Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանը հիմնուած է Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Բաբգէն Ա. Աթոռակից Կաթողիկոսին կողմէ, 1932 թուականին: 1915-ին, Սիսէն տարագրութեան եւ Կաթողիկոսարանի պարպումի ընթացքին, միաբաններ յաջողած են իրենց հետ բերել սահմանափակ թիւով ձեռագիր մատեաններ եւ հնատիպ գիրքեր: Բաբգէն աթոռակից Կաթողիկոսի կոչին ընդառաջելով հայկական հրատակչատուներ, գրատուներ եւ անհատներ Մատենադարանը կը հարստացնեն նոր հրատարակութիւններով։ Մատենադարանը կը հաշուէ աւելի քան ութսուն հազար, հայերէն թէ օտար լեզուներով տպուած հատորներ, բառարաններ, պարբերաթերթեր, համայնագիտարաններ եւ այլ հրատարակութիւններ։ Մատենադարանին մէջ յատուկ բաժին տրամադրուած են հնատիպ գիրքերու եւ ձեռագիրներու։maden

 

Մատենադարանի բոլոր գիրքերը ցանկագրուած եւ դասաւորուած են համակարգչային դրութեամբ:

 

«Կիլիկիա» Մատենադարանը բաց է հանրութեան Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 09:00-էն յետմիջօրէի ժամը 02:00, իսկ Շաբաթ օրերը՝ առաւօտեան ժամը 09:00-էն կէսօրուան ժամը 12:00:

 

Ներկայիս մատենադարանապետն է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։

 

Կապ.- arekagan1@gmail.com