ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ

      1Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարկադրուեցաւ հեռանալու իր հինգդարեայ պատմական կայքէն՝ Ցեղասպանութեան (1915) եւ Կիլիկիոյ հայութեան տեղահանումին (1920-21) պատճառով: Ան ապաստան գտաւ Լիբանանի մէջ, ուր հաստատուեցաւ ու վերակազմակերպուեցաւ 1930ին, իբրեւ նոր կեդրոն իր իրաւասութեան ենթակայ հայկական եկեղեցիներուն: Այսպիսով Լիբանանը դարձաւ ուժական մէկ օճախը հայկական Սփիւռքին:

Բազմաթիւ շէնքեր իրարու ետեւէ բարձրացան Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի շրջաբակին մէջ. 1938ին՝ 1915ի նահատակներու յիշատակին նուիրուած մատուռը եւ Դպրեվանքի շէնքը՝ օժտուած տպարանով ու մատենադարանով, որ ընդարձակուեցաւ 1952ին. Նոյնպէս 1938ին՝ Վեհարանը, որ հիմնարկօրէն վերակարուցուեցաւ 1968ին. 1940ին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը՝ գործ Մարտիրոս Ալթունեանի (Ճարտարապետ) եւ Խոսրով Երամեանի (շինարար). 1966ին՝ դամբարանը, որ իբրեւ վերջին հանգստարան կը ծառայէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն, եւ եպիսկոպոսարանն ու վարդապետներու շէնքը:

3«ԿԻլիկիա» Թանգարանը վերջին անգամ կառուցուած շէնքն է Կաթողիկոսարանին: 1994ին մշակուած ծրագիրը գործադրութեան դրուեցաւ գահակալութեան շրջանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ 1995ին: Աշխատանքները շարունակուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրով եւ աւարտեցան Դեկտեմբեր 1997ին:

               Թանգարանը, որուն բացումը կատարուեցաւ 30 Մարտ 1998ին, կը գտնուի Մատենադարանի շէնքին մէջ, որ ընդարձակուած եւ հիմնական փոփոխութեան ենթարքուած է ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանի կողմէ: Թանգարանային յղացումն ու գործադրութիւնը Սիլվիա Աճէմեանինն են:

Անթիլիասի մէջ թանգարան մը ունենալու գաղափարը փայփայուած է Կիիկիոյ բոլոր կաթողիկոսներու կողմէ: Անոնք փափաքած են լայն հասարակութեան ներկայացնել անցեալով ծանրաբեռն առարկաներ, որոնք կը կրեն իրացական – թէեւ ոչ-ամբողջական – յիշատակը Սիսի Կաթողիկոսարանին: Խօսքը կը վերաբերի եկեղեցական իրերու, որոնք փրկուած էին 1915ին եւ Սիսէն Հալէպ փոխադրուած՝ խղճալի պայմաններու մէջ Անթիլիաս հասած են 1930ին: Հոս պահպանուած էին անոնք եւ անոնց թիւը աւելցած էր շնորհիւ գնումի եւ նուիրատւութեան:

Երբ գաղթի ճամբան կը բռնէին 13 Սեպտեմբեր 1915ին, Սիսի միաբաններըիրենց ետին կը ձգէին Կաթողիկոսարանի պազմաթիւ շինութիւնները: Անոնց շարքին էր Ս. Սոֆիա եկեղեցին 1810-ին կառուցուած Կիրակոս Մեծ Կաթողիկոսին (1797 – 1822 ) կողմէ իր ութ խորաններով եւ մարմարեայ ու քանդակազարդ կաթողիկոսական գահով: Միաբանները քանի մը սնտուկի մէջ աճապարանքով տեղաւորած էին թանկագին մասունքները եւ ձեռագիրները, որոնք կը պահուէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի խորանին կից մատուռին մէջ, ինչպէս նաեւ Ս. Միւռոնի կաթսան, եկեղեցական ծանր զգեստները, շղարշները եւ ծիսական սպասները:

Ճամբորդութեան ընթացքին տեղի ունեցած էին ողբերգական դէպքեր. Ոչ միայն Միւռոնի կաթսան կոտրած էր Սիսէն ելլելէ անմիջապէս ետք եւ սուրբ իւղը՝ թափած, այլեւ, Ճիհան գէտը անցընելու ատեն, սայլը, որուն վրայ կը գտնուէին սնտուկները, փրթած էր զայն փոխադրող լաստէն եւ սահած ջուրին խորը: Երկար ժամերու տքնաջան ճիգերէ ետք միայն կարելի եղած էր ջուրէն հանել սայլը շնորհիւ նուիրումին միաբաններու եւ քանի մը երիտասարդներու, որոնք մաս կը կազմէին տեղահանուողներու կարաւանին՝ խռնուած գէտի ափին:

Այս մանրամասնութիւնները պէտք է պէտք է յիշատակուէին: Անոնց շնորհիւ կը հասկնանք կարեւորութիւնը առարկաներուն, որոնք հիմա տեղ գրաւած են թանգարանի շէնքին մէջ, որ մեծ մասով անոնց համար նախատեսուած է: Այս իրերը, համախմբուած թանգարանի առաջին յարկին վրայ, նուրբ ամբողջութիւն մը կը ներկայացնեն եւ գաղափար մը կու տան հայկական կրօնական արուեստի քանի մը թանկագին ճիւղերուն մասին:

 

Մասունքներ եւ Մասնատուփեր 

H27A8899       Առաջին յարկի սրահը դասաւորուած է այնպէս որ յատկանշական կերպով մասունքներու եւ մասնատուփերու գանձը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը, որ կ՛օգտագործուի ձեռնադրելու համար կաթողիկոսները, չէ ցուցադրուած, որովհետեւ աւանդականօրէն կը դրուի անձնական հսկողութեանը տակ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն. Բայց կարելի է տեսնել ոսքիէ եւ արծաթէ ձեռք մասնատուփերը Ս. Նիկողայոսի եւ Ս. Սեղբեստրոսի: Առաջինը նորոգուած է 1325ին Կոստանդին Դ. Լամբրոնացի կաթողիկոսին կողմէ եւ միւսը՝ 1772ին: Անոնք Ս. Պարսումի աջին հետ տեղաւորուած են արծաթէ տուփի մը մէջ – Սիտոնի եպիսկոպոս Լէոնարտ Աբէլ զայն տեսած է 1583ին Սիսի գանձատան մէջ – եւ դրուած կողքին այն սնտուկին, որուն մէջ պահպանուած էին եւ որուն իւրաքանչիւր կողմը զարդարուած է 1765ին պատրաստուած դրուագուած արծաթէ թերթերով:

Սիսի գանձատունը ունէր նաեւ բազմաթիւ ուրիշ մասունքներ. Իսկական խաչի մասունքը, մասունքները Սրբուհի Հեղինէի, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի, Յովհաննէս, Պետրոս, Յակոբոս, Ստեփանոս եւ Փանթալեմէյմոն սուրբերու, Մծբնացի Յակոբի եւ Գէորգի, Մինաս, Թէոտորոս եւ Կիրակոս սուրբերու: Նախանձախնդիր եռանդով պաշտպանուած դարերու ընթացքին, պահպանուած ասպատակումներէ եւ պատերազմներէ, քանդումներէ եւ աւարումէ՝ անոնք կը ներկայացուին հիմա հանրութեան մեծարումին եւ հիացումին: Մասունքները տեղաւորուած են նրբօրէն դրուագուած մասնատուփերու մէջ, որոնք խաչի, սլաքի, եկեղեցիի, ճաճանչի եւ արկղիկի ձեւ ունին:

Ոսկերչութիւն

H27A81915 միաբանները վար առած էին ասեղնագործուած մետաքսէ վարագոյրը, որ կը ծածկէր Ս. Երրորդութեան խորանը: Քակած էին արծաթէ կանթեղները եւ ոսկեզօծ արծաթէ աշտանակները, որոնք կը դրուէին խորանին երկու կողմերը: Նոյն ձեւով քակած էին բազմաթիւ մասերը 1804ի մեծ ջահին, որ կախուած էր Ս. Սոֆիա եկեղեցիի կեդրոնական նաւին մէջ՝ աւելի փոքր արծաթէ երկու ջահերու հետ:

Խնամքով վերանորոգուած՝ այս իրերը գաղափար մը կու տան Սիսի եկեղեցիի շքեղութեան մասին, Կիրակոս Մեծ Կաթողիկոսի ժամանակէն մինչեւ 1915ի մեկնումը: Երկար շարքը աշխատուած արծաթէ պերճ կողքերով աւետարաններու, խորանի բազմատեսակ խաչերը, թանկագին քարերով յեռուած, եռափեղկ կամ ճաճանչակերպ խորանի զարդերը, հիւսկենակերտ ոսկեզօծ արծաթէ աշտանակները, նուրբ ոսկիով ասեղնագործուած շղթաները առիթ կու տան երեւակայելու փայլքը խորաններուն, երբ անոնք կը զարդարուէին եկեղեցիի մեծ տօներու առիթով: Այս բոլոր առարկաները, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել Կոստանդնուպոլիսէն բերուած Սուրբ Միւռոնի կաթսան, հայկական եկեղեցիի յատկանիշը կազմող աւանդակերպ անօթները, ուր կը դրուէր սուրբ հեղուկը, հրեշտակազարդ քշոցները, ծաղկային մոթիֆներով զարդարուած խնկատուփերը եւ խնկամանները, ինչպէս նաեւ արծաթէ եւ ոսկարծաթէ զարդարուն սկիհները, վկայութիւններ են հայ ոսկերիչներու տաղանդին մասին: Անոնք Սիսի, Ատանայի, Կոստանդնուպոլսոյ, Հալէպի կամ Արաբկիրի աշատանոցներուն մէջ ստեղծագործած են ԺԷ.-ԺԸ. Դարերուն եւ մինջեւ 20-րդ դարու սկիզբը:

Այս հաւաքածոյի ծաղիկն է անկասկած Բարձրբերդի կոչուած նշանաւոր Աւետարանը: Գրչագրուած եւ մանրանկարուած Հռոմկլայի մէջ 1248ին՝ Աւետարանը կազմուած է 1254ին արծաթի դրուագուած թերթերով, որոնք հազուագիւտ նմուշներէն են ոչնչացումէ փրկուած եւ ծանօթ ամենէն հին վկաները Կիլիկեան ոսկերչութեան: Աշխատանքի նրբութիւնը համապատասխան է բովանդակութեան բարձր որակին. Նուրբ մագաղաթ, գեղեցկութիւն գրութեան եւ մանրանկարներու՝ գծուած «չքնաղագեղ» Կիրակոսի կողմէ, որ վարպետը եղած է ԺԳ. Դարու Կիլիկեցի մեծագոյն մանրանկարիչներէն մէկուն՝ Թորոս Ռոսլինի:

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ կազմը Մայր Մաշտոցին՝ ընդօրինակուած եւ մանրանկարուած Սիսի մէջ, ԺԴ. Դարուն սկիզբը: Արծաթէ կողքը ուշագրաւ է նոյնքան իր գեղարուեստական արժանիքներով որքան սրբանկարային արժէքովը տեսարաններուն, որոնք թագաւորի մը օրհնէնքը եւ կաթողիկոսի մը օծումը կը ներկայացնեն՝ կողքի վերի մասին վրայ եւ եպիսկոպոսի ձեռնադրութիւնն ու սուրբ Միւռոնի օրհնութիւնը՝ վարի մասին վրայ: Իր կլոր ձեւով եւ պարզ գիծերով կաթսան վերարտադրուած ձեռագիրի կողքին վրայ, տարբեր է ներկայ անօթէն՝ պերճօրէն շինուած 1817ին: Այս շքեղ անօթը կափարիչին վրայի հինգ գմբէթներով, խարիսխին վրայ բարձրաքանդակուած հրեշտակիկներով, փորին վրայ ամրացուած թեթեւ բարձրութեամբ նկարներով, նուիրուած է Սիսի Ս. Աթոռին Կոստանդնուպոլսեցի երեք երեւելիներու՝ Գրիգոր եւ Սարգիս Տիւզեան եւ աղա Յարութիւն Պէզճեանի կողմէ:

 

Ասեղնագործութիւն եւ Ծիսական Զգեստներ

H27A8722Յարութիւն Պէզճեան նախանձախնդրութիւնը ունեցած է օժտելու Սիսի կաթողիկոսարանը: Իրեն կը պարտինք նաեւ կապոյտ մետաքսէ եւ ծաղկեալ սաղարթներով ասեղնագործուած մետաքսէ շուրջառը, որ գործածուած է Կիլիկիոյ բոլոր Կաթողիկոսներուն կողմէ 1804էն սկսած, երբ նուիրուած է Կիրակոս Կաթողիկոսին: Զգեստը կարեւոր եւ ուշագրաւ ցուցանմուշ մըն է, բայց պէտք չէ մոռնալ ամբողջ խումբ մը ծիսական զարդերու՝ ասեղնագործուած գունաւոր մետաքսէ, արծաթէ եւ ոսկիէ թելերով՝ յաճախ պզտիկ մարգարիտներով ընդելուզուած. Անոնք կը ներկայացնեն ասեղնագործութեան արուեստի յատկանշական նմուշներ՝ ԺԸ. Դարէն ԺԹ. Դար երկարող ժամանակաշրջանէն:

Հիացումի արժանի է եմիփորոնը, որ վիքթոր Լանկլուայի ուշադրութիւնը գրաւած էր Սիսի գանձատան մէջ. 1634 թուականին ձեւուած ռաբունապետ Յակոբի համար, ան վերաշխատուած է Հալէպի մէջ եւ կը կրէ խաչեր, որոնց մետալիոններուն մէջ կը տեսնուին Յիսուսի, Աստուածամօր եւ զանազան սուրբերու դիմանկարները: Կապ մը պէտք է հաստատել  այս ասեղնագործութիւններուն եւ նոյն ժամանակի մանրանկարներուն միջեւ. Թերեւս մանրանկարէ մը ներշնչուած է կառոյցը Վերջին Դատաստանին 1733ին ասեղնագործուած խորանի մը վրայ, որ կը գտնուէր Պրուսայի Ս. Աստուածամօր եկեղեցիին մէջ:

Եկեղեցական զգեստներ, որոնք մեզի հասած են իրենց բոլոր զարդարանքներով, կը հարստացնեն մեր ծանօթութիւնը հայկական ծիսական զգեստի իւրայատկութիւններուն մասին: Անինք պատրաստուած են դիպակէ կամ ոսկիէ թելերով ասեղնագործուած թաւիշէ: Իսկ շարք մը խոյրեր, վակասներ, բազկուրարներ նռնագոյն, սրճագոյն կամ կանաչ թաւիշի խորքին վրայ կը ներկայացնեն դիմանկարներ եւ ծաղկային զարդեր արծաթէ թերթերէ կտրուած: Պէտք է կանգ առնել խոյրի մը առջեւ, որ իր կողմերէն մէկուն վրայ կը կրէ Ս. Ծնունդի տեսարանը ծաղկային արապեսքի մը մէջ, 1802էն մեզի հասած խոյրի մը՝ Կիրակոս Կաթողիկոսի անունով, որ գործածուած է Կիլիկիոյ հողին վրայ վերջին կիլիկեցի կաթողիկոսին՝ Սահակ Բ. Խապայեանի կողմէ (1903 – 1939):

Գաւազաններու եւ ասաներու երկար շարք մը կ՛ամբողջացնէ ծիսական առարկաներու ժողովածուն: Տարբեր չափի եւ ձեւի՝ անոնք իրենց թիւով, այլազանութեամբ, գիծերու գեղեցկութեամբ պացառիկ ամբողջութիւն կը կազմեն: Այս ասաներն ու գաւազանները թաւ մը կը ներկայացնեն, ինք իր վրայ ոլորուած մէկ օձի կամ հակադիր գլուխներով երկու օձի գլխամասեր ովնին եւ օժտուած են խստաբարոյ պարզութեամբ կամ բացառիկ պերճանքով:

 

Ձեռագիրներ

H27A871248ի Բարձրբերդի Աւետարանը եւ ԺԴ դարու Մայր Մաշտոցը հազուագիւտ այն ձեռագիրներն էին, որոնք 1915ին բերուած էին Սիսէն: Բայց բաւական կարեւոր ժողովածու մը ստեղծուեցաւ տարիներու ընթացքին եւ Անթիլիասի մէջ մէկտեղուեցան աւելի քան 200 ձեռագիրներ, որոշ մասը՝ մանրանկարներով ճոխացած:

Հայ գրիչ մը կ՛արձանագրէր. «Գոց գիրքերը կուռքերու նման են: Ձեռագիրները թաղեցէք պատերազմի ժամանակ, բայց հանեցէք եւ կարդացէք զանոնք խաղաղութեան մէջ»: Չորս խումբի բաժնուած քառասնեակ մը ձեռագիրներ մէջ ընդ մէջ ցուցադրուած են երկրորդ յարկի սրահին մէջ, ուր տեղաւորուած է այս ժողովածուն: Ամբողջական ձեռագիրներ կամ հատուածներ, որոնք իբրեւ պահպանակ գործածուած են, կը ներկայացնեն հայ գրչութեան հոլովոյթը Թ., Ժ դարերուն թանկագին նմուշներէն սկսած: Գոց վիճակի մէջ ներկայացուած ձեռագիրները կը ցուցադրեն իրենց կաշիէ կազմին նուրբ աշխատանքը մինչ ուրիշներ բացուած իրենց կերպաս աստառով կողքերուն վրայ, կը ներկայացնեն հետաքրքրական տեղեկութիւններ տպածոյ հին կերպասներուն մասին:

Կարեւոր տեղ մը վերապահուած է մանրանկարուած ձեռագիրներուն: Հայերը շատ լաւ մանրանկարիչներ եղած են եւ հին ժամանակներէն այս արուեստը վերածած են իսկապէս ազգային արուեստի մը: Երկրորդ յարկի սրահին մէջ ցուցադրուած են ամենէն հին նկարազարդ ձեռագիրները իրագործուած են Կիլիկիոյ մէջ ԺԳ եւ ԺԴ դարերուն, նշանաւոր վանքերու մէջ՝ Մեծայր, Սկեւռա: 1293ի Նոր Կտակարան մը իր մանրանկարներուն պատճառով արժանի է յատուկ ուշադրութեան: Այս նկարները կ՛ընդելուզեն իրարու շեշտօրէն հայկական զարդարանքները եւ զուտ արեւմտեան օճով իրագործուած մանրանկարներ: Այս վերջինները, ԺԴ դարու սկիզբը աւելցուած, գործն են թերեւս արեւմտեան արուեստին ծանօթացած հայ նկարիչի մը, որ կ՛աշխատէր Իտալիոյ հայկական միջավայրին մէջ: Բուն Հայաստանէն եկող Աւետարաններ եւ Շարակնոցներ կը յայտնաբերեն գործունէութիւնը աշխատանոցներու, որոնք ԺԴ եւ ԺԵ դարերուն կը գործէին Եկեղեաց գաւառին ու Երզնկայի մէջ, Աղթամար կղզիին, Սանահինի կամ Բջնիի մէջ: ԺԷ դարու պատկանող գործեր կը վկայեն ազգային աւանդութիւններու եւ պերճանքի յարատեւումը Կոստանդնուպոլիս, Սեբաստիա կամ Պուլկարիա (ուր կ՛ապրեր հայկական կարեւոր համայնք մը) նկարազարդուած ձեռագիրներու մէջ:

            Երկրորդ «պտոյտ» մը կ՛առաջարկուի ձեռագիրներու սրահին մէջ: Ան կը թելադրուի պատերուն վրայ տեղաւորուած 45 մանրանկարներով կամ մանրանկարներու վերարտադրութիւններով: Այս վերջինները գծուած են 1911էն սկսած, պատուէրովը Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոս եղած է 1945էն 1952: Այս գործերը, որոնք մաս կազմած են 1948ին Անթիլիասի մէջ Գարեգին Կաթողիկոսի կողմէ կազմակերպուած արուեստի ցուցահանդէսի մը, կը վերարտադրեն հայկական նշանաւոր ձեռագիրներու մէջ նկարուած մանրանկարներ: Այս ձեռագիրները ընդհանրապէս անմատչելի են հասարակութեան եւ պահուած են Երեւան(Մատենադարան), Երուսաղէմ(Հայկական Պատրիարքարան), Վեհետիկ(Մխիթարեան հայրերու գրադարան) եւ Նոր Ջուղա(Ս. Փրկիչ Մայր Եկեղեցի): Դասաւորուած ըստ իրենց վայրի եւ ժամանակի(Է – ԺԴ դար)՝ այս վաւերագիրները առիթ կը ստեղծեն ծանօթանալու հայկական մանրանկարի պատմութեան քանի մը կարեւոր պահերուն: Անոնք կը ցուցնեն վերարտադրութեան սքանչելի աշխատանքը, որ իրագործուած է նշանաւոր արուեստագէտներու կողմէ, ինչպէս Վ. Սուրէնեանց, Ե. Թադէւոսեան եւ Հ.Մ. արծաթպանեան, եւ կը յաւերժացնեն յիշատակը Գարեգին Յովսէփեանց գիտնական կաթողիկոսին, որ հայ արուեստի նշանաւոր մասնագէտ մը եղած է եւ իսկական կարապետ մը մանրանկարուած ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան մարզին մէջ:

 

Տպագիր գիրքեր

H27A8863Հայերը ձեռագիրներ ընդօրինակած եւ ծաղկած են մինչեւ ԺԸ դարը մինչ հայերէն գիրքեր կը տպուէին արդէն 1511էն սկսած: Մօտաւորապէս երկու դար տպագրական արտադրութիւնը զարգացած է ձեռագիր արտադրութեան կողքին: Հնատիպներու ժողովածու մը կը զուգակցի Անթիլիասի մէջ ձեռագիրներու ժողովածուին: Յատկանշական քանի մը գործեր կը նշեն հանգրուանները գործունէութեան մը, որ զարգացաւ Եւրոպայի մէջ Կոստանդնուպոլսոյ ինքզինք պարտադրելէն առաջ ԺԸ դարուն, իբրեւ ամենէն կարեւոր օճախը հայկական տպագրութեան: Այս հնատիպերը կը յիշեցնեն Վենետիկի, Ամսթերտամի կամ Մարսէյի առաջին գրաշարական աշխատանոցները, դէմքերըհրատարակիչ–տպագրիչներու, որոնց դերը կարեւոր եւ երբեմն նոյնիսկ էական եղած է ԺԶ ԺԷ դարերուն: Անոնք գաղափար մը կու տան հրատարակչական այլազան մտահոգութիւններու եւ հոլովոյթին մասին դէպի գիտական տպագրութիւնները: Այս վերջինները ճամբայ բացին ԺԸ եւ ԺԹ դարերու բանասիրական աշխատանքներուն:

Վենետիկի մէջ Յակոբ Մեղապարտի կողմէ կատարուած առաջնագոյն տպագրութիւններէն Անթիլիաս ունի երկու օրինակ՝ 1512ի Պարզատումարը եւ 1513ի Տաղարանը: Զուգադրուած ԺԷ դարու եւ ԺԸ դարու տպագրութիւններուն՝ այս գործերը թոյլ կու տան չափելու արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը, որ կ՛արտայայտուի Ոսկանի  նշանաւոր Աստուածաշունչին մէջ (Ամսթերտամ 1666), Աստուածաշունչի առաջին հրատարակութիւնը հայերէնով, եւ կը շեշտուի Մեկնութիւն Գրիգոր Նարեկացիին մէջ (Կոստանդնուպոլիս, 1745), որ կը նկատուի «Հմտութեան կոթող մը եւ գրաշարական արուեստի գլուխ գործոց մը»:

Միեւնոյն սրահին մէջ մէկտեղումը տպագիր գիրքերու եւ ձեռագիրներու պարտադիր դարձած էր մանաւանդ որ տպագիր գիրքը մինչեւ ԺԸ դար ներշնջուած էր զարդանկարուած յարդարումի աւանդութենէն: Իսկ մանրանկարիչները իրենց կարգին օգտագործած էին տպագիր գործերը, յատկապէս ԺԷ դարու հայկական Աստուածաշունչերը, որոնք արեւմտեան փորագրանկարներով զարդարուած էին: Ոսկանի Աստուածաշունչը, երկու օրինակներով ներկայացուած, ցոյց կու տայ հետաքրքիր այցելուին հոլանտացի Քրիսիֆըլ Վան Սիշըմ Որդիի իրագործած փայտի փորագրանկարներէն քանի մը հատը, որ ըստ երեւոյթին իպրեւ նմուշ ծառայած են մէկէ աւելի հայ մանրանկարիչներու:

 

Խաչքարեր

1Ազնիւ նուիրատուներու կողմէ տրուած քանի մը խաչքարեր հաստատուած են թանգարանը: Ասոնք յիշատակի կամ թաղմանական քարեր են մեծ խաչով մը զարդարուած եւ յատկանշական են հայկական արուեստին: Ասոնցմէ երկուքը կը պատկանին ԺԷ եւ ԺԸ դարերուն, մինչ երրորդ մը, Կիլիկիայէն, կը կարծուի ԺԲ դարէն է: Այս կոթողը, որ կը կրէ «Վասիլ ծառայ Աստուծոյ» անունը, մաս կազմած է Փարիզի մէջ 1933ին կազմակերպուած «Կիլիկիոյ Հայ Թագաւորութիւնը» ցուցահանդէսին: Արձանագրութեան այս Վասիլը ոմանք կը նոյնացնեն Պահլաւունի Վասիլ իշխանին հետ, որ աւագ եղբայրն էր Գրիգոր Գ. (1113-1166) եւ Ներսէս Շնորհալի (1166-1173) կաթողիկոսներուն: Այս իրողութիւնը կ՛ընդգծէ կարեւորութիւնը խաչքարին, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերջերս իբրեւ նուէր ստացած է:

 

Դրամներ

H27A875Ուրիշ նուէրներ հնարաւոր դարձուցած են ստեղծումը որոշ բաժիններու, որոնք սակայն պէտք է զարգացուին եւ լրացուին ժամանակի ընթացքին: Հին դրամները այս բաժիններէն մէկուն մաս կը կազմեն: Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան մէջ կտրուած արծաթէ եւ պղինձէ դրամները պատուաւոր տեղ մը կը գրաւեն հռոմէական բիւզանդական կամ արաբական դրամներու կողքին: Կիլիկիոյ թագաւորներուն նկարները, կիսանդրի, ամբողջ հասակով, ձիաւոր կամ գահին նստած, գրեթէ ամբողջական շարք մը կը կազմեն Լեւոն Ա.էն (1198-1219) մինջեւ Լեւոն Ե. Լուսինեան (1374-1375):

 

 

 

 Հնագիտական ցուցանմուշներ

H27A8653HnakidaganՔանի մը ցուցափեղկ յատկացուած են հնագիտական նմուշներու: Անձնական երկու ժողովածուներէ եկող երկու խումբեր կարեւոր են: Առաջին խումբի իրերը կը ներկայացնենք հին Հայաստանի արուեստն ու քաղաքակրթութիւնը: Հոն կարելի է գտնել մարդկային եւ կենդանական հետաքրքրական արձանիկներ, որոնք վկայութիւններ են Նոր Քարի Դարէն: Պրոնզի դարի նմուշները շատ քիչ են, բայց երկաթի դարը բաւական լաւ ներկայացուած է ապարանջաներու եւ օղերու շարքով մը, ճարմանդներով, գամերով եւ տապարներով: Ներկայ են նաեւ ուրարտական քաղաքակրթութենէն նմուշներ, որոնք պրոնզէ նետեր էն, ապարանջաներ, բազպաններ, կաւէ մեծ անօթ մը զարդարուած երկրաչափական մոթիֆներով եւ կենդանիի մը առաջամասով: Ըստ երեւոյթին, այս անօթը Քրիստոսէ առաջ Թ. դարէն է:

Երկրորդ խումբի իրերը կը ներկայացնեն ամբողջ ժառանգութիւն մը Լիբանանեան ծովեզերքէն՝ Քարի դարէն մինչեւ Բիւզանդական շրջանը: Ասոնցմէ է, ուրիշներու կարգին, փիւնիկեան շատ գեղեցիկ ապակիէ բաժակ մը, որ մեզի հասած է կատարելապէս անվնաս վիճակի մէջ:

 

Գորգեր եւ վիժակներ

korkerԹանգարանի երրորդ եւ վերջին յարկը հասնելէ առաջ կարելի է տեսնել գորգերու եւ վիժակներու ժողովածու մը (ԺԸ. Դար – Ի. Դարու առաջին քառորդ): Այս բաժինէն ետք տեղաւորուած են կրտսեր արուեստի զանազան առարկաներ՝ միեւնոյն շրջանէն. կնոջական զգեստի տարրեր, մանուկներու եւ պատանիներու հագուստի մասեր: Միեւնոյն սրահին մէջ ներկայացուած է կարեւոր վաւերագիր մը՝ Հայաստանի մեծ քարտէս մը՝ մելանով գծուած կտաւի վրայ եւ իրագործուած Թաւրիզի մէջ 1926ին, բնիկ վանեցի Մարտիրոս Խերանեանի կողմէ:

 

 

Կերպարուեստ

H27A877Թանգարանի երրորդ յարկին մէջ տեղաւորուած է արդի արուեստի հաւաքածոյ մը, որ գաղափար մը կու տայ ԺԹ դարէն մինչեւ մեր օրերը գործող հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութեան մասին: Հնարաւոր եղած չափով արուեստագէտները խմբուած են ըստ երկիրներուն, ուր ապրած եւ ստեղծագործած են: Լիբանանը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Հայաստանի, Ֆրանսայի, եւ Եգիպտոսի կողքին: Այս հաւաքածոն, պէտք չէ վարանիլ ըսելու, տակաւին համեստ է, անհաւասար, H27A8779jpgեւ ունի բացեր, որոնք անխուսափելի են նկատի ունենալով այն իրողութիւնը որ ժողովածուն կազմուած է պատահական նուէրներով եւ քանի մը գնումներով: Հակառակ ասոր, ան համոզիչ մեկնակէտ մըն է, զոր պէտք է հարստացնել նոր գնումներով եւ ներկայացնել անոնց, որ գաղափար չունէին անկէ, առիթ ստեղծելու համար նոր նուիրատուութիւններու եւ կտակներու:

 

Կիլիկիա Թանգարանը կոչուած է յաւերժացնելու եւ ծանօթացնելու ժամանակի ընթացքին ստեղծուած մշակութային արժէքները. ան կոչուած է նաեւ ըլլալու վառ օճախ մը, որ պէտք է զարգանայ եւ իրեն քաշէ այլազան հասարակութեան մը այցելուներու: Թանգարանը օժտուած է լրացուցիչ ձեռնարկներու յատուկ բազմանպատակ սրահով մը: Թանգարանի կողքին կը գտնուի վերադասաւորուած մատենադարանը, ուր կը պահուին շուրջ 80000 հատորներ, 2000ը՝ հնատիպ: Հետեւաբար, ան ի վիճակի է հիւրընկալելու մշակութային կեանքի զանազան արտայայտութիւնները եւ հայ ու ոչ-հայ բոլոր այն անձերը՝ աշակերտ, համալսարանական, հետազօտող, արուեստագէտ, որ հետաքրքրուած են մշակոյթով:

2014-ին Կիլիկիա Թանգարանը Միջազգային Թանգարաններու Յանձնախումբի  (ICOM – International Committee of Museums) անդամ կը դառնայ:

Կիլիկիա Թանգարանի տեսուչն է Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանը:

 

 

ԿԻԼԻԿԻԱ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեան

Տիար Մկրտիչ Եափուճեան

Դոկտ. Արտա Էքմէքճի

Տիար Ռաֆֆի Թոքաթլեան

Տիկ. Մարօ Ներսէսեան

Տիկ. Հուրի Գարաճրճեան

Տիկ. Ռիթա Գալինճեան-Տաղեր

Օրդ. Մարալ Փանոսեան

Տիկ. Անի Մակարեան

 

 

ԿԱՊ

Armenian Catholicosate of Cilicia

P.O.Box: 70 317

Antelias – Lebanon

Tel: (+961-4)410 001 – (+961-4) 410 003

E-mail: museum@armenianorthodoxchurch.org

 

 

ԿԻԼԻԿԻԱ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ

Տէր եւ Տիկ. Հրանդ Փամպակեան (Իտալիա)

Տէր եւ Տիկ. Վազգէն Փամպակեան (Իտալիա)

Տիկ. Անահիտ Փամպակեան-Կիւլպէնքեան (Իտալիա)

Տիկ. Հելէն Ենիգոմէշեան (Ա.Մ.Ն.)

Տէր եւ Տիկ. Ատոմ Թնճուքեան (Անգլիա)

Տիկ. Սոնա Իպիշեան (Իտալիա)

Գալուստ Կիւլպէնքեան Հիմնակ (Փորթուկալ)

Տէր եւ Տիկ. Վաչէ Մանուկեան (Անգլիա)

Տիար Խաչիկ Պապիկեան (Լիբանան)

Տէր եւ Տիկ. Գրիգոր Պզտիկեան (Ա.Մ.Ն.)

Մելքոն, Սարգիս եւ Յարութ Պուլղուրճեան եղբայրներ (Լիբանան)

Սուրէն, Հրայր եւ Գուրգէն Սարգիսեան եղբայրներ (Ֆրանսա)

Տէր եւ Տիկ. Գարլ եւ Էմմա Սողոյեան (Ա.Մ.Ն.)

Տիար Ակօ Տէմիրճեան (Լիբանան)

Տէր եւ Տիկ. Յակոբ Աթէշեան (Լիբանան)

Օրդ. Սիլվիա Աճէմեան (Լիբանան)

Տէր եւ Տիկ. Ալպերթ Խանամիրեան (Լիբանան)

Տէր եւ Տիկ. Պետրոս Վանլեան (Լիբանան)

Սարգիս, Աւետիս եւ Յակոբ Տէմիրճեան եղբայրներ (Լիբանան)

Տէր եւ Տիկ. Տիգրան Սասունեան (Սուրիա)

Տէր եւ Տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան (Ա.Մ.Ն.)