ, ինչպէս՝ wcc2Կրօնական Դասագիրքերու Խմբագրութեան Յանձնաժողովին, Մարդասիրական Օգնութեան Յանձնաժողովին եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Յանձնաժողովին:

 

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը անդամ է Քրիստոնէական զանազան ուսանողական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու:

 

Սուրբ Աթոռը հսկայական աշխատանք կը տանի, ամբողջ աշխարհի եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ եւ Իսլամ համայնքներու միջեւ հանդուրժողութիւն եւ փոխադարձ վստահութիւն յառաջացնելու ի խնդիր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունի միջ-կրօնական  նախաձեռնութիւններ եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերէ միջ-կրօնական կարեւոր նախաձեռնութիւններու եւ խորհրդաժողովներու, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ: Կաթողիկ
ոսարանէն ներս նաեւ կը կազմակերպուին կրօններու ներկայացուցիչներու ժողովներ։

 

Միջ-կրօնական մարզfէն ներս Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչները եկեղեցական թէ աշխարհական՝ ունին գործօն դերակատարութիւն և շատերը մեր Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչներն են միջ-կրօնական կամ միջ-եկեղեցական յանձնախումբերու կամ կազմակերպութիւններու։

 

 

 

ARMENIAN APOSTOLIC ORTHODOX CHURCH

HOLY SEE CATHOLICOSATE OF CILICIA

P.O.BOX 70 317 ANTILIAS-LEBANON

 

Հեռ. (+961-4) 410001, 410003

Բջիջային (+961-71) 967348

Ֆաքս (+961-4) 417 971, 410002

Ե-նամակecumcil@armenianorthodoxchurch.org

 

Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբի անդամներն են.-

 

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան

Տիկ. Թենի Սիմոնեան-Բիրրի

Դոկտ. Նորա Պարաքտարեան-Գապագեան

Դոկտ. Ժան Սալմանեան

Միջ-եկեղեցական / Միջ-կրօնական