4

Հայ Եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններու շարքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն յատուկ տեղ տուաւ երետասարդութեան, անոնց ներդրումը հիմնական նկատելով եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ:

 

 

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութեամբ, մեր Եկեղեցին հետեւեալ երիտասարդական ծրագիրները իրագործած է.-5 (1)

  • Երկու մեծ երիտասարդական համագումարներ, 2001-ին Սուրիա եւ 2008-ին Լիբանան:

  • «Զրոյց Երիտասարդութեան Հետ» Վեհափառ Հայրապետին յօդուածներու շարքը: Մանրամասնութեաց համար սեղմել։

  • Երիտասարդութեան վերաբերող հարցերու եւ մարտահրաւէրներու զանազան հրատարակութիւններ:

  • Դասախօսութիւններ, Սուրբ Գրոց սերտողութիւններ եւ այլ հանդիսութիւններ երիտասարդներու գործնական մասնակցութեամբ:

  • Վեհափառ Հայրապետը 2009 տարին հռչակեց «Երիտասարդութեան Տարի», որ երիտասարդական զանազան ձեռնարկներով խանդավառութիւն ստեղծեց բոլոր թեմերէն ներս։

12

Մեր Եկեղեցւոյ, երիտասարդութեան նկատմամբ ունեցած լուրջ մտահոգութիւններուն, երիտասարդական հարցերուն նկատմամբ ցուցաբերած կարեւորութեան եւ անցնող քսան տարիներու տարուած աշխատանքներուն իբր շօշափելի արտայայտութիւն, 2009-ին Կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուեցաւ Երիտասարդական Բաժանմունքը յատուկ գրասենեակով:

 

Երիտասարդական Բաժանմունքը ունի իր ներքին կանոնագրութիւնը, վարիչը եւ վարչութիւնը, որուն ճշդած առաջնահերթութիւններուն հիման վրայ, գրասենեակը կը գործէ եւ ծրագիրներ կը մշակէ: Գրասենեակին գլ32խաւոր նպատակն է, քաջալերել թեմերը, որպէսզի յատուկ տեղ տան երիտասարդութեան, օգտակար հանդիսանալով անոնց ծրագիրներուն ու գործունէութեանց:

Երիտասարդական