28 April, 2017

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ`ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ Հայ Դատի եւ պատմա-քաղաքական նիւթերու յատկացուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ գործող Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամի հերթական նիստը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին ներկայ էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Կաթողիկոսարանիս Դիւանապետ՝ Խաչիկ Տէտէեան:

 

Նիստը Հիմնադրամի կողմէ լոյս տեսած վերջին հրատարակութիւններուն արժեւորում կատարեց, քննեց կարելիութիւնները ցարդ լոյս տեսած բոլոր հրատարակութիւնները թուայնացնելու, ինչպէս նաեւ լսեց զեկուցումներ հրատարակութեան համար պատրաստուող տարբեր լեզուներով Հայ Դատի եւ քաղաքական այժմէական հարցերու շուրջ կատարուած նորագոյն ուսումնասիրութիւններու։

More News