Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակ
Քրիստոնէական Դաստիարակութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ամէնէն կարեւոր ճիւղերէն մէկն է։
Հայ Եկեղեցին եւ ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, միշտ նեցուկ կանգնած եւ յատուկ կարեւորութիւն տուած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան:
Աստուածաշունչը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակի դաստիարակչական գործին մէջ կեդրոնական տեղը կը գրաւէ: Աստուածաշունչի կողքին, Առաքելական Աւանդութիւնը, բարոյական արժէքները, մեր հայրերէն մեզի հասած հոգեւոր ժառանգութիւնները նաեւ դաստիարակչական ծրագիրին մաս կը կազմեն:
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակը իր գործունէութեամբ, մեր ժողովուրդի զաւականերու բոլոր տարիքներուն ուղղութիւն կու տայ, աւելի մօտէն կը ծանօթացնէ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին, աւանդութիւններուն, սուրբերուն ու տօներուն՝ թէ՛ հայազգի եւ թէ ալ համաքրիստոնէական։ Տակաւին, սոյն գրասենեակը տարբեր տեսակի ծրագիրներ կը մշակէ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու, տիկնանց եւ երիտասարդական համախմբումներու համար:
Աստուածաշունչի սերտողութիւններուն, բանախօսութիւններուն, խտացուած դասախօսութիւններուն եւ հրատարակութիւններու կողքին, դիւրութիւնն ունի նաեւ համացանցային հաղորդակցութեան:
2023 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով եւ օրհնութեամբ, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ նշանակուած է Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը։
E-mail: christian-edu@ArmenianOrthodoxChurch.org