Catholicosate of Cilicia
Antelias - Lebanon
Շաբաթ 25 Մայիս 2013-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ղպտի եկեղեցւոյ միջ–եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Մետր. Պիշոն: Յարգելի հիւրը առաջին հերթին ղպտի եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Թաւատրոս Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին, եւ ապա պարզեց Եգիպտոսի…
Ուրբաթ 24 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասնեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Մունիպ Եունանի: Եունան Եպիսկոպոս միաժամանակ Բողոքական համայնքին նախագահն է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, եւ ատենապետը՝ Լուտերական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին: …
Հինգշաբթի 23 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Քաղդեացւոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Ամենապատիւ Լուիս Սագօ Պատրիարքը: Պատրիրաքին կ’ընկերակցէին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Օլավ Թվէյթ, Իրաքի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ Աւագ Արք. Ասատուրեան եւ Ասորի Եկեղեցւոյ…
Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՙՄիջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Ներկայութիւնը ու Վկայութիւնը՚ կարգխօսը կրող միջազգային համագումարին: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ: Անոր կը մասնակցին շուրջ 200 հոգի՝…
Կիրակի 19 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Հոգեգալուստի օրը, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Սարկաւագական կարգ ստացան՝ Խաժակ Կիս. Սրկ. Նալպանտեան, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի հինգ սաները՝ Յարութիւն…
Շաբաթ 18 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցելեցին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութեան անդամներն էին Պրն. Մայք Խարապեան (ատենապետ) եւ նոյն վարչութեան անդամ Պրն. Յարութիւն Երկանեան: Աւելի քան ժամ մը տեւած…
Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին հայ մայրը իր կեանքի վարքագիծով որպէս տիպար՝ բարոյական, կրօնական ու ազգային արժէքներու ու սրբութիւններու, ինչպէս նաեւ իր առանցքային դերակատարութեամբ եղած է սիւնը հայ ընտանիքին: Նոյնը պէտք է ըլլայ հայ մայրը այսօր: Երբ հայ ընտանիքը…
Երէկ, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կարեւոր հանդիպում մը: Կը մասնակցէին Ապու Տապիի, Տուպայի, Քաթարի, Շարժայի, Քուէյթի, Պահրէյնի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ…
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արցախի պետութեան հետ համագործակցաբար նախաձեռնած էր ՙՆոր Կիլիկիա՚ գիւղի շինութեան Մարտակերտի շրջանին մէջ: Առաջին հանգրուանով իրագործուեցաւ գոյութիւն ունեցող միջնակարգ վարժարանի ամբողջական վերանորոգութիւնը: Ապա կատարուեցաւ գիւղի քարտիսագրութիւնը, զորս հաստատուեցաւ պետութեան կողմէ: 2012–ին կառուցուեցան տասը նոր…
Երեքշաբթի 14 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թանասային: Սոյն հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկելու Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան կազմութեան ու ընտրական օրէնքի կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի…
Շաբաթ երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ.Յ.Դ.ի պատանեկան միութիւններուն պատկանող շուրջ 200 պատանիներ, առաջնորդութեամբ իրենց պատասխանատուներուն: Վեհափառը ողջունելով պատանիները շեշտեց մեր ազգի աւանդութիւնները ու արժէքները իրենց կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելու ու անոնցմով շաղախելու իրենց…
Ուրբաթ 10 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը առաջնորդութեամբ յիշեալ վարչութեան Ատենապետ Մազլում Արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ յիշեալ համախմբումը շուրջ վեց տարիներ առաջ յառաջացած էր շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու օրհնութեամբ:…